Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամբարիշտը տակաւին ո՞րքան ժամանակ ունի

Ամբարիշտը տակաւին ո՞րքան ժամանակ ունի

Ամբարիշտը տակաւին ո՞րքան ժամանակ ունի

«Դո՛ւն [ո՛վ Եհովա], . . . երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես»։—ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1։13

1. Երկիրը ե՞րբ ամբողջովին Եհովայի փառքին գիտութիւնով պիտի լեցուի։

ԱՐԴԵՕՔ Աստուած օր մը պիտի կործանէ՞ ամբարիշտը։ Եթէ այո, տակաւին ո՞րքան պէտք է սպասենք։ Համայն աշխարհի մէջ, մարդիկ նման հարցումներ կը հարցնեն։ Ասոնց պատասխանները ո՞ւր կրնանք գտնել։ Որոշուած ժամանակին համար Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած մարգարէական խօսքերուն մէջ կրնանք գտնել զանոնք։ Անոնք մեզ կը հաւաստիացնեն որ Եհովա շուտով իր դատաստանը պիտի գործադրէ բոլոր ամբարիշտներուն վրայ։ Միայն այն ատեն է որ ամբողջովին «երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Մարգարէական ա՛յս խոստումը կը գտնենք Աստուծոյ Սրբազան Խօսքին՝ Ամբակումայ 2։14–ի մէջ։

2. Ամբակումայ գիրքը աստուածային ի՞նչ երեք դատավճիռներ կը պարունակէ։

2 Ամբակումայ գիրքը, որ գրուած է շուրջ Հ.Դ.Ա. 628–ին, կը բաղկանայ Եհովա Աստուծոյ կողմէ տրուած երեք դատավճիռներու շարքէ մը։ Այս դատաստաններէն երկուքը արդէն գործադրուած են։ Անոնցմէ առաջինը՝ վաղեմի Յուդայի կամակոր ազգին դէմ Եհովայի դատաստանն էր։ Իսկ երկրո՞րդը։ Անիկա բռնատէր Բաբելոնի վրայ գործադրուած Աստուծոյ դատաստանն էր։ Ուստի, վստահ ենք որ աստուածային դատաստաններուն երրորդն ալ պիտի գործադրուի։ Իրականութեան մէջ, կրնանք ակնկալել որ անիկա շուտով գործադրուի։ Այս վերջին օրերուն ապրող արդարներուն սիրոյն, Աստուած բոլոր ամբարիշտ մարդոց վրայ կործանում պիտի բերէ։ Իսկ անոնցմէ վերջինը իր վերջին շունչը պիտի փչէ արագօրէն մօտեցող «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին»։—Յայտնութիւն 16։14, 16

3. Ներկայ ամբարիշտներուն վրայ ի՞նչ պիտի գայ։

3 Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմը որեւէ ժամանակէ աւելի մօտ է։ Իսկ ներկայ ամբարիշտներուն վրայ աստուածային դատաստանի գործադրումը նո՛յնքան վստահ է, որքան՝ Յուդայի ու Բաբելոնի վրայ Եհովայի դատաստաններուն գործադրութիւնը։ Սակայն ճիշդ հիմա, երեւակայենք որ կը գտնուինք Ամբակումի օրուան Յուդայի մէջ։ Այդ երկրին մէջ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Անկարգութեան Մատնուած Երկիր մը

4. Ամբակում ի՞նչ ցնցիչ գոյժ մը կը լսէ։

4 Երեւակայեցէք Աստուծոյ մարգարէն՝ Ամբակում, որ իր տան երդիքը նստած կ’ըմբոշխնէ երեկոյեան զով զեփիւռը։ Իր կողքին նուագարան մը կայ։ (Ամբակումայ 1։1. 3։19) Բայց Ամբակում ցնցիչ գոյժ մը կը լսէ։ Յուդայի Յովակիմ Թագաւորը սպաննած է Ուրիան եւ այդ մարգարէին դիակը հասարակ ժողովուրդին գերեզմանատան մէջ նետած է։ (Երեմեայ 26։23) Ճիշդ է որ Ուրիան չշարունակեց Եհովայի ապաւինիլ. ան վախցաւ ու Եգիպտոս փախաւ։ Սակայն Ամբակում գիտէ թէ Յովակիմի գործած վայրագ արարքը որեւէ կերպով Եհովայի պատիւը վեր պահելու մտքով եղած չէր։ Ասիկա բացայայտ է աստուածային օրէնքին հանդէպ թագաւորին լրիւ անտեսումէն եւ Երեմիա մարգարէին ու Եհովայի ծառայող ուրիշ անհատներու հանդէպ անոր ատելութենէն։

5. Յուդայի հոգեւոր վիճակը ի՞նչ է եւ Ամբակում ի՛նչպէս կը հակազդէ։

5 Ամբակում կը տեսնէ որ մօտակայ տուներու ծխնելոյզներէն խունկի ծուխեր կը բարձրանան։ Մարդիկ Եհովայի պաշտամունքին համար չէ որ կը ծխեն այս խունկերը։ Անոնք Յուդայի չար թագաւորին՝ Յովակիմի կողմէ քաջալերուած սուտ կրօնքի պատկանող արարողութիւններ կ’ընեն։ Ի՜նչ անշնորհքութիւն։ Ամբակում արտասուալից աչքերով կը պաղատի. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ եւ դատ ու վէճ հանող կայ։ Անոր համար օրէնքը կը խափանուի ու իրաւունքը չի գործադրուիր, քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ, այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ»։—Ամբակումայ 1։2-4

6. Յուդայի մէջ ի՞նչ պատահած է օրէնքին եւ իրաւունքին։

6 Այո, յափշտակութիւնը եւ զրկանքը շատցած են։ Ամբակում ո՛ւր որ նայի, նեղութիւն, կռիւ ու վէճ կը տեսնէ։ ‘Օրէնքը խափանուած’՝ անզօր դարձած է։ Իսկ իրաւո՞ւնքը։ Անիկա յաղթականօրէն ‘չի գործադրուիր’. անիկա բնաւ չի տիրապետեր։ Ընդհակառակը, ‘անօրէնը արդարը կը շրջապատէ’, անմեղը պաշտպանելու մտադրութեամբ դրուած օրէնքները խափանելով։ Արդարեւ, ‘դատաստանը ծռած’ է։ Կացութիւնը շա՜տ ցաւալի է։

7. Ամբակում ի՞նչ ընել վճռած է։

7 Ամբակում կանգ կ’առնէ ու կացութեան մասին կը մտածէ։ Ձեռնթափ պիտի ըլլա՞յ։ Անշուշտ որ ո՛չ։ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն կրած հալածանքները աչքէ անցընելէ ետք, այս ուղղամիտ մարդը կը վճռէ որպէս Եհովայի մարգարէն, հաստատ ու անխախտ մնալ։ Ամբակում պիտի շարունակէ Աստուծոյ պատգամը ծանուցանել, նոյնիսկ երբ անիկա մահ նշանակէ իրեն համար։

Եհովա Անհաւատալի «Գործ» մը կը Կատարէ

8, 9. Եհովա ի՞նչ անհաւատալի «գործ» կը կատարէ։

8 Տեսիլքի մէջ, Ամբակում կը տեսնէ կեղծ կրօնականներ, որոնք Աստուած կ’անպատուեն։ Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ կ’ըսէ անոնց. «Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք»։ Հաւանաբար Ամբակում ինքզինքին հարց կու տայ թէ Աստուած ինչո՛ւ այս կերպով կը խօսի այդ ամբարիշտներուն հետ։ Ապա կը լսէ անոնց ուղղած Եհովայի խօսքերը. «Ապշեցէ՛ք, վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ, որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք»։ (Ամբակումայ 1։5) Արդարեւ, Եհովա ի՛նքն է այս գործը կատարողը, որուն չեն կրնար հաւատալ։ Բայց ի՞նչ է այս գործը։

9 Ամբակում ուշի ուշով մտիկ կ’ընէ Աստուծոյ յաջորդ խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Ամբակումայ 1։6-11–ի մէջ։ Ասիկա Եհովայի պատգամն է. ո՛չ մէկ չաստուած, ո՛չ մէկ անկենդան կուռք կրնայ արգելք հանդիսանալ անոր կատարման. «Ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները, այն դառն ու արագընթաց ազգը, որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար՝ ամբողջ երկիրը կը պտըտի։ Անիկա սոսկալի եւ ահարկու է, անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը իրեն կը պատկանին։ Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են ու [«երեկոյեան», Արարատ] գայլերէն աւելի կատաղի։ Անոր ձիաւորները [«նժոյգները», ՆԱ] պիտի ցատկեն [«արշաւեն», Արարատ], անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։ Անոնք զրկանքի համար պիտի գան, գունդերուն երեսները դէպի յառաջ պիտի ըլլան ու աւազի պէս գերիներ պիտի հաւաքեն։ Անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ, իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան։ Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ, վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ։ Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ [«այն ատեն, անիկա հովի մը պէս պիտի ընթանայ ու անցնի», ՆԱ] եւ իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ»։

10. Եհովա որո՞նք կը հանէ։

10 Բարձրեալ Աստուծմէ եկած մարգարէական ի՜նչ ազդարարութիւն։ Եհովա Քաղդէացիները՝ Բաբելոնի վայրագ ազգը՝ կը հանէ։ ‘Երկիրը պտըտելով’ անիկա շատ ու շատ բնակութիւններ պիտի նուաճէ։ Շա՛տ սարսափելի է։ Քաղդէացիներու բանակը «սոսկալի եւ ահարկու» է, իրապէս ահ ու սարսափ կը ներշնչէ։ Անիկա իր անթեք օրէնքները կը հաստատէ։ ‘Անոր դատաստանը իրեն կը պատկանի’։

11. Յուդայի վրայ արշաւող բաբելոնական ուժերը ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել։

11 Բաբելոնի ձիերը ինձերէն արագընթաց են։ Անոր ձիաւորները գիշերը որսացող սոված գայլերէն կատաղի են։ Յարձակելու եռանդով վառուած, ‘անոր նժոյգները կ’արշաւեն’ անհամբերութեամբ։ Հեռաւոր Բաբելոնէն անոնք կ’ուղղուին դէպի Յուդա։ Համադամ կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի մը նման, Քաղդէացիները շուտով իրենց որսին վրայ պիտի յարձակին։ Արդեօք ասիկա միայն արշաւանք մը, քանի մը զինուորներով յարձակո՞ւմ մը պիտի ըլլայ։ Ո՜չ։ «Անոնք զրկանքի համար պիտի գան» որպէս ասպատակողներու հսկայ գունդ մը, ամբողջական աւերում պատճառելու համար։ Մինչ արեւելեան հովի նման սրընթաց կ’ուղղուին դէպի Յուդա ու Երուսաղէմ, անոնց դէմքերը բոցավառուած են մեծ անձկութեամբ։ Բաբելոնական ուժերը այնքան կալանաւորներ կ’առնեն, որ ‘գերիները աւազի պէս կը հաւաքեն’։

12. Բաբելոնացիներուն կեցուածքը ի՞նչ է, եւ այս ահաւոր թշնամին ի՞նչ բանով «յանցաւոր կ’ըլլայ»։

12 Քաղդէական բանակը ծաղրուծանակ կ’ընէ թագաւորներն ու բարձր պաշտօնեաները, որոնք անոր անողոք արշաւը կեցնելու անզօր են։ ‘Անիկա ամէն պարսպի վրայ կը խնդայ’, քանի որ բոլոր ամրոցները կ’իյնան, երբ Բաբելոնացիները ‘հող դիզելով’՝ թումբեր շինելով՝ յարձակում կը գործեն։ Եհովայի որոշած ժամանակին, այդ ահաւոր թշնամին ‘հովի պէս պիտի ընթանայ’։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակելով, ան Աստուծոյ ժողովուրդին վնաս հասցնելուն համար «յանցաւոր պիտի ըլլայ»։ Սրընթաց յաղթանակէ մը ետք, Քաղդէացի հրամանատարը պիտի պարծենայ, ըսելով՝ ‘Այս զօրութիւնը մեր աստուծոյն շնորհիւ է’։ Բայց ի՜նչ քիչ է անոր տեղեկութիւնը։

Յոյսի Իրական Հիմ մը

13. Ամբակում ինչո՞ւ յոյսով ու վստահութեամբ կը լեցուի։

13 Եհովայի նպատակներուն մասին յաւելեալ հասկացողութիւն ունենալով, Ամբակումի սիրտը յոյսով կը լեցուի։ Կատարեալ վստահութեամբ լեցուած, ան հիացմունքով կը խօսի Եհովայի մասին։ Ինչպէս նշուած է Ամբակումայ 1։12–ի մէջ, մարգարէն կ’ըսէ. «Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։ Պիտի չմեռնինք [«դուն չես մեռնիր», ՆԱ]»։ Արդարեւ, Եհովա «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» Աստուած է։—Սաղմոս 90։1, 2

14. Յուդայի հաւատուրացները ի՞նչ ընթացքի հետեւած են։

14 Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած տեսիլքին մասին խորհելով եւ անոր տուած հասկացողութեան վրայ հրճուելով, մարգարէն կը շարունակէ ըսել. «Ո՜վ Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր։ Ո՜վ Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր»։ Աստուած դատապարտած է Յուդայի հաւատուրացները եւ հիմա անոնք Եհովայի կողմէ պիտի յանդիմանուին, խիստ պատիժի պիտի արժանանան։ Անոնք իրեն պէտք էր նայէին որպէս իրենց Վէմը, միակ իրական ամրոցը, ապաստանը եւ փրկութեան աղբիւրը։ (Սաղմոս 62։7. 94։22. 95։1) Սակայն, Յուդայի հաւատուրաց առաջնորդները Աստուծոյ չեն մօտենար եւ կը շարունակեն անոր անվնաս երկրպագուները հարստահարել։

15. Ի՞նչ առումով Եհովայի «աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են»։

15 Այս կացութիւնը մեծապէս կը վշտացնէ Եհովայի մարգարէն։ Ուստի, ան կ’ըսէ. «Դո՛ւն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են ու անիրաւութեան նայելու կարող չեն»։ (Ամբակումայ 1։13) Այո, Եհովայի «աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են». ան չի կրնար սխալին հանդուրժել։

16. Ամբակումայ 1։13-17–ի արձանագրութիւնը ի՞նչպէս կրնաք ամփոփել։

16 Արդ, Ամբակումի մտքին մէջ միտք գրգռող հարցումներ կը ծագին։ Ան կը հարցնէ. «Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս, երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես։ Մարդը ծովու ձուկերու պէս կ’ընես, սողուններու պէս՝ որոնք իրենց վրայ տիրող չունին։ Անոնց ամէնքը կարթով կը հանէ։ Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ։ Զանոնք իր ցանցովը կը հաւաքէ, անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ։ Անոր համար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ ու իր ցանցին խունկ կը ծխէ, վասն զի անոնցմով իր բաժինը՝ գէր ու իր կերակուրը պարարտ կ’ըլլայ։ Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞ ու ազգերը կոտորելէն պիտի չդադարի՞»։—Ամբակումայ 1։13-17

17. (ա) Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակելով, Բաբելոնացիները ի՞նչպէս Աստուծոյ նպատակին կը ծառայեն։ (բ) Եհովա ի՞նչ պիտի յայտնէ Ամբակումին։

17 Յուդայի ու անոր մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմի, վրայ յարձակելով, Բաբելոնացիները իրենց ցանկութեան համաձայն պիտի վարուին։ Անոնք պիտի չգիտնան որ Աստուած զիրենք կը գործածէ, որպէսզի անհաւատարիմ ժողովուրդի մը վրայ իր արդար դատաստանը բերէ։ Դիւրին է տեսնել թէ Ամբակում ինչո՛ւ դժուարութիւն ունեցաւ հասկնալու թէ Աստուած ամբարիշտ Բաբելոնացիները կը գործածէր՝ Իր դատաստանը գործադրելու համար։ Այդ անգութ Քաղդէացիները Եհովան պաշտողներ չեն։ Անոնք մարդիկը կը նկատեն պարզապէս որպէս ‘ձուկեր կամ սողուններ’, որոնք բռնուելու եւ նուաճուելու արժանի են։ Բայց Ամբակումի շփոթութիւնը երկար պիտի չտեւէ։ Եհովա շուտով իր մարգարէին պիտի յայտնէ թէ Բաբելոնացիները իրենց ագահ յափշտակութեան եւ անզուսպ արիւնապարտութեան համար անպատիժ պիտի չմնան։—Ամբակումայ 2։8

Եհովայի Յաջորդ Խօսքերուն Համար Պատրաստ

18. Ամբակումայ 2։1–ի մէջ յայտնաբերուած Ամբակումի ընթացքէն ի՞նչ կը սորվինք։

18 Հիմա սակայն, Ամբակում կը սպասէ Եհովայի յաջորդ խօսքերը լսել։ Մարգարէն վճռակամօրէն կը նշէ. «Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։ Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս համար ի՛նչ պատասխան պիտի տամ»։ (Ամբակումայ 2։1) Ամբակում չափազանց հետաքրքրուած է թէ Աստուած տակաւին ի՛նչ պիտի խօսի, որպէս մարգարէ իր միջոցաւ։ Հաւատալով որ Եհովա Աստուած մըն է, որ չարութեան չի հանդուրժեր, ան կը զարմանայ թէ ամբարշտութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակէ գերակշռել, բայց կ’ուզէ որ իր մտածելակերպը շտկուի։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Երբ մենք ալ հարց տանք թէ կարգ մը չար բաներ ինչո՛ւ կը հանդուրժուին, Եհովա Աստուծոյ արդարութեան վրայ մեր վստահութիւնը մեզի պէտք է օգնէ որ մեր հաւասարակշռութիւնը պահենք եւ իրեն սպասենք։—Սաղմոս 42։5, 11

19. Ամբակումի տուած Եհովայի խօսքերուն առ ի կատարում, ի՞նչ պատահեցաւ կամակոր Հրեաներուն։

19 Ամբակումի տուած իր խոստումը պահելով, Եհովա դատաստանը գործադրեց կամակոր Հրեայ ազգին վրայ, թոյլ տալով որ Բաբելոնացիները ներխուժեն Յուդայի վրայ։ Հ.Դ.Ա. 607–ին, անոնք կործանեցին Երուսաղէմը եւ տաճարը, ծերերն ու երիտասարդները անխնայ սպաննեցին եւ շատ գերիներ տարին։ (Բ. Մնացորդաց 36։17-20) Բաբելոնի մէջ երկար տարիներու աքսորէն ետք, Հրեայ հաւատարիմ մնացորդ մը իր հայրենիքը վերադարձաւ եւ վերջապէս տաճարը վերաշինեց։ Սակայն անկէ ետք, Հրեաները դարձեալ Եհովայի անհաւատարիմ գտնուեցան, մանաւանդ երբ Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիան։

20. Պօղոս ի՞նչպէս գործածեց Ամբակումայ 1։5–ը Յիսուսի մերժումին կապակցաբար։

20 Գործք Առաքելոց 13։38-41–ի համաձայն, Պօղոս առաքեալ Անտիոքի Հրեաներուն ցոյց տուաւ թէ Յիսուսը մերժելուն եւ անոր փրկանքի զոհը արհամարհելուն հետեւանքը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Յունարէն Եօթանասնից Թարգմանութենէն Ամբակումայ 1։5–ը մէջբերելով, Պօղոս ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է. ‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’»։ Պօղոսի մէջբերումին որպէս կատարում, Ամբակումայ 1։5–ը երկրորդ կատարում մըն ալ ունեցաւ, երբ Հ.Դ. 70–ին հռովմէական բանակը կործանեց Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը։

21. Ամբակումի օրուան Հրեաները ի՞նչպէս տեսան Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմը կործանելու Աստուծոյ «գործը»։

21 Ամբակումի օրուան Հրեաներուն համար, Երուսաղէմը կործանել տալու համար Բաբելոնացիները գործածելու Աստուծոյ «գործ»ը մարդու մտքէն չէր անցներ, քանի որ այդ քաղաքը Եհովայի պաշտամունքի կեդրոնն էր եւ հո՛ն էր որ իր օծուած թագաւորը կը գահակալէր։ (Սաղմոս 132։11-18) Ուստի, այս հանգամանքը ունենալով, Երուսաղէմ բնաւ կործանուած չէր նախապէս։ Անոր տաճարը բնաւ այրուած չէր։ Դաւիթի արքայական տունը բնաւ տապալած չէր։ Անհաւատալի էր որ Եհովա այսպիսի բան մը թոյլատրէր։ Բայց Ամբակումի միջոցով Եհովա յստակօրէն ազդարարեց որ այդ ցնցիչ դէպքերը տեղի պիտի ունենային։ Պատմութիւնը կը փաստէ որ անոնք տեղի ունեցան՝ ինչպէս նախագուշակուած էր։

Մեր Օրերուն Աստուծոյ Անհաւատալի «Գործը»

22. Եհովայի անհաւատալի «գործը» ի՞նչ կը բովանդակէ մեր օրերուն։

22 Մեր օրերուն ալ Եհովա անհաւատալի «գործ» մը պիտի ընէ՞։ Վստահ եղէք որ պիտի՛ ընէ, նոյնիսկ երբ անիկա անհաւատալի թուի կասկածոտ անհատներու։ Այս անգամ Եհովայի անհաւատալի գործը պիտի ըլլայ Քրիստոնեայ Աշխարհի կործանումը։ Վաղեմի Յուդային նման, անիկա կը դաւանի Աստուած պաշտել, բայց՝ ամբողջովին ապականած է։ Եհովա պէտք եղածը պիտի ընէ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական դրութեան, ինչպէս նաեւ «մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ ամէ՛ն հետք վերցուի։—Յայտնութիւն 18։1-24

23. Աստուծոյ հոգին յաջորդիւ ի՞նչ ընելու մղեց Ամբակումը։

23 Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, Եհովա տակաւին Ամբակումի տալիք շատ գործ ունէր։ Աստուած տակաւին ի՞նչ պիտի ըսէր իր մարգարէին։ Այո, Ամբակում այնպիսի բաներ պիտի լսէր որ իր նուագարանը առնելով Եհովայի սրտանց ողբեր պիտի երգէր։ Բայց առաջ՝ Աստուծոյ հոգին պիտի մղէր, որ մարգարէն շշմեցուցիչ վայեր ծանուցանէր։ Վստահաբար պիտի ուզենք որոշուած ժամանակի համար մարգարէական այսպիսի խօսքերուն խոր իմաստը հասկնալ։ Ուստի, մեր ամբողջ ուշադրութիւնը տանք Ամբակումի մարգարէութեան։

Կը յիշէ՞ք

• Ամբակումի օրերուն ի՞նչ վիճակներ կը տիրէին Յուդայի մէջ։

• Ամբակումի ժամանակ, Եհովա ի՞նչ անհաւատալի «գործ» մը կատարեց։

• Ամբակում յոյսի ի՞նչ հիմ ունէր։

• Աստուած ի՞նչ անհաւատալի «գործ» մը պիտի ընէ մեր օրերուն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Ամբակումի համար հարց էր թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէր որ ամբարիշտը գերակշռէր։ Ձեզի համա՞ր ալ հարց է

[Նկար՝ էջ 10]

Ամբակում Բաբելոնացիներուն ձեռքով Յուդայի վրայ չարիք նախագուշակեց

[Նկար՝ էջ 10]

Հ.Դ.Ա. 607–ին կործանուած Երուսաղէմի հնախուզական աւերակները