Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնես
Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնես
«Ծխելը կեցնելու վճռական որոշում առնելը ամէնէն կարեւոր քայլն է, որ ծխողները կ’առնեն» (Stop Smoking Now!)։
ԵԹԷ կ’ուզես ծխելը կեցնել, պէտք է որ զօրաւոր պատճառ ունենաս ատիկա ընելու։ Օրինակ, կրնաս մտածել թէ որքա՜ն պիտի օգտուիս, եթէ ծխելը կեցնես։
Դրամ պիտի խնայես։ Եթէ օրական մէկ տուփ կը ծխես, ուրեմն մէկ տարուան մէջ հազարաւոր տոլարներ կը ծախսես։ «Ես չէի մտածած, թէ որքա՛ն դրամ կը ծախսէի ծխախոտի համար» (Կիանու, Նեփալ)։
Կեանքդ պիտի բարելաւուի։ «Երբ որ ծխելը կեցուցի, կեանքս բարելաւուեցաւ, եւ երթալով աւելի կը բարելաւուի» (Ռեճինա, Հարաւային Ափրիկէ)։ Երբ մարդիկ ծխելը կեցնեն, իրենց համտեսելու եւ հոտոտալու զգայարանքները կը բարելաւուին, աւելի աշխոյժ կը դառնան եւ նոյնիսկ աւելի առողջ տեսք կ’ունենան։
Առողջութիւնդ պիտի լաւանայ։ «Երբ որ որեւէ տարիքի պատկանող տղամարդիկ եւ կիներ ծխելը կեցնեն, իրենց առողջութիւնը անմիջապէս կը բարելաւուի (The U.S. Centers for Disease Control and Prevention)։
Պիտի զգաս որ դուն քու կեանքդ կը ղեկավարես։ «Ծխելը կեցուցի, քանի որ չէի ուզեր որ ծխախոտը կեանքս ղեկավարէ։ Ուզեցի որ ե՛ս ղեկավարեմ մարմինս» (Հէնինկ, Դանիա)։
Ընտանիքդ եւ ընկերներդ պիտի օգտուին։ «Ծխելը շուրջիններուդ առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին թոքի քաղցկեղէ եւ սրտի հիւանդութիւններէ, քանի որ ուրիշներուն սիկառէթին ծուխը կը շնչեն (American Cancer Society)։
Ստեղծիչիդ սիրտը պիտի ուրախացնես։ «Սիրելինե՛ր, ...մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ «Ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի» (Հռովմայեցիս 12։1)։
«Երբ որ հասկցայ որ Աստուած չ’ուրախանար երբ մեր մարմինին վնաս հասցնենք, որոշեցի ծխելը կեցնել» (Սիլվա, Սպանիա)։
Բայց շատ անգամ զօրաւոր պատճառ մը ունենալը բաւարար չէ, որ մէկը ծխելը կեցնէ։ Ատեններ, մենք պէտք ունինք ուրիշներու,– մէջը ըլլալով մեր ընտանիքին եւ ընկերներուն օգնութեան։ Անոնք ի՞նչ կրնան ընել։