«Ցանկալի բաները» կը լեցնեն Եհովայի տունը
«Ցանկալի բաները» կը լեցնեն Եհովայի տունը
«Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։—ԱՆԳԵԱՅ 2։7
1. Ստիպողական կացութեան մը պարագային, ինչո՞ւ նախ մեր սիրելիներուն մասին կը մտածենք։
Ի՞ՆՉ ցանկալի բաներ կը լեցնեն ձեր տունը։ Արդեօք փարթամ կահկարասիք, շատ արդիական համակարգիչ, կամ ձեր կառատան մէջ նոր ինքնաշա՞րժ մը ունիք։ Եթէ նոյնիսկ այս բոլոր բաները ունիք, չէ՞ք համաձայնիր որ ձեր տան մէջ ամենէն թանկագին բաները հոն գտնուող մարդիկը‵ ձեր ընտանիքի անդամներն են։ Երեւակայեցէք պահ մը որ գիշերը ծուխի հոտէն կը զարթնիք։ Ձեր տունը կրակի մէջ է եւ փախչելու համար միայն քանի մը վայրկեան ունիք։ Ի՞նչ կ’ըլլայ ձեր գլխաւոր մտահոգութիւնը։ Ձեր կարասինե՞րը. համակարգի՞չը. ինքնաշա՞րժը։ Աւելի ձեր սիրելիներուն մասին պիտի չմտածէի՞ք։ Անշո՛ւշտ. քանի որ մարդիկ շա՛տ աւելի արժէքաւոր են առարկաներէն։
2. Եհովայի ստեղծագործութեան տարողութիւնը ի՞նչ է եւ Յիսուս անոր ո՞ր մասին հանդէպ շատ խանդաղատանք ունէր։
2 Հիմա մտածեցէք Եհովա Աստուծոյ ու իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Եհովա ինքն է որ ‘երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց’։ (Գործք 4։24) Իր Որդին, «ճարտարապետ»ը, այն գործակալն էր, որու միջոցաւ Եհովա մնացեալ բոլոր բաները ըրաւ։ (Առակաց 8։30, 31. Յովհաննու 1։3. Կողոսացիս 1։15-17) Վստահաբար Եհովայի եւ Յիսուսի համար արժէք ունին ստեղծուած բոլոր բաները։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 1։31) Բայց ըստ ձեզի, ստեղծագործութեան ո՞ր մասը շատ աւելի արժէք ունի անոնց համար. իրե՞րը՝ թէ մարդիկը։ Որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն իր դերին մէջ, Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր», կամ ինչպէս Ուիլիըմ Ֆ. Պէգի թարգմանութիւնը կը ներկայացնէ, Յիսուս «խանդաղատանք ունէր մարդկային արարածներուն հանդէպ»։
3. Եհովա ի՞նչ մարգարէութիւն արտասանեց Անգէի միջոցով։
3 Կասկած չկայ որ Եհովա շատ մեծ արժէք կու տայ մարդոց։ Ասոր մէկ ապացոյցը կը գտնուի մարգարէական խօսքին մէջ, որ ան խօսեցաւ Հ.Դ.Ա. 520–ին, իր Անգէ մարգարէին միջոցաւ։ Եհովա ըսաւ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։ . . . Որով վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ»։—Անգեայ 2։7, 9
4, 5. (ա) Ինչո՞ւ տրամաբանական պիտի չըլլար եզրակացնել թէ «ցանկալի բաներ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ նիւթական շքեղութեան։ (բ) «Ցանկալի բաները» ի՞նչպէս կրնաք սահմանել եւ ինչո՛ւ։
* Վստահաբար, Եհովա չէր ակնկալեր որ աքսորէ վերադարձած յարաբերաբար պզտիկ խումբ մը Հրեաներու կողմէ շինուած տաճարը, իր նիւթական փառքով գերազանցէր Սողոմոնի տաճարը։
4 Ի՞նչ «ցանկալի բաներ» պիտի լեցնէին Եհովայի տունը, անոր աննախընթաց փառք մը բերելով։ Փարթամ կահկարասիք եւ շքեղ զարդարանքնե՞ր։ Ոսկի, արծաթ եւ թանկագին քարե՞ր։ Ասիկա երբեք տրամաբանական պիտի չըլլար։ Մի՛ մոռնաք որ նախկին տաճարը, որու նաւակատիքը շուրջ հինգ դարեր առաջ եղած էր, ներկայ արժէքով, բազմամիլիառ տոլար արժող կառոյց մըն էր։5 Արդ, ի՞նչ են այն «ցանկալի բաները» որոնցմով պիտի լեցուէր Եհովայի տունը։ Որոշ է որ անոնք մարդիկ ըլլալու են։ Իրապէս ալ Եհովայի սիրտը ուրախացնողը արծաթն ու ոսկին չեն, այլ մարդիկ են, որոնք սէրէ մղուած կը պաշտեն զինք։ (Առակաց 27։11. Ա. Կորնթացիս 10։26) Այո, Եհովայի համար թանկարժէք են այն բոլոր տղամարդիկը, կիներն ու երախաները, որոնք ընդունելի կերպով կը պաշտեն զինք։ (Յովհաննու 4։23, 24) Ասո՛նք են «ցանկալի բաները», եւ անոնք շա՛տ աւելի թանկագին են Եհովայի համար, քան Սողոմոնի տաճարը պճնող բոլոր զարդեղէնները։
6. Աստուծոյ վաղեմի տաճարը ի՞նչ նպատակի ծառայեց։
6 Ի հեճուկս անդուլ հակառակութեան, տաճարը ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 515–ին։ Մինչեւ Յիսուսի զոհագործութեան ժամանակը, Երուսաղէմի տաճարը մաքուր պաշտամունքի օճախը մնաց մարմնաւոր Հրեաներէ եւ հեթանոսներէ բաղկացած բազմաթիւ «ցանկալի բաներ»ու համար։ Բայց տաճարը շա՛տ աւելի հոյակապ բան մը կը ներկայացնէր, ինչպէս պիտի տեսնենք։
Կատարումը՝ Առաջին Դարուն
7. (ա) Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ վաղեմի տաճարը ի՞նչ բան կը նախապատկերացնէր։ (բ) Քաւութեան Օրը քահանայապետին կատարած գործողութիւնները նկարագրեցէք։
7 Երուսաղէմի տաճարը կը նախապատկերացնէր պաշտամունքի աւելի մեծ կարգադրութիւն մը։ Անիկա Աստուծոյ հոգեւոր տաճարն է, զոր Եհովա հաստատեց Հ.Դ. 29–ին՝ Յիսուսի Քահանայապետութեամբ։ (Եբրայեցիս 5։4-10. 9։11, 12) Իսրայէլի քահանայապետին եւ Յիսուսի կատարած գործողութիւններուն միջեւ նմանութիւնը նկատի առէք։ Ամէն տարի Քաւութեան Օրը քահանայապետը տաճարի գաւիթին մէջ գտնուող սեղանին կը մօտենար եւ քահանաներուն մեղքերը քաւելու համար զուարակ մը կը մատուցանէր։ Ապա, զուարակին արիւնով տաճար կը մտնէր, սրահը Սրբութենէն բաժնող դռներէն, ու յետոյ Սրբութիւնը՝ Սրբութիւն Սրբութեանցէն բաժնող վարագոյրին մէջէն անցնելով։ Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնելէն ետք, քահանայապետը արիւնը կը սրսկէր ուխտի տապանակին վրայ։ Ապա, նոյն քայլերուն հետեւելով, Իսրայէլի 12 ոչ–քահանայական ցեղերուն քաւութեանը համար նոխազ մը կը մատուցանէր։ (Ղեւտացւոց 16։5-15) Այս ծիսակատարութիւնը ի՞նչպէս կ’առնչուի Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին հետ։
8. (ա) Ի՞նչ առումով Յիսուս Հ.Դ. 29–էն սկսեալ մատուցուեցաւ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ յարաբերութիւն մը վայելեց Եհովայի հետ, իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։
8 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ ու Աստուծոյ հոգիով օծուեցաւ Հ.Դ. 29–ին, ան արդարեւ, Աստուծոյ կամքի սեղանին վրայ մատուցուեցաւ։ (Ղուկաս 3։21, 22) Արդարեւ, այս դէպքը Յիսուսի համար զոհագործական կեանքի ընթացքի մը սկիզբը նշեց, որ երեքուկէս տարի տեւեց։ (Եբրայեցիս 10։5-10) Այդ ժամանակաշրջանին, Յիսուս՝ հոգիէն ծնած յարաբերութիւն մը վայելեց Աստուծոյ հետ։ Ուրիշներ լիովին չէին կրնար ըմբռնել իր երկնաւոր Հօրը հետ Յիսուսի ունեցած այս անզուգական յարաբերութիւնը։ Կարծես ծածկոց մը գոցած ըլլար իրենց ըմբռնումի աչքերը, ճիշդ ինչպէս որ վարագոյր մը Սրբութիւնը կը ծածկէր սրբարանին գաւիթին մէջ գտնուողներուն տեսողութենէն։—Ելից 40։28
9. Յիսուս ինչո՞ւ որպէս մարդ չէր կրնար երկինք մտնել, եւ այս կացութիւնը ի՞նչպէս լուծուեցաւ։
9 Հոգիով օծուած Աստուծոյ Որդի մը ըլլալով հանդերձ, Յիսուս մարդը չէր կրնար երկնային կեանք ձեռք ձգել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարմին ու արիւն չեն կրնար ժառանգել երկնային Թագաւորութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 15։44, 50) Քանի որ Յիսուսի մարդկային մարմինը արգելք մըն էր, անիկա լաւ կերպով կը խորհրդանշէր այն վարագոյրը որ Աստուծոյ վաղեմի տաճարին մէջ Սրբութիւնը կը զատէր Սրբութիւն Սրբութեանցէն։ (Եբրայեցիս 10։20) Բայց իր մահուընէ երեք օր ետք, Աստուած յարուցանեց Յիսուսը որպէս հոգի մը։ (Ա. Պետրոս 3։18) Այլեւս ան կրնար Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցը՝ ուղղակի երկինք մտնել։ Ճիշդ այս էր որ տեղի ունեցաւ։ Պօղոս կը գրէ. «Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ [հաւանաբար ակնարկելով Սրբութիւն Սրբութեանցին], որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։—Եբրայեցիս 9։24
10. Յիսուս երբ երկինք վերադարձաւ՝ ի՞նչ ըրաւ։
10 Երկնքի մէջ, Յիսուս իր զոհին ‘արիւնը սրսկեց’, իր կեանքի արեան քաւիչ արժէքը Եհովայի ներկայացնելով։ Բայց Յիսուս ասկէ աւելին ըրաւ։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, ան իր հետեւորդներուն ըսած էր. «Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ (Յովհաննու 14։2, 3) Ուստի, Սրբութիւն Սրբութեանց կամ երկինք մտնելու արտօնութիւն ունենալով, Յիսուս ճամբան բացաւ որպէսզի ուրիշներն ալ իրեն հետեւին։ (Եբրայեցիս 6։19, 20) Այս անհատները՝ որոնց թիւը 144,000 պիտի ըլլար՝ Աստուծոյ հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան մէջ որպէս ենթաքահանաներ պիտի ծառայէին։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1. 20։6) Ճիշդ ինչպէս որ Իսրայէլի քահանայապետը նախ քահանաներուն մեղքերը քաւելու համար զուարակին արիւնը Սրբութիւն Սրբութեանցը կը տանէր, Յիսուսի թափած արիւնը նախ կիրարկուեցաւ այս 144,000 ենթաքահանաներուն։ *
Արդի «Ցանկալի Բաները»
11. Իսրայէլի քահանայապետը որո՞նց ի նպաստ նոխազ մը կը մատուցանէր, եւ ասիկա ի՛նչ կը նախապատկերացնէր։
11 Այնպէս կը թուի թէ 1935–ի ատենները, օծեալներուն ընդհանուր հաւաքումը ամբողջացած էր։ * Բայց Եհովա իր տանը փառաւորումը տակաւին չէր վերջացուցած։ «Ցանկալի բաները» տակաւին պիտի գային անոր մէջ։ Մի՛ մոռնաք որ Իսրայէլի մէջ քահանայապետը երկու անասուն կը մատուցանէր. քահանաներուն մեղքին համար զուարակ մը, իսկ քահանայութեան չպատկանող ցեղերուն մեղքերուն համար՝ նոխազ մը։ Քանի որ քահանաները կը պատկերացնէին օծեալները, որոնք Յիսուսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլային, արդ, որո՞նք ներկայացուած էին քահանայութեան չպատկանող ցեղերով։ Պատասխանը կը գտնուի Յիսուսի խօսքերուն մէջ, որոնք արձանագրուած են Յովհաննու 10։16–ի մէջ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։ Հետեւաբար, Յիսուսի թափած արիւնէն մարդոց երկու խումբեր կ’օգտուին. նախ՝ այն Քրիստոնեաները, որոնց յոյսն է երկնքի մէջ Յիսուսի հետ իշխել, իսկ երկրորդ՝ անոնք որոնք դրախտանման երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու ակնկալութիւնը ունին։ Որոշ է որ այս երկրորդ խումբն է որ պատկերացուած է Անգէի մարգարէութեան «ցանկալի բաներ»ով։—Միքիայ 4։1, 2. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
12. Ներկայիս բազմաթիւ «ցանկալի բաներ» ի՞նչպէս կը բերուին Աստուծոյ տունը։
12 Այս «ցանկալի բաները» տակաւին կը լեցնեն Եհովայի տունը։ Վերջերս, Արեւելեան Եւրոպայի, Ափրիկէի կարգ մը մասերուն եւ ուրիշ երկիրներու մէջ արգելքները վերցուեցան, թոյլ տալով որ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը ծաղկի մինչեւ այժմ անձեռնմխելի եղող թաղամասերու մէջ։ Մինչ ցանկալի անհատներ կու գան Աստուծոյ տաճարանման կարգադրութեան մէջ, անոնք իրենց կարգին կը ջանան ուրիշները աշակերտել, հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մինչ ասիկա կ’ընեն, անոնք կը հանդիպին շատ անհատներու՝ երիտասարդ թէ տարեց, որոնք հնարաւորութիւնը ունին իրենց կարգին «ցանկալի բաներ» ըլլալու, որոնք պիտի փառաւորեն Եհովայի տունը։ Միայն քանի մը օրինակով տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս տեղի կ’ունենայ։
13. Պոլիվիայի մէջ աղջնակ մը Թագաւորութեան պատգամը տարածելու հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։
13 Պոլիվիայի մէջ հինգ տարեկան աղջնակ մը, որ Վկայ ծնողներու կողմէ մեծցած էր, շրջանային տեսուչին այցելած շաբաթը դպրոցէն բացակայելու համար իր ուսուցչուհիէն արտօնութիւն խնդրեց։ Ինչո՞ւ։ Ան ծառայութեան այդ մասնաւոր շաբթուան ընթացքին կը փափաքէր ծառայութեան մասնակցիլ։ Ասիկա զարմացուց իր ծնողքը, բայց անոր այս լաւ կեցուածքը զիրենք ուրախացուց։ Աղջնակը ներկայիս հինգ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէ եւ այդ աշակերտներէն ոմանք քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախեն։ Ան նոյնիսկ իր ուսուցչուհին Թագաւորութեան Սրահ բերած էր։ Թերեւս ժամանակի ընթացքին իր Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք ապացուցանեն որ «ցանկալի բաներ» են, որոնք Եհովայի տունը պիտի փառաւորեն։
14. Քորէայի մէջ, երեւութապէս հետաքրքրութիւն չունեցող անհատի մը հետ խօսելու քրոջ մը յարատեւութիւնը ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։
14 Քորէայի մէջ, Քրիստոնեայ կին մը մինչ գնացքը կը սպասէր, մօտեցաւ ուսանողի մը, որ ականջին ընկալուչը դրած երաժշտութիւն կ’ունկնդրէր։ «Կրօնքի մը կը պատկանի՞ս», հարցուց ան։ «Ես ո՛չ մէկ կրօնքով հետաքրքրուած եմ», պատասխանեց ուսանողը։ Քոյրը շուտով չհրաժարեցաւ, այլ շարունակեց. «Ժամանակ մը կու գայ որ անհատ մը կրնայ փափաքիլ կրօնքի մը հետեւիլ։ Բայց եթէ կրօնքի մասին գիտութիւն չունենայ, կրնայ սխալ կրօնք մը ընտրել»։ Ուսանողին դէմքի արտայայտութիւնը փոխուեցաւ ու սկսաւ հետաքրքրութեամբ մտիկ ընել մեր քրոջ։ Քոյրը անոր ներկայացուց՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը եւ ըսաւ որ այն օրը որ որոշէ կրօնք մը ընտրել, այս գրականութիւնը մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ իրեն։ Ան սիրով ընդունեց գիրքը։ Յաջորդ շաբաթ, ան սկսաւ Եհովայի Վկաներու հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ այժմ բոլոր ժողովներուն ներկայ կ’ըլլայ։
15. Ճափոնէն անչափահաս մը ի՞նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը սկսի եւ անոր ջանքերը ի՛նչպէս վարձատրուած են։
15 Ճափոնի մէջ, 12 տարեկան Մեկումին իր դպրոցը կը նկատէ քարոզելու եւ սորվեցնելու համար արդիւնաբեր դաշտ մը։ Ան կրցած է նոյնիսկ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Մեկումի ասիկա ի՞նչպէս կ’ընէ։ Քանի որ ան կէսօրուան ճաշի պահուն Աստուածաշունչ կը կարդայ եւ ժողովները կը պատրաստէ, սովորաբար իր դասընկերները կը հարցնեն թէ ի՛նչ կ’ընէ։ Ոմանք Մեկումիի կը հարցնեն թէ դպրոցի կարգ մը գործունէութիւններուն ինչո՛ւ չի մասնակցիր։ Մեկումի այս հարցումներուն կը պատասխանէ, ապա անոնց կ’ըսէ որ Աստուած անուն մը ունի։ Ասիկա յաճախ իր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Անկէ ետք անոնց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կ’առաջարկէ։ Մեկումի հիմա 20 ուսումնասիրութիւններ կը վարէ, որոնցմէ 18–ն իր դասընկերներն են։
16. Գամերունի մէջ եղբայր մը ի՞նչպէս կրցաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ ծաղրողներու խումբի մը պատկանող կարգ մը անհատներու հետ։
16 Գամերունի մէջ, գործի վայրի մը վրայ աշխատող ութ հոգիներէ բաղկացած տղամարդիկ, իրենց քով կանչեցին եղբայր մը, որ անցորդներուն սուրբ գրային գրականութիւններ կը մատուցանէր։ Եղբօրը վրայ խնդալու մտքով, անոնք հարցուցին որ ինչո՛ւ չէր հաւատար Երրորդութեան, դժոխքի կրակին կամ հոգիի անմահութեան։ Աստուածաշունչը գործածելով, մեր եղբայրը այս հարցումներուն պատասխանեց։ Որպէս հետեւանք, այդ մարդոցմէ երեքը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեցին։ Անոնցմէ մէկը, Տանիէլ, սկսաւ ժողովներու յաճախել եւ նոյնիսկ ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող բոլոր բաները փճացուց։ (Յայտնութիւն 21։8) Տարի մը չանցած ան մկրտուեցաւ։
17. Էլ Սալվատորի մէջ եղբայրներ ի՞նչպէս հնարամտութիւն գործածեցին քարոզելու համար մարդու մը, որ նախ չուզեց Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընել։
17 Էլ Սալվատորի մէջ, մարդ մը երբ իր թաղին մէջ Եհովայի Վկաները տեսնէր, իր կատաղի շունը դրան առջեւ կը կապէր։ Մարդը կը սպասէր որ Վկաները հեռանային, ապա շունը ետ տուն կը մտցնէր։ Եղբայրները բնաւ չէին կրցած այս մարդուն հետ խօսիլ։ Ուստի, օր մը անոնք որոշեցին տարբեր մօտեցում մը փորձել։ Գիտնալով որ մարդը պիտի լսէր իրենց ըսածը, անոնք որոշեցին շան քարոզել։ Անոնք տան մօտեցան, շան բարեւեցին եւ ըսին որ շատ ուրախ էին որ իրեն հետ խօսելու առիթը ունէին։ Անոնք խօսեցան այն ժամանակին մասին,
երբ երկրի վրայ դրախտ մը պիտի ըլլար, երբ բարկացկոտ մէկը պիտի չըլլար, այո, ժամանակ մը, երբ նոյնիսկ անասունները խաղաղասէր պիտի ըլլային։ Ապա քաղաքավարօրէն շան հրաժեշտ տալէ ետք իրենց ճամբան շարունակեցին։ Անոնք շատ զարմացան, երբ մարդը տունէն դուրս ելաւ եւ ներողութիւն խնդրեց որ Վկաներուն երբեք առիթ չէր տուած իրեն հետ խօսելու։ Ան պարբերաթերթերը ընդունեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ իրեն հետ։ Այս մարդը հիմա մեր եղբայրը՝ «ցանկալի բաներ»էն մէկն է։«Մի՛ Վախնաք»
18. Շատ Քրիստոնեաներ ի՞նչպիսի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ իր երկրպագուները։
18 Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու կենսական գործին կը մասնակցի՞ք։ Եթէ այո, իրապէս առանձնաշնորհեալ էք։ Արդարեւ, Եհովա այս գործին միջոցաւ է որ «ցանկալի բաներ»ը իր տան մէջ կը հաւաքէ։ (Յովհաննու 6։44) Ճիշդ է որ երբեմն քիչ մը յոգնած կամ յուսահատած կրնաք ըլլալ։ Կը պատահի որ նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք անարժէք զգալու զգացումին հետ կը պայքարին։ Բայց քաջալերուեցէ՛ք։ Իւրաքանչիւր երկրպագու Եհովայի աչքին ցանկալի է եւ ինք իրապէս հետաքրքրուած է ձեր փրկութեամբ։—Բ. Պետրոս 3։9
19. Եհովա ի՞նչ քաջալերութիւն հայթայթեց Անգէի միջոցաւ, իսկ այս խօսքերը ի՞նչպէս կրնան ուժի աղբիւր մը ըլլալ։
19 Երբ յուսահատած զգանք, հակառակութեան թէ անհաճելի պարագաներու բերմամբ, հայրենադարձ Հրեաներուն ըսած Եհովայի խօսքերը կրնան ուժի աղբիւր մը ըլլալ։ Անգեայ 2։4-6–ի մէջ կը կարդանք. «‘Բայց արդ՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. քանզի ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ ‘Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը ձեզի խոստացայ, որ իմ Հոգիս ձեր մէջ կենայ. մի՛ վախնաք։ Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը, բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ’»։ Նկատի առէք որ Եհովա ո՛չ միայն մեզ կը յորդորէ որ զօրաւոր ըլլանք, այլ զօրութիւն ձեռք ձգելու միջոցն ալ կը հայթայթէ։ Ի՞նչպէս։ Նկատի առէք վստահութիւն ներշնչող հետեւեալ խօսքերը՝ «Ես ձեզի հետ եմ»։ Որքա՜ն հաւատք կը զօրացնէ գիտակցիլը թէ ինչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած խոչընդոտները՝ Եհովա մեզի հետ է։—Հռովմայեցիս 8։31
20. Հիմա ի՞նչ կերպով աննախընթաց փառք մը կը լեցնէ Եհովայի տունը։
20 Եհովա անշուշտ ապացուցանած է որ ինք իր ժողովուրդին հետ է։ Արդարեւ, ճիշդ Անգէ մարգարէին միջոցաւ իր նշածին պէս եղաւ. «Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ, այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ»։ (Անգեայ 2։9) Իրապէս ալ Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ մեծագոյն փառքը կը գտնուի։ Այո, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կը միանան մաքուր պաշտամունքին։ Անոնք հոգեւորապէս լաւ կերակրուած ըլլալով, նոյնիսկ այս խռովեալ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն մը կը վայելեն, որու պիտի գերազանցէ միայն Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջի խաղաղութիւնը։—Եսայեայ 9։6, 7. Ղուկաս 12։42
21. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր վճիռը։
21 Մօտ ատենէն Եհովա ազգերը պիտի շարժէ Արմագեդոնին։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Ուստի, մնացեալ ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք աւելի շատ կեանքեր փրկելու նպաստելով։ Թող որ զօրաւոր ըլլանք եւ լիովին վստահինք Եհովայի։ Վճռենք շարունակել զինք պաշտել իր հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ, զայն աւելի շատ «ցանկալի բաներ»ով լեցնելով, մինչեւ որ Եհովա ըսէ թէ մեր գործը ամբողջացած է։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Սողոմոնի տաճարին շինութեան համար եղած նուիրատուութեան ընդհանուր գումարը, ներկայ արժէքով մօտաւորապէս 40 միլիառ տոլարի համարժէք էր։ Ինչ որ շինարարութեան համար չէր գործածուած, տաճարի գանձերուն մէջ դրուած էր։—Գ. Թագաւորաց 7։51
^ պարբ. 10 Իսրայէլի քահանայապետին հակառակը, Յիսուս մեղքեր չունէր, որոնց համար քաւութեան կարիքը ունենար։ Սակայն իր ընկերակից քահանաները մեղքեր ունէին, քանի որ մեղաւոր մարդոց մէջէն առնուած էին։—Յայտնութիւն 5։9, 10
^ պարբ. 11 Տես՝ Դիտարան 1 Փետրուար 1998, էջ 17-22։
Կը յիշէ՞ք
• Եհովայի համար ի՞նչ բան նիւթական բաներէն թանկարժէք է։
• Յիսուսի թափած արիւնը ո՞ր երկու խումբերուն համար շահեկան է։
• Ի՞նչ են «ցանկալի բաները» որոնք Եհովայի տունը փառքով պիտի լեցնէին։
• Ի՞նչ ապացոյց ունինք որ Անգէի մարգարէութիւնը ներկայիս կը կատարուի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Գծապատկեր՝ էջ 16]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Եհովայի վաղեմի տաճարին այլաբանական իմաստը գիտէ՞ք
Սրբութիւն Սրբութեանց
Վարագոյր
Սրբութիւն
Գաւիթ
Սեղան
Սրահ
[Նկար՝ էջ 17]
Քահանայապետը Ղեւտացիներու մեղքերուն համար զուարակ մը, իսկ ոչ–քահանայական ցեղերու մեղքերուն համար նոխազ մը կը մատուցանէր
[Նկար՝ էջ 18]
Թագաւորութեան քարոզչութեան համաշխարհային գործը հսկայ ամբոխներ Եհովայի տունը կը բերէ