ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ
Պարկեշտութիւնը տակաւին ժամանակայարմա՞ր է
Հիթօշին կ’աշխատէր աշխատանքի գործակալութեան մը հաշուապահութեան գրասենեակին մէջ, Ճափոն։ Մինչ իր վերակացուին հետ հաշիւները նկատի կ’առնէր, Հիթօշիէն պահանջուեցաւ խարդախուած տեղեկագիր մը պատրաստել։ Ան բացատրեց թէ իր խիղճը թոյլ չէր տար որ անպարկեշտ գործ մը ընէր։ Առ ի արդիւնք, Հիթօշիին գործատէրը սպառնաց որ զինք գործէն պիտի վռնտէ, եւ ան ի վերջոյ իր գործը կորսնցուց։
Յաջորդ ամիսներուն, Հիթօշին գործ գտնելու դժուարութիւններուն պատճառաւ վհատեցաւ։ Օրինակ, գործի հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան նշեց թէ չէր կրնար անպարկեշտ գործի մը միջամուխ ըլլալ։ Իրեն հետ տեսակցող անհատը ըսաւ. «Տարօրինակ կերպով կը մտածես»։ Հիթօշիին ընտանիքն ու բարեկամները զինք քաջալերեցին որ պարկեշտ մնալու իր վճռականութիւնը պահէ. բայց իր մտքին մէջ կասկածներ արթնցան։ Օրինակ, ան կ’ըսէ. «Հարց տուի թէ արդեօք անպարկեշտ վարքի միջամուխ չըլլալը լա՞ւ բան է»։
Ցաւօք սրտի, Հիթօշիին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ամէն մարդ պարկեշտութիւնը չի գնահատեր։ Իրականութեան մէջ, ոմանք թերեւս զայն վնաս նկատեն, մանաւանդ գործի ասպարէզին մէջ։ «Անպարկեշտ մարդոցմով շրջապատուած եմ», ըսաւ աշխատաւոր կին մը Հարաւային Ափրիկէի մէջ, «եւ երբեմն անպարկեշտութեան տեղի տալու ճնշումը շատ մեծ է»։
Անպարկեշտութեան կերպերէն մէկը, որ ներկայիս մեծապէս տարածուած է՝ ստելն է։ Քանի մը տարի առաջ, Մասաչուսեցի Ամհերսթ համալսարանի հոգեբան Ռապըրթ Ֆելտմընի կողմէ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ չափահասներուն 60 տոկոսը տասը վայրկեանուան խօսակցութեան մը մէջ առնուազն մէկ անգամ սուտ կը խօսի։ «Ուսումնասիրութեան արդիւնքը շա՛տ զարմանալի էր», կ’ըսէ Ֆելտմըն։ «Չէինք ակնկալեր որ սուտ խօսիլը առօրեայ կեանքին մէջ այսքան սովորական ըլլար»։ Զարմանալի չէ՞ որ թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ատէ երբ ստութեան զոհը կ’երթայ, բայց եւ այնպէս կը ստէ։
Ինչո՞ւ ստելը, գողնալը եւ անպարկեշտութեան այլ կերպեր ներկայիս ա՛յսքան համատարած են։ Անպարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մարդոց։ Եւ աւելի կարեւորը, ինչպէ՞ս կրնանք այս անպարկեշտ սովորութիւններէն խուսափիլ։