Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մխիթարական պատգամ մը կը մատուցուի Իտալիոյ մէջ

Մխիթարական պատգամ մը կը մատուցուի Իտալիոյ մէջ

Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան

Մխիթարական պատգամ մը կը մատուցուի Իտալիոյ մէջ

ԵՀՈՎԱ «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։ Զինք ընդօրինակել սորվելով, իր ծառաները ‘կարող են մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են’։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Եփեսացիս 5։1) Ասիկա Եհովայի Վկաներուն կատարած քարոզչութեան գործին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է։

Կարօտեալ Կնոջ մը Տրուած Օգնութիւն

Գլխաւորաբար վերջին տարիներուն, աղքատութիւնը, պատերազմը ու աւելի բարգաւաճ կենցաղ մը գտնելու փափաքը, շատերը մղած են որ աւելի հարուստ երկիրներ գաղթեն։ Սակայն, նոր միջավայրի մը յարմարիլը դիւրին չէ։ Մանիոլա, Ալպանացի ազգակիցներու հետ Պորկոմաներոյի մէջ կ’ապրէր։ Քանի որ Իտալիոյ մէջ օրինաւոր կեցութիւն չունէր, ան վարանեցաւ խօսելու Վանտայի հետ, որ Եհովայի Վկաներէն մէկն է։ Այսուհանդերձ, Վանտա ի վերջոյ կրցաւ ժամադրութիւն մը առնել Մանիոլայէն, որ իսկոյն Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, հակառակ անոր որ լեզուական արգելքը ասիկա դժուարացուց։ Սակայն, քանի մը այցելութենէ ետք, Վանտան սկսաւ տունը մարդ չգտնել։ Ի՞նչ պատահած էր։ Վանտա լսեց թէ այդ տան բոլոր բնակիչները փախած էին, քանի որ անոնցմէ մէկը՝ Մանիոլայի ընկերը՝ մարդասպանութեան յանցանքով հեղինակութեանց կողմէ կը փնտռուէր։

Չորս ամիս ետք, Վանտա դարձեալ հանդիպեցաւ Մանիոլայի։ Վանտա կը վերյիշէ, ըսելով. «Դեղնած ու հիւծած, ան իրապէ՛ս տառապած անհատի մը երեւոյթը ունէր»։ Մանիոլա բացատրեց թէ իր նախկին ընկերը բանտն էր, եւ այն բարեկամները որոնց դիմած էր օգնութեան համար, մեծապէս յուսախաբ ըրած էին զինք։ Յուսահատ, ան օգնութեան համար Աստուծոյ աղօթած էր, ապա Աստուածաշունչին մասին խօսող Վանտան յիշած էր։ Մանիոլան որքա՜ն ուրախ էր զինք դարձեալ տեսնելով։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վերսկսուեցաւ եւ Մանիոլան շուտով սկսաւ քրիստոնէական ժողովներու յաճախել։ Ան յաջողեցաւ Իտալիա մնալու համար օրինաւոր արտօնութիւն ստանալ։ Մէկ տարի ետք, Մանիոլան մկրտուած Վկայ մը եղաւ։ Աստուածային խոստումներով մխիթարուած, ան Ալպանիա վերադարձաւ, Աստուածաշունչի մխիթարական պատգամը իր հայրենակիցներուն հետ բաժնելու համար։

Գաղթավայրի մը Մէջ Վկայել

Իտալական ժողովքներէն շատեր Մանիոլայի նման գաղթականներու վկայելու կարգադրութիւններ ըրած են։ Օրինակի համար, Ֆլորանսի մէջ ժողովք մը, կանոնաւորաբար գաղթավայր մը այցելելու կարգադրութիւններ ըրաւ։ Գաղթավայրին բնակիչները, որոնցմէ շատեր Արեւելեան Եւրոպայէն, Մակեդոնիայէն ու Գոսովոյէն էին, զանազան դժուարութիւններու մէջ էին։ Ոմանք թմրեցուցիչի ու խմիչքի մոլութենէ բռնուած էին։ Շատեր պզտիկ գողութիւններ ընելով կ’ապրուէին։

Այս համայնքին մէջ քարոզելը մարտահրաւէր մըն էր։ Այսուհանդերձ, Փաօլա անունով լիաժամ աւետարանիչ քոյր մը, ի վերջոյ Ժագլինա անունով Մակեդոնացի կնոջ մը ծանօթացաւ։ Քանի մը խօսակցութիւններէ ետք, Ժագլինա իր բարեկամուհիներէն մէկը՝ Սուզաննան՝ քաջալերեց որ Աստուածաշունչը քննէ։ Իր կարգին, Սուզաննան իր միւս ազգականներուն հետ խօսեցաւ։ Շատ չանցած, ընտանիքէն հինգ անդամներ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէին, քրիստոնէական ժողովներու ներկայ կ’ըլլային, եւ իրենց սորվածը կը գործադրէին։ Հակառակ իրենց դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն, անոնք Եհովայով ու իր Խօսքով կը մխիթարուին։

Կրօնաւորուհի մը Եհովայէ Եկած Մխիթարութիւնը կ’Ընդունի

Ֆօրմիա գիւղաքաղաքին մէջ, Ասսունդա անունով լիաժամ աւետարանիչ քոյր մը, քալելու դժուարութիւն ունեցող կնոջ մը խօսեցաւ։ Կինը կրօնական դասի մը պատկանող կրօնաւորուհի մըն էր, դաս մը՝ որ հիւանդներուն ու անկարողներուն օգնութիւն կը մատուցանէ հիւանդանոցներու եւ տուներու մէջ։

Ասսունդա կրօնաւորուհիին ըսաւ. «Կը տառապիք, այդպէս չէ՞։ Դժբախտաբար, բոլորս ալ խնդիրներ ունինք, որոնց հետ գլուխ պէտք է ելլենք»։ Այս խօսքին վրայ, կրօնաւորուհին չկրցաւ իր արցունքները զսպել եւ բացատրեց թէ առողջապահական լուրջ խնդիրներէ կը տառապէր։ Ասսունդա զինք քաջալերեց, ըսելով թէ Աստուածաշունչին Աստուածը կրնար զինք մխիթարել։ Կրօնաւորուհին ընդունեց Ասսունդայի ներկայացուցած Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած պարբերաթերթերը։

Իրենց յաջորդ խօսակցութեան ընթացքին, կրօնաւորուհին, որուն անունը Բալմիրա էր, ըսաւ թէ մեծապէս կը տառապէր։ Ան երկար ժամանակ ապրած էր կրօնաւորուհիներու կողմէ ղեկավարուած հաստատութեան մը մէջ։ Երբ ան առողջապահական պատճառներով ստիպուեցաւ հաստատութիւնը ձգել, հոն վերադառնալու արտօնութիւն չտրուեցաւ անոր։ Այսուհանդերձ, որպէս կրօնաւորուհի իր ըրած ուխտերուն համար, Բալմիրա Աստուծոյ հանդէպ պարտաւորութիւն կը զգար։ Ան «բուժման» համար հաւատաբուժներու դիմեց, բայց այդ փորձառութիւնը զգացական մեծ վէրք մը ձգեց։ Բալմիրա համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ տարի մը քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուեցաւ։ Ապա ուրիշ շրջան մը փոխադրուեցաւ եւ Վկայ քրոջ հետ իր կապը խզուեցաւ։ Երկու տարի ետք էր որ Ասսունդա զինք դարձեալ գտաւ։ Բալմիրա իր ընտանիքէն ու կղերներէն մեծ հալածանք կրեց։ Բայց եւ այնպէս, ետ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, հոգեւորապէս յառաջդիմեց եւ որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուեցաւ։

Այո, շատեր կը քաջալերուին ‘մխիթարութիւն հայթայթող Աստուծոյ’ պատգամով։ (Հռովմայեցիս 15։4, 5, ՆԱ) Ուստի, Իտալացի Եհովայի Վկաները վճռած են շարունակել Աստուած ընդօրինակել, մխիթարութեան հոյակապ պատգամը ուրիշներուն մատուցանելով։