Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Գոհունակութիւն եւ առատաձեռնութիւն

Գոհունակութիւն եւ առատաձեռնութիւն

ԼՍԱ՞Ծ ԵՍ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ, ԹԷ ՈՐՔԱ՛Ն ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՍ, ԱՅՆՔԱ՛Ն ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՒ ՅԱՋՈՂ ԵՍ։ Միլիոնաւոր մարդիկ այսպէս կը մտածեն, եւ այս պատճառով երկա՜ր ժամեր կ’աշխատին ու կը յոգնին, որպէսզի աւելի դրամ շահին։ Բայց դրամը եւ ստացուածքը մնայուն երջանկութիւն կը բերե՞ն։ Իրականութիւնը ի՞նչ է։

Ըստ պարբերաթերթի մը, մէյ մը որ մեր հիմնական պէտքերը ապահովուին, աւելի դրամ ունենալը պատճառ չի դառնար, որ շատ աւելի ուրախ կամ լաւ զգանք (Journal of Happiness Studies)։ Հարցը դրամը չէ։ «Դրամին ետեւէ իյնալն է որ տխուր կը դարձնէ անհատը», կ’ըսէ յօդուած մը Monitor on Psychology պարբերաթերթին մէջ։ Այս խօսքը կը նմանի այն խրատին, որ գրեթէ 2000 տարի առաջ գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով. . . ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին» (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Այդ ցաւերը ի՞նչ կրնան ըլլալ։

ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔՈՒՆԸ ՓԱԽՑՆԵԼ, ՀՈԳ ԸՆԵԼՈՎ ՈՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՊԱՀՊԱՆԵԼ։ «Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ, բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ» (Ժողովող 5։12

ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ, ԵՐԲ ԱԿՆԿԱԼՈՒԱԾ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌՔ ՉՁԳՈՒԻ։ Ինչո՞ւ ասանկ է պարագան։ Քանի որ դրամի ետեւէ իյնալը փափաք մըն է, որուն գոհացում չի տրուիր։ «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն» (Ժողովող 5։10)։ Նաեւ, այն անձը որ կ’ուզէ իր հարստութիւնը շատցնել, թերեւս զոհէ կարեւոր բաներ, որոնք իրապէս երջանկութիւն կու տան, ինչպէս՝ ընտանիքին եւ բարեկամներու հետ ժամանակ անցընել կամ հոգեւոր գործունէութիւններ ընել։

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՀԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԵՐԲ ԴՐԱՄԸ ԻՐ ԱՐԺԷՔԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԿԱՄ ՊԱԿՍԻ։ «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։ Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի» (Առակաց 23։4, 5

ԵՐՋԱՆԿԱՑՆՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ։ «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք» (Ա. Տիմոթէոս 6։7, 8)։ Ընդհանրապէս, գոհ անհատները չեն գանգատիր։ Ասիկա իրենց կ’օգնէ որ ուրիշին չնախանձին։ Եւ քանի որ անոնք իրենց վերմակին համեմատ կ’երկնցնեն իրենց ոտքը, հեռու կը մնան անտեղի մտահոգութիւններէ եւ սթրեսէ։

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ։ «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Առատաձեռն անձերը երջանիկ կ’ըլլան, քանի որ հաճոյք կ’առնեն ուրիշները ուրախացնելէ, նոյնիսկ եթէ շատ քիչ ժամանակ եւ կորով կրնան տրամադրել անոնց։ Ընդհանրապէս, անոնք կը շահին շատ մը բաներ, որոնք դրամով չեն գնուիր, ինչպէս՝ սէր, յարգանք եւ իսկական բարեկամներ, որոնք իրենց կարգին առատաձեռնօրէն կու տան իրենց (Ղուկաս 6։38

ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ ՄԱՐԴՈՑ ՔԱՆ՝ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԲԱՆԵՐՈՒ։ «Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով» (Առակաց 15։17)։ Կէտը ի՞նչ է։ Ուրիշներուն հետ սիրալիր փոխյարաբերութիւն ունենալը աւելի արժէքաւոր է քան՝ նիւթական հարստութիւնը։ Եւ ինչպէս որ ետքը պիտի տեսնենք, սէր ունենալը կարեւոր է երջանիկ ըլլալու համար։

Հարաւային Ամերիկայի մէջ ապրող Սապինա անունով կին մը փորձառաբար գիտցաւ, որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները արժէքաւոր են։ Իր ամուսինը ձգած–գացած էր։ Սապինան կը պայքարէր որ օրուան պէտքերը ապահովէր իրեն եւ իր երկու աղջիկներուն։ Ան երկու գործ կ’աշխատէր եւ առտուան ժամը 4։00–ին կ’արթննար։ Հակառակ որ յոգնեցուցիչ յայտագիր ունէր, ան որոշեց Սուրբ Գիրքը սերտել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

Ճիշդ է որ իր դրամական վիճակը նոյնը մնաց, բայց շատ աւելի դրական աչքով սկսաւ նայիլ կեանքին։ Օրինակ, ան ունեցաւ այն երջանկութիւնը, որ մէկը կ’ունենայ երբ իր հոգեւոր կարիքները կը գոհացնէ (Մատթէոս 5։3)։ Ան իսկական բարեկամներ գտաւ իր հաւատակիցներուն մէջ։ Եւ ան տալու ուրախութիւնը վայելեց, երբ սկսաւ ուրիշներուն խօսիլ իր սորվածներուն մասին։

Իրականութիւնը կը փաստէ թէ այն անձը, որ գոհունակ եւ առատաձեռն է, ինչպէս նաեւ՝ նիւթական բաներէ աւելի մարդոց կարեւորութիւն կու տայ, իմաստուն է, քանի որ այդպէս վարուիլը երջանկութիւն կը բերէ։