Հոգեւորութիւն
Ինչպէս որ առաջին յօդուածին մէջ նշուեցաւ, շատեր Աստուածաշունչը սուրբ գիրք մը կը նկատեն։ Երբ զայն կը կարդան եւ անոր առաջնորդութեան կը հետեւին, կը զգան թէ Աստուծոյ կը մօտենան եւ իրենց կեանքին նպատակը կ’ըմբռնեն։
Ըստ Աստուածաշունչին, «ան որ հոգեւոր է», կեանքի հանդէպ դրական կեցուածք ունի (Ա. Կորնթացիս 2։15)։ Մարմնաւոր մտայնութիւն ունեցող անհատին հակառակը, որ ա՛լ աւելի իր անձին վրայ կը կեդրոնանայ, հոգեւոր հայեցակէտ ունեցող անհատը Աստուծոյ չափանիշները կ’արժեւորէ (Եփեսացիս 5։1)։
ՅՈՅՍ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է» (Առակաց 24։10)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Վհատութիւնը կրնայ մեր ուժը խլել այն աստիճան, որ չենք կրնար կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Միւս կողմէ, յոյսը կրնայ մեզ զօրացնել որ չյանձնուինք։ Կը մխիթարուինք գիտնալով, թէ մեր դիմագրաւած խնդիրները ժամանակաւոր են եւ թերեւս անոնցմէ օգուտ մը քաղենք։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Ջանա՛ ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալ։ Փոխանակ մտահոգուելու թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ կամ սպասելու որ պարագաներդ շատ նպաստաւոր ըլլան, նպատակակէտերուդ համաձայն գործի լծուէ։ Անշուշտ, չակնկալուած դէպքեր կրնան պատահիլ (Ժողովող 9։11)։ Սակայն, յաճախ մեր պարագան աւելի լաւ կ’ընթանայ քան ինչ որ կ’ակնկալենք։ Ուստի, հողագործութեան օրինակը գործածելով՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան» (Ժողովող 11։6)։
ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Աստուածաշունչը կը պատասխանէ հարցումներու, որոնք բոլորիս մտքէն կ’անցնին, ինչպէս՝
-
Ինչո՞ւ հոս ենք։
-
Ինչո՞ւ կը տառապինք։
-
Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։
-
Ապագան մեզի ի՞նչ վերապահած է։
Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ իրենց կեանքը բարելաւած են, քննելով Աստուածաշունչի պատասխանները այս եւ ուրիշ հարցումներու։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Անձամբ քննէ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները։ Եհովայի վկայէ մը խնդրէ որ քեզի օգնէ Աստուածաշունչը հասկնալու։ Այցելէ մեր կայքը՝ www.pr418.com/hyw, կամ մեր ժողովներէն մէկուն ներկայ եղիր։ Անոնք ձրի են եւ հանրութեան առջեւ բաց են։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔԻԴ ԳԻՏԱԿԻՑ ԵՂԻՐ։
«Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։3, ՆԱ)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՑԻՐ։
«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (ՅԱԿՈԲՈՍ 4։8)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԱՐԴԱ՛ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛։
«Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ. . . Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (ՍԱՂՄՈՍ 1։2, 3)։