Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՔ ՓՈԽՈՒԵՑԱՆ

Ռիքարտոյի եւ Անտրէյսի պատմութիւնները

Ռիքարտոյի եւ Անտրէյսի պատմութիւնները

Սուրբգրային կրթութիւնը հիանալի զօրութիւն ունի մարդոց կեանքը բարելաւելու։ Նկատի առ Ռիքարտոյի եւ Անտրէյսի փորձառութիւնը։

ՌԻՔԱՐՏՕ. 15 տարեկանիս աւազակախումբի մը անդամ եղայ։ Նոր բարեկամներս ինծի շատ ազդեցին. նոյնիսկ նպատակ դրի 10 տարի բանտարկուիլ։ Ասիկա թերեւս յիմարական բան մը երեւի։ Բայց շրջապատիս մէջ, անոնք որոնք որոշ ատեն բանտ մտած էին, աւելի յարգանք ու պատիւ կը վայելէին։ Եւ ես ուզեցի իրենց պէս ըլլալ։

Աւազակախումբի անդամներուն բոլոր ըրածները կ’ընէի, ինչպէս՝ թմրամոլութիւն, սեռային անբարոյութիւն եւ վայրագութիւն։ Գիշեր մը, զէնքերով կռիւի մը մասնակցեցայ։ Կարծեցի որ պիտի սպաննուիմ, բայց ի վերջոյ, առանց վիրաւորուելու փախուստ տուի։ Անկէ ետք, սկսայ աւելի լրջօրէն մտածել կեանքիս ու նպատակակէտերուս մասին, եւ որոշեցի փոխուիլ։ Բայց ինչպէ՞ս։ Ո՞ւր կրնայի օգնութիւն գտնել։

Ազգականներուս մեծամասնութիւնը ուրախ չէր. անոնց կեանքը խնդիրներով լեցուն էր։ Բայց քեռիներէս մէկուն ընտանիքին պարագան տարբեր էր։ Գիտէի որ անոնք բարի անհատներ են, եւ գիտէի որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին։ Իրականութեան մէջ, անգամ մը անոնցմէ իմացած էի որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Ուստի զինամարտէն քիչ ետք Եհովային աղօթեցի, իր անունը գործածելով եւ խնդրելով որ ինծի օգնէ։ Շա՜տ անակնկալի եկայ, երբ ճիշդ յաջորդ օրը Եհովայի վկայ մը դուռս զարկաւ։ Սկսայ անոր հետ Աստուածաշունչը սերտել։

Շուտով մեծ դժուարութեան մը առջեւ գտնուեցայ։ Առաջուան բարեկամներս յաճախ կը հեռաձայնէին ու կը խնդրէին, որ իրենց հետ ժամանակ անցընեմ։ Թէեւ դիւրին չէր, բայց կ’ըսէի ո՛չ։ Վճռած էի շարունակել Աստուածաշունչը սերտել. եւ ուրախ եմ որ այդպէս ըրի։ Կեանքս 180 աստիճան փոխուեցաւ եւ իսկական երջանկութիւն գտայ։

Կը յիշեմ որ աղօթքով Աստուծոյ ըսի, որ ատեն մը կ’ուզէի 10 տարի բանտարկուիլ, մարդոց յարգանքը շահելու համար որպէս աւազակախումբի անդամ։ Ուստի խնդրեցի, որ ինծի թոյլ տայ իրեն ծառայել առնուազն 10 տարի որպէս լիաժամ քարոզիչ, որպէսզի ուրիշներուն օգնեմ ինչպէս որ ես օգնութիւն ստացայ։ Աստուած աղօթքիս պատասխանեց. 17 տարիէ ի վեր լիաժամ քարոզիչ եմ։ Եւ կ’ուզեմ աւելցնել, որ բնա՛ւ չբանտարկուեցայ։

Սակայն, նախկին բարեկամներէս շատեր տարիներէ ի վեր բանտն են, իսկ ոմանք մեռած են։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, շատ երախտապարտ եմ Վկայ ազգականներուս, քանի որ յօժար էին ուրիշներէն տարբեր ըլլալու եւ Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրելու։ Իրենց հանդէպ յարգանքս կը գերազանցէ աւազակախումբի ոեւէ անդամի հանդէպ ունեցած յարգանքս։ Բայց ամէն բանէ առաջ, շնորհակալ եմ Աստուծմէ, որ ինծի սորվեցուց ամենալաւ ապրելակերպը։

ԱՆՏՐԷՅՍ. Ծնայ ու մեծցայ աղքատ միջավայրի մը մէջ, ուր թմրեցուցիչի գործածութիւնը, յափշտակութիւնը, ոճիրը եւ պոռնկութիւնը տարածուած էին։ Հայրս ալքոլի եւ կոկայինի մոլի էր։ Ան ու մայրս միշտ իրարու հետ կը կռուէին, թէ՛ խօսքով եւ թէ ֆիզիքապէս։

Կանուխ տարիքիս սկսայ ալքոլ խմել եւ թմրեցուցիչ գործածել։ Ժամանակիս մեծ մասը կ’անցընէի փողոցները, գողութիւն ընելով եւ գողցածս ծախելով։ Երբ մեծցայ, հայրս սխալ կերպով փորձեց ինծի հետ աւելի բարեկամանալ. ինծի սորվեցուց ինչպէ՛ս թմրեցուցիչներ եւ ուրիշ արգիլուած արտադրութիւններ երկիր մտցնել եւ ծախել։ Ասիկա ընելով՝ արագօրէն շատ դրամ շահեցայ։ Ետքը, օր մը ոստիկանութիւնը տունս եկաւ եւ զիս ձերբակալեց։ Հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցայ, քանի որ մէկու մը դէմ մահափորձ կատարած էի։

Առտու մը բանտին մէջ բարձրախօսով յայտարարութիւն եղաւ, որ բանտարկեալները հրաւիրուած են Սուրբ Գիրքը քննարկելու Եհովայի վկաներուն հետ։ Որոշեցի ներկայ ըլլալ։ Լսածներս տրամաբանական էին, ուստի սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել անոնց հետ։ Վկաները Սուրբ Գիրքին ըսածները չմեղմացուցին, հապա ինծի ցոյց տուին Աստուծոյ բարոյական բարձր չափանիշները։

Շուտով անդրադարձայ, որ առանց օգնութեան չեմ կրնար պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել, մանաւանդ երբ բանտակիցներէս ոմանք, որոնք ուրախ չէին որ կը սերտէի, ինծի սպառնացին։ Ուստի աղօթքով Եհովայէն խնդրեցի, որ ինծի զօրութիւն եւ իմաստութիւն տայ։ Ան իրապէս ինծի օգնեց։ Իրականութեան մէջ, փոխանակ անոնցմէ վախնալու, նոյնիսկ քաջութիւնը ունեցայ Սուրբ Գիրքին մասին խօսելու ուրիշ բանտարկեալներու։

Երբ ազատ արձակուելուս ատենը եկաւ, այնքան ջղագրգիռ էի, որ ուզեցի բանտին մէջ յաւելեալ ժամանակ մնալ։ Մինչ բանտէն կը հեռանայի, կարգ մը բանտարկեալներ ձեռքերնին շարժելով հրաժեշտ տուին։ Ոմանք նոյնիսկ ջերմութեամբ ըսին. «Երթաս բարով, պզտիկ հովիւ»։

Զիս կը վախցնէ մտածելն անգամ, թէ կեանքս ինչպէ՛ս կրնար ըլլալ, եթէ թոյլ չտայի որ Աստուած զիս կրթէ։ Սրտանց շնորհակալ եմ որ Աստուած զիս կը սիրէ եւ իր յոյսը ինձմէ չկտրեց *։

^ Ուրիշ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան Աստուածաշունչին զօրութիւնը կեանքեր փոխելու, կը գտնուին jw.org/hyw կայքին մէջ։ Բա՛ց ԳՐԱԴԱՐԱՆ եւ փնտռէ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքը։