Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

5 Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞

5 Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Եթէ հիմ ունինք հաւատալու, որ տառապանքը վերջ պիտի գտնէ, կեանքին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ մեր տեսակէտը կրնայ բարելաւուիլ։

Պահ մը մտածէ

Բազմաթիւ մարդիկ կ’ուզեն տառապանքը մէջտեղէն վերցնել, բայց շատ բան չեն կրնար ընել ատոր նկատմամբ։ Հետեւեալը նկատի առ.

Հակառակ բժշկութեան յառաջդիմութեան՝

  • Սրտի հիւանդութիւնները տակաւին մահուան գլխաւոր պատճառն են։

  • Ամէն տարի, քաղցկեղը միլիոնաւորներ կը սպաննէ։

  • «Աշխարհին շարունակ կը սպառնան վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունին, նոր ծագում առած են, եւ կրկին մէջտեղ եկած են», գրեց դոկտ. Տէյվիտ Պլում Frontiers in Immunology պարբերաթերթին մէջ։

Հակառակ կարգ մը երկիրներու նիւթական բարգաւաճութեան՝

  • Ամէն տարի միլիոնաւոր պզտիկներ կը մեռնին, մանաւանդ անոնք, որոնք աղքատ շրջաններու մէջ կ’ապրին։

  • Միլիառաւոր մարդիկ կ’ապրին առանց առողջապահութեան նպաստող միջոցներ ունենալու։

  • Հարիւր միլիոնաւորներ մաքուր ջուր չունին։

Հակառակ անոր որ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ գիտակցութիւնը աւելցած է՝

  • Ստրկավաճառութիւնը շատ մը երկիրներու մէջ կը շարունակուի, եւ այն իշխանութիւնները, որոնք յանցաւորները չեն հետապնդեր, կա՛մ «այդ խնդիրէն տեղեակ չեն, կամ ալ ատոր հետ գլուխ ելլելու համար հարկ եղած միջոցները չունին», կ’ըսէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրութիւնը։

    ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

    Կրնաս դիտել Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աստուած մեզ կը հոգայ։

Ան մեր ցաւին ու վիշտին նկատմամբ անտարբեր չէ։

«[Աստուած] չանարգեց ու չքամահրեց տառապեալին տառապանքը ու երեսը անկէ չդարձուց. հապա իրեն կանչած ատենը լսեց» (ՍԱՂՄՈՍ 22։24

«Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։7

Տառապանքը յաւիտեան պիտի չշարունակուի։

Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործուի։

«Աստուած. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։3, 4

Աստուած մարդուն տառապանքին պատճառները պիտի ջնջէ։

Ան ասիկա պիտի ընէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ, որ իրական կառավարութիւն մըն է։

«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի. . . ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (ԴԱՆԻԷԼ 2։44