Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դուք ձեզ ի՞նչպէս կը նկատէք

Դուք ձեզ ի՞նչպէս կը նկատէք

Դուք ձեզ ի՞նչպէս կը նկատէք

ԱՆ ՀՊԱՐՏ մարդ մըն էր։ Կառավարական բարձր պաշտօնի մը տիրանալով, իրեն հանդէպ ցուցաբերուած փաղաքշանքն ու հիացմունքը զինք յղփացուցին։ Սակայն, չափազանց վիրաւորուեցաւ, երբ ուրիշ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը մերժեց նոյնանման պատիւ մը տալ իրեն։ Վրէժխնդրութենէ մղուած, այս սնապարծ պաշտօնեան ծրագրեց կայսրութեան մէջ իր հակառակորդին ցեղին պատկանող բոլոր մարդիկը բնաջնջել։ Ինքնահաւանութեան ի՜նչ խեղաթիւրուած զգացում մը։

Դաւադիրը Համանն էր, Պարսիկ Ասուերոս Թագաւորին պալատի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը։ Ո՞վ էր անոր թշնամութեան թիրախը։ Մուրթքէ անունով Հրեայ մը։ Թէեւ Համանի ցեղասպանական հակազդեցութիւնը ծայրայեղութիւն մըն էր, բայց անիկա ցոյց կու տայ հպարտութեան վտանգը ու անոր ծանր հետեւանքները։ Անոր սնապարծ հոգին ոչ միայն ուրիշները տագնապի մատնեց, այլ նաեւ հանրապէս ինքն իր նուաստացումին, եւ ի վերջոյ, իր մահուան առաջնորդեց։—Եսթերայ 3։1-9. 5։8-14. 6։4-10. 7։1-10

Ճշմարիտ Երկրպագուները Հպարտութենէ Զերծ Չեն

Եհովա կը պահանջէ որ ‘խոնարհութիւնով մեր Աստուծոյն հետ քալենք’։ (Միքիայ 6։8) Աստուածաշունչը զանազան արձանագրութիւններ կը բովանդակէ անհատներու մասին, որոնք իրենց անձին հանդէպ խոնարհ տեսակէտ մը չպահպանեցին։ Ասիկա իրենց խնդիրներ ու վիշտ պատճառեց։ Այս օրինակներէն քանի մը հատը նկատի առնելը, մեզի կրնայ օգնել որ անհաւասարակշիռ մտածելակերպին յիմար ու վտանգաւոր ըլլալը տեսնենք։

Աստուծոյ մարգարէին՝ Յովնանի՝ մտածելակերպը այնքան անհաւասարակշիռ դարձաւ որ ան փորձեց փախչիլ, երբ Նինուէի ամբարիշտ մարդոց դէմ Եհովայի դատաստանները յայտարարելու աստուածային յանձնարարութիւնը ստացաւ։ (Յովնանու 1։1-3) Հետագային, երբ իր քարոզչութիւնը յաջողեցաւ Նինուէցիները զղջումի առաջնորդել, Յովնան երեսը կախեց։ Որպէս մարգարէ իր համբաւով ա՛յնքան մտահոգուած էր, որ հազարաւոր Նինուէցիներու կեանքը գրեթէ ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր իրեն համար։ (Յովնանու 4։1-3) Եթէ անհամեստօրէն մենք մեզ շատ լուրջի առնենք, մեզի համար դժուար կրնայ ըլլալ մեր շուրջ գտնուող մարդոց ու դէպքերուն նկատմամբ անկողմնակալ ու ճշգրիտ պատկեր մը պահպանել։

Նկատի առէք նաեւ Ոզիան՝ Յուդայի բարի թագաւորներէն մէկը։ Երբ իր տեսակէտին մէջ անհաւասարակշիռ դարձաւ, յոխորտալից կերպով փորձեց քահանայական որոշ պարտականութիւններ յափշտակել։ Իր անհամեստ ու չափազանց յաւակնոտ արարքներուն համար, ան իր առողջութիւնը եւ աստուածային հաճութիւնը կորսնցուց։—Բ. Մնացորդաց 26։3, 16-21

Անհաւասարակշիռ մտածելակերպը քիչ մնաց որ Յիսուսի առաքեալները թակարդի մէջ ձգէր։ Անոնք չափազանց մտահոգուեցան իրենց անհատական փառքով ու հեղինակութեամբ։ Երբ մեծ փորձութեան ժամանակը հասաւ, անոնք Յիսուսը լքեցին ու փախան։ (Մատթէոս 18։1. 20։20-28. 26։56. Մարկոս 9։33, 34. Ղուկաս 22։24) Անոնց անհամեստութիւնը եւ ինքնահաւան գաղափարները, գրեթէ անոնց մոռցնել տուին Եհովայի նպատակը եւ Իր կամքին առնչութեամբ իրենց ունեցած դերը։

Ինքնահաւանութեան Վնասակար Հետեւանքները

Մեր անձին հանդէպ անհաւասարակշիռ տեսակէտ մը ունենալը, կրնայ վիշտ պատճառել եւ՝ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնը խորտակել։ Զոր օրինակ, կրնանք սենեակի մը մէջ նստած ըլլալ եւ նկատել որ զոյգ մը իրարու կը փսփսան ու կը ծիծաղին։ Եթէ անձնակեդրոն մէկն ենք, կրնանք սխալ կերպով եզրակացնել թէ անոնք մեր վրայ կը խնդան, քանի որ ցած ձայնով կը խօսին։ Մեր միտքը կրնայ թոյլ չտալ որ անոնց վարմունքին համար ուրիշ որեւէ բացատրութիւն տանք։ ‘Ի վերջոյ, ինծմէ զատ անոնք որո՞ւ մասին կրնան խօսիլ’։ Կրնանք նեղուիլ եւ որոշել անգամ մըն ալ այդ զոյգին հետ չխօսիլ։ Այս կերպով, մեր անհատական կարեւորութեան հանդէպ անհաւասարակշիռ տեսակէտ մը ունենալը կրնայ թիւրիմացութիւններու դուռ բանալ եւ բարեկամներու, ընտանիքի անդամներու եւ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեանց վնասել։

Իրենք զիրենք շատ լուրջի առնողները կրնան սնապարծ դառնալ, միշտ պարծենալով իրենց կարծեցեալ մեծ տաղանդներով, արարքներով կամ ստացուածքներով։ Կամ՝ թերեւս խօսակցութիւններու ղեկը իրենց ձեռքը առնեն, միշտ իրենց մասին բան մը յիշելով։ Այսպիսի խօսակցութիւն անկեղծ սիրոյ պակասը ցոյց կու տայ եւ կրնայ շատ վիրաւորական ըլլալ։ Այսպէս վարուելով, ինքնահաւաններ յաճախ իրենք զիրենք ուրիշներէ կը հեռացնեն։—Ա. Կորնթացիս 13։4

Որպէս Եհովայի Վկաներ, մեր հանրային ծառայութեան մէջ կրնանք ծաղրանքի առարկայ դառնալ եւ մերժուիլ։ Պէտք չէ մոռնանք, որ այսպիսի հակառակութիւն իրապէս ուղղուած է ոչ թէ մեր անձին, այլ Եհովայի՝ մեր պատգամին Աղբիւրը եղողին՝ դէմ։ Սակայն, մեր անձին կարեւորութեան հանդէպ խեղաթիւրուած տեսակէտ մը ունենալը, կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Տարիներ առաջ, եղբայր մը, տանտիրոջ մը նախատական խօսքերը անհատական բան մը նկատելով, զայն փոխադարձեց։ (Եփեսացիս 4։29) Անկէ ետք, այս եղբայրը երբեք դռնէ դուռ ծառայութեան չմասնակցեցաւ։ Այո՛, հպարտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ քարոզչութեան մէջ մեր հանդարտութիւնը կորսնցնենք։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք որ ասիկա պատահի մեզի։ Փոխարէն, Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումին հանդէպ պատշաճ գնահատութիւն պահպանելու համար։—Բ. Կորնթացիս 4։1, 7. 10։4, 5

Ինքնահաւան տեսակէտ մը ունենալը կրնայ նաեւ արգելք հանդիսանալ ընդունելու խրատ մը, որու կարիքը ունինք։ Տարիներ առաջ, Կեդրոնական Ամերիկեան երկրի մը մէջ, քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատանի մը, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ելոյթ մը ունեցաւ։ Երբ դպրոցի տեսուչը քիչ մը խիստ խրատ տուաւ, պատանին զայրացած Աստուածաշունչը գետին շպրտեց եւ Թագաւորութեան Սրահէն դուրս ելաւ, երբեք հոն չվերադառնալու մտքով։ Սակայն քանի մը օր ետք, ան իր հպարտութիւնը կոտրելով, դպրոցի տեսուչին հետ հաշտուեցաւ եւ խոնարհութեամբ ընդունեց անոր խրատը։ Ժամանակի ընթացքին այս պատանին քրիստոնէական հասունութիւն ձեռք ձգեց։

Անհամեստ ըլլալը եւ մենք մեզ շատ լուրջի առնելը, կրնան Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վնաս հասցնել։ Առակաց 16։5–ը կ’ազդարարէ. «Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են»։

Հաւասարակշիռ Տեսակէտ մը՝ Մեր Անձին Հանդէպ

Բացայայտօրէն, մենք մեզ շատ լուրջի պէտք չէ առնենք։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ մեր ըրած կամ ըսած բանը լուրջի պէտք չէ առնենք։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ տեսուչները, օգնական ծառաները՝ իրականութեան մէջ ժողովքի բոլոր անդամները՝ պէտք է լուրջ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 3։4, 8, 11. Տիտոս 2։2) Ուստի, Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան իրենց անձին հանդէպ համեստ, հաւասարակշիռ եւ լուրջ տեսակէտ մը զարգացնել։

Աստուածաշունչը, բազմաթիւ անհատներու քաջալերական օրինակը կու տայ, որոնք իրենց անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանեցին։ Յիսուս Քրիստոս խոնարհութեան աչքառու օրինակ մը կը հանդիսանայ։ Իր Հօրը կամքը կատարելու եւ մարդկութիւնը փրկելու համար, Աստուծոյ Որդին յօժարակամօրէն իր երկնային փառաւոր դիրքը ձգեց եւ երկրի վրայ խոնարհ մարդ մը եղաւ։ Հակառակ նախատինքներու, վիրաւորանքներու ու ամօթալի մահուան, ան իր ժուժկալութիւնը եւ արժանապատուութիւնը պահեց։ (Մատթէոս 20։28. Փիլիպպեցիս 2։5-8. Ա. Պետրոս 2։23, 24) Յիսուս ի՞նչպէս կրցաւ ասիկա ընել։ Ան լիովին Եհովայի ապաւինեցաւ եւ վճռած էր Աստուծոյ կամքը կատարել։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց, ջերմագին աղօթեց եւ ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ։ (Մատթէոս 4։1-10. 26։36-44. Ղուկաս 8։1. Յովհաննու 4։34. 8։28. Եբրայեցիս 5։7) Յիսուսի օրինակին հետեւիլը կրնայ մեզի օգնել որ մեր անձին նկատմամբ հաւասարակշիռ տեսակէտ մը զարգացնենք ու զայն պահպանենք։—Ա. Պետրոս 2։21

Նկատի առէք նաեւ Սաւուղ Թագաւորի որդւոյն՝ Յովնաթանի օրինակը։ Իր հօր անհնազանդութեան պատճառաւ, Յովնաթան որպէս թագաւոր Սաւուղի յաջորդելու պատեհութիւնը կորսնցուց։ (Ա. Թագաւորաց 15։10-29) Յովնաթան իր այս կորուստին համար դառնացա՞ւ։ Ան Դաւիթին՝ իր տեղ թագաւոր ըլլալիք երիտասարդին՝ նախանձեցա՞ւ։ Թէեւ Յովնաթան տարիքով Դաւիթէն շատ մեծ, ու հաւանաբար աւելի փորձառու էր, բայց համեստօրէն ու խոնարհաբար Եհովայի կարգադրութիւններուն համակերպեցաւ եւ հաւատարմաբար Դաւիթի թիկունք կանգնեցաւ։ (Ա. Թագաւորաց 23։16-18) Աստուծոյ կամքին յստակ հեռանկարը եւ անոր ենթարկուելու պատրաստակամութիւն ունենալը մեզի պիտի օգնեն որ ‘մեծամիտ չըլլանք’։—Հռովմայեցիս 12։3, Անթիլիաս

Յիսուս համեստութիւն ու խոնարհութիւն ցուցաբերելու արժէքը սորվեցուց։ Ան ասիկա բացատրեց, ըսելով, թէ երբ իր աշակերտները հարսնիքի հրաւիրուէին, պէտք չէր «առաջին բազմոց»ը գրաւէին, քանի որ աւելի պատուաւոր մէկը կրնար գալ եւ յետին տեղը երթալու անարգանքը կրնային կրել։ Դասը աւելի յստակացնելու համար, Յիսուս աւելցուց. «Ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։ (Ղուկաս 14։7-11) Իմաստութիւն է Յիսուսի խրատին անսալ եւ ‘մեր վրայ խոնարհութիւն հագնիլ’։— Կողոսացիս 3։12. Ա. Կորնթացիս 1։31

Հաւասարակշիռ Տեսակէտի մը Օրհնութիւնները

Համեստ ու խոնարհ հոգի մը ունենալը Եհովայի ծառաները կարող կը դարձնէ որ իրենց ծառայութեան մէջ իսկական ուրախութիւն գտնեն։ Երէցներ աւելի դիւրամերձ կ’ըլլան, երբ խոնարհաբար ‘հօտին հետ փափկութեամբ վարուին’։ (Գործք 20։28, 29, ՆԱ) Այն ատեն ժողովքի բոլոր անդամները աւելի հանգիստ կը զգան անոնց մօտենալու ու անոնցմէ օգնութիւն խնդրելու։ Այն ժամանակ, ժողովքը կրնայ իրարու աւելի մօտենալ սիրոյ, ջերմութեան եւ վստահութեան հոգիով։

Մենք մեզ շատ լուրջի չառնելը, կարող կը դարձնէ որ լաւ բարեկամներ ունենանք։ Համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը պիտի օգնեն որ ետ կենանք մրցակցութեան հոգի մը զարգացնելէ եւ փորձելէ ուրիշները գերազանցել՝ արարքներով կամ նիւթական բաներով։ Այս աստուածային յատկութիւնները պիտի օգնեն որ աւելի նկատառու ըլլանք եւ հետեւաբար աւելի լաւ կերպով կարենանք կարօտեալները մխիթարել ու նեցուկ կանգնիլ անոնց։ (Փիլիպպեցիս 2։3, 4) Երբ սէրն ու ազնուութիւնը մարդոց սրտին դպչին, սովորաբար անոնք լաւ կերպով կ’ընդառաջեն։ Իսկ այսպիսի անձնուրաց յարաբերութեան հիման վրայ չէ՞ որ զօրաւոր բարեկամութիւններ կը կերտուին։ Անհամեստօրէն մենք մեզ շատ լուրջի չառնելու փոխարէն ի՜նչ հոյակապ օրհնութիւն մը։—Հռովմայեցիս 12։10

Մեր անձին մասին հաւասարակշիռ տեսակէտ մը ունենալը նաեւ կ’օգնէ որ անհատ մը վիրաւորելու պարագային, մեր սխալը դիւրաւ ընդունինք։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ասիկա աւելի լաւ յարաբերութիւններու պատճառ կ’ըլլայ, հաշտութիւն եւ փոխադարձ յարգանք յառաջացնելով։ Եթէ վերատեսչութեան դիրքի վրայ եղողներ՝ ինչպէս Քրիստոնեայ երէցներ՝ խոնարհ ու համեստ ըլլան, ուրիշներուն շատ օգտակար ըլլալու պատեհութիւն կ’ունենան։ (Առակաց 3։27. Մատթէոս 11։29) Խոնարհ անհատ մը նաեւ աւելի դիւրութեամբ կը ներէ իրեն դէմ մեղք գործողներուն։ (Մատթէոս 6։12-15) Ան երբ արհամարհանքներ նշմարէ, պիտի չգերհակազդէ եւ պիտի ձգէ որ Եհովա սրբագրէ այն հարցերը, որոնք այլ կերպով կարելի չէ սրբագրել։—Սաղմոս 37։5. Առակաց 3։5, 6

Մեր անձին մասին համեստ ու խոնարհ տեսակէտ մը ունենալուն մեծագոյն օրհնութիւնն է՝ Եհովայի հաճութիւնն ու հաւանութիւնը վայելել։ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Թող որ երբեք մեծամտութեան թակարդին մէջ չիյնանք։ Ընդհակառակը, Եհովայի կարգադրութեան մէջ խոնարհաբար մեր տեղը ճանչնանք։ ‘Աստուծոյ հետ խոնարհութեամբ քալելու’ իր պահանջը գոհացնող բոլոր անհատներուն՝ հոյակապ օրհնութիւններ վերապահուած են։

[Նկար՝ էջ 22]

Յովնաթան խոնարհաբար Դաւիթի նեցուկ կանգնեցաւ