Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անունով «ընկեր»

Անունով «ընկեր»

Անունով «ընկեր»

Պզտիկ տարիքիդ կը ծանօթանաս «ընկերոջ» մը։ Ան քեզի զգացնել կու տայ որ հասուն ես եւ քեզի կ’օգնէ որ միւս ընկերներդ քեզի ընդունին։ Երբ սթրեսի տակ ըլլաս, միշտ իրեն կրնաս դիմել, որ «հանգստանաս»։ Այո, երբ որ դուն քեզի տարբեր պարագաներու մէջ գտնես, կրնաս իրեն վստահիլ։

Բայց ժամանակ մը ետք կ’անդրադառնաս, որ ան վտանգաւոր «ընկեր» է։ Ան կը պահանջէ որ միշտ հետդ ըլլայ, բայց երբ որ հետը ըլլաս, շատեր քեզ չեն ընդունիր։ Եւ ճիշդ է որ քեզի զգացնել տուած է որ հասուն ես, բայց ինչի՞ն հաշւոյն։ Առողջութեա՛նդ։ Ատկէ զատ, պատճառ դարձաւ որ լեցուն դրամ կորսնցնես։

Վերջերս, փորձեցիր կապդ կտրել իրեն հետ, բայց արդէն ինքը քու կեանքդ կը ղեկավարէ։ Հիմա միտքէդ միայն մէկ բան կ’անցնի. «Երանի՜ իրեն չծանօթանայի»։

ԾԽՈՂՆԵՐԷՆ շատեր ճիշդ այսպէս կը զգան սիկառէթի նկատմամբ։ Ըրլին անունով կին մը, որ 50 տարիէ ի վեր կը ծխէ, կը յիշէ. «Սիկառէթը ինծի ոեւէ անձէ աւելի կ’օգնէր։ Աւելի շիտակը, ատիկա միակ ընկերս էր»։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Ըրլինը անդրադարձաւ որ սիկառէթը անունով ընկեր էր եւ վտանգաւոր բան մըն էր։ Բացման խօսքերը կարծես իր զգացումները ըլլային, բայց մէ՛կ տարբերութեամբ. երբ Ըրլինը գիտցաւ որ ծխելը Աստուծոյ աչքին գէշ սովորութիւն է եւ մեր մարմնին վնաս կը հասցնէ, ան ծխելը կեցուց (Բ. Կորնթացիս 7։1

Ֆրէնք անունով տղամարդ մըն ալ որոշեց ծխելը կեցնել, որ Աստուած ուրախացնէ։ Բայց իր վերջին սիկառէթը ծխելէն մէկ–երկու օր ետք, շատ յուսահատ վիճակ ունէր եւ կատաղի կերպով իր տունին մէջ հոս–հոն իր ծխած սիկառէթներուն մնացած մասերը կը փնտռէր։ Ան կ’ըսէ. «Երբ որ տեսայ որ հասած եմ այն վիճակին, որ ծունկի գալով սիկառէթ կը փնտռեմ, ես իմ անձէս գանեցայ։ Եւ այդ վայրկեանին որոշեցի այլեւս չծխել»։

Ինչո՞ւ այսքան դժուար է ծխելը կեցնել։ Մասնագէտները քանի մը պատճառներ կու տան. 1) Ծխախոտով պատրաստուած ապրանքները նո՛յնքան մոլութիւն կը պատճառեն, ո՛րքան թմրեցուցիչները։ 2) Երբ որ նիքոթին ներս առնես, ատիկա կրնայ միայն եօթը երկվայրկեանուան մէջ ուղեղիդ հասնիլ։ 3) Շատ անգամ ծխելը անհատին կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը դառնայ, քանի որ ան կը ծխէ՝ ուտելու, խմելու եւ խօսելու ժամանակ, եւ կամ սթրեսէն հանգչելու համար, եւ այլն։

Բայց ինչպէս որ տեսանք Ըրլինին եւ Ֆրէնքին պարագաներուն, կարելի՛ է ծխելը կեցնել։ Եթէ դո՛ւն ալ կը ծխես, բայց կ’ուզես այդ սովորութիւնը կեցնել, յաջորդ յօդուածները կարդալը կրնայ քեզի օգնել որ կեանքիդ մէջ նոր էջ բանաս։