Պատրաստ եղիր դժուարութիւններուն
Պատրաստ եղիր դժուարութիւններուն
«Ես որոշեցի ծխելը կեցնել, քանի որ գիտէի որ ատիկա մեր նորածինին առողջութեան գէշ կերպով պիտի ազդէր։ Անոր համար, մեր տունին մէջ դրի ‘Ծխելը արգիլուած է’ նշանը։ Բայց միայն մէկ ժամ ետք, մարմինս նիքոթին ուզեց եւ սիկառէթ մը վառեցի» (Եոշիմիցու, Ճափոն)։
ԵՈՇԻՄԻՑՈՒԻՆ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ մէկը փորձէ ծխելը կեցնել, կրնայ դժուարութիւններ ունենալ։ Ասկէ զատ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ետ ծխել սկսողներուն մօտ 90 առ հարիւրը պիտի շարունակէ ծխել։ Ուրեմն եթէ պատրաստ ըլլաս, որ դժուարութիւններ պիտի ունենաս, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ քեզի համար, որ ծխելը կեցնես։ Ի՞նչ են կարգ մը դժուարութիւնները։
Նիքոթինի զօրաւոր փափաք։ Ընդհանրապէս մարմինը նիքոթին կը պահանջէ վերջին սիկառէթը ծխելէն ետք՝ առաջին երեք օրուան մէջ։ Եւ այդ փափաքը կը սկսի անհետանալ մօտ երկու շաբաթ ետք։ Անցեալին ծխող մը կ’ըսէ որ ‘այդ երկու շաբթուան ընթացքին ծխելու փափաքը կ’երթայ կու գայ’, բայց նո՛յնիսկ, տարիներ ետք, կրնայ ըլլալ որ սիրտդ ետ ծխել ուզէ։ Եթէ քեզի հետ ասանկ պատահի, ծխելու փափաքին դէմ դիր. հինգ վայրկեան մը սպասէ եւ այդ փափաքը պիտի անհետանայ։
Ուրիշ դժուարութիւններ։ Սկիզբը, թերեւս քեզի համար դժուար ըլլայ արթուն մնալ կամ կեդրոնանալ։ Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ քանի մը քիլօ վրադ դնես։ Թերեւս ցաւեր ունենաս, քերուըտիս, քրտնիս եւ հազաս։ Ասկէ զատ, կրնայ տրամադրութիւնդ փոխուիլ, անհամբեր եւ աւելի ջղային դառնաս կամ նոյնիսկ ընկճուած զգաս։ Բայց ասոնց մեծ մասը չորսէն վեց շաբաթ ետք կը սկսի անհետանալ։
Այդ դժուար օրերուն կրնաս գործնական գետնի վրայ կարգ մը բաներ ընել, որոնք քեզի պիտի օգնեն։ Օրինակ՝
● Քնանալու աւելի ժամանակ տրամադրէ։
● Առատ ջուր կամ օշարակ խմէ։ Առողջապահական ուտելիքներ կեր։
● Չափաւոր կերպով մարզանք ըրէ։
● Խոր շունչ առ եւ երեւակայէ մաքուր օդը թոքերդ կը մտնէ։
Բաներ, որոնք պատճառ կ’ըլլան որ մէկը ծխել ուզէ։ Օրինակ, թերեւս սիկառէթ կը ծխէիր բան մը խմած ժամանակ։ Եթէ այս է պարագադ, հիմա՛ կրնաս խմածդ կամաց–կամաց խմելու տեղ՝ արագ խմել, որ սիրտդ սիկառէթ չուզէ։ Յետոյ, երբ որ ծխելը կեցնես, կրնաս ժամանակդ առնել, երբ բան մը կը խմես։
Նոյնիսկ երբ մարմինդ այլեւս նիքոթին չպահանջէ, կարգ մը բաներ ըրած ժամանակ թերեւս զգաս որ կ’ուզես ծխել։ Թորպընը կ’ըսէ. «Ծխելը կեցնելէս տասնինը տարի ետք, սուրճի դադարներուն սիրտս դե՛ռ ծխել կ’ուզէ»։ Բայց ընդհանրապէս, ժամանակը ընթացքին այս փափաքը կամաց–կամաց կ’անհետանայ։
Իսկ խմիչքին հետ պարագան տարբեր է։ Երբ կը փորձես ծխելը կեցնել, թերեւս պէտքը զգաս խմիչքէն ալ ետ կենալ եւ չերթալ վայրեր, ուր ատիկա կը ծախեն կամ կը հրամցնեն, քանի որ շատեր խմիչք խմած ատեննին՝ ետ կը սկսին ծխելու։ Ինչո՞ւ։
● Նոյնիսկ քիչ քանակով խմիչք խմելը պատճառ կը դառնայ, որ մէկու մը մարմինը նիքոթին պահանջէ։
● Մարդիկ շատ անգամ կը ծխեն, երբ իրենց ընկերներուն հետ խմիչք կը խմեն։
● Խմիչք խմած ժամանակ միշտ լաւ որոշումներ չես առներ եւ կրնաս ընել բաներ, որոնք ընդհանրապէս չես ըներ։ Սուրբ Գիրքը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. ‘Գինին խելքը կը կորսնցնէ’ (Ովսէէ 4։11, ԱԾ)։
Ընկերակիցներ։ Գիտցիր որո՛ւն հետ ժամանակ կ’անցընես։ Օրինակ, փորձէ չընկերակցիլ մարդոց հետ, որոնք կը ծխեն կամ քեզ կը հրաւիրեն որ ծխես։ Ասկէ զատ, հեռու կեցիր անոնցմէ, որոնք քեզ ծաղր կ’ընեն, քանի որ կ’ուզես ծխելը կեցնել։
Զգացումներ։ Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ետ ծխողներուն երկու երրորդը ծխելէ ճիշդ առաջ՝ սթրես զգաց կամ ջղային էր։ Եթէ ունենաս որոշ զգացում մը, որ պատճառ կ’ըլլայ որ ետ ծխել ուզես, դուն քեզ զբաղեցուր, թերեւս ջուր խմելով, ծիթ ծամելով կամ քալելու երթալով։ Դրական բաներու մասին մտածէ, թերեւս Աստուծոյ աղօթելով կամ Սուրբ Գիրքէն քանի մը էջ կարդալով (Սաղմոս 19։14)։
Ծխելու պատճառաբանութիւններ մի՛ ըներ
● Ես միայն սիկառէթը մէկ անգամ ներս պիտի քաշեմ եւ նետեմ։
Իրողութիւն։ Սիկառէթը միայն մէկ անգամ ներս քաշելով, քու մոլութեանդ 50 առ հարիւրը կը գոհացնես։ Անոր համար, շատ անգամ այսպիսի անհատներ կը սկսին ետ ծխելու։
● Ծխելը ինծի կ’օգնէ որ սթրեսէն դուրս ելլեմ։
Իրողութիւն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նիքոթինը իրականութեան մէջ քեզի աւելի՛ սթրես կու տայ։ Կարգ մը մարդիկ կը զգան որ ծխելէ ետք իրենց սթրեսէն հանգստացան, քանի որ իրենց մարմինին տուին ատոր պահանջած նիքոթինը։ Բայց այդ զգացումը ժամանակաւոր է։
● Ինծի համար արդէն ուշ է ծխելը կեցնել։
Իրողութիւն։ Ժխտական ըլլալը քեզի պիտի չօգնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է» (Առակաց 24։10)։ Ուրեմն ժխտական կերպով մի՛ մտածեր։ Յիշէ՛ որ ոեւէ մէկը, որ կ’ուզէ ծխելը կեցնել եւ կը հետեւի առաջարկներու,– օրինակի համար, ատոնք որոնք տեսանք այս յօդուածներուն մէջ,– կրնա՛յ յաջողիլ։
● Երբ կը փորձեմ ծխելը կեցնել, չափէ աւելի գէշ կը զգամ։
Իրողութիւն։ Ճիշդ է որ սկիզբը կրնայ ըլլալ որ գէշ զգաս, բայց քանի մը շաբթուան մէջ աւելի լաւ պիտի ըլլաս։ Ուրեմն, մի՛ յանձնուիր. եւ եթէ ծխելու փափաքը ամիսներ կամ տարիներ ետք ե՛տ գայ, հաւանաբար քանի մը վայրկեաններու ընթացքին պիտի անցնի, անշուշտ եթէ սիկառէթ չվառես։
● Ես մտային հիւանդութիւն ունիմ։
Իրողութիւն։ Եթէ մտային հիւանդութենէ մը կը բուժուիս,– օրինակ՝ ընկճուածութենէ,– բժիշկէդ խնդրէ որ քեզի օգնէ ծխելը կեցնել։ Ան կրնայ պատրաստ ըլլալ քեզի օգնելու, թերեւս դեղդ փոխելով։
● Եթէ ետ ծխելու սկսիմ, պիտի զգամ ձախողին մէկն եմ։
Իրողութիւն։ Եթէ դժուարութիւն մը արգելք ըլլայ, որ ծխելը կեցնես, յոյսդ մի՛ կտրեր։ Պարզապէս, շարունակէ ջանք ընել։ Իյնալ ըսել չէ ձախողիլ։ Ինկած մնալը ձախողութիւն է։ Ուրեմն, շարունակէ ջանքեր ընել եւ վերջաւորութեան՝ պիտի՛ յաջողիս։
Նկատի առ Ռոմուալտոյին օրինակը, որ 26 տարի կը ծխէր եւ 30 տարի առաջ ծխելը կեցուց։ Ան կը գրէ. «Այլեւս չեմ յիշեր քանի՛ անգամ ծխելը կեցուցի եւ ետ սկսայ, բայց ամէն անգամ շատ գէշ կը զգայի։ Կը զգայի որ ինձմէ յոյս չկայ։ Բայց մէյ մը որ վճռեցի Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ եւ միշտ իր օգնութիւնը խնդրեցի, վերջ ի վերջոյ կրցա՛յ ծխելը կեցնել»։
Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածին մէջ քանի մը ուրիշ առաջարկներ նկատի պիտի առնենք, որոնք կրնան քեզի օգնել որ ուրախանաս որ այլեւս ծխող չես։
[Շրջանակ/Նկար]
ԾԽԱԽՈՏԻ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԵՆ
Ծխախոտը շատ մը կերպերով կը գործածուի։ Կարգ մը ծխախոտէ պատրաստուած ապրանքներ կը ծախուին նոյնիսկ առողջապահական ուտելիք եւ բուսական դեղեր ծախող խանութներուն մէջ։ Բայց եւ այնպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ըսէ որ ծխախոտին բոլոր տեսակները վտանգաւոր են։ Ծխախոտը կրնայ հիւանդութիւններ պատճառել։ Օրինակի համար քաղցկեղ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններ (cardiovascular diseases), որոնք կրնան մահուան պատճառ դառնալ։ Ծխող մայրեր կրնան վնաս հասցնել իրենց չծնած երեխաներուն։ Տեսնենք թէ ի՞նչ են ծխախոտի կարգ մը տեսակներ։
Պիտի (Bidi)։ Ձեռքով փաթթուած այս պզտիկ սիկառէթները ընդհանրապէս կը գործածուին ասիական երկիրներու մէջ։ Անոնք որոնք այս տեսակ սիկառէթ,– այսինքն՝ պիտի,– կը ծխեն, պարզ սիկառէթ ծխողներէն աւելի ներս կ’առնեն ձիւթ (tar), նիքոթին եւ բնածուխի միաթթուիդ (carbon monoxide)։
Սիկար։ Սիկարը կը պատրաստուի ծխախոտի տերեւով կամ ծխախոտով պատրաստուած թուղթով։ Սիկարին արտադրուած կերպը կարելի կը դարձնէ, որ մէկը նիքոթին ներս առնէ բերնէն՝ նոյնիսկ եթէ սիկարը վառած չէ։
Քրեթէք (Kretek) կամ մեխակով սիկառէթ։ Այս տեսակ սիկառէթին 60 առ հարիւրը ծխախոտ է, իսկ 40 առ հարիւրը՝ մեխակ։ Քրեթէք ծխողները պարզ սիկառէթ ծխողներէն աւելի ներս կ’առնեն ձիւթ (tar), նիքոթին եւ բնածուխի միաթթուիդ (carbon monoxide)։
Ծխամորճ (Pipe)։ Ծխամորճը պարզ սիկառէթէն աւելի ապահով չէ, քանի որ երկո՛ւքն ալ կրնան պատճառել նոյն տեսակի քաղցկեղներ եւ ուրիշ հիւանդութիւններ։
Ծուխ չհանող ծխախոտ։ Ասոր մէջ կ’իյնան ծխախոտ ծամելն ու շնչելը, ինչպէս նաեւ՝ համեմուած քութգան (gutkha), որ ամէնէն շատ կը գործածուի Ասիոյ հարաւ–արեւելքը։ Այս պարագային, նիքոթինը ծխողին բերնէն արիւնին մէջ կը մտնէ։ Ատիկա միւս տեսակ սիկառէթներուն չափ վտանգաւոր է։
Կլկլակ։ Կլկլակին միջոցաւ ծխախոտին ծուխը կ’անցնի ջուրէն, առա՛ջ որ ծխողը ատիկա ներս շնչէ։ Ասով հանդերձ, այս գործողութիւնը չի պակսեցներ թոյներուն քանակը, մէջը ըլլալով քաղցկեղ պատճառող թոյներ։
[Շրջանակ/Նկար]
ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՕԳՆԵԼ ՄԷԿՈՒ ՄԸ, ՈՐ ԾԽԵԼԸ ԿԵՑՆԷ
● Դրական եղիր։ Գովելը եւ գնահատելը աւելի լաւ են, քան՝ քննադատելը եւ քարոզ տալը։ «Կարծեմ կրնա՛ս յաջողիլ, եթէ նորէն փորձես» ըսելը աւելի՛ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ, քան՝ «Նորէ՛ն ձախողեցար» ըսելը։
● Ներող եղիր։ Ջանք ըրէ որ համբերող ըլլաս, երբ ծխել կեցնողը ջղային ըլլայ կամ կոշտ խօսքեր ըսէ։ Ազնիւ արտայայտութիւններ ըսէ. օրինակ՝ «Գիտեմ որ դժուար է, բայց հպարտ եմ քեզմով, որ ջանք կը թափես»։ Բնաւ մի՛ ըսեր. «Երանի՜ ետ ծխելու դառնաս. այն ատեն աւելի՛ լաւ անձ էիր»։
● Լաւ ընկեր եղիր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։ Այո՛, «ամէն ատեն» համբերող եւ սիրով վարուէ մէկու մը հետ, որ ջանք կ’ընէ ծխելը կեցնել։ Այսպէս վարուէ օրուան մէջ որեւէ ժամուն կամ անհատին տրամադրութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։