Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակեցէք

Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակեցէք

Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակեցէք

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 4։8) Իսկ սաղմոսերգու Դաւիթ երգեց. «Եհովայի հետ մտերմութիւնը իրմէ վախցողներուն կը պատկանի»։ (Սաղմոս 25։14, ՆԱ) Բացայայտօրէն, Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունենանք։ Սակայն, Աստուած պաշտող եւ իր օրէնքներուն հնազանդող ամէն անհատ անպայմանօրէն իրեն մօտիկ չի զգար։

Ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր մասին։ Աստուծոյ հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն մը ունի՞ք։ Անկասկած կը փափաքիք անոր աւելի մօտենալ։ Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ մտերմութիւն մշակել։ Անիկա մեզի համար ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին երրորդ գլուխը այս ուղղութեամբ պատասխաններ կը հայթայթէ։

Ողորմութիւն եւ Ճշմարտութիւն Ցուցաբերենք

Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը, Առակաց գրքին երրորդ գլուխը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։ (Առակաց 3։1, 2) Քանի որ Սողոմոն աստուածային ներշնչման ներքեւ գրեց, այս հայրական խրատը իրապէս Եհովա Աստուծմէ կու գայ եւ ուղղուած է մեզի։ Հոս, մեզի խրատ կը տրուի որ Աստուծոյ վերյիշեցումներուն՝ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իր օրէնքին կամ ուսուցումին եւ իր պատուիրաններուն՝ համաձայն ապրինք։ Եթէ ասիկա ընենք, մեզի «երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։ Այո, նոյնիսկ հիմա կրնանք խաղաղ կեանք մը վայելել եւ խուսափիլ այն հետապնդումներէ, որոնք կանխահաս մահուան վտանգին կ’ենթարկեն, որոնց յաճախ կը հանդիպին չարագործները։ Ասկէ զատ, կրնանք խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ, յաւիտեան ապրելու յոյսը սնուցանել։—Առակաց 1։24-31. 2։21, 22

Շարունակելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։ Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես»։—Առակաց 3։3, 4

Բնագրին մէջ գործածուած «ողորմութիւն» բառը փոփոխակի կերպով թարգմանուած է «հաւատարիմ սէր», որ իր մէջ կ’ընդգրկէ ուղղամտութիւն, համերաշխութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Վճռա՞ծ ենք Եհովայի կառչած մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահի։ Հաւատակիցներու հետ մեր յարաբերութեան մէջ ողորմութիւն կը ցուցաբերե՞նք։ Անոնց մօտիկ մնալու համար կ’աշխատի՞նք։ Անոնց հետ մեր առօրեայ գործառնութեանց մէջ, ‘մեր լեզուին վրայ ողորմութեան օրէնքը’ կը պահե՞նք, նոյնիսկ փորձիչ պարագաներու ներքեւ։—Առակաց 31։26

Ողորմութեամբ լի ըլլալով, Եհովա «ներելու պատրաստ է»։ (Սաղմոս 86։5, ՆԱ) Եթէ մեր անցեալի մեղքերէն զղջացած ենք եւ հիմա մեր քայլերուն համար ուղիղ ճամբաներ կ’ընենք, մեզի երաշխիք կը տրուի թէ ‘սփոփանքի ժամանակներ պիտի գան’ Եհովայէ։ (Գործք 3։20) Մեր Աստուածը պէտք չէ՞ ընդօրինակենք, մեր կարգին ուրիշներուն ներելով իրենց յանցանքները։—Մատթէոս 6։14, 15

Եհովա ‘ճշմարտութեան Աստուած է’, եւ իր հետ մտերմութիւն փնտռողներէն «ճշմարտութիւն» կը պահանջէ։ (Սաղմոս 31։5) Կրնա՞նք իրապէս ակնկալել որ Եհովա մեր Բարեկամը ըլլայ, եթէ կրկնակի կեանք մը կը վարենք. Քրիստոնեայ ընկերակիցներու ներկայութեան կերպով մը, իսկ անոնց բացակայութեան՝ տարբեր կերպով մը վարուելով, իրենց ինչպիսի անհատ մը ըլլալը ծածկող «խարդախ մարդոց» նման։ (Սաղմոս 26։4) Ի՜նչ յիմարութիւն պիտի ըլլար այդպէս վարուիլ, քանի որ «ամէն բան բաց ու յայտնի է [Եհովայի] աչքերուն առջեւ»։—Եբրայեցիս 4։13

Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը ‘մեր պարանոցին կապուած’ անգին մանեակի մը պէս պէտք է արժեւորենք, քանի որ անոնք ‘Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք գտնելու’ կ’օգնեն։ Այս յատկութիւնները ոչ միայն պէտք է դրսեւորենք, այլ նաեւ զանոնք ‘մեր սրտի տախտակին վրայ’ քանդակենք, զանոնք մեր անձնաւորութեան էական մէկ մասը դարձնելով։

Եհովայի Հանդէպ Անվերապահ Վստահութիւն Մշակեցէք

Իմաստուն թագաւորը կը շարունակէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։5, 6

Անկասկած, Եհովա մեր կատարեալ վստահութեան արժանի է։ Որպէս Ստեղծիչ, ան «մեծ իշխանութիւն» ունի եւ «սաստիկ զօրութեան» աղբիւրն է։ (Եսայեայ 40։26, 29) Ան կարող է իր բոլոր նպատակադրածը կատարել։ Նոյնիսկ իր անունը բառացիօրէն կը նշանակէ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ» եւ ասիկա իր խոստացածը կատարելու իր կարողութեան վրայ մեր վստահութիւնը կը կերտէ։ Քանի որ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի», հետեւաբար ինք ճշմարտութեան մարմնացումն է։ (Եբրայեցիս 6։18) Իր տիրական յատկութիւնը սէրն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ան «արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ»։ (Սաղմոս 145։17) Եթէ Աստուծոյ չենք կրնար վստահիլ՝ որո՞ւ կրնանք վստահիլ։ Անշուշտ, իրեն հանդէպ վստահութիւն մշակելու համար, պէտք է ‘ճաշակենք ու տեսնենք թէ Տէրը բարի է’՝ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը մեր կեանքին մէջ կիրարկելով եւ ասոր յառաջ բերած օգտակար բաներուն մասին խորհելով։—Սաղմոս 34։8

Ի՞նչպէս կրնանք ‘մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ զանիկա ճանչնալ’։ Ներշնչեալ սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։ (Սաղմոս 77։12) Քանի որ Աստուած անտեսանելի է, իր մեծ արարքներուն եւ իր ժողովուրդին հետ իր գործառնութիւններուն վրայ խոկալը կենսական է իր հետ մտերմութիւն մշակելու համար։

Աղօթքն ալ Եհովան նկատի ունենալու կարեւոր կերպ մըն է։ Դաւիթ Թագաւոր «օրն ի բուն» Եհովան կը կանչէր։ (Սաղմոս 86։3, ՆԱ) Յաճախ Դաւիթ գիշերուան պահերուն կ’աղօթէր, ինչպէս երբ անապատին մէջ փախստական մըն էր։ (Սաղմոս 63։6, 7) Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով»։ (Եփեսացիս 6։18) Որքա՞ն յաճախ կ’աղօթենք։ Աստուծոյ հետ անձնական սրտանց հաղորդակցութիւն մը կը վայելե՞նք։ Երբ փորձիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք, օգնութեան համար անոր կը պաղատի՞նք։ Կարեւոր որոշումներ տալէ առաջ, աղօթքով իր առաջնորդութիւնը կը խնդրե՞նք։ Աստուծոյ ուղղուած մեր անկեղծ աղօթքները մեզ սիրելի կը դարձնեն իրեն։ Իսկ այն երաշխիքը ունինք, թէ ան մեր աղօթքը պիտի լսէ եւ ‘մեր շաւիղները պիտի ուղղէ’։

Որքա՜ն յիմարութիւն է ‘վստահիլ մեր իմաստութեան’ կամ՝ աշխարհի կարկառուն մարդոց, երբ կրնանք մեր կատարեա՛լ վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնել։ Սողոմոն կ’ըսէ. «Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար»։ Ընդհակառակը, ան կը յորդորէ. «Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։ Ասիկա քու պորտիդ առողջութիւն եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ»։ (Առակաց 3։7, 8, ստորանիշ) Աստուած տհաճեցնելու առողջ վախը, մեր բոլոր արարքները, խորհուրդներն ու զգացումները պէտք է ղեկավարէ։ Այսպիսի յարգալից վախ մը, մեզ ետ կը պահէ չարիք ընելէ եւ հոգեւորապէս բուժիչ ու թարմացուցիչ է։

Ձեր Լաւագոյնը Տուէք Եհովայի

Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք Եհովայի մօտենալ։ Թագաւորը կը պատուիրէ. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ [«արժէքաւոր բաներովդ», ՆԱ] եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով»։ (Առակաց 3։9) Եհովան պատուել կը նշանակէ անոր հանդէպ յարգանք ցուցաբերել եւ զինք հանրապէս գովաբանել՝ անոր անունը հանրապէս ծանուցանելու մէջ բաժին բերելով եւ անոր թիկունք կանգնելով։ Եհովան պատուելու մեր արժէքաւոր բաներն են՝ մեր ժամանակը, տաղանդները, ոյժը եւ նիւթական ստացուածքները։ Ասոնք մեր երախայրիները՝ մեր լաւագոյնը՝ պէտք է ըլլան։ Մեր անձնական միջոցները գործածելու կերպը, ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը խնդրելու’ մեր վճռակամութիւնը պէտք չէ՞ արտացոլացնէ։—Մատթէոս 6։33

Մեր արժէքաւոր բաներով Եհովան պատուելը կը վարձատրուի։ Սողոմոն կը հաւաստիացնէ. «Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի»։ (Առակաց 3։10) Թէեւ հոգեւոր բարգաւաճութիւնը ինքնին նիւթական բարգաւաճութեան չ’առաջնորդեր, բայց մեր միջոցները առատաձեռնօրէն Եհովան պատուելու համար գործածելը, ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ։ Աստուծոյ կամքը կատարելը, Յիսուսի համար կազդուրիչ «կերակուր» էր։ (Յովհաննու 4։34) Նմանապէս, Եհովան փառաբանող քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ բաժին բերելը մեզ կը սնուցանէ։ Եթէ այդ գործին մէջ յարատեւենք, մեր հոգեւոր շտեմարանները առատութիւնով պիտի լեցուին։ Նոր գինիով պատկերացուած մեր ուրախութիւնը պիտի յորդի։

Նաեւ, մեզի պէտք եղած բառացի կերակուրին համար ամէն օր Եհովայի չե՞նք դիմեր ու իրեն աղօթեր։ (Մատթէոս 6։11) Իրականութեան մէջ, մեր բոլոր ունեցածը մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրմէն կու գայ։ Որքան որ մեր արժէքաւոր բաները իր փառքին համար գործածենք, այնքան Եհովա յաւելեալ օրհնութիւններ պիտի թափէ մեր վրայ։—Ա. Կորնթացիս 4։7

Եհովայի Կրթութիւնը Ընդունեցէք

Եհովայի հետ մտերմանալու համար կրթութեան կարեւորութիւնը նկատելով, Իսրայէլի թագաւորը մեզ կը խրատէ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը [«կրթութիւնը», ՆԱ] մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»։—Առակաց 3։11, 12

Սակայն, կրթութիւն ընդունիլը մեզի համար կրնայ դիւրին չըլլալ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն խրատ [«կրթութիւն», ՆԱ] նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։ (Եբրայեցիս 12։11) Յանդիմանութիւնը եւ կրթութիւնը, մեզ Աստուծոյ մօտեցնող մարզումին անհրաժեշտ մէկ մասն են։ Եհովայէ եկած սրբագրութիւնը մեզի հանդէպ իր սիրոյն արտայայտութիւնն է. ուրկէ՛ որ ալ զայն ստանանք՝ ծնողքէն, քրիստոնէական ժողովքէն կամ մեր անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին Աստուածաշունչին վրայ խոկալէն։ Զայն սիրով ընդունիլը իմաստութիւն է։

Իմաստութիւնը եւ Հանճարը Ամուր Բռնեցէք

Ասկէ ետք, Սողոմոն Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելու համար իմաստութեան ու հանճարին կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Ան կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ . . . Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։—Առակաց 3։13-18

Իր սքանչելի ստեղծագործութեան մէջ, Եհովայի ցուցաբերած իմաստութիւնը ու հանճարը մեր ուշադրութեան յանձնելով, թագաւորը կ’ըսէ. «Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։ . . . Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան, իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ՝ կեանք ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան»։—Առակաց 3։19-22

Իմաստութիւնն ու հանճարը աստուածային յատկութիւններ են։ Ոչ միայն պէտք է մշակենք, այլ նաեւ զանոնք ամուր բռնենք, Աստուածաշունչի մեր ժրաջան ուսումնասիրութեան ու մեր սորվածը գործադրելու մէջ երբեք զանցառու չըլլալով։ Սողոմոն կը շարունակէ, ըսելով. «Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես եւ քու ոտքդ պիտի չսահի»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ»։—Առակաց 3։23, 24

Այո, կրնանք ապահովութեամբ քալել ու մտքի խաղաղութեամբ քնանալ, մինչ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին վրայ գողի նման գալիք ‘յանկարծակի կորուստին’ մօտենալը կը սպասենք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3. Ա. Յովհաննու 5։19) Նոյնիսկ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին, կրնանք հետեւեալ երաշխիքը ունենալ. «Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, ոչ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ, վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի»։—Առակաց 3։25, 26. Մատթէոս 24։21

Աղէկութիւն Ըրէ՛ք

Սողոմոն կը յորդորէ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։ (Առակաց 3։27) Ուրիշներուն բարիք ընելը կը պարփակէ մեր ունեցած միջոցները անոնց ի նպաստ գործածել. ասիկա բազմաթիւ երեսակներ ունի։ Սակայն, ուրիշներ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը ունենալու համար իրենց օգնելը, լաւագոյն բանը չէ՞ որ կրնանք ընել այս «վերջին ժամանակին» մէջ։ (Դանիէլ 12։4) Ուրեմն, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու ժամանակը հիմա՛ է։—Մատթէոս 28։19, 20

Իմաստուն թագաւորը նաեւ կը յիշէ կարգ մը սովորութիւններ, որոնցմէ պէտք է խուսափինք. «Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ ‘Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ’, երբ քու քովդ կայ։ Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր, քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։ Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր, երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։ Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր»։—Առակաց 3։28-31

Իր խրատին պատճառը ամփոփելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։ Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ, բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։ Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ»։—Առակաց 3։32-35

Եհովայի հետ մտերմութիւն վայելելու համար նենգամիտ ու վնասակար դաւեր պէտք չէ հնարենք։ (Առակաց 6։16-19) Մի՛այն եթէ Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը ընենք, իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը պիտի ունենանք։ Նաեւ, կրնայ ըլլալ որ չակնկալուած պատիւ ստանանք, երբ ուրիշներ տեսնեն թէ աստուածային իմաստութեան հետ ներդաշնակ կը գործենք։ Հետեւաբար, մերժե՛նք այս ամբարիշտ ու վայրագ աշխարհի խարդախ կերպերը։ Արդարեւ, ուղիղ ընթացք մը հետապնդենք եւ Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակենք։

[Նկարներ՝ էջ 25]

«Տէրը պատուէ քու արժէքաւոր բաներովդ»