Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնողները իրենց օրինակով իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս սիրել

ՔԱՅԼ ՄԸ՝ ԽՆԴԻՐԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Բարոյական կրթութիւն

Բարոյական կրթութիւն

Դպրոցական պտոյտի մը ընթացքին, պատանի տղաք ամբաստանուեցան աշակերտ մը սեռային գետնի վրայ նեղելու յանցանքով։ Այդ բոլոր աշակերտները անձնական ու համբաւաւոր դպրոցէ էին Քանատայի մէջ։ Այդ դէպքէն ետք, Լէոնարտ Սթըրն գրեց Ottawa Citizen լրագրին մէջ. «Պատանիի մը ուշիմութիւնը, լաւ ուսում ստանալը եւ հարուստ ըլլալը, արգելք չեն ըլլար որ ան գէշ բաներ ընէ»։

Սթըրն նաեւ նշեց. «Ընդհանրապէս կ’ակնկալես որ ծնողքի մը համար ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ՝ զաւակին սորվեցնել թէ ի՛նչ է սխալ եւ ճիշդ վարուելակերպը։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ շատ մը ծնողներ կը զգան, թէ աւելի կարեւոր է որ իրենց զաւակները դպրոցը բարձր նիշեր բերեն եւ լաւ գործեր ունենան, որպէսզի շատ դրամ շահին»։

Ճիշդ է որ դպրոցական ուսումը կարեւոր է, բայց նոյնիսկ աշխարհիկ ամէնէն լաւ ուսումը չի կրնար մէկու մը օգնել, որ իր սխալ ցանկութիւններուն կամ գէշ հակումներուն դէմ դնէ։ Ուստի, ո՞ւր կրնանք գտնել կրթութիւն մը, որ մեզի բարոյական ուղղութիւն կու տայ։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՈՂ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Գիրքը հայելիի կը նմանի։ Երբ անոր նայինք, մեր սահմանափակումներն ու տկարութիւնները աւելի յստակ կը տեսնենք (Յակոբոս 1։23-25)։ Բայց Սուրբ Գիրքը ասկէ աւելին կ’ընէ. մեզի կ’օգնէ, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք եւ զարգացնենք յատկութիւններ, որոնք իսկական խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն յառաջ կը մղեն։ Այդ յատկութիւնները կը պարփակեն՝ բարութիւն, քաղցրութիւն, համբերութիւն, ժուժկալութիւն եւ սէր։ Սէրը նոյնիսկ կը կոչուի «միութեան կատարեալ կապը» (Կողոսացիս 3։14, ՆԱ)։ Սէրը ինչո՞ւ յատուկ յատկութիւն մըն է։ Տես թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ անոր մասին։

  • «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի. . . ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կորնթացիս 13։4-8

  • «Սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ» (Հռովմայեցիս 13։10

  • «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետրոս 4։8

Երբ քեզ սիրող մարդոց հետ ըլլաս, ինչպէ՞ս կը զգաս։ Ապահով ու հանգիստ, քանի որ գիտես թէ քեզի համար լաւագոյնը կը կամենան եւ բնա՛ւ դիտմամբ քեզի պիտի չվնասեն։

Սէրը նաեւ կրնայ մարդիկը մղել որ զոհողութիւններ ընեն,– նոյնիսկ իրենց ապրելակերպը փոխեն,– ուրիշներուն օգտին համար։ Օրինակ, երբ մարդ մը մեծ հայր դարձաւ, շատ ուզեց իր թոռնիկին հետ ժամանակ անցընել. բայց խնդիր մը կար։ Ան շա՜տ կը ծխէր եւ իր փեսան չէր ուզեր որ մանուկին մօտ ծխէ։ Այս մարդը ի՞նչ ըրաւ։ Թէեւ 50 տարի շարունակ ծխած էր, բայց իր թոռնիկին համար այդ մոլութիւնը ձգեց։ Իրապէս, սէրը ի՜նչ մեծ զօրութիւն ունի։

Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ որ բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ զարգացնենք, ինչպէս՝ բարութիւն, քաղցրութիւն եւ յատկապէս սէր

Սէրը սորվելիք յատկութիւն մըն է։ Ծնողները շատ մեծ դեր ունին որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն ինչպէս սիրել։ Անոնք իրենց զաւակներուն ուտելիք կը հայթայթեն, զիրենք կը պաշտպանեն եւ իրենց օգնութեան կը հասնին, երբ վիրաւորուին կամ հիւանդանան։ Լաւ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ կը խօսին եւ անոնց կը սորվեցնեն։ Նաեւ զանոնք կը կրթեն՝ ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ լաւ սկզբունքներ սորվեցնելով։ Ասկէ զատ, լաւ ծնողները ընտիր օրինակ կ’ըլլան իրենց զաւակներուն։

Ցաւօք սրտի, կարգ մը ծնողներ իրենց պատասխանատուութիւնները չեն կատարեր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ անոնց զաւակները բնա՛ւ լաւ անձեր պիտի չդառնան։ Ո՛չ։ Նոյնիսկ չափահաս անհատներ, որոնցմէ ոմանք խանգարուած ընտանիքներու մէջ մեծցած են, շատ մեծ փոփոխութիւններ ըրած են իրենց կեանքին մէջ, եւ հոգատար ու վստահելի քաղաքացիներ դարձած են։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, անոնց մէջ կան անհատներ, որոնք մարդոց կարծիքով՝ անկարելի էր որ փոխուէին։