Մեր Ստեղծիչը յիշեցինք մեր պատանեկութենէն սկսեալ
Կենսագրութիւն
Մեր Ստեղծիչը յիշեցինք մեր պատանեկութենէն սկսեալ
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՏԷՅՎԻՏ Զ. ՀԻՊՇՄԷՆԻ ԿՈՂՄԷ
«Եթէ կեանքիս վերջաւորութեան հասած եմ, իրապէս կը յուսամ որ Եհովայի հաւատարիմ եղած եմ։ Անոր կ’աղաչեմ որ Տէյվիտիս հոգ տանի։ Ո՛վ Եհովա, շնորհակալ եմ իրեն եւ մեր ամուսնութեան համար. ի՜նչ հոյակապ, ի՜նչ երջանիկ էր»։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ յուզումս, երբ 1992 Մարտին, կնոջս թաղումէն ետք, անոր օրագրին մէջ այս վերջին խօսքերը գտայ։ Տակաւին հինգ ամիս առաջ, լիաժամ ծառայութեան մէջ Հէլէնին 60 ամեակը տօնած էինք։
Տակաւին մտքիս մէջ թարմ է այն օրը, երբ 1931–ին ես ու Հէլէնը իրարու քով նստած էինք, Գոլըմպըս, Օհայոյի (Ա.Մ.Ն.) նահանգային համաժողովին։ Հէլէն տակաւին 14 տարեկանը չէր բոլորած, սակայն այդ առիթին կարեւորութիւնը ինծմէ աւելի կը գնահատէր։ Ծառայութեան հանդէպ Հէլէնի խանդավառութիւնը անկէ քիչ ետք յայտնի եղաւ, երբ ան ու իր այրի մայրը ռահվիրաներ եղան, ինչպէս կը կոչուին Եհովայի Վկաներու լիաժամ քարոզիչները։ Անոնք իրենց հանգստաւէտ տունը ձգեցին, հարաւային Միացեալ Նահանգներու գիւղական շրջաններուն մէջ քարոզելու համար։
Քրիստոնէական Ժառանգութիւնս
1910–ին, ծնողքս իրենց երկու պզտիկ երախաներով արեւելեան Փէնսիլվանիայէն փոխադրուեցան այդ նահանգին արեւմտեան բաժինը՝ Կրով Սիթի։ Հոն, անոնք համեստ տունի մը առաջին մասնավճարը տուին եւ Բարեկարգչական Եկեղեցիին գործունեայ անդամները դարձան։ Անկէ քիչ ետք, անոնց այցելեց Ուիլիըմ Իվընզ անունով Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ ինչպէս որ Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն։ Հայրս, որ այն ժամանակ 20–ական տարիքին մէջն էր, իսկ մայրս, որ իրմէ հինգ տարի պզտիկ էր, այս բարեկամական Կալլէսցիին մտիկ ըրին ու զինք ճաշի հրաւիրեցին։ Անոնք շուտով ընդունեցին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները զորս կը սորվէին։
Ժողովքին աւելի մօտիկ ըլլալու համար, հայրս իր ընտանիքը շուրջ 40 քիլոմեթր հեռուն գտնուող
Շարոն գիւղաքաղաքը փոխադրեց։ Քանի մը ամիս ետք, 1911–ին կամ 1912–ին, հայրս ու մայրս մկրտուեցան։ Մկրտութեան դասախօսութիւնը Չարլզ Թէյզ Ռասըլը տուաւ, որ Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահն էր։ 4 Դեկտեմբեր 1916–ին ես ծնայ, երբ ծնողքս արդէն իսկ չորս զաւկի տէր էին։ Ծննդեանս ատեն, անոնք ծանուցանած էին. «Ուրիշ եղբայր մը զոր պիտի սիրենք», ուրկէ եկաւ անունս՝ Դաւիթ, որ կը նշանակէ՝ «Սիրելի»։Երբ չորս շաբթուան էի, առաջին անգամ համաժողովի տարին զիս։ Այդ օրերուն, հայրս ու մեծ եղբայրս ժողովներու երթալու համար քիլոմեթրներով կը քալէին, մինչ մայրս՝ զիս ու քոյրս տրամվայ–ով կը տանէր։ Ժողովները, առաւօտեան ու յետմիջօրէի նիստերէ կը բաղկանային։ Տան մէջ, յաճախ խօսակցութեան առանցքը կը կազմէին Դիտարան–ի ու Ոսկեդար–ի (Զարթի՛ր–ի նախկին անունը) յօդուածները։
Ընտիր Օրինակներէն Օգտուեցանք
Այն ատեն ուխտաւորներ կոչուող բազմաթիւ ճամբորդող տեսուչներ, մեր ժողովքը կ’այցելէին։ Սովորաբար, անոնք մեզի հետ մէկ կամ երկու օր կ’անցընէին։ Դասախօս մը, զոր մինչեւ օրս չեմ մոռցած, Ուոլթըր Ժ. Թորնն էր, որ իր Մեծ Ստեղծիչը յիշած էր իր ‘երիտասարդութեան օրերուն’։ (Ժողովողի 12։1) Երբ երախայ էի, Հօրս ընկերակցեցայ ցուցադրելու համար «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը»՝ մարդկային պատմութեան մասին չորս մասերէ բաղկացած պատկերալից ու ձայնով ներկայացում մը։
Թէեւ Եղբայր Իվընզ ու իր կինը՝ Միրիըմ, զաւակներ չունէին, անոնք մեր ընտանիքին հոգեւոր ծնողքն ու մեծ ծնողքը եղան։ Ուիլիըմ, մեր Հօրը միշտ «Տղաս» կը կոչէր. ինք ու Միրիըմ մեր ընտանիքին մէջ աւետարանելու հոգին մշակեցին։ 20–րդ դարու սկիզբը, Եղբայր Իվընզ քանի մը ճամբորդութիւններ կատարեց դէպի Կալլես, Սուանսիի շրջակայքը բնակողներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ծանօթացնելու համար։ Հոն, ան ճանչցուեցաւ որպէս Ամերիկայէն եկած քարոզիչը։
1928–ին, Եղբայր Իվընզ իր գործը ձգելով սկսաւ Ուէսթ Վըրճինիայի բլուրներուն վրայ քարոզել։ Երկու մեծ եղբայրներս, Քլէրընս՝ 21 տարեկան եւ Քարլ՝ 19, անոր ընկերակցեցան։ Երեք եղբայրներս ու ես, երկա՜ր տարիներ լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցինք։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ մեր երիտասարդութեան ատեն, որպէս Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչներ ծառայեցինք։ Վերջերս, մօրս ամենէն կրտսեր քոյրը՝ Մէրին, որ այժմ իր 90–ական տարիքին մէջ է, ինծի գրեց. «Ամէնքս ալ որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եղբայր Իվընզ ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ունէր եւ Կրով Սիթին այցելեց»։ Մէրի մօրաքոյրս ալ իր Ստեղծիչը յիշած է իր մանկութենէն։
Համաժողովներուն Ներկայ Գտնուեցանք
Միայն հայրս ու Քլէրընս կարող եղան 1922–ին Սիտըր Փոյնթ, Օհայոյի պատմական համաժողովին ներկայ գտնուիլ։ Սակայն 1924–ին, ինքնաշարժ մը ունեցանք եւ ընտանեօք Գոլըմպըս, Օհայոյի համաժողովին գացինք։ Մեզմէ՝ երախաներէս՝ կ’ակնկալուէր որ մեր խնայած դրամը ութը օրուան համաժողովի ընթացքին մեր ճաշերուն գինը վճարելու համար գործածէինք։ Մեր ծնողքը այն տեսակէտը ունէր, որ ընտանիքի բոլոր անդամները պէտք է սորվին իրենք իրենց ծախսերը հոգալ։ Ուստի հաւ ու նապաստակ կը բուծանէինք եւ փեթակներ կը պահէինք, իսկ մենք՝ տղաքս, բոլորս ալ օրաթերթ կը ցրուէինք։
Երբ 1927–ին Թորոնթօ, Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին ժամանակը հասաւ, վեց ամսուան եղբայր մը ունէինք՝ Փօլը։ Ինծի նշանակուեցաւ տունը մնալ եւ ամուսնացած մօրաքրոջս հետ Փօլին հոգ տանիլ մինչ ծնողքս միւս զաւակներուն հետ Թորոնթօ գացին։ Առ ի վարձատրութիւն 10 տոլար ստացայ, որ ձեռք մը նոր հագուստ գնելու գործածեցի։ Ժողովներուն լաւ հագուելու եւ մեր հագուստ–կապուստին հոգ տանելու համար յարատեւ մարզում կը ստանայինք։
Երբ 1931–ին, Գոլըմպըս, Օհայոյի յիշատակելի համաժողովին ժամանակը հասաւ, Քլէրընս ու Քարլ ամուսնացած էին ու իրենց կիներուն հետ ռահվիրայութիւն կ’ընէին։ Իւրաքանչիւր զոյգ իրենց կողմէ շինուած շարժական տունի մը մէջ կ’ապրէր։ Քարլ ամուսնացած էր Քլէր Հիուսթընի հետ, որ Ուիլինկ, Ուէսթ Վըրճինիայէն էր, եւ այդ պատճառաւ էր որ Գոլըմպըսի համաժողովին ընթացքին ես Քլէրի պզտիկ քրոջ՝ Հէլէնի՝ կողքին նստած էի։
Լիաժամ Ծառայութիւն
1932–ին, երբ 15 տարեկան էի, երկրորդական վարժարանը աւարտեցի, եւ յաջորդ տարին Սաութ Քարոլայնայի մէջ ռահվիրայութիւն ընող եղբօրս Քլէրընսին գործածուած ինքնաշարժ մը տարի։ Ռահվիրայական ծառայութեան դիմելով սկսայ Քլէրընսին ու իր կնոջ հետ ծառայել։ Այն ժամանակ Հէլէն ռահվիրայութիւն կ’ընէր Հոփքինզվիլ, Գընթագիի մէջ, եւ առաջին անգամ ըլլալով անոր նամակ մը գրեցի։ Նամակիս պատասխանին մէջ, ան հարցուց. «Ռահվիրա՞յ ես»։
Նամակիս մէջ, զոր Հէլէն մինչեւ իր մահը՝ շուրջ 60 տարի պահեց, պատասխանեցի. «Ռահվիրայ եմ, եւ կը յուսամ միշտ մնալ»։ Այդ նամակին մէջ, Հէլէնին պատմեցի որ Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհի Յոյսը խորագրով գրքոյկը, քարոզչութեան նշանակումիս մէջ կղերներուն եւ դատարանի պաշտօնեաներուն բաշխած էի։
1933–ին, հայրս ինծի համար անիւներու վրայ հեծած վրան մը շինեց՝ 2.4 մեթր երկարութեամբ ու երկու մեթր լայնութեամբ յետսակառք մը, կտաւէ պատերով, որոնք բարակ ձողերու վրայ փաթթուած էին, որու առջեւը ու ետեւը մէկական պատուհաններ կային։ Ասիկա իմ համեստ բնակարանս եղաւ, ռահվիրայութեան յաջորդ չորս տարիներուն։
1934 Մարտին, Քլէրընս ու Քարլ, իրենց կիները, Հէլէնը ու իր մայրը, Քլէրընսին քենին ու ես, բոլորս միասին՝ ութ հոգի՝ գացինք արեւմուտք, Լոս Անճէլոս, Գալիֆորնիայի համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Ոմանք իմ յետսակառքովս ճամբորդեցին ու անոր մէջ քնացան։ Ես ինքնաշարժին մէջ պառկեցայ, մինչ միւսները իջեւաններ վարձեցին։ Ինքնաշարժի խնդիրներու պատճառաւ, վեցօրեայ համաժողովին երկրորդ օրը հասանք Լոս Անճէլոս։ Հոն, 26 Մարտին, ի վերջոյ ես ու Հէլէնը Եհովայի մեր նուիրումը կրցանք խորհրդանշել ջուրի մկրտութեամբ։
Համաժողովին, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, Դիտարանի Ընկերութեան այն ատենուան նախագահը, անհատապէս բոլոր ռահվիրաներուն հետ տեսակցութիւն մը ունեցաւ։ Ան մեզ քաջալերեց, ըսելով որ մենք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան քաջարի ռազմիկներ ենք։ Այդ առթիւ, կարգադրութիւններ եղան որ ռահվիրաներ դրամական օժանդակութիւն ստանան, որպէսզի իրենց ծառայութիւնը կարենան շարունակել։
Կենսատեւ Կրթութիւն մը
Երբ Լոս Անճէլոսի համաժողովէն վերադարձանք, բոլորս ալ Թագաւորութեան պատգամը բաժնեցինք Սաութ Քարոլայնայի, Վըրճինիայի, Ուէսթ Վըրճինիայի ու Գընթագիի բոլոր գաւառներուն մէջ բնակող մարդոց հետ։ Տարիներ ետք Հէլէն այն ատենուան մասին գրեց. «Ժողովք չկար որու վրայ կարենայինք յենուիլ, մեզի օգնող բարեկամներ չկային, քանի որ իրապէս անծանօթ երկրի մը մէջ օտարականներ էինք։ Սակայն, հիմա կը գիտակցիմ որ կրթութիւն կը ստանայի. կը հարստանայի»։
Ան հարց տուաւ. «Երիտասարդ աղջիկ մը իր ժամանակը ի՞նչպէս կ’անցընէ, երբ իր բարեկամուհիներէն ու միջավայրէն հեռու է։ Բայց, այնքան ալ անհաճելի չէր։ Չեմ յիշեր որ օր մը օրանց ձանձրացայ։ Շատ կը կարդայի։ Սուրբ գրային գրականութիւններ կարդալու կամ ուսումնասիրելու մէջ երբեք չթերացանք։ Մօրս մօտիկ մնացի, սորվելով մեր ունեցած դրամով ապրուիլ, գնում ընել, իջած անիւները փոխել, եփել, կարել ու քարոզել։ Բնաւ չեմ զղջար, եւ եթէ հարկ ըլլար, այս բոլորը դարձեալ հաճոյքով պիտի ընէի»։
Հէլէն ու իր մայրը այդ օրերուն բաւականացան փոքր յետսակառքի մը մէջ բնակելով, թէեւ մայրը ժամանակին գեղեցիկ տուն մը ունէր։ 1937–ին Գոլըմպըս, Օհայոյի համաժողովէն ետք, Հէլէնի մօր առողջութիւնը վատթարացաւ, եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։ 1937–ին, ան Փիլիպպէ, Ուէսթ Վըրճինիայի, իր նշանակուած թաղամասին մէջ մեռաւ։
Ամուսնութիւն եւ Ծառայութեան Մէջ Յարատեւութիւն
10 Յունիս 1938–ին, Հէլէնն ու ես ամուսնացանք պարզ արարողութեամբ մը, այն տան մէջ ուր ինք ծնած էր, Էլմ Կրովի մէջ, Ուիլինկի մօտ, Ուէսթ Վըրճինիա։ Մեր սիրելի Եղբայր Իվընզը, որ ծնելէս տարիներ առաջ ընտանիքիս ճշմարտութիւնը ծանօթացուցած էր, ամուսնութեան դասախօսութիւնը տուաւ։ Հարսանիքէն ետք, Հէլէնն ու ես ծրագրեցինք արեւելեան Գընթագիի մէջ ռահվիրայութեան գործին վերադառնալ, սակայն մեծապէս անակնկալի եկանք երբ որպէս գօտիի տեսուչ ծառայելու նշանակում ստացայ։ Այս նշանակումը իր մէջ կը պարփակէր արեւմտեան Գընթագիի ու Թէնըսիի կարգ մը մասերուն մէջ Եհովայի Վկաներու խմբակներ այցելել, ծառայութեան մէջ անոնց օգնելու համար։ Այն ատեն մօտաւորապէս 75 Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ կային մեր այցելած բոլոր վայրերուն մէջ։
Այն ժամանակ, ազգայնականութիւնը շատերուն մտածելակերպը խեղաթիւրած էր, եւ քրիստոնէական չէզոքութեանս համար կ’ակնկալէի իսկոյն բանտ դրուիլ։ (Եսայեայ 2։4) Սակայն, քարոզչութեամբ զբաղելուս շնորհիւ, զինուորագրական խորհուրդը լիաժամ ծառայութեան մէջ շարունակելու արտօնութիւն տուաւ ինծի։
Երբ ճամբորդական ծառայութեան սկսանք, գրեթէ ամէն ոք մեր երիտասարդ ըլլալուն մասին դիտողութիւն կ’ընէր։ Հոփգինզվիլ, Գընթագիի մէջ, Քրիստոնեայ քոյր մը Հէլէնը դիմաւորեց մեծ ողջագուրումով մը, ապա հարցուց. «Զիս կը յիշե՞ս»։ 1933–ին, Հէլէն անոր քարոզած էր գիւղական խանութի մը մէջ, որու սեփականատէրը իր ամուսինն էր։ Ան Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի մըն էր, սակայն, Հէլէնին տուած գիրքը կարդալէն ետք, ան իր դասարանին առջեւ ոտքի կանգնելով, ներողութիւն խնդրեց՝ անոնց սուրբ գրային չեղող ուսուցումներ սորվեցնելուն համար։ Եկեղեցիին հրաժարական տալէն ետք, ան սկսաւ իր շրջանակին մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ծանուցանել։ Հէլէն ու ես արեւմտեան Գընթագիի մէջ երեք տարի ծառայեցինք, եւ այդ քոյրն ու իր ամուսինը իրենց տունը յաճախ մեզի տրամադրեցին։
Այդ օրերուն, տեղական պզտիկ համաժողովներ կ’ունենայինք, եւ Ա. Հ. Մէգմիլըն անոնցմէ մէկուն մէջ բաժին բերաւ։ Ան Հէլէնի ծնողքին տունը մնացած էր երբ Հէլէն տակաւին երախայ էր, ուստի համաժողովի ընթացքին ան նախընտրեց մեր հետ մնալ, 5 մեթր երկարութիւն ունեցող մեր շարժական տունին մէջ, ուր յաւելեալ անկողին մը ունէինք։ Ան ալ իր Մեծ Ստեղծիչը յիշած էր իր երիտասարդութեան ժամանակ, 1900–ին իր կեանքը Եհովայի նուիրելով, երբ 23 տարեկան էր։
1941 Նոյեմբերին ճամբորդող տեսուչներուն գործը ժամանակաւորապէս առկախուեցաւ, եւ Հէզըրտ, Գընթագիի մէջ ռահվիրայ նշանակուեցայ։ Անգամ մը եւս եղբօրս՝ Քարլին ու իր կնոջ՝ Քլէրին հետ աշխատեցանք։ Հոս, Հէլէնի եղբօրորդին՝ Ճոզէֆ Հիուսթըն՝ մեզի միանալով ռահվիրայութեան սկսաւ։ Ան լիաժամ ծառայութեան մէջ յարատեւեց շուրջ 50 տարի, 1992–ին սրտի կաթուածով մը յանկարծամահ ըլլալով, մինչ հաւատարմաբար կը ծառայէր Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնին՝ Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ։
1943–ին, Ռոքվիլ, Գոննէթիքադ նշանակուեցանք։ Ասիկա կարծես թէ տարբեր աշխարհ մըն էր Հէլէնի ու ինծի համար, քանի որ վարժուած էինք հարաւի մէջ քարոզելու։ Ռոքվիլի մէջ, Հէլէն ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար 20 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։ Ի վերջոյ, Թագաւորութեան Սրահի մը համար համեստ սենեակ մը վարձեցինք, եւ պզտիկ ժողովքի մը կորիզը կազմակերպուեցաւ։
Մինչ Ռոքվիլի մէջ կը ծառայէինք, հրաւէր ստացանք Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին հինգերորդ դասարանը յաճախելու, Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Ուրախ եղանք տեղեկանալով թէ Օպրի ու Պէրթա Պիվընզ, Գընթագիի մէջ մեր հետ ռահվիրայութիւն ընող բարեկամներ, մեր դասընկերները պիտի ըլլային։
Դպրոցը եւ Մեր Նոր Նշանակումը
Թէեւ մենք բաւական երիտասարդ էինք, բայց մեր դասընկերներուն մեծամասնութիւնը մեզմէ երիտասարդ էին։ Այո, անոնք իրենց Մեծ Ստեղծիչը կը յիշէին իրենց երիտասարդութեան ժամանակ։ Մեր շրջանաւարտութիւնը 1945 Յուլիսին էր, երբ Բ. Աշխարհամարտը իր աւարտին կը մօտենար։ Մինչ մեր միսիոնարական նշանակումը
կը սպասէինք, Ֆլէթպուշ Ժողովքին հետ աշխատեցանք, Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ։ Վերջապէս, 21 Հոկտեմբեր 1946–ին, ուրիշ վեց դասընկերներու հետ միասին, ի ներառեալ Պիվընզները, ուղղուեցանք մեր նոր տունը, Կուաթեմալայի՝ Կուաթեմալա Սիթին։ Այն ժամանակ, Կեդրոնական Ամերիկայի այդ երկրին մէջ, Եհովայի Վկաներու թիւը 50–էն նուազ էր։1949 Ապրիլին, մեզմէ ոմանք Քուէցալթենանկօ փոխադրուեցան, որ մեծութեամբ ու կարեւորութեամբ երկրին երկրորդ քաղաքը կը սեպուի։ Անիկա կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2,300 մեթր բարձրութեան վրայ, իսկ լեռնային օդը ջինջ ու կազդուրիչ է։ Հէլէն այս քաղաքին մէջ մեր գործունէութիւնը ամփոփեց, գրելով. «Մեր առանձնաշնորհումն էր տասնեակ գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մէջ քարոզել։ Առաւօտեան ժամը չորսին կ’արթննայինք եւ դէպի հեռաւոր գիւղաքաղաքները օթոպիւս կ’առնէինք (որ յաճախ փոխանակ պատուհաններու՝ գալարուող կտաւներ ունէր)։ Հոն մօտաւորապէս ութը ժամ կը քարոզէինք, ապա երեկոյեան կը վերադառնայինք»։ Ներկայիս, այս վայրերէն շատերուն մէջ ժողովքներ կան, մէջը ըլլալով Քուէցալթենանկոյի վեց ժողովքները։
Անկէ քիչ ետք կոչ եղաւ որ միսիոնարներ Փուէրթօ Պարիոսի մէջ ծառայեն, Ղարիպեան Ծովեզերքը, Կուաթեմալայի երրորդ մեծագոյն քաղաքը։ Մեր սիրելի ընկերակիցները՝ Պիվընզները, որոնց հետ հինգ տարի ծառայեցինք Կուաթեմալայի մէջ, այս նոր նշանակումին համար փոխադրուող անհատներուն մէջ էին։ Բաժանումը սրտաճմլիկ էր ու մեր կեանքին մէջ պարապութիւն մը ստեղծեց։ Միսիոնարական տան մէջ միայն ես ու Հէլէնը մնալով, պզտիկ յարկաբաժին մը փոխադրուեցանք։ 1955–ին, Հէլէնը ու ես, աւելի արեւադարձային քաղաքի մը՝ Մազաթէնանկոյի մէջ ծառայելու նոր նշանակում ստացանք։ Ամենափոքր եղբայրս՝ Փօլ, եւ իր կինը՝ Տոլորէս, որոնք Գաղաադէն շրջանաւարտ եղած էին 1953–ին, մեր գալէն քիչ առաջ հոն ծառայած էին։
1958–ին Կուաթեմալայի մէջ աւելի քան 700 Վկաներ, 20 ժողովքներ եւ երեք շրջաններ կային։ Հէլէնն ու ես դարձեալ մասնակցեցանք ճամբորդական գործին, Վկաներու պզտիկ խումբեր ու կարգ մը ժողովքներ այցելելով, ի ներառեալ Քուէցալթենանկոյի ժողովքը։ Ապա, 1959 Օգոստոսին, Կուաթեմալա Սիթի վերադառնալու հրաւէր ստացանք, ուր բնակեցանք մասնաճիւղին մէջ։ Մասնաճիւղին մէջ աշխատելու նշանակում ստացայ, մինչ Հէլէն 16 տարի եւս միսիոնարական գործին մէջ շարունակեց։ Ապա ինք ալ մասնաճիւղին մէջ սկսաւ աշխատիլ։
Յաւելեալ Օրհնութիւններ
Տարիներ առաջ ինծի կը թուէր թէ Եհովայի ծառայողներուն մէջ միշտ ամենէն երիտասարդը ես էի։ Ներկայիս, յաճախ ամենէն տարեցն եմ, ինչպէս էր նաեւ պարագան, երբ 1996–ին մասնաճիւղի դպրոցը յաճախեցի, Փէթըրսըն, Նիւ Եորքի մէջ։ Ճիշդ ինչպէս որ երիտասարդութեան օրերուս ինծմէ տարեց անհատներէն օգնութիւն ստացայ, վերջին տասնամեակներուն ալ իմ առանձնաշնորհումս եղած է օգնել բազմաթիւ երիտասարդներու, որոնք կը փափաքին իրենց Ստեղծիչը յիշել իրենց երիտասարդութեան օրերուն։
Հոս, Կուաթեմալայի մէջ, Եհովա կը շարունակէ իր ժողովուրդին վրայ օրհնութիւններ տեղացնել։ 1999–ին, Կուաթեմալա Սիթիին մէջ աւելի քան 60 ժողովքներ կային։ Իսկ դէպի հիւսիս, հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք, բազմաթիւ ուրիշ ժողովքներ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի հազարաւոր ծանուցանողներ կան։ Երբ հոս եկանք 53 տարի առաջ, 50 Թագաւորութեան ծանուցանողներ կային, իսկ այսօր անոնց թիւը աւելնալով՝ 19,000–ը անցած է։
Շատ Բաներ Որոնց Համար Երախտապարտ Եմ
Չկայ անհատ մը որ կեանքի մէջ խնդիրներ չունենար, բայց միշտ կրնանք մեր ‘հոգը Տէրոջը վրայ ձգել’։ (Սաղմոս 55։22) Ան յաճախ մեզի թիկունք կը կանգնի սիրալիր ընկերակիցներու օգնութեամբ։ Զոր օրինակ, իր մահուընէ քանի մը տարի առաջ, Հէլէն ինծի շրջանակի մէջ առնուած փոքր գրութիւն մը տուաւ որու վրայ սուրբ գրային համար մը արձանագրուած էր՝ Եբրայեցիս 6։10–ն. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։
Անոր ընկերակցող նոթագրութիւն մը կ’ըսէր. «Իմ անգինս, ԱՄԲՈՂՋ ՍԷՐԷՍ զատ շատ քիչ բան կրնամ տալ քեզի։ . . . Այս համարը քեզի շատ կը յարմարի եւ կը խնդրեմ որ զայն գրասեղանիդ վրայ դնես, ոչ թէ որովհետեւ տուողը ես եմ, այլ, քանի որ անիկա քու վրադ կը կիրարկուի, երկար տարիներու ծառայութեանդ համար»։ Մինչեւ օրս, այդ գրութիւնը կը կենայ գրասեղանիս վրայ, Կուաթեմալայի մասնաճիւղին մէջ։
Պատանեկութենէս ի վեր Եհովայի ծառայած եմ. իսկ հիմա որ յառաջացած տարիք մը ունիմ, Եհովայի շնորհակալ եմ ինծի պարգեւած լաւ առողջութեան համար, որու շնորհիւ իմ պարտականութիւններս կրնամ կատարել։ Մինչ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնս կ’ընեմ, յաճախ կը հանդիպիմ համարներու, զորս կը կարծեմ որ սիրելի Հէլէնս պիտի ընդգծէր իր Աստուածաշունչին մէջ։ Ասիկա մտքէս անցաւ երբ դարձեալ կը կարդայի Սաղմոս 48։14–ը. «Այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից։ Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ»։
Ինծի համար ուրախութիւն է ուրիշներու հետ յարութեան օրուան հեռանկարը բաժնել, երբ բոլոր նախկին ազգերէն անհատներ նոր աշխարհի մը մէջ իրենց մեռած սիրելիները պիտի դիմաւորեն։ Ի՜նչ հեռանկար մը։ Այն ժամանակ ուրախութեան ի՜նչ արցունքներ պիտի հոսին, մինչ պիտի յիշենք որ իրապէս Եհովա ‘խոնարհները մխիթարող’ Աստուած է։—Բ. Կորնթացիս 7։6
[Նկար՝ էջ 25]
Սլաքի ուղղութեամբ, ձախէն աջ՝ մայրս, հայրս, Էւա հօրաքոյրս եւ եղբայրներս՝ Քարլ եւ Քլէրընս, 1910–ին
[Նկարներ՝ էջ 26]
Հէլէնին հետ՝ 1947–ին եւ 1992–ին