Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քիչուորը՝ հազարաւոր» եղած է

«Քիչուորը՝ հազարաւոր» եղած է

«Քիչուորը՝ հազարաւոր» եղած է

«Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 60։22

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ խաւարը կը պատէ ներկայ աշխարհը։ (բ) Եհովայի լոյսը ի՞նչպէս աստիճանաբար փայլած է իր ժողովուրդին վրայ։

«ԽԱՒԱՐԸ՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ»։ (Եսայեայ 60։2) Այս խօսքերը լաւ կերպով կը նկարագրեն երկրի վրայ կացութիւնը 1919–էն ի վեր։ Քրիստոնեայ Աշխարհը մերժած է Յիսուս Քրիստոսի՝ «աշխարհի լոյս»ին, թագաւորական ներկայութիւնը։ (Յովհաննու 8։12. Մատթէոս 24։3) Սատանայի՝ «այս խաւար աշխարհին իշխաններուն» գլխաւորին պատճառաւ, Ի. դարը ամենէն անգութ ու ամենէն կործանարար ժամանակը եղաւ մարդկային պատմութեան մէջ։ (Յայտնութիւն 12։12. Եփեսացիս 6։12) Մարդոցմէ շատեր հոգեւոր խաւարի մէջ կ’ապրին։

2 Այսուհանդերձ, լոյսը կը փայլի ներկայիս։ Եհովա իր ծառաներուն, իր երկնային ‘կնոջ’ երկրային ներկայացուցիչը եղող օծեալ մնացորդին, վրայ ‘ծագած’ է։ (Եսայեայ 60։1) Մասնաւորաբար, 1919–ին բաբելոնական գերութենէն ազատագրուելէն ի վեր, անոնք Աստուծոյ փառքը ցոլացուցած եւ ‘մարդոց առջեւ իրենց լոյսը փայլեցուցած են’։ (Մատթէոս 5։16, Երուսաղէմ) 1919–էն մինչեւ 1931, մինչ անոնք բաբելոնական գաղափարներու մնացեալ կաշկանդումներէն կը ձերբազատուէին, Թագաւորութեան լոյսը հետզհետէ աւելի փայլեցաւ։ Անոնց թիւը աւելցաւ, հասնելով տասնեակ հազարաւորներու, առ ի կատարում Եհովայի խոստումին. «Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բօսրայի ոչխարներուն պէս, իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։ Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ»։ (Միքիայ 2։12) 1931–ին, իր ժողովուրդին վրայ Եհովայի փառքը շատ աւելի բացայայտ եղաւ, երբ անոնք ընդունեցին Եհովայի Վկաներ անունը։—Եսայեայ 43։10, 12

3. Ի՞նչպէս բացայայտ եղաւ որ Եհովայի լոյսը պիտի փայլէր օծեալներէն զատ ուրիշներու վրայ ալ։

3 Արդեօք Եհովա միայն «պզտիկ հօտ»ի մնացորդի՞ն վրայ պիտի փայլէր։ (Ղուկաս 12։32) Ո՛չ։ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1931–ի համարը ուրիշ խումբ մըն ալ կը մատնանշէր։ Եզեկիէլ 9։1-11–ը գեղեցիկ կերպով մեկնաբանելով, անիկա ցոյց տուաւ որ այդ համարներուն մէջ յիշուած գրագրի կաղամար ունեցող մարդը՝ օծեալ մնացորդը կը ներկայացնէ։ Որո՞նք իրենց ճակատներուն վրայ նշան կը ստանան այդ «մարդ»ուն կողմէ։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը. անոնք որոնք դրախտանման երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ (Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 37։29) 1935–ին հասկցուեցաւ որ «ուրիշ ոչխարներ»ու այս խումբը՝ Յովհաննէս առաքեալի տեսիլքին մէջի ‘բոլոր ազգերէն եկող մեծ բազմութիւնն’ էր։ (Յայտնութիւն 7։9-14) 1935–էն ի վեր, մեծ բազմութիւնը հաւաքելու գործին շատ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի։

4. Եսայեայ 60։3–ի մէջ ակնարկուած «թագաւորներ»ն ու «ազգեր»ը որո՞նք են։

4 Այս հաւաքումի գործին կ’ակնարկուի Եսայիի մարգարէութեան մէջ, երբ կ’ըսէ. «Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը»։ (Եսայեայ 60։3) Որո՞նք են այն «թագաւորներ»ը, որոնց ակնարկուած է հոս։ 144,000–ին մնացեալ անդամներն են, որոնք Յիսուս Քրիստոսի կողքին ժառանգակիցներ են երկնային Թագաւորութեան մէջ, եւ վկայութեան գործին գլուխը անցած են։ (Հռովմայեցիս 8։17. Յայտնութիւն 12։17. 14։1) Ներկայիս, օծեալ մնացորդի քանի մը հազարին հետ բաղդատած, հսկայ է թիւը «ազգեր»էն եկող երկրային յոյս ունեցող անհատներուն, որոնք Եհովայէ սորվելու համար կու գան, ուրիշներ ալ հրաւիրելով որ նոյնը ընեն։—Եսայեայ 2։3

Եհովայի Եռանդուն Ծառաները

5. (ա) Ի՞նչ իրողութիւններ ցոյց կու տան որ Եհովայի ժողովուրդին եռանդը չէ նուազած։ (բ) Ո՞ր երկիրներու մէջ ուշագրաւ յաւելումներ եղած են 1999–ին։ (Տես՝ էջ 17-20–ի ցուցակը։)

5 Եհովայի արդի Վկաները ի՜նչ եռանդ ցոյց տուին քսաներորդ դարու ամբողջ տեւողութեան։ Իսկ ի հեճուկս աւելցող ճնշումներու, անոնց եռանդը չնուազեցաւ մինչ 2000 թուականը կը մօտենար։ Անոնք տակաւին շատ լուրջի առած են Յիսուսի՝ «բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեցէք» պատուէրը։ (Մատթէոս 28։19, 20, ՆԱ) Քսաներորդ դարու ծառայութեան վերջին տարուան ընթացքին, բարի լուրի գործօն հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւը եղաւ՝ 5,912,492։ Անոնք ուրիշներու հետ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին խօսելու համար, ընդամէնը 1,144,566,849 ժամեր տրամադրեցին։ Իսկ հետաքրքրուած անհատներուն այցելելու համար 420,047,796 վերայցելութիւններ ըրին եւ 4,433,884 ձրի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Եռանդուն ծառայութեան ի՜նչ հոյակապ տեղեկագրութիւն մը։

6. Ռահվիրաներուն համար ի՞նչ նոր կարգադրութիւն եղաւ, ի՛նչ ընդառաջում ստանալով։

6 Անցեալ Յունուարին, Կառավարիչ Մարմինը ռահվիրաներէն պահանջուած ժամերուն մէջ բարեճշդում մը ըրաւ։ Շատեր ասկէ օգտուելով կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրաներ եղան։ Օրինակ, Հոլանտայի մասնաճիւղը 1999 տարուան առաջին չորս ամիսներու ընթացքին, նախորդ տարուան ընթացքին ստացածէն չորս անգամ աւելի կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագրեր ստացաւ։ Կանա կը տեղեկագրէ. «Ռահվիրայական ժամերու նոր նպատակակէտը ի զօրու ըլլալէն ի վեր, մեր կանոնաւոր ռահվիրաներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ»։ 1999–ի ծառայութեան տարուան մէջ, համայն աշխարհի մէջ ռահվիրաներուն թիւը 738,343–ի հասած է. «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալու սքանչելի ցուցադրութիւն մը։—Տիտոս 2։14

7. Եհովա ի՞նչպէս օրհնած է իր ծառաներուն եռանդուն գործունէութիւնը։

7 Եհովա այս եռանդուն գործունէութիւնը օրհնա՞ծ է։ Այո՛։ Եսայիի միջոցաւ ան կ’ըսէ. «Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛. ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին»։ (Եսայեայ 60։4) Հաւաքուած օծեալ «տղաքներ»ն ու «աղջիկներ»ը տակաւին եռանդով կը ծառայեն Աստուծոյ։ Իսկ հիմա, Յիսուսի ուրիշ ոչխարները կը հաւաքուին Եհովայի օծեալ ‘տղոց’ ու «աղջիկներ»ուն կողքին, 234 երկիրներու ու կղզիներու մէջ։

«Ամէն Բարի Գործերու» Համար

8. Եհովայի Վկաները ի՞նչ «բարի գործեր»ով զբաղած են։

8 Քրիստոնեաները բարի լուրը քարոզելու եւ հետաքրքրուած անհատները աշակերտելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Անոնք նաեւ՝ «ամէն բարի գործերու [համար] պատրաստուած» են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։17) Հետեւաբար, անոնք սիրալիր կերպով հոգ կը տանին իրենց ընտանիքներուն, հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերեն ու հիւանդներուն կ’այցելեն։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8. Եբրայեցիս 13։16) Իսկ կամաւորներ՝ Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան նման ծրագիրներու վրայ կ’աշխատին. գործ մը, որ ինքնին վկայութիւն կու տայ։ Թօկոյի մէջ, սրահի մը կառուցումը ամբողջանալէն ետք, տեղական հրաշաձօն եկեղեցիի մը պատասխանատուները ուզեցին գիտնալ թէ Եհովայի Վկաները ինչո՛ւ կրնային իրենք իրենց շէնքերը կառուցանել, մինչդեռ եկեղեցին ասիկա ընել տալու համար պէտք ունէր մարդիկ վարձելու։ Թօկօ կը տեղեկագրէ թէ Թագաւորութեան Սրահներու լաւորակ շինութիւնը այնպիսի դրական ազդեցութիւն մը ունի շրջապատին վրայ, որ ոմանք տուներ կը վարձեն կամ կը շինեն այն շրջաններուն մէջ, ուր սրահներ պիտի շինուին։

9. Աղէտներու պարագային, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս ընդառաջած են։

9 Երբեմն, ուրիշ տեսակի բարի գործի կարիքը կը տեսնուի։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին բազմաթիւ երկիրներ աղէտներու հանդիպեցան, եւ շատ յաճախ առաջին օգնութեան փութացողները եղան Եհովայի Վկաները։ Օրինակի համար, Միչ ոլորամրրիկը Հոնտուրասի մեծ մասը քանդեց։ Մասնաճիւղը անմիջապէս շտապ օգնութիւն մատուցանելու համար յանձնախումբեր կազմեց։ Հոնտուրասէ եւ բազմաթիւ ուրիշ երկիրներէ Վկաներ հագուստներ, ուտելիք, դեղորայք եւ ուրիշ հիմնական պիտոյքներ նուիրեցին։ Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբերը իրենց ունեցած հմտութիւնները գործածեցին՝ տուներ վերաշինելու համար։ Շատ չանցած, աղէտի զոհ գացած մեր եղբայրները օգնութիւն ստանալով, կրցան իրենց գործունէութիւններուն վերադառնալ։ Էքուատորի մէջ, Եհովայի Վկաները իրենց եղբայրներուն օգնութեան փութացին, երբ ծանր հեղեղ մը կործանեց կարգ մը տուներ։ Կացութեան հետ գլուխ ելլելու անոնց ճարտար կերպը դիտելով, կառավարական պաշտօնեայ մը ըսաւ. «Եթէ այս խումբը իմ ձեռքս ըլլար, հրա՛շքներ կը գործէի։ Ձեզի նման անհատներ, աշխարհի ամէն կողմը պէտք է ըլլան»։ Այսպիսի բարի գործեր կը փառաբանեն Եհովա Աստուած եւ ապացոյց մըն են մեր ‘աստուածպաշտութեան՝ որ ամէն բանի օգտակար է’։—Ա. Տիմոթէոս 4։8

Անոնք «կը Թռչին Ամպի Պէս»

10. Օծեալներուն թիւը նուազելով հանդերձ, Եհովայի անունը ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի կը ծանուցանուի։

10 Արդ, Եհովա կը հարցնէ. «Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։ Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ . . . բերեն։ . . . Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 60։8-10) Եհովայի ‘լոյսին’ առաջին ընդառաջողները եղան իր «տղաքներ»ը՝ օծեալ Քրիստոնեաները։ Ապա եկան «օտարներուն որդիները»՝ մեծ բազմութեան անդամները, որոնք հաւատարմօրէն կը ծառայեն իրենց օծեալ եղբայրներուն, բարի լուրի քարոզչութեան մէջ անոնց առաջնորդութեան հետեւելով։ Այս կերպով, թէեւ օծեալներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի, բայց Եհովայի անունը որեւէ ժամանակէ աւելի կը ծանուցանուի համայն երկրի մէջ։

11. (ա) Ի՞նչ բան տակաւին կը շարունակուի եւ ի՛նչ արդիւնք ձեռք ձգուած է 1999–ին։ (բ) Ո՞ր երկիրները 1999–ին մկրտուողներու ուշագրաւ թիւ մը ունեցած են։ (Տես՝ էջ 17-20–ի ցուցակը։)

11 Ասոր որպէս հետեւանք, «իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս» միլիոնաւոր անհատներ կու գան քրիստոնէական ժողովքին մէջ ապաստան գտնելու համար։ Ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կ’աւելնան անոնց վրայ եւ տակաւին ճամբան բաց է շատերուն համար։ Եսային կ’ըսէ. «Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը»։ (Եսայեայ 60։11) Անցեալ տարի 323,439 անհատներ մկրտուեցան, Եհովայի կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելու համար. ան տակաւին դռները չէ գոցած։ «Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները»՝ մեծ բազմութեան անդամները, տակաւին խուռներամ կը մտնեն անոնց մէջէն։ (Անգեայ 2։7) Խաւարը ձգել փափաքողներէն ոեւէ մէկուն մուտքը չի մերժուիր։ (Յովհաննու 12։46) Կը մաղթենք որ այսպիսիներ լոյսի հանդէպ իրենց գնահատութիւնը բնաւ չկորսնցնեն։

Անվախ՝ Հակառակութեան Դիմաց

12. Խաւարը սիրողները ի՞նչպէս փորձած են լոյսը մարել։

12 Խաւարը սիրողները՝ Եհովայի լոյսը կ’ատեն։ (Յովհաննու 3։19) Ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն մարել այդ լոյսը։ Ասիկա անսպասելի բան մը չէ։ Նոյնիսկ Յիսուս՝ «ճշմարիտ Լոյսը, . . . որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ», ծաղրուեցաւ, ընդդիմութեան հանդիպեցաւ եւ վերջապէս իր քաղաքակիցներուն կողմէ սպաննուեցաւ։ (Յովհաննու 1։9) Քսաներորդ դարու ամբողջ տեւողութեան, Եհովայի Վկաներն ալ ծաղրուեցան, բանտարկուեցան, արգիլուեցան, նոյնիսկ սպաննուեցան, մինչ հաւատարմօրէն կ’արտացոլացնէին Եհովայի լոյսը։ Վերջին տարիներուն, հակառակորդները մամուլի միջոցաւ Աստուծոյ լոյսը արտացոլացնողներուն մասին սուտեր տարածելու դիմած են։ Ոմանք մարդոց հաւատացնել կու տան որ Եհովայի Վկաները վտանգաւոր են եւ պէտք է սահմանափակուին կամ արգիլուին։ Այսպիսի հակառակորդներ յաջողա՞ծ են։

13. Մեր գործին մասին իրողութիւնները խոհեմօրէն մամուլին ներկայացնելուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

13 Ո՛չ։ Երբ յարմար տեսած են, Եհովայի Վկաները տեղեկատուութեան միջոցներու դիմած են, իրողութիւնները բացատրելու համար։ Որպէս հետեւանք, Եհովայի անունը լայնօրէն ծանուցանուած է լրագիրներու եւ պարբերաթերթերու մէջ ու ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի վրայ։ Ասիկա լաւ արդիւնք մը ունեցած է քարոզչութեան վրայ։ Տանըմարքայի մէջ, զոր օրինակ, ազգային հեռատեսիլը յայտագիր մը ներկայացուց՝ «Ինչո՞ւ Տանըմարքացիներու հաւատքը կը նուազի» նիւթին շուրջ։ Ուրիշ կրօնքներու կարգին, Եհովայի Վկաներու հետ ալ հարցազրոյց ունեցան։ Անկէ ետք, տիկին մը, որ յայտագիրը դիտած էր, ըսաւ. «Շա՛տ յստակ էր թէ որո՛նք Աստուծոյ հոգին ունէին»։ Անոր հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։

14. Հակառակորդները ի վիշտ իրենց, շատ շուտով ի՞նչ բանի պիտի անդրադառնան։

14 Եհովայի Վկաները գիտեն որ այս աշխարհի մէջ շատեր իրենց պիտի հակառակին։ (Յովհաննու 17։14) Այսուհանդերձ, անոնք զօրացած են Եսայիի մարգարէութիւնով. «Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները ծռելով քեզի պիտի գան։ Բոլոր քեզ անարգողները քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։ Քեզ Տէրոջը քաղաքը, Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն»։ (Եսայեայ 60։14) Շատ չանցած, հակառակորդները ի վիշտ իրենց, պիտի անդրադառնան որ Աստուծոյ դէմ կը կռուէին։ Ո՞վ կրնայ յաղթական դուրս գալ այսպիսի կռիւէ մը։

15. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս ‘ազգերուն կաթը կը ծծեն’, եւ ասիկա ի՞նչ անդրադարձ ունեցած է իրենց ուսուցանելու եւ աւետարանելու գործին վրայ։

15 Եհովա տակաւին կը խոստանայ. «Քեզ՝ յաւիտենական փառք . . . պիտի ընեմ։ Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ»։ (Եսայեայ 60։15, 16) Այո, Եհովա է իր ժողովուրդին Ազատիչը։ Եթէ անոր ապաւինին, ‘յաւիտեան պիտի մնան’։ Անոնք «ազգերուն կաթը պիտի ծծեն»՝ ճշմարիտ պաշտամունքի յառաջացման համար ձեռնտու եղող որոշ աղբիւրներ օգտագործելով։ Օրինակ, համակարգիչի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու արուեստագիտութեան իմաստուն գործածութիւնը, Դիտարան–ը 121 լեզուներով, իսկ Զարթի՛ր–ը՝ 62 լեզուներով միաժամանակ հրատարակուիլը հեշտացուցած է։ Համակարգիչի մասնայատուկ սօֆթուէր ծրագիր մը պատրաստուած է, որպէսզի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը նոր լեզուներով լոյս տեսնէ, եւ այսպիսի թարգմանութիւն շատ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ 1999–ին, երբ Խրուաթերէնով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները լոյս տեսաւ, հազարաւորներ ուրախութեան արցունք թափեցին։ Տարեց եղբայր մը ըսաւ. «Երկար ժամանակէ այս Աստուածաշունչը կը սպասէի։ Հիմա կրնամ խաղաղութեամբ մեռնիլ»։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ, աւելի քան 100 միլիոն օրինակը անցած է՝ 34 լեզուներով։

Բարոյական Բարձր Չափանիշներ

16, 17. (ա) Թէեւ դժուար է, բայց ինչո՞ւ կենսական է Եհովայի բարձր չափանիշներուն կառչած մնալ։ (բ) Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ երիտասարդներ կրնան աշխարհի կողմէ վարակուելէ խուսափիլ։

16 Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ»։ (Յովհաննու 3։20) Իսկ միւս կողմէ, անոնք որոնք լոյսի մէջ կը մնան, Եհովայի բարձր չափանիշները կը սիրեն։ Եսայիի բերնով, Եհովա ըսաւ. «Քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 60։21ա) Դժուար է արդար չափանիշներ պահել աշխարհի մը մէջ, ուր սեռային անբարոյութիւնը, ստախօսութիւնը, ագահութիւնը եւ հպարտութիւնը տիրական են։ Օրինակ, կարգ մը երկիրներու մէջ, տնտեսական վիճակը կը բարգաւաճի եւ շատ դիւրին է հարստութիւն դիզելու միակողմանի ուղղութեան հետեւիլ։ Բայց Պօղոս զգուշացուց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9) Որքա՜ն ցաւալի է, երբ անհատ մը գործի ձեռնարկի մը մէջ մխրճուելով, կարեւոր բաներ զոհէ, ինչպէս՝ քրիստոնէական ընկերակցութիւն, սրբազան ծառայութիւն, բարոյական սկզբունքներ եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ։

17 Արդար չափանիշներ պահելը կրնայ մասնաւորաբար դժուար ըլլալ երիտասարդներուն, երբ իրենց հասակակիցներէն շատեր թմրեմոլութեան եւ անբարոյութեան մէջ մխրճուած են։ Սիւրինամի մէջ, դպրոցին մէջ գեղադէմ տղայ մը մօտեցաւ 14 տարեկան աղջկայ մը եւ սեռային յարաբերութիւն առաջարկեց։ Աղջիկը մերժեց, բացատրելով որ Աստուածաշունչը ամուսնութենէ դուրս այդպիսի բաներ կ’արգիլէ։ Դպրոցին մէջ ուրիշ աղջիկներ զինք ծաղրեցին եւ ճնշում բանեցուցին իր վրայ, որպէսզի իր միտքը փոխէր, ըսելով որ ամէն մարդ կը փափաքէր մանաւանդ այդ տղուն հետ պառկիլ։ Բայց երիտասարդուհին շարունակեց անխախտ մնալ։ Քանի մը շաբաթ ետք տղան HIV–ով ախտաճանաչուեցաւ եւ ծանրօրէն հիւանդացաւ։ Աղջիկը ուրախացաւ որ ‘պոռնկութենէ ետ կենալու’ Եհովայի պատուէրին հնազանդած էր։ (Գործք 15։28, 29) Եհովայի Վկաները հպարտ են իրենց մէջ գտնուող երիտասարդներով, որոնք շիտակի հանդէպ հաստատ դիրք կը բռնեն։ Անոնց ու իրենց ծնողներուն հաւատքը Եհովայի անուան ‘փառք’ կը բերէ։—Եսայեայ 60։21բ

Եհովա Ինք Յաւելում Տուած Է

18. (ա) Եհովա ի՞նչ հոյակապ բան մը ըրած է իր ժողովուրդին համար։ (բ) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ աճումը պիտի շարունակուի, եւ ի՞նչ փառաւոր հեռանկարներ վերապահուած են անոնց՝ որ լոյսին հետ կը մնան։

18 Այո, Եհովա լոյս կը սփռէ իր ժողովուրդին վրայ, զանոնք օրհնելով, առաջնորդելով եւ զօրացնելով։ Քսաներորդ դարու ընթացքին, անոնք տեսած են Եսայիի խօսքերուն կատարումը. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) 1919–ի ափ մը վկաները, «քիչուորը» «հազարաւոր»էն աւելի եղած է։ Այս աճը տակաւին աւարտած չէ։ Անցեալ տարի 14,088,751 անհատներ ներկայ գտնուեցան Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին։ Անոնցմէ շատեր գործունեայ Վկաներ չէին։ Ուրախ ենք որ անոնք ներկայ գտնուեցան այս կարեւոր տօնակատարութեան, եւ կը հրաւիրենք զիրենք որ շարունակեն դէպի լոյս ընթանալ։ Եհովա կը շարունակէ շողշողուն կերպով փայլիլ իր ժողովուրդին վրայ։ Իր կազմակերպութեան դուռը տակաւին բաց է։ Ուստի, բոլորս վճռենք Եհովայի լոյսով մնալ։ Անիկա հիմա ի՜նչ օրհնութիւններ կը բերէ մեզի։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն պիտի բերէ տակաւին ապագային, երբ ամբողջ ստեղծագործութիւնը Եհովան պիտի փառաբանէ եւ իր փառքին շքեղութեամբ պիտի ուրախանայ։—Յայտնութիւն 5։13, 14

Կրնա՞ք բացատրել

Որո՞նք Եհովայի փառքը արտացոլացուցած են այս վերջին օրերուն։

Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ Եհովայի ժողովուրդին եռանդը չէ նուազած։

Եհովայի Վկաները ի՞նչպիսի լաւ գործերով զբաղած են։

Ի հեճուկս բիրտ հակառակութեան, ի՞նչ բանէն վստահ ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 17-20]

1999–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(Տե՛ս կազմուած հատորը)

[Նկարներ՝ էջ 15]

Մարդիկ տակաւին կը խուժեն դէպի Եհովայի կազմակերպութիւնը

[Նկար՝ էջ 16]

Ուրախ ենք որ Եհովա դուռը լայնօրէն բաց ձգած է լոյսը սիրողներուն համար