ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ
Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալ
«Կը կարծէի որ Սուրբ Գիրքը շատ դժուար է որ հասկնամ» (Ճուվի)։
«Կը զգայի որ կարդալը ձանձրանալի պիտի ըլլայ» (Քուիննի)։
«Երբ նայեցայ Սուրբ Գիրքին հաստութեան, կարդալու ախորժակս գնաց» (Էզէքյէլ)։
Օրին մէկը մտածա՞ծ ես Սուրբ Գիրքը կարդալու մասին, բայց ետքը վազ անցած ես այդպիսի պատճառներու համար։ Սուրբ Գիրքը կարդալու գաղափարը շատերը կը վախցնէ։ Լաւ, ի՞նչ կ’ընես եթէ քեզի ըսուի որ Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ որ աւելի ուրախ եւ գոհունակ կեանք մը ապրիս, ինչպէս նաեւ ըսուի որ կրնաս զայն աւելի հետաքրքրական կերպերով կարդալ։ Այս պարագային, կը փափաքի՞ս տեսնել թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ի՛նչ գրուած է։
Նկատի առ միայն քանի մը անհատներու ըսածները, որոնք օգուտներ քաղեցին երբ սկսան Սուրբ Գիրքը կարդալ։
Էզէքյէլ, որ 20–ական տարիքին սկիզբն է, կ’ըսէ. «Առաջ, կը նմանէի մէկու մը որ ինքնաշարժ կը քշէ առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ’երթայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կարդալը ինծի օգնած է որ կեանքս իմաստ ունենայ։ Ատոր մէջ կան գործնական խրատներ որ կրնամ ամէն օր գործածել»։
Ֆրիտա, որ ինքն ալ 20–ական տարիքին մէջն է, կը բացատրէ. «Առաջ, շատ շուտ կը ջղայնանայի։ Բայց Սուրբ Գիրքը սորվեցուցած է որ ինքզինքս զսպեմ։ Ասիկա ձգած է որ մարդիկ հետս լեզու գտնեն, եւ հիմա աւելի բարեկամներ ունիմ»։
Եունըս անունով կին մը, որ 50–ական տարիքին մէջն է, Սուրբ Գիրքին մասին կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի կ’օգնէ որ աւելի լաւ անձ մը դառնամ եւ գէշ սովորութիւններս փոխեմ»։
Այս անհատները եւ միլիոնաւոր ուրիշներ տեսած են որ Սուրբ Գիրքը կարդալը կ’օգնէ աւելի հաճելի կեանք մը ապրելու (Եսայի 48։17, 18)։ Ատիկա շատ մը բաներու մէջ կրնայ քեզի օգնել, ինչպէս՝ 1) լաւ որոշումներ առնել, 2) իսկական բարեկամներ ունենալ, 3) խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել եւ 4) ամէնէն լաւագոյնը՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Սուրբ Գիրքին խրատները Աստուծոյ կողմէ են. ուրեմն եթէ ատոնց հետեւիս, բնա՛ւ սխալած չես ըլլար, քանի որ Աստուած բնա՛ւ սխալ խրատ չի տար։
Կարեւորը այն է որ սկսի՛ս կարդալ։ Ի՞նչ բաներ քեզի կրնան օգնել որ աւելի դիւրութեամբ եւ հաճոյք առնելով սկսիս կարդալ։