Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դարմանումը պէտք է նկատի առնէ ոչ միայն ախտանիշները, հապա նաեւ բո՛ւն պատճառը

ԽՆԴԻՐԸ

Բո՛ւն պատճառը գիտնալ

Բո՛ւն պատճառը գիտնալ

Կը հաւատա՞ս որ մարդկութիւնը կրնայ լուծել այն բազմաթիւ խնդիրները, որոնք մեր խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը կը խլեն եւ մեր ապագան կը վտանգեն։ Խնդիրները իրապէս լուծելու համար, պէտք է գիտնանք անոնց բո՛ւն պատճառները։

Օրինակով մը բացատրենք։ Թոմ անունով տղամարդ մը հիւանդացաւ եւ ետքը մեռաւ։ Ինչո՞ւ մեռաւ։ «Երբ սկիզբը ախտանիշներ երեւցան, մէկը չմտածեց գիտնալ անոնց ետին եղող պատճառը», գրեց բժիշկ մը, որ կ’աշխատի այն հիւանդանոցին մէջ, ուր Թոմ դիմած էր՝ մեռնելէն քիչ առաջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Թոմին առաջին հոգ տանողները պարզապէս փորձած էին դեղեր տալով իր վիճակը բարելաւել։

Արդեօք մարդիկ աշխարհի խնդիրները լուծելու համար նման կերպի մը չե՞ն դիմեր։ Օրինակ, ոճիրները նուազեցնելու համար, կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, հսկողութեան քամերաներ կը տեղաւորեն եւ ոստիկաններուն թիւը կ’աւելցնեն։ Թէեւ այս քայլերը որոշ չափով յաջողութիւն կը գտնեն, բայց ոճիրներուն ետին գտնուող պատճառները չեն լուծեր։ Ի վերջոյ, մէկու մը արարքը ցոյց կու տայ, թէ իրապէս ի՛նչ կը մտածէ, կը զգայ եւ կ’ուզէ։

Տանիէլ, որ կ’ապրի Հարաւային Ամերիկայի մէկ երկրին մէջ, ուր տնտեսական վիճակը շատ վատ է, կ’ըսէ. «Ատեն մը մեր կեանքը լաւ էր։ Չէինք վախնար որ զինեալ գողերու հանդիպէինք։ Բայց հիմա քաղաք մը կամ գիւղ մը չկայ, որ խաղաղ է։ Տնտեսական անկումը յայտնած է շատ մը մարդոց ինչ ըլլալը. անոնք ագահ են եւ չեն յարգեր ուրիշներու կեանքը կամ ստացուածքը»։

Մարդ մը պատերազմին պատճառով Միջին Արեւելքէն փախաւ, եւ յետագային Սուրբ Գիրքը սերտեց։ Ան կ’ըսէ. «Քաղաքիս մէջ շատ մը երիտասարդներու ընտանիքները եւ քաղաքական–կրօնական վարչաձեւը զիրենք քաջալերեցին, որ պատերազմի մասնակցին եւ հերոսներ դառնան։ Իսկ միւս կողմի երիտասարդներուն ալ նոյն քաջալերութիւնը կը տրուէր։ Այս ամէնը ձգեց որ անդրադառնամ, թէ որքա՜ն ցաւալի է մեր յոյսը դնել մարդկային կառավարիչներու վրայ»։

Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ.

  • «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է» (Ծննդոց 8։21

  • «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ» (Երեմիա 17։9

  • «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ» (Մատթէոս 15։19

Մարդկութիւնը չէ կրցած վնասակար հակումներն ու գէշ յատկութիւնները արմատախիլ ընել։ Իրականութեան մէջ, մարդիկ երթալէն աւելի վատ յատկութիւններ կը դրսեւորեն, ինչպէս նախորդ յօդուածին նշած խնդիրները ցոյց կու տան (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Եւ պարագան այս է, հակառակ անոր որ մարդիկ առաջուընէ շա՛տ աւելի գիտութիւն ունին եւ շատ աւելի կերպեր՝ իրարու հետ հաղորդակցելու։ Ուրեմն, ինչո՞ւ չենք կրնար աշխարհը խաղաղ եւ ապահով վայր մը դարձնել։ Արդեօք ասիկա մեր կարողութենէն վե՞ր է։ Այսպիսի աշխարհ մը անկարելի՞ բան մըն է։

ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԲԱՆԻ՞ ՄԸ ԿԸ ՋԱՆԱՆՔ ՀԱՍՆԻԼ

Նոյնիսկ եթէ հրաշքով մը կարենանք մարդոց վնասակար յատկութիւնները փոխել, տակաւին պիտի չկարենանք ամբողջ աշխարհը ապահով վայր մը դարձնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդ արարածը սահմանափակումներ ունի։

Իրողութիւնը պարզապէս այն է, որ «մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։ Մենք չենք ստեղծուած որ ինքզինքնիս կառավարենք։ Իրականութեան մէջ, չենք ստեղծուած որ մեր ընկեր արարածին վրայ իշխենք, ինչպէս որ չենք ստեղծուած որ ջուրին տակ կամ անջրպետին մէջ ապրինք։

Չենք ստեղծուած որ մեր ընկեր արարածին վրայ իշխենք, ինչպէս որ չենք ստեղծուած որ ջուրին տակ ապրինք

Նկատի առ հետեւեալը. ընդհանուր առմամբ մարդիկ կ’ուզե՞ն որ ուրիշներ իրենց ըսեն, թէ ինչպէ՛ս ապրին կամ ի՛նչ բարոյական չափանիշներով ապրին։ Կ’ախորժի՞ն, երբ ուրիշներ իրենց ըսեն, թէ ի՛նչ տեսակէտ պէտք է ունենան վիժումին, մահապատիժին կամ իրենց զաւակները կրթելու կերպին նկատմամբ։ Ասոնք միայն քանի մը հարցեր են, որոնք մարդիկը իրարմէ կը բաժնեն։ Թերեւս դժուար ըլլայ ընդունիլը, բայց Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանական է։ Մենք պարզապէս կարողութիւնը կամ իրաւունքը չունինք մեր ընկեր արարածներուն վրայ իշխելու։ Օգնութեան համար, որո՞ւ կրնանք դիմել։

Ամէնէն տրամաբանական պատասխանն է՝ դիմել մեզ Ստեղծողին։ Հակառակ ոմանց ըսածին, ան մեզ չէ մոռցած։ Իրականութեան մէջ, Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած իմաստուն խօսքերը կը յայտնեն, թէ ան մեզմով հետաքրքրուած է։ Երբ այդ յատուկ գիրքը հասկնանք, ա՛լ աւելի կ’ըմբռնենք մեր սահմանափակումները, եւ կը գիտնանք թէ մարդկութեան պատմութիւնը ինչո՛ւ այսքան աղէտալի եղած է։ Մեզի յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ «ժողովուրդներ ու կառավարութիւններ պատմութենէն բան մը չեն սորված, կամ անկէ եզրակացուած սկզբունքներուն համաձայն չեն գործած», ինչպէս որ գերմանացի փիլիսոփայ մը գրեց։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

Յիսուս ըսաւ որ ‘իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր բոլոր զաւակներով’, կամ արդիւնքներով (Ղուկաս 7։35, ԱԾ)։ Այդ իմաստութեան մէկ օրինակն է Սաղմոս 146։3–ի խօսքը, որ կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ Այս լաւ խրատը մեզի կ’օգնէ, որ չյուսանք բանի մը, որ բնա՛ւ պիտի չկատարուի։ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Գեննեթ կ’ապրի քաղաքի մը մէջ, որ վայրագութեամբ լեցուն է։ Ան կ’ըսէ. «Իրարայաջորդ քաղաքագէտներ կը խոստանան, որ վիճակները պիտի բարելաւեն, բայց չեն կրնար։ Անոնք տեւական իրենց խօսքին տէրը չեն ելլեր, եւ ասիկա կը փաստէ որ Աստուածաշունչին ըսածը ճիշդ է եւ իմաստութիւն է»։

Տանիէլ, որ նախապէս նշուեցաւ, կը գրէ. «Մէկ օրէն միւսը ա՛լ աւելի կը համոզուիմ, որ մարդիկ չեն կրնար լաւ կերպով կառավարել։ . . .Դրամատան մէջ դրամ կամ հանգստաթոշակ ունենալը ապահով ապագայ չ’երաշխաւորեր։ Տեսած եմ անհատներ, որոնք այս մարզին մէջ մեծապէս յուսախաբ եղած են»։

Սուրբ Գիրքը ոչ միայն մեզ կը պաշտպանէ անիրատես ակնկալութիւններէ, հապա նաեւ յոյս կու տայ, ինչպէս յաջորդ յօդուածներուն մէջ պիտի տեսնենք։