Սէր ցոյց տուր
Խնդիրը
Նախապաշարումի զգացումները անմիջապէս չեն անհետանար։ Ճիշդ ինչպէս որ ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կը պահանջուի, որպէսզի ժահրէ մը ազատինք, նոյնպէս ժամանակ ու ջանք կը պահանջուի նախապաշարումէն ձերբազատուելու համար։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ նախապաշարումը սրտէդ արմատախիլ ընես։
Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
«Սէրը հագէք, որ միութեան կատարեալ կապն է» (ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։14, ՆԱ)։
Ի՞նչ կը նշանակէ։ Ուրիշներուն համար ազնիւ գործեր ընելը մարդիկը կը միացնէ։ Ո՛րչափ աւելի ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տաս, ա՛յդչափ աւելի նուազ նախապաշարուած պիտի ըլլաս։ Եւ սիրտիդ մէջ ո՛րչափ աւելի սէր ունենաս, ա՛յդչափ աւելի քիչ տեղ պիտի ըլլայ ատելութեան կամ անարգանքին։
Ի՞նչ կրնաս ընել
Մտածէ թէ ի՛նչ մասնայատուկ կերպերով կրնաս սէր ցոյց տալ այն մարդոց հանդէպ, որոնք կը պատկանին այն խումբին, որուն նկատմամբ ժխտական կեցուածք ունիս։ Պէտք չկայ մեծ բաներ ընելու։ Փորձէ հետեւեալները.
Սէր արտայայտող ամէն մէկ պզտիկ արարքով, քայլ առ քայլ պիտի հեռանաս նախապաշարումէն
Քաղաքավար կերպով վարուէ այդ խումբին պատկանողներուն հետ, օրինակ՝ դուռը բանալով կամ պասին մէջ տեղդ տալով։
Ջանա՛ պզտիկ զրոյց մը ունենալ, նոյնիսկ եթէ անոնք քու լեզուդ սահուն կերպով չեն խօսիր։
Համբերող եղիր, երբ քեզի համար անհասկնալի ըլլայ իրենց ըրածը։
Ցոյց տուր, որ զիրենք կը հասկնաս, եթէ իրենց խնդիրներուն մասին խօսին։