Եհովա իմ ապաւէնս ու իմ զօրութիւնս է
Կենսագրութիւն
Եհովա իմ ապաւէնս ու իմ զօրութիւնս է
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՄԱՐՍԷԼ ՖԻԼԹՈՅԻ ԿՈՂՄԷ
«Եթէ այս տղուն հետ ամուսնանաս՝ պիտի պարտաւորուիս բանտ երթալ»։ Մարդիկ այսպէս ըսին այն կնոջ, որու հետ կը ծրագրէի ամուսնանալ։ Ձեզի բացատրեմ թէ անոնք ինչո՛ւ այսպէս կ’ըսէին։
ԵՐԲ ես ծնայ 1927–ին, Գանատայի Քէպէք նահանգը Կաթողիկէութեան ամրոց մըն էր։ Շուրջ չորս տարիներ ետք, Սէսիլ Տիւֆուր, Եհովայի Վկայ լիաժամ քարոզիչ մը, մեր տունը սկսաւ գալ Մոնրէալ քաղաքին մէջ։ Ասոր համար, մեր դրացիները յաճախ կը սպառնային իրեն։ Աստուածաշունչի պատգամը քարոզելուն պատճառաւ ան քանիցս ձերբակալուած ու կոպիտ վերաբերմունքի հանդիպած էր։ Ուստի, շատ չանցած, Յիսուսի խօսքերուն ճշմարտութիւնը սորվեցանք. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։—Մատթէոս 24։9
Այդ ժամանակ, շատերուն համար անհաւատալի էր որ Ֆրանս–Գանատացի ընտանիք մը իր Կաթողիկէ կրօնքը լքէր։ Թէեւ ծնողքս բնաւ մկրտուած Վկաներ չեղան, սակայն շատ չանցած եզրակացուցին որ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ուսուցումները Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ չէին։ Ուստի, իրենց ութ երախաները քաջալերեցին որ Վկաներուն կողմէ հրատարակուած գրականութիւնները կարդան, իսկ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնողներուս ալ նեցուկ կանգնեցան։
Դիրքորոշում՝ Դժուար Ժամանակներուն
1942–ին, երբ տակաւին դպրոց կը յաճախէի, սկսայ իրապէս հետաքրքրուիլ Աստուածաշունչով։ Այն ժամանակ Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնները արգիլուած էին Գանատայի մէջ, քանի որ անոնք նախկին Քրիստոնեաներուն օրինակին կը հետեւէին ու ազգերուն պատերազմներուն միջամուխ չէին ըլլար։ (Եսայեայ 2։4. Մատթէոս 26։52) Մեծ եղբայրս, Ռոլանը, տաժանակիր աշխատանքի ղրկուեցաւ, քանի որ մերժեց զէնք վերցնել աշխարհամարտի ընթացքին, որ այն ատեն բռնկած էր։
Այդ ատենները, հայրս ինծի Ֆրանսերէն լեզուով գիրք մը տուաւ, որ կը նկարագրէր Ատոլֆ Հիթլէրի զինուորական արշաւներուն թիկունք կանգնիլ մերժող Գերմանացի Վկաներուն կրած տառապանքները։ * Ասիկա ինծի մղում տուաւ որ ուղղամտութեան այս քաջարի տիպարներուն մաս կազմեմ. ուստի սկսայ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախել, որոնք անձնական տունի մը մէջ տեղի կ’ունենային։ Շատ չանցած ինծի հրաւէր տրուեցաւ որ քարոզչութեան մասնակցիմ։ Հրաւէրը ընդունեցի, լիովին գիտակցելով թէ կրնայի ձերբակալուիլ եւ բանտարկուիլ։
Քաջութեան համար աղօթելէ ետք, առաջին դուռը զարկի։ Ազնիւ տիկին մը դուռը բացաւ եւ ինքզինքս ներկայացնելէ ետք, անոր կարդացի Բ. Տիմոթէոս 3։16–ի խօսքերը. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։
«Կը փափաքի՞ք Աստուածաշունչի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ», հարցուցի։
«Այո՛», պատասխանեց տիկինը։
Ուստի, իրեն ըսի որ բարեկամուհի մը պիտի բերեմ, որ Աստուածաշունչը ինծմէ լաւ գիտէր. ինչ որ ըրի յաջորդ շաբաթ։ Այս առաջին փորձառութենէս ետք, աւելի վստահութիւն շահեցայ եւ սորվեցայ որ քարոզչութիւնը մեր անձնական ուժով չէ որ կ’ընենք։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ, Եհովայի օգնութեամբ է որ կ’ընենք զայն։ Արդարեւ, անհրաժեշտ է գիտակցիլ որ ‘բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը, Աստուծմէ է եւ ո՛չ թէ մեզմէ’։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ
Անկէ ետք, քարոզչութիւնը կեանքիս կանոնաւոր մէկ մասը եղաւ, ինչպէս նաեւ՝ ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնը։ Զարմանալի չէր որ իմ ապագացու կնոջս ըսուեցաւ որ «եթէ այս տղուն հետ ամուսնանաս՝ պիտի պարտաւորուիս բանտ երթալ»։ Սակայն, այսպիսի փորձառութիւններ իրապէս այդքան ալ դժուար չէին։ Գիշեր մը բանտը անցընելէ ետք, սովորաբար Վկայ հաւատակից մը երաշխաւորութեամբ մեզ դուրս կը հանէր։
Կարեւոր Որոշումներ
1943–ի Ապրիլին, ինքզինքս Եհովայի նուիրեցի ու զայն ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշեցի։ Ապա, 1944–ի Օգոստոսին առաջին մեծ համաժողովիս ներկայ գտնուեցայ Պաֆըլօ, Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) մէջ, գանատական սահմանին կից։ 25,000 ներկաներ կային հոն եւ յայտագիրը մէջս փափաք մը արթնցուց որ ռահվիրայ մը ըլլամ, ինչպէս կը կոչուին Եհովայի Վկաներու լիաժամ քարոզիչները։ Գանատայի մէջ, Եհովայի Վկաներու գործին վրայ եղող արգելքը վերցուեցաւ 1945–ի Մայիսին եւ յաջորդ ամիսն իսկ ռահվիրայութեան սկսայ։
Բայց երբ քարոզչութեան մէջ մասնակցութիւնս աւելցուցի, բանտ այցելութիւններս ալ աւելցան։ Անգամ մը խցիկի մը մէջ դրուեցայ Մայք Միլըրի հետ, որ հաւատարիմ ու երկար ժամանակէ Եհովայի ծառայող մըն էր։ Չոր գետնին վրայ նստեցանք ու խօսակցեցանք։ Մեր հոգեւոր Գաղատացիս 5։15
կերտիչ խօսակցութիւնը մեծապէս զօրացուց զիս։ Որմէ ետք սակայն, մտքէս հետեւեալ հարցումը անցաւ. ‘Եթէ մեր միջեւ թիւրիմացութիւն մը եղած ըլլար եւ իրարու հետ հաշտ վիճակի մէջ չըլլայինք, ի՞նչ պիտի ըլլար’։ Այս սիրելի եղբօր հետ բանտը անցուցած ժամանակս ինծի հոյակապ դաս մը սորվեցուց. մեր եղբայրներուն կարիքը ունինք, ուստի պէտք է իրարու ներենք ու իրարու հետ ազնուութեամբ վարուինք։ Ապա թէ ոչ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց, «եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք»։—1945–ի Սեպտեմբերին, հրաւէր ստացայ որ Թորոնթոյի մէջ, Գանատա, Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղին մէջ ծառայեմ, զոր Պէթէլ կը կոչենք։ Այդտեղի հոգեւոր յայտագիրը արդարեւ կերտիչ եւ հաւատք զօրացնող էր։ Յաջորդ տարին Պէթէլի ագարակին մէջ ծառայելու նշանակում ստացայ, որ մասնաճիւղէն մօտաւորապէս 40 քմ. հիւսիսը կը գտնուի։ Մինչ Էն Ուոլինէգի հետ ելակ կը հաւաքէինք, ոչ միայն անոր գեղեցիկ ըլլալը նշմարեցի, այլ նաեւ՝ Եհովայի հանդէպ իր ունեցած սէրն ու նախանձախնդրութիւնը։ Մտերմութիւն մը զարգացաւ մեր միջեւ եւ 1947–ի Յունուարին ամուսնացանք։
Յաջորդ երկուքուկէս տարին Օնդէրիոյի Լոնտոն քաղաքին մէջ ծառայեցինք, իսկ անկէ ետք՝ Գէյփ Պրէթըն Այլէնտի մէջ, ուր ժողովքի մը կազմութեան օգնեցինք։ Ապա 1949–ին, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի 14–րդ դասարանը յաճախելու հրաւէր ստացանք, ուր միսիոնարներ ըլլալու մարզում ստացանք։
Քէպէքի Մէջ Միսիոնարական Գործը
Գաղաադու նախկին դասարաններու Գանատացի շրջանաւարտները Քէպէքի մէջ քարոզչութիւնը սկսելու նշանակում ստացած էին։ 1950–ին, մեր 14–րդ դասարանէն 25 ուրիշ միսիոնարներու հետ անոնց միացանք։ Միսիոնարական յաւելեալ գործունէութիւնը պատճառ եղաւ որ Կաթողիկէ Եկեղեցիի առաջնորդներուն կողմէ դրդուած հալածանքն ու խուժանային վայրագութիւնը սաստկանան։
Մեր միսիոնարական նշանակումին համար Ռույն քաղաքը հասնելէն երկու օր ետք, Էնը ձերբակալուեցաւ եւ ոստիկանական ինքնաշարժին ետեւը դրուած տարուեցաւ։ Ասիկա նոր փորձառութիւն մըն էր իրեն համար, քանի որ ինք կու գար Գանատայի Մանիթոպա նահանգի պզտիկ գիւղէ մը, ուր հազուադէպօրէն ոստիկան տեսած էր։ Բնականաբար վախցաւ եւ յիշեց իրեն ըսուած խօսքերը՝ «Եթէ այս տղուն հետ ամուսնանաս՝ պիտի պարտաւորուիս բանտ երթալ»։ Սակայն, զինք պարտադրաբար տանելէ առաջ, ոստիկանութիւնը զիս ալ գտաւ ու ինքնաշարժին մէջ Էնին հետ դրաւ։ «Շա՛տ ուրախ եմ որ քեզ տեսայ», բացագանչեց ան։ Բայց ան ապշեցուցիչօրէն հանդարտ էր եւ ըսաւ. «Է՜, նոյնը պատահեցաւ առաքեալներուն, քանի որ Յիսուսը կը քարոզէին»։ (Գործք 4։1-3. 5։17, 18) Այն նոյն օրուան վերջաւորութեան երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցանք։
Այդ դէպքէն շուրջ տարի մը ետք, երբ Մոնրէալի մեր նոր նշանակումին մէջ տունէ տուն կը քարոզէինք, փողոցին մէջ խառնիճաղանճ մը լսեցի եւ տեսայ որ զայրացած խուժան մը քարեր կը նետէր։ Մինչ Էնին եւ իր ընկերուհիին օգնելու փութացի, ոստիկանութիւնը հասաւ դէպքին վայրը։ Փոխանակ խուժանին անդամները ձերբակալելու, ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Էնը եւ իր ընկերուհին։ Մինչ բանտն էին, Էն նոր Վկայ քրոջ յիշեցուց որ Յիսուսի խօսքերուն կատարման փորձառութիւնը կ’ունենային. «Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք»։—Մատթէոս 10։22
Կար ժամանակ մը երբ Եհովայի Վկաներու դէմ շուրջ 1,700 դատեր ընթացքի մէջ էին Քէպէքի մէջ։ Ընդհանրապէս, ամբաստանուած էինք որպէս խռովարար, կամ առանց արտօնութեան գրականութիւն բաշխելու յանցանքով։ Որպէս հետեւանք, Դիտարանի Ընկերութեան Իրաւական Գրասենեակը քայլեր առաւ Քէպէքի կառավարութեան դէմ։ Տարիներու իրաւական պայքարէն ետք, Եհովա երկու մեծ յաղթանակներ տուաւ Գանատայի Գերագոյն Ատեանին դիմաց։ 1950–ի Դեկտեմբերին, մեր գրականութիւններուն խռովարար ըլլալու ամբաստանութիւնը վերցուեցաւ մեր վրայէն եւ 1953–ի Հոկտեմբերին, առանց արտօնագրի սուրբ գրային գրականութիւններ բաշխելու մեր իրաւունքը պաշտպանուեցաւ։ Այսպիսով, շա՛տ բացայայտ կերպով տեսանք թէ Եհովա ինչպէս ‘ապաւէն ու զօրութիւն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու’։—Սաղմոս 46։1
1945–ին Քէպէքի մէջ ռահվիրայութեան սկսելէս ի վեր, Վկաներուն թիւը 356–էն յատկանշականօրէն բարձրացած է, ներկայիս հասնելով Եսայեայ 54։17
աւելի քան 24,000–ի։ Արդարեւ, ճիշդ Աստուածաշունչի մարգարէութեան ըսածին պէս եղած է. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի»։—Ֆրանսայի Մէջ Մեր Աշխատանքը
1959–ի Սեպտեմբերին, Էն եւ ես Փարիզի, Ֆրանսա, Պէթէլին մէջ աշխատելու հրաւէր ստացանք, ուր տպագրատան վերակացութիւնը ստանձնեցի։ 1960–ի Յունուարին մեր հոն ժամանումէն առաջ, տպագրութիւնը առեւտրական հաստատութեան մը մէջ կը կատարուէր։ Քանի որ այն ատեն Դիտարան–ը արգիլուած էր Ֆրանսայի մէջ, ամէն ամիս պարբերաթերթը կը տպէինք 64 էջնոց գրքոյկի ձեւով։ Գրքոյկը կը կոչուէր Եհովայի Վկաներու Ներքին Տեղեկագիր, եւ անիկա կը պարունակէր այդ ամսուան համար ժողովքին մէջ ուսումնասիրուելիք յօդուածներ։ 1960-1967–ին Ֆրանսայի մէջ քարոզչութեան մասնակցողներուն թիւը 15,439–էն բարձրացաւ 26,250–ի։
Վերջապէս, միսիոնարներէն շատեր ուրիշ նշանակումներ ստացան. ոմանք Ափրիկէի ֆրանսախօս երկիրները՝ իսկ ուրիշներ ետ Քէպէք ղրկուեցան։ Քանի որ Էնը անհանգիստ էր եւ գործողութեան կը կարօտէր, Քէպէք վերադարձանք։ Երեք տարի բժշկական խնամք ստանալէ ետք, Էն իր առողջութիւնը վերագտաւ։ Անկէ ետք, նշանակում ստացայ շրջանային գործին մասնակցելու՝ ամէն շաբաթ տարբեր ժողովք մը այցելելով, հոգեւոր քաջալերութիւն տալու համար։
Ափրիկէի Մէջ Միսիոնարութիւն
Քանի մը տարի ետք, 1981–ին, ուրախութիւնը ունեցանք նոր նշանակում մը ստանալու, որ էր՝ միսիոնարութիւն Զայիրի մէջ, այժմ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն։ Մարդիկ աղքատ էին եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ ունէին։ Երբ հոն հասանք, 25,753 Վկայ կար, բայց ներկայիս այդ թիւը 113,000–էն աւելի է, իսկ 1999–ին, 446,362 անհատներ ներկայ գտնուեցան Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։
1984–ին, նոր մասնաճիւղ մը շինելու համար կառավարութենէն 200 հեկտար հող մը ձեռք ձգեցինք։ Ապա 1985–ի Դեկտեմբերին, միջազգային համաժողով մը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքին՝ Գինշասայի մէջ, ուր աշխարհի տարբեր մասերէն 32,000 պատուիրակներ եկան։ Անկէ ետք, կղերներու կողմէ հրահրուած հակառակութիւն մը Զայիրի մէջ մեր գործը ընդմիջեց։ 12 Մարտ 1986–ին, պատասխանատու եղբայրներուն նամակ մը տրուեցաւ, որ Զայիրի Եհովայի Վկաներու ընկերակցութիւնը անօրէն կը յայտարարէր։ Մեր բոլոր գործունէութիւններուն վրայ այս արգելքը ստորագրուած էր այն ատենուան նախագահին՝ հանգուցեալ Մոպութու Սէսէ Սէգոյի կողմէ։
Այս անակնկալ փոփոխութիւններուն պատճառաւ, ստիպուած էինք Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատը կիրարկելու. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ»։ (Առակաց 22։3) Գինշասայի մէջ մեր գրականութիւնները տպելու համար դուրսէն թուղթ, մելան, ֆիլմ, տպագրական մետաղեայ տախտակներ եւ քիմիական տարրեր բերել տալու կերպեր գտանք։ Նաեւ բաշխումի մեր անձնական ցանցը զարգացուցինք։ Կազմակերպուելէ ետք, մեր դրութիւնը կառավարական թղթատարական սպասարկութենէն լաւ կը գործէր։
Հազարաւոր Վկաներ ձերբակալուեցան եւ շատեր վայրագօրէն ծեծուեցան։ Սակայն, ի բացառեալ մի քանիներէն, անոնք այս վերաբերմունքին տոկացին եւ իրենց հաւատարմութիւնը պահեցին։ Ես ալ ձերբակալուեցայ եւ տեսայ այն ահաւոր վիճակները որոնց կ’ենթարկուէին եղբայրները բանտին մէջ։ Շատ անգամ գաղտնի ոստիկանութեան եւ հեղինակութիւններու կողմէ ամէն տեսակ ճնշումներու կ’ենթարկուէինք, բայց Եհովա միշտ ելքի ճամբայ մը ցոյց կու տար մեզի։—Բ. Կորնթացիս 4։8
Առեւտրականի մը պահեստանոցին մէջ շուրջ 3,000 գարթոն գրականութիւն պահած էինք։ Բայց ի վերջոյ, աշխատաւորներէն մէկը գաղտնի ոստիկանութիւնը տեղեակ պահած էր եւ անոնք ձերբակալեցին առեւտրականը։ Բանտ երթալու ճամբուն վրայ պատահաբար մեր կառքերը զիրար խաչաձեւեցին։ Առեւտրականը անոնց ըսաւ որ ես էի այն մարդը որու հետ գրականութիւնը պահելու համաձայնութիւն ըրած էր։ Ոստիկանութիւնը զիս կեցուց ու հարցուփորձեց այս մասին, ամբաստանելով զիս որ անօրէն գրականութիւն դրած էի այս մարդուն պահեստանոցին մէջ։
«Այդ գիրքերէն հատ մը ունի՞ք», հարցուցի իրենց։
«Անշո՛ւշտ», պատասխանեցին։
«Կրնա՞մ տեսնել», հարցուցի։
Ինծի օրինակ մը բերին եւ ես բացի ներսի էջը, ուր գրուած էր՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ Տպուած՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան Կողմէ»։
«Ձեր ձեռքին մէջ եղածը ամերիկեան սեփականութիւն է եւ Զայիրի չի պատկանիր», յիշեցուցի իրենց։ «Ձեր կառավարութիւնը Զայիրի մէջ Եհովայի Վկաներու ընկերակցութիւնը արգիլած է եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը։ Ուստի, շատ զգոյշ պէտք է վարուիք այդ գրականութիւններուն հետ»։
Քանի որ զիս ձերբակալելու հրամանագիր մը չունէին, ձգեցին որ երթամ։ Այդ գիշեր, երկու բեռնակառք տարինք պահեստանոցը եւ գրականութիւնները պարպեցինք։ Յաջորդ օրը երբ կառավարութեան կողմէ մարդիկ եկան, շատ յուսախաբ եղան այդ տեղը պարապ գտնելով։ Արդէն զիս կը փնտռէին, քանի որ այժմ զիս ձերբակալելու համար հրամանագիր մը ունէին։ Զիս գտան եւ քանի որ ինքնաշարժ չունէին, իմ ինքնաշարժովս բանտ գացի։ Ուրիշ Վկայ մը ընկերակցեցաւ ինծի, որպէսզի ինքնաշարժս առնէ, առաջ որ զայն գրաւեն։
Ութ ժամ հարցուփորձ կատարելէ ետք, անոնք որոշեցին զիս երկրէն վտարել։ Բայց ես անոնց ցոյց տուի կառավարութենէն եկած նամակի մը պատճենը, որ կը հաստատէր թէ նշանակում ունէի այն ատեն արգիլուած Զայիրի Եհովայի Վկաներու ընկերակցութեան գոյքերը լուծարքի ենթարկել։ Այս կերպով կրցայ Զայիրի մէջ գործունէութիւնս շարունակել։
Զայիրի մէջ արգելքին պատճառած ճնշումներուն ներքեւ չորս տարի ծառայելէ ետք, ստամոքսի արիւնահոս կեղէ բռնուեցայ, որ վտանգաւոր էր։ Որոշուեցաւ որ Հարաւային Ափրիկէ երթամ բուժուելու համար, ուր մասնաճիւղը լաւ հոգ տարաւ ինծի եւ ապաքինեցայ։ Զայիրի մէջ ութ տարի ծառայելէ ետք, որ իրապէս անմոռանալի եւ ուրախ փորձառութիւն մըն էր, 1989–ին Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղը փոխադրուեցանք։ 1998–ին մեր ծննդավայրը վերադարձանք եւ անկէ ի վեր Գանատայի Պէթէլին մէջ կը ծառայենք։
Ծառայութեան Համար Երախտապարտ
Երբ 54 տարուան լիաժամ ծառայութեանս վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ, որքա՜ն երախտապարտ եմ որ իմ երիտասարդական կորովս գործածած եմ Եհովայի անգին ծառայութեան մէջ։ Թէեւ Էն բազմաթիւ փորձիչ պարագաներէ անցաւ, բայց չէ գանգատած եւ մեր բոլոր գործունէութիւններուն միշտ թիկունք կանգնած է։ Միասնաբար, շատերուն Եհովան ճանչցնելու առանձնաշնորհումը ունեցած ենք, որոնց մէկ մասը հիմա լիաժամ ծառայութեան մէջ են։ Շատ մեծ ուրախութիւն է տեսնել անոնց զաւակներէն, նոյնիսկ թոռներէն ոմանք, որոնք մեր մեծ Աստուծոյն՝ Եհովայի կը ծառայեն։
Ես համոզուած եմ որ այս աշխարհին մէջ չկայ բա՛ն մը որ Եհովայի մեզի տուած առանձնաշնորհումներուն կամ օրհնութիւններուն հետ կարելի է համեմատել։ Ճիշդ է որ բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւեցինք, բայց անոնք Եհովայի վրայ մեր հաւատքը եւ վստահութիւնը կերտելու նպաստեցին։ Արդարեւ, ան զօրութեան ամրոց մը, ապաստանարան մը եւ օգնական մը եղած է, զոր դիւրութեամբ մատչելի է նեղութեան ժամանակներուն։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 9 Այս գիրքը՝ Խաչակրութիւն՝ Քրիստոնէութեան Դէմ, նախ Գերմաներէնով հրատարակուեցաւ։ Անիկա Ֆրանսերէնի ու Լեհերէնի թարգմանուեցաւ, բայց ոչ՝ Անգլերէնի։
[Նկարներ՝ էջ 26]
1947–ին միասնաբար ռահվիրայութեան մէջ. Էնին հետ ներկայիս
[Նկար՝ էջ 29]
Զայիրի մէջ մեր հանդիպած անհատները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սիրեցին