Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՆԴԻՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ԼՈՒԾՈՒԻ

Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ «շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»

Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ «շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»

Մօտ օրէն, երկար ատենէ սպասուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– որ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած համաշխարհային կառավարութիւն մըն է,– աշխարհածաւալ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն պիտի բերէ։ «Շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ», ինչպէս որ խոստացուած է Սաղմոս 72։7–ին մէջ։ Բայց Թագաւորութիւնը ե՞րբ ու ինչպէ՞ս ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Եւ ինչպէ՞ս Թագաւորութեան իշխանութենէն կրնաս օգտուիլ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ կարգ մը ուշագրաւ դէպքեր, որոնք ցոյց պիտի տային, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գալու վրայ է։ Այդ դէպքերը միասնաբար կը կազմեն «նշան» մը, որ կը պարփակէ՝ միջազգային պատերազմներ, սովեր, հիւանդութիւններ, երկրաշարժներ եւ անօրէնութեան շատնալը (Մատթէոս 24։3, 7, 12. Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։2-8

Ուրիշ մարգարէութիւն մը կը նշէ. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր. . . ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող. . . գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։ Ճիշդ է որ միշտ եղած են մարդիկ, որոնք այս տեսակ յատկութիւններ դրսեւորած են, բայց ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը այդպէս է։

Այդ մարգարէութիւնները սկսան կատարուիլ 1914–ին։ Իրապէս ալ պատմաբաններ, դիւանագէտներ եւ գրողներ նշած են, թէ աշխարհը ինչպէ՛ս փոխուեցաւ այդ տարիէն ետք։ Օրինակ, դանիացի պատմաբան Փիթըր Մունք գրեց. «1914–ի պատերազմի ծագումը մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարձակէտ մը եղաւ։ Յառաջդիմութեան փայլուն շրջանէն ելլելով. . . մտանք աղէտի, սարսափի եւ ատելութեան դարաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն տեղ անապահովութիւն կայ»։

Այս վիճակները կը նմանին փոթորիկի մը, որմէ ետք անդորրութիւնը կը տիրէ։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ շատ մօտ է այն ժամանակը, երբ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Իրականութեան մէջ, աշխարհի «վերջ»ին նշանը տալու ատեն, Յիսուս այս դրական խօսքը ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

Եհովայի վկաները գլխաւորաբար այդ բարի լուրին մասին կը խօսին մարդոց։ Իրենց հիմնական հրատարակութեան խորագիրն է՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Անիկա միշտ կը քննարկէ այն հոյակապ բաները, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ընէ մարդկութեան եւ երկրին համար։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԻՇԽԷ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

Պատասխանը կը պարփակէ հետեւեալ չորս կարեւոր իրողութիւնները.

  1. Թագաւորութիւնը ո՛չ պիտի գործէ, ոչ ալ պիտի ներկայացուի ներկայ աշխարհին քաղաքական առաջնորդներուն միջոցաւ։

  2. Աշխարհի քաղաքական առաջնորդները, փորձելով իրենց հեղինակութեան կառչիլ, անմտօրէն Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան դէմ պիտի ելլեն (Սաղմոս 2։2-9

  3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ կառավարութիւնները, որոնք կ’ուզեն շարունակել մարդկութեան վրայ իշխել (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 19։17-21)։ Այս ամենավերջին երկրապարփակ բախումը կը կոչուի Արմագեդոն (Յայտնութիւն 16։14, 16

  4. Բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան յօժարակամ կը հպատակին, Արմագեդոնէն պիտի վերապրին ու մտնեն խաղաղ նոր աշխարհը։ Անոնք հաւանաբար միլիոնաւոր անհատներ ըլլան, եւ Սուրբ Գիրքը զիրենք կը կոչէ «մեծ բազմութիւն մը» (Յայտնութիւն 7։9, 10, 13, 14

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱՍ ՕԳՏՈՒԻԼ

Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակը ըլլալու առաջին քայլն է՝ կրթութիւն ստանալ։ Յիսուս աղօթքի մէջ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

Երբ մարդիկ Եհովա Աստուած որպէս Անձ ճանչնան, շատ մը կերպերով կ’օգտուին։ Նկատի առնենք ատոնցմէ միայն երկուքը. առաջին, անոնք Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք կ’ունենան։ Եւ ապացոյցներու վրայ հիմնուած այդ հաւատքը զիրենք կը համոզէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական է եւ թէ մօտ ատենէն պիտի իշխէ (Եբրայեցիս 11։1)։ Երկրորդ, անոնք աւելի կը սիրեն Աստուած եւ իրենց ընկերը։ Աստուած սիրելով՝ կը մղուին սրտանց իրեն հնազանդելու։ Իսկ ընկերը սիրելով կը մղուին կիրարկելու Յիսուսի խօսքը, որ յաճախ կը կոչուի Ոսկի կանոնը. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկաս 6։31

Սիրալիր հօր մը նման, մեր Ստեղծիչը լաւագոյնը կը կամենայ մեզի համար։ Ան կ’ուզէ որ Աստուածաշունչի կոչած «ճշմարիտ կեանքը» ունենանք (Ա. Տիմոթէոս 6։19, ստորանիշ)։ Մեր այսօրուան կեանքը «ճշմարիտ կեանքը» չէ։ Միլիոնաւորներ շատ դժուար կեանք ունին եւ կը պայքարին որ շարունակեն ողջ մնալ։ Այդ «ճշմարիտ կեանք»ին մասին գաղափար մը առնելու համար, նկատի առ կարգ մը հոյակապ բաներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր հպատակներուն համար պիտի իրագործէ։

Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ ապահով պիտի ըլլան եւ ուտելիքի առատութիւն պիտի ունենան