Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներելը կրնայ բռնկած վէճին կրակը մարել

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

4. Ներել

4. Ներել

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Ներել կը նշանակէ՝ դիմացինին պատճառած վիրաւորանքն ու բարկութիւնը մէկ կողմ դնել։ Ներել չի նշանակեր եղած սխալը թեթեւի առնել կամ ձեւացնել որ չպատահեցաւ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք» (Կողոսացիս 3։13, ՆԹ

«Երբ անձը կը սիրես, չես կեդրոնանար անոր սխալներուն վրայ, հապա՝ կը տեսնես թէ ինչպիսի՛ անձ մը կը ջանայ ըլլալ» (Արոն)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Դժգոհ մնալը կրնայ ոչ միայն ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել քեզի, հապա նաեւ կրնայ ամուսնութեանդ վնասել։

«Անգամ մը, ամուսինս բան մը ըրաւ որ շա՜տ վիրաւորեց զիս, բայց յետոյ ներողութիւն խնդրեց։ Ինծի համար դժուար էր իրեն ներել։ Ի վերջոյ ներեցի, բայց զղջացի որ աւելի կանուխ չառի այդ քայլը, քանի որ անտեղիօրէն ջղագրգիռ մնացինք» (Ճուլիա)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ

Յաջորդ անգամ երբ կողակիցիդ ըսածը կամ ըրածը քեզ վիրաւորէ, դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Չափէ դուրս զգայո՞ւն եմ’։

  • ‘Սխալը այնքան լո՞ւրջ է որ կողակիցս պէտք է ինձմէ ներողութիւն խնդրէ, թէ ոչ կրնա՛մ եղածը կռնակիս ետեւը նետել’։

ԱՍՈՆՔ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԵՏ

  • Ընդհանրապէս որքա՞ն ժամանակ կ’առնէ որ իրարու ներենք։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի իրարու աւելի շուտ ներենք։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Երբ կողակիցէդ նեղանաս, մի՛ ենթադրեր որ անոր շարժառիթները գէշ են։

  • Ջանա՛ արդարացնել կողակիցիդ վարմունքը, յիշելով որ «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակոբոս 3։2

«Իրարու ներելը դիւրին է, երբ երկուքս յանցաւոր կ’ըլլանք։ Աւելի դժուար է, երբ քու կարծիքովդ՝ միայն դիմացինն է յանցաւորը։ Մէկը պէտք է իրապէս խոնարհ ըլլայ, որ կարենայ ներել» (Քիմպըրլի)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Շուտո՛վ համաձայնէ» (Մատթէոս 5։25, ԱԾ

Դժգոհ մնալը կրնայ ոչ միայն ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել քեզի, հապա նաեւ կրնայ ամուսնութեանդ վնասել