Քրիստոնեաները պէ՞տք է սրբավայրերու մէջ պաշտամունք ընեն
ԱՄԷՆ տարի, աւելի քան վեց միլիոն անհատ կը ճամբորդէ դէպի անմարդաբնակ եղեւնաստան մը, որ Ճափոնի Շիմա թերակղզիին վրայ կը գտնուի։ Անոնք Իսէյի Մեծ սրբավայրը կը հասնին, ուր շինթոյականներուն արեւի աստուածուհին՝ Ամաթէրասու Օմիգամի՝ կը պաշտուի շուրջ երկու հազար տարիէ ի վեր։ Երկրպագուները նախ իրենց ձեռքերն ու բերանը լուալով ինքզինքնին կը մաքրեն։ Ետքը, սրբավայրին հայիտէն–ին (պաշտամունքի սրահ) առջեւ կայնելով, կրօնական արարողութիւն մը կ’ընեն, ծռելով, ծափ զարնելով եւ աստուածուհիին աղօթելով *։ Շինթոյական կրօնքը կ’արտօնէ իր երկրպագուներուն, որ ուրիշ կրօնքներու մասնակցին. եւ կարգ մը պուտտայականներ, անուանական քրիստոնեաներ եւ ուրիշներ արգելք չունին այս սրբավայրին մէջ շինթոյական ծէսերուն մասնակցելու։
Աշխարհի գլխաւոր կրօնքներէն շատեր ունին սրբավայրեր * եւ միլիոնաւորներ այդ վայրերը կ’այցելեն։ Քրիստոնէական երկիրներու մէջ կան՝ Յիսուսին, Մարիամին եւ սուրբերուն նուիրուած եկեղեցիներ ու սրբավայրեր։ Նաեւ նման սրբավայրեր շինուած են այն տեղերը, ուր կ’ըսուի որ աստուածաշնչական դէպքեր կամ վերջերս «հրաշքներ» պատահած են, կամ ուր կրօնական մասունքներ պահպանուած են։ Շատեր սրբավայրեր կ’այցելեն, քանի որ կը խորհին որ աղօթքները աւելի կը լսուին սուրբ տեղերը։ Ուրիշներու համար, սրբավայր հասնիլը երկար ուխտագնացութեան մը աւարտն է, որ կ’ընեն իրենց կրօնական նուիրուածութիւնը ցոյց տալու համար։
Արդեօք ճի՞շդ է որ երբ մարդիկ սրբավայրի մը մէջ աղօթեն, իրենց աղօթքներն ու աղաչանքները աւելի պիտի լսուին ու պատասխանուին։ Արդեօք Աստուած պիտի հաճի՞ անոնց նուիրուածութեան, որոնք ուխտագնացութիւն կ’ընեն դէպի սրբավայր։ Աւելին, քրիստոնեաները պէ՞տք է սրբավայրերու մէջ պաշտամունք ընեն։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի օգնեն, որ ոչ միայն գիտնանք ճիշդ տեսակէտը սրբավայրի մէջ մատուցուած պաշտամունքի շուրջ, այլեւ՝ հասկնանք թէ Աստուած պաշտամունքի ո՛ր ձեւին իրապէս կը հաճի։
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ «ՀՈԳԻՈՎ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ»
Յիսուսի եւ սամարացի կնոջ մը միջեւ եղած խօսակցութենէն կրնանք գիտնալ, թէ Աստուած ի՛նչ աչքով կը դիտէ սուրբ տեղերու կամ սրբավայրերու մէջ եղած պաշտամունքը։ Մինչ Սամարիայի մէջ կը ճամբորդէր, Յիսուս ջրհորի մը քով կեցաւ հանգստանալու, Սուքար քաղաքին մօտ։ Ան խօսակցութեան դուռ մը բացաւ կնոջ մը հետ, որ եկած էր ջրհորէն ջուր քաշելու։ Մինչ կը խօսէին, կինը նշեց թէ կրօնական գետնի վրայ մեծ տարբերութիւն կար հրեաներուն եւ սամարացիներուն միջեւ։ Ան ըսաւ. «Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’» (Յովհաննէս 4։5-9, 20)։
Յովհաննէս 4։21)։ Ի՜նչ զարմացուցիչ խօսք մը, նամանաւանդ հրեայի մը կողմէ։ Երուսաղէմի տաճարին մէջ Աստուծոյ պաշտամունքը ինչո՞ւ պիտի դադրէր։
Կնոջ ակնարկած լեռը Գարիզին լեռն է, որ Երուսաղէմէն շուրջ 50 քիլոմեթր դէպի հիւսիս կը գտնուի։ Հոն, սամարացիները ատեն մը տաճար ունէին, ուր տօներ կը տօնէին, ինչպէս՝ Պասեքը։ Բայց Յիսուս վիճաբանութեան դուռ բացող այս տարբերութեան վրայ չկեդրոնացաւ, հապա կնոջ ըսաւ. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը» (Յիսուս շարունակեց. «Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ» (Յովհաննէս 4։23)։ Հրեաները դարեր շարունակ կը սեպէին, որ Երուսաղէմի հսկայ տաճարը ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնն է։ Տարին երեք անգամ հոն կը ճամբորդէին Եհովա Աստուծոյ զոհեր մատուցանելու համար (Ելից 23։14-17)։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ այս ամէնը պիտի փոխուէր եւ «ճշմարիտ երկրպագողները. . . հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտամունք պիտի ընէին։
Հրէական տաճարը շօշափելի կառոյց մըն էր մասնայատուկ աշխարհագրական վայրի մը մէջ։ Բայց հոգին ու ճշմարտութիւնը շօշափելի բաներ չեն, ոչ ալ ֆիզիքական տեղի մը հետ կապ ունին։ Հետեւաբար, Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ ճշմարիտ քրիստոնէական պաշտամունքը շօշափելի կառոյցէ մը կախեալ պիտի չըլլար կամ ատոր մէջ պիտի չկատարուէր, ըլլար Գարիզին լեռը, Երուսաղէմին տաճարը կամ որեւէ սուրբ վայր։
Երբ սամարացի կնոջ հետ կը խօսէր, Յիսուս նշեց թէ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ այս փոփոխութիւնը ըլլալու ‘ժամանակը պիտի գար’։ Բայց ե՞րբ։ Ժամանակը եկաւ, երբ Յիսուս իր կեանքը զոհելով վերջ դրաւ հրէական պաշտամունքի ձեւին, որ հիմնուած էր Մովսիսական օրէնքին վրայ (Հռովմայեցիս 10։4)։ Սակայն Յիսուս նաեւ ըսաւ որ ‘ժամանակը հիմա ալ է’։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ինք, Մեսիան ըլլալով, արդէն իսկ աշակերտներ կը հաւաքէր, որոնք պիտի հնազանդէին իր յաջորդ խօսքին, որ պատուէր մըն է. «Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն» (Յովհաննէս 4։24)։ Լաւ, ի՞նչ կը նշանակէ հոգիով ու ճշմարտութիւնով պաշտել։
Երբ Յիսուս ըսաւ որ հոգիով պէտք է պաշտենք, չէր խօսեր աշխուժութեամբ կամ ոգեւորուած կերպով պաշտամունք ընելուն մասին. հապա ըսել կ’ուզէր թէ պէտք է առաջնորդուինք Աստուծոյ սուրբ հոգիով, որուն միջոցով նաեւ կրնանք Աստուածաշունչը հասկնալ (Ա. Կորնթացիս 2։9-12)։ Իսկ Յիսուսի ըսած ճշմարտութիւնը, Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւնն է։ Ուստի Աստուած մեր պաշտամունքը կ’ընդունի, եթէ Աստուածաշունչի սորվեցուցածներուն համաձայն եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ ըլլայ, քան թէ որոշ մէկ վայրի մէջ ըլլայ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Արդ, ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան քրիստոնեաները, սրբավայրերու մէջ կատարուած պաշտամունքին կամ դէպի սրբավայր ուխտագնացութեան նկատմամբ։ Յիսուս պատուիրեց որ ճշմարիտ քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով Աստուած պաշտեն։ Յստակ է ուրեմն, որ որեւէ սրբավայրի մէջ կամ սուրբ տեղ պաշտամունք ընելը յատուկ արժէք մը չունի մեր երկնաւոր Հօր աչքին։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած ի՛նչ աչքով կը նայի պաշտամունքի մէջ կուռքերու գործածութեան, ըսելով. «Կռապաշտութենէ փախէք» եւ «Ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք» (Ա. Կորնթացիս 10։14. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Ուստի ճշմարիտ քրիստոնեան պաշտամունք չ’ըներ այն վայրերուն մէջ, որոնք ինքնին սուրբ կը սեպուին կամ կռապաշտութիւն կը քաջալերեն։ Արդ, սրբավայրերուն ի՛նչ ըլլալը գիտնալով, ճշմարիտ քրիստոնեաները հոն պաշտամունք չեն ըներ։
Սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուծոյ Խօսքը կ’արգիլէ որ աղօթելու, ուսումնասիրելու կամ խոկալու համար նախասիրած վայր ունենանք։ Կարգապահ եւ վայելուչ ժողովատեղին լաւ վայր մըն է հոգեւոր բաներ սորվելու եւ քննարկելու համար։ Եւ մահացած անհատի մը համար յուշարձան կամ գերեզմանաքար դնելը սխալ չէ։ Ասիկա պարզապէս կրնայ յիշատակ մը կամ սիրոյ արտայայտութիւն մը ըլլալ մեռելին հանդէպ։ Բայց եթէ այդ վայրը սուրբ նկատուի կամ կուռքեր կամ մասունքներ ունենայ, ասիկա բոլորովին հակառակ կ’ըլլայ Յիսուսի խօսքերուն։
Ուստի պէտք չունիս սրբավայր մը ուղղուելու, յուսալով որ Աստուած հոն աւելի պիտի լսէ քու աղօթքներդ։ Դէպի սրբավայր ուխտագնացութիւն ընողներն ալ Աստուծոյ հաճութիւնը կամ յատուկ օրհնութիւնները չեն ստանար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուած ‘երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ձեռագործ տաճարներու մէջ չի բնակիր’։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուած մեզմէ շատ հեռու է։ Կրնանք որեւէ տեղ աղօթել ու ան մեզ կը լսէ, քանի որ ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։24-27)։
^ պարբ. 2 Շինթոյական արարողութիւնները սրբավայրէ սրբավայր թերեւս տարբերին։
^ պարբ. 3 Տե՛ս « Սրբավայրը ի՞նչ է» շրջանակը։