Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բացում

Բացում

Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ

Շատ կը լսենք թէ կարգ մը ընտանիքներ ինչո՛ւ յաջող չեն։ Բայց արդեօք ուրիշ ընտանիքներ ինչո՞ւ յաջող են։

  • 1990–ին եւ 2015–ին միջեւ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ 50 տարեկանէն վեր ամուսնալուծուողներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ, իսկ 65 տարեկանէն վեր ամուսնալուծուողներուն թիւը երեքպատիկ եղաւ։

  • Ծնողները շուարած են. կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն որ ծնողները միշտ պէտք է գովեն զաւակները, մինչ ուրիշներ կ’ըսեն որ խստութեամբ պէտք է վարուին զաւակներուն հետ անոնց օգտին համար։

  • Պատանիները չափահասութեան տարիքը կը հասնին, առանց պէտք եղած կարողութիւնները ունենալու որ յաջող ըլլան։

Բայց իրականութիւնը այն է, թէ՝

  • Ամուսնութիւնը կրնա՛յ մնայուն ըլլալ եւ ուրախութիւն պատճառել։

  • Ծնողները կրնա՛ն սորվիլ իրենց զաւակները սէրէ մղուած կրթել։

  • Պատանիները կրնա՛ն պէտք եղած կարողութիւնները զարգացնել որ յաջող չափահասներ դառնան։

Ինչպէ՞ս։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը պիտի քննարկէ յաջող ընտանեկան կեանք ունենալու 12 գաղտնիքներ։