Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է յաջողութեան բանալին

Ի՞նչ է յաջողութեան բանալին

Ի՞նչ է յաջողութեան բանալին

ԵՐԿՈՒ ձեռներէց երիտասարդներ, յատկանշական փորձի մը համար տարօրինակ թուող մեքենայ մը կը պատրաստէին։ Յանկարծ, վայրագ մրրիկ մը դիւրաբեկ գործիքը օդին մէջ շպրտեց, ապա անախորժ շառաչիւնով մը զայն ջարդուփշուր ըրաւ։ Յուսալքուած՝ երիտասարդները պապանձեցան։ Իրենց ծանր ու բծախնդիր աշխատանքը այժմ փայտէ ու մետաղէ կոյտի մը վերածուած էր։

Օրվիլ եւ Ուիլպըր Րայթի համար, 1900–ի Հոկտեմբերին պատահածը, օդէն աւելի ծանր թռչող սարք մը շինելու փորձին նկատմամբ առաջին յուսալքիչ պարտութիւնը չէր։ Անոնք արդէն փորձերու համար որոշ տարիներ եւ յատկանշական գումար մը վատնած էին։

Սակայն, ի վերջոյ, անոնց յարատեւութիւնը վարձատրուեցաւ։ 17 Դեկտեմբեր 1903–ին, Քիթի Հոքի մէջ, Նորթ Գարոլայնա (Ա.Մ.Ն.), Րայթ եղբայրները կրցան շարժակով աշխատող նախատիպ մը արձակել, որ 12 երկվայրկեան թռիչք կատարեց. անիկա հիմակուան թռիչքներուն հետ բաղդատած կարճ էր, բայց աշխարհը յաւէտ փոխելու համար՝ բաւական երկար։

Շատ մը ջանքերու յաջողութիւնը գլխաւորաբար համբերատար յարատեւութենէ կախեալ է։ Ամենէն արժէքաւոր բաները կ’իրագործուին յարատեւ ջանքով, ըլլայ անիկա նոր լեզուի մը տիրապետելը, արհեստ մը սորվիլը, կամ նոյնիսկ յարաբերութիւն մը մշակելը։ Հեղինակ Չարլզ Թեմբլթըն կ’ըսէ. «Ինիսուն առ հարիւր, յաջողութիւնը ուղղակիօրէն կը վերագրուի մէկ բանի՝ ծանր աշխատանքի»։ Թղթակից Լէօնարտ Բիթց՝ Կրտսեր, կ’ըսէ. «Կը խօսինք տաղանդի մասին, կ’ակնարկենք բախտին, բայց շատ յաճախ կ’անտեսենք ամենէն կարեւոր բաները։ Ծանր աշխատանքը եւ բազմաթիւ ձախողութիւնները։ Կանուխ գալը եւ ուշ մեկնիլը»։

Ասիկա կը հաստատէ վաղուց Աստուածաշունչի ըսածը. «Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ»։ (Առակաց 12։24) Ժրաջանութիւն կը նշանակէ մեր ջանքերուն մէջ յարատեւել։ Ասիկա անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք մեր ծրագրածը իրագործել։ Ի՞նչ է յարատեւութիւնը։ Մեր նպատակակէտերը հետապնդելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք յարատեւել, եւ ի՞նչ բանի մէջ պէտք է յարատեւենք։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի գտնէք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

U.S. National Archives photo