Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատքը կրնայ փոխել ձեր կեանքը

Հաւատքը կրնայ փոխել ձեր կեանքը

Հաւատքը կրնայ փոխել ձեր կեանքը

«ԻՐԱՊԷՍ կարելի է արժանիքներ ունենալ՝ առանց Աստուծոյ»։ Ասիկա երեւութապաշտի մը համոզումն էր։ Այս կինը ըսաւ որ իր զաւակները բարոյական բարձր արժանիքներով մեծցուցած էր եւ անոնք իրենց կարգին, իրենց զաւակները նոյն կերպով բարձր չափանիշներով մեծցուցած էին՝ առանց Աստուծոյ հաւատալու։

Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուծոյ հաւատալը անհրաժեշտ չէ։ Ակներեւաբար, այս անհատը այդպէս կը խորհէր։ Իսկ ճիշդ է որ Աստուծոյ չհաւատացող ամէն անհատ անպայմանօրէն վատ մէկը չէ։ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ «հեթանոսներ»ու մասին, որոնք Աստուած չճանչնալով հանդերձ «բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն»։ (Հռովմայեցիս 2։14) Բոլոր մարդիկը, երեւութապաշտներն ալ ներառեալ, խղճմտանքով ծնած են։ Շատեր իրենց խղճին մտիկ կ’ընեն, նոյնիսկ երբ չեն հաւատար Աստուծոյ, որ շիտակի ու սխալի բնածին զգացումը տուած է իրենց։

Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած՝ Աստուծոյ վրայ հաստատ հաւատք մը, շատ աւելի զօրաւոր ոյժ մըն է բարին ընելու, քան առանց առաջնորդութեան մնացած խիղճ մը։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հաւատք մը, տեղեկութիւն կու տայ խղճին, եւ զայն կը սրէ, որպէսզի շիտակը սխալէն զանազանէ։ (Եբրայեցիս 5։14) Ասկէ զատ, հաւատքը կը զօրացնէ անհատները, որպէսզի սաստիկ ճնշումի ներքեւ բարձր չափանիշներ պահեն։ Քսաներորդ դարու ընթացքին, զոր օրինակ, բազմաթիւ երկիրներ քաղաքական ապականած վարչակարգերու ներքեւ եկան, որոնք երեւութապէս պարկեշտ անհատները ստիպեցին որ գազանային ահաւոր արարքներ գործեն։ Սակայն, Աստուծոյ վրայ իրական հաւատք ունեցողներ, մերժեցին իրենց սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընել, նոյնիսկ վտանգելով իրենց կեանքը։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատք մը կրնայ փոխել մարդիկը։ Անիկա կրնայ կեանքեր փրկել, որոնք կորսուած կը թուէին, եւ անհատները ետ կը պահէ լուրջ սխալներ գործելէ։ Քանի մը օրինակներ նկատի առէք։

Հաւատքը Կրնայ Փոխել Ընտանեկան Կեանքը

«Ձեր հաւատքով, դուք անկարելին իրագործեցիք»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Անգլիացի դատաւոր մը, երբ Ճոնին ու Թանիային զաւակներուն խնամակալութեան շուրջ իր վճիռը կու տար։ Երբ Ճոնն ու Թանիան հեղինակութեանց ուշադրութեան յանձնուեցան, անոնք ամուսնացած չէին եւ ընտանեկան ահաւոր կեանք մը ունէին։ Ճոն՝ որ թմրեցուցիչի խնդիր ու խաղամոլութեան սովորութիւն ունէր, ոճիրի դիմած էր իր մոլուցքներուն նիւթական հասցնելու համար։ Ան անտեսած էր իր զաւակներն ու անոնց մայրը։ Ուստի, ի՞նչ «հրաշք» գործուած էր։

Օր մը, Ճոն լսեց որ իր մանկահասակ եղբօրորդին Դրախտի մասին կը խօսէր։ Հետաքրքրութիւնը շարժած, ան տղեկին ծնողքին հարցումներ հարցուց։ Տղեկին ծնողքը Եհովայի Վկաներ են եւ անոնք օգնեցին որ Ճոն Աստուածաշունչէն տեղեկանայ այս մասին։ Կամաց–կամաց Ճոնը եւ Թանիան Սուրբ Գրքի վրայ հաւատք կերտեցին, որ իրենց կեանքը փոխեց։ Անոնք իրենց ամուսնութիւնը օրինականացուցին եւ իրենց մոլութիւնները յաղթահարեցին։ Անոնց ընտանիքին վրայ հսկող հեղինակութիւնները տեսան բան մը, որ քիչ մը առաջ անկարելի կը թուէր՝ ուրախ ընտանիք մը, մաքուր տան մը մէջ, ուր կարելի էր զաւակներ մեծցնել։ Դատաւորը իրաւունք ունէր այս «հրաշք»ին երախտիքը Ճոնի ու Թանիայի նոր հաւատքին վերագրելու։

Անգլիայէն հազարաւոր մղոններ անդին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երիտասարդ կին մը շատ տխուր վիճակագրութեան մը մաս կազմելու վրայ էր։ Ան կը ծրագրէր միանալ այն միլիոնաւորներուն, որոնց ամուսնութիւնը ամէն տարի ամուսնալուծմամբ վերջ կը գտնէ։ Ան երախայ մը ունէր, բայց իր ամուսինը իրմէ շատ մեծ էր։ Այս պատճառաւ իր ազգականները կը ստիպէին զինք որ ամուսնալուծուի եւ ան արդարեւ այս քայլը առնելու կարգադրութիւնները սկսած էր ընել։ Սակայն ան Եհովայի Վկայի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր։ Երբ Վկան կացութենէն տեղեակ եղաւ, ան բացատրեց թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ամուսնութեան մասին. թէ անիկա պարգեւ մըն է Աստուծմէ եւ թէ հեշտութեամբ մէկ կողմ դրուելիք բան մը չէ։ (Մատթէոս 19։4-6, 9) Կինը ինքն իրեն խորհեցաւ. ‘Շատ տարօրինակ է որ այս կինը օտար մը ըլլալով կը ջանայ փրկել մեր ընտանիքը, մինչդեռ ինծի մօտ եղողները կ’ուզեն զայն քանդել’։ Իր նոր ձեռք ձգած հաւատքը իրեն օգնեց որ իր ամուսնութիւնը պահպանէ։

Վիժումը ընտանեկան կեանքին ազդող տխուր վիճակագրութիւն մըն է։ Միացեալ Ազգերու տեղեկագրութեան մը համաձայն, ամէն տարի առնուազն 45 միլիոն անծին մանուկներ գիտակցաբար վիժումի կ’ենթարկուին։ Այսպիսի իւրաքանչիւր արարք ողբերգութիւն մըն է։ Աստուածաշունչի գիտութիւնը Ֆիլիպպինէն կնոջ մը օգնեց որ այդ վիճակագրութեան մէջ թիւ մը չաւելցնէ։

Այս կինը Եհովայի Վկաներուն հանդիպած ու՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ * գրքոյկը ընդունած էր եւ սկսած էր Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ամիսներ ետք ան բացատրեց ասոր պատճառը։ Երբ Վկան առաջին անգամ իրեն այցելած էր, այս կինը յղի էր, բայց ինքն ու ամուսինը որոշած էին վիժել մանուկը։ Բայց գրքոյկին 24–րդ էջին վրայի անծին մանուկին պատկերը կնոջ սրտին դպած էր։ Անոր կողքին տրուած սուրբ գրային բացատրութիւնը թէ՝ կեանքը սուրբ է, քանի որ ‘կեանքի աղբիւրը Աստուծոյ քով է’՝ համոզած էր զինք որ պահէր իր մանուկը։ (Սաղմոս 36։9) Ան հիմա սիրուն ու առողջ երախայի մը մայրն է։

Հաւատքը Ոտնակոխուածներուն կ’Օգնէ

Եթովպիայի մէջ, խեղճօրէն հագուած երկու տղամարդիկ Եհովայի Վկաներուն կողմէ վարուած ժողովի մը եկան։ Ժողովի վերջաւորութեան, Վկայ մը եկաւ ու բարեկամական կերպով ինքզինք ներկայացուց։ Մարդիկը ողորմութիւն ուզեցին։ Վկան անոնց ո՛չ թէ դրամ, այլ՝ աւելի լաւ բան մը տուաւ։ Զանոնք քաջալերեց որ Աստուծոյ վրայ հաւատք զարգացնեն, «որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է»։ (Ա. Պետրոս 1։7) Անոնցմէ մէկը ընդառաջեց ու սկսաւ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը։ Ասիկա իր կեանքը փոխեց։ Մինչ հաւատքի մէջ աճեցաւ, ան ձգեց ծխելը, գինեմոլութիւնը, անբարոյութիւնը եւ խաթ–ը (ոգեւորող մոլուցք մը)։ Ան սորվեցաւ իր ապրուստը ճարել փոխանակ մուրալու եւ հիմա մաքուր ու պտղաբեր կեանք մը կը վարէ։

Իտալիոյ մէջ 47 տարեկան մարդ մը տասը տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր եւ դատական հոգեբուժական հիւանդանոցի մը մէջ կալանաւոր մըն էր։ Հոգեւոր օգնութիւն տալու համար բանտային հաստատութիւնները այցելելու արտօնութիւն ունեցող Եհովայի Վկայ մը անոր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց։ Այս մարդը շատ արագ յառաջդիմեց։ Հաւատքը ա՛յնքան փոխեց իր կեանքը, որ ներկայիս ուրիշ բանտարկեալներ իրենց խնդիրները լուծելու համար իրեն կը դիմեն։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր հաւատքը պատճառ եղած է որ ան բանտի պաշտօնեաներուն յարգանքն ու վստահութիւնը շահի։

Վերջին տարիներուն, լրագիրներ Ափրիկէի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մասին գրած են։ Մասնաւորաբար սարսափելի են որպէս զինուոր մարզուող պատանիներուն պատմութիւնները։ Այդ երախաներուն թմրեցուցիչ կու տան, կը չարչրկեն ու անոնց կը ստիպեն որ իրենց ազգականներուն դէմ անմարդկային արարքներու մասնակցին, վստահ ըլլալու համար որ անոնց հաւատարմութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած է այն հատուածին, որու համար կը կռուին։ Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած հաւատք մը բաւարար զօրաւո՞ր է որ կարենայ այսպիսի պատանիներու կեանքը փոխել։ Առնուազն երկու պարագաներ կ’ապացուցանեն ասիկա։

Լիպերիոյ մէջ, Ալէքս Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը մէջ դպիր էր։ Բայց 13 տարեկանին ան ջոկատի մը միացաւ եւ վատահամբաւ երախայ զինուոր մը եղաւ։ Պատերազմին մէջ քաջ ըլլալու համար, ան կախարդութեան դիմեց։ Ալէքս տեսաւ որ իր ընկերակիցներէն շատերը մեռան, բայց ինք ողջ մնաց։ 1997–ին ան Եհովայի Վկաներու հանդիպեցաւ եւ նկատեց որ անոնք ցած աչքով չէին նայեր իրեն։ Ընդհակառակը, անոնք իրեն օգնեցին գիտնալու թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ բռնութեան մասին։ Ալէքս բանակը ձգեց։ Մինչ իր հաւատքը ուռճացաւ, ան հետեւեցաւ Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատին. «Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ»։—Ա. Պետրոս 3։11

Այդ միջոցին, ուրիշ նախկին երախայ զինուոր մը, Սամսոն անունով, Ալէքսի ապրած քաղաքը եկաւ։ Ան եկեղեցիին մէջ դպիր էր, բայց 1993–ին զինուոր մը եղաւ եւ թմրամոլութեան, ոգեհարցութեան ու անբարոյութեան մէջ ինկաւ։ 1997–ին ան զօրացրուեցաւ։ Սամսոն Մոնրովիա պիտի երթար ապահովութեան մասնաւոր բանակի մը միանալու համար, բայց բարեկամ մը զինք համոզեց որ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, եւ որպէս հետեւանք, ան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատք մը զարգացուց։ Ասիկա իրեն քաջութիւն տուաւ որ իր ռազմասէր ընթացքը լքէ։ Հիմա թէ՛ Ալէքսը եւ թէ Սամսոնը խաղաղ ու բարոյալից կեանք մը կը վարեն։ Արդեօք Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած հաւատքէն զատ որեւէ բան կրնա՞ր փոփոխութիւն մտցնել այսքան դաժանութիւն տեսած անհատներու կեանքին մէջ։

Շիտակ Տեսակի Հաւատք

Ասոնք միմիայն քանի մը հատն են այն անհամար օրինակներէն, զորս կարելի է յիշել, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատքին զօրութիւնը ցոյց տալու համար։ Անշուշտ, Աստուծոյ հաւատալ դաւանողներուն բոլորն ալ Աստուածաշունչի բարձր չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր։ Արդարեւ, կարգ մը անաստուածներ թերեւս դաւանեալ կարգ մը Քրիստոնեաներէ լաւ կեանք մը վարեն։ Քանի որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատք մը պարզապէս Աստուծոյ հաւատալ դաւանելէն աւելին կը պարփակէ։

Պօղոս առաքեալ հաւատքը կոչեց՝ «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն [«իրողութիւններուն», ՆԱ] ապացոյց»ը։ (Եբրայեցիս 11։1) Հետեւաբար, հաւատքը իր մէջ կ’ընդգրկէ անտեսանելի բաներու անժխտելի ապացոյցին վրայ հիմնուած զօրաւոր համոզում։ Անիկա մասնաւորաբար կը պարփակէ որեւէ կերպով չկասկածիլ Աստուծոյ գոյութեան ու մեզի հանդէպ իր ունեցած հոգածութեան վրայ, վստահ ըլլալով որ ան պիտի օրհնէ իր կամքը կատարողները։ Առաքեալը նաեւ ըսաւ. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6

Այսպիսի հաւատք մըն է որ փոխեց Ճոնին, Թանիային եւ այս յօդուածին մէջ յիշուած ուրիշներու կեանքը։ Անիկա թոյլ տուաւ որ ամենայն վստահութեամբ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին նային, որոշումներ տալու մէջ ուղղութիւն ստանալու համար։ Անիկա իրենց օգնեց որ ժամանակաւոր զոհողութիւններ ընեն, որպէսզի չհետեւին իրենց յարմար եղող բայց՝ սխալ ընթացքի մը։ Թէեւ իւրաքանչիւր փորձառութիւն տարբեր էր, բայց բոլորն ալ նոյն կերպով սկսան։ Եհովայի Վկաներէն մէկը անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց եւ անոնք Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքին ճշմարտութիւնը իրենց մարմնին վրայ զգացին. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։ (Եբրայեցիս 4։12) Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը իւրաքանչիւրին օգնեց որ զօրաւոր հաւատք մը կերտէ որ իր կեանքը բարեփոխեց։

Եհովայի Վկաները աշխուժօրէն կը գործեն աւելի քան 230 երկիրներու ու կղզիներու մէջ։ Անոնք կը հրաւիրեն ձեզ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենաք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ համոզուած են որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատք մը կրնայ ձեր կեանքին մէջ ալ մեծ փոփոխութիւններ բերել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկարներ՝ էջ 3]

Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատք մը կեանքեր կը բարեփոխէ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]

Title card of Biblia nieświeska by Szymon Budny, 1572