Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գովելի յատկութիւնները վստահելի կողմնացոյցի պէս կ’օգնեն զաւակիդ, որ որոշէ թէ ի՛նչ ուղղութեամբ երթայ

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

7. Լաւ յատկութիւններ

7. Լաւ յատկութիւններ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Որպէս ծնողք, դուն ունիս անձնական չափանիշներ, որոնց համաձայն կ’ապրիս։ Օրինակ, կը ջանա՞ս պարկեշտ ըլլալ ամէն բանի մէջ։ Ուրեմն, շատ հաւանաբար կ’ուզես որ զաւակներուդ մէջ ալ ցանես այս բարոյական չափանիշը։

Նաեւ կ’ուզես անոնց սորվեցնել, թէ կարեւոր է որ ըլլան աշխատասէր, անաչառ եւ փափկանկատ։ Ասոնք յատկութիւններ են, որոնք պզտիկութեա՛ն ատեն լաւ կը քանդակուին անհատին մէջ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22։6

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Գովելի յատկութիւնները կարեւոր են այս յառաջացած աշխարհին մէջ։ Քէրըն անունով մայր մը կ’ըսէ. «Մէկը վնասակար բաներու կրնայ հանդիպիլ որեւէ ժամանակ՝ որեւէ դիւրակիր սարքի միջոցաւ։ Մեր զաւակները կրնան մեր քովը նստած ըլլալ, մինչ անվայել բան մը կը դիտեն»։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Չափահասներուն. . . զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբրայեցիս 5։14

Ուրիշներուն հանդէպ նկատառու ըլլալն ալ կարեւոր է։ Քաղաքավար ըլլալը (ինչպէս՝ «Հաճիս» եւ «Շնորհակալ եմ» ըսել) եւ ուրիշներուն հանդէպ փափկանկատ ըլլալը արժէքաւոր յատկութիւններ են, որոնք մարդոց մէջ երթալէն կը պակսին, քանի որ անոնք աւելի հետաքրքրուած են ելեկտրոնային սարքերով քան՝ մարդոցմով։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկաս 6։31

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Բարոյական չափանիշներդ յայտնէ։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւնները կը ցուցնեն, թէ աւելի հաւանականութիւն կայ որ պատանիները ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւն չընեն, եթէ յստակօրէն սորված են որ ատիկա սխալ է։

ԱՌԱՋԱՐԿ. Վերջերս պատահած դէպք մը գործածէ, որպէսզի չափանիշներու մասին նիւթ բանաս զաւակիդ հետ։ Օրինակ, եթէ լուրերէն լսես նախապաշարումի պատճառով եղած ոճիրի մը մասին, կրնաս ըսել. «Ի՜նչ ահռելի է որ կարգ մը մարդիկ անգթութեամբ կը վարուին ուրիշներուն հետ։ Քու կարծիքովդ, ի՞նչը կը ձգէ որ անոնք այսպիսի անձեր ըլլան»։

«Շատ աւելի դժուար է որ զաւակը զանազանէ ճիշդը սխալէն, եթէ չի գիտեր թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ» (Պրէնտըն)։

Զաւակներուդ սորվեցուր նկատառու ըլլալ։ Նոյնիսկ պզտիկները կրնան սորվիլ «Հաճիս» եւ «Շնորհակալ եմ» ըսել եւ ուրիշներուն հանդէպ փափկանկատ ըլլալ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Զաւակները որքա՛ն աւելի զգան որ աշխարհը իրենց շուրջ չի դառնար, այնքան աւելի պատրաստ կ’ըլլան ազնիւ արարքներ ընելու ուրիշներուն օգտին համար, ինչպէս՝ ընտանիքին անդամները կամ դասընկերները» (Parenting Without Borders

ԱՌԱՋԱՐԿ. Զաւակներուդ պարտականութիւն տուր տան մէջ, որպէսզի սորվին որ ուրիշներուն ծառայելը կարեւոր է։

«Եթէ մեր զաւակները հի՛մա սորվին տնային գործեր ընել, օդէն պիտի չիյնան երբ սկսին զատէն ապրիլ, քանի որ վարժուած պիտի ըլլան պատասխանատուութիւն շալկելու» (Թէրա)։