Մեր փրկութեան Աստուծմով ուրախանանք
Մեր փրկութեան Աստուծմով ուրախանանք
«Ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ»։—ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 3։18
1. Հ.Դ.Ա. 539–ին Բաբելոնի անկումէն առաջ, Դանիէլ ի՞նչ բանի մասին տեսիլք տեսաւ։
ՏԱՐԵՑ մարգարէն Դանիէլ, Հ.Դ.Ա. 539–ին Բաբելոնի անկումէն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, ոգեցունց տեսիլք մը տեսաւ։ Անիկա կը նախագուշակէր աշխարհի դէպքեր, որոնք մեզ կը հասցնէին մինչեւ Եհովայի թշնամիներուն եւ իր կողմէ նշանակուած Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ ճակատագրական պատերազմը։ Ի՞նչ եղաւ Դանիէլի հակազդեցութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ես . . . մարեցայ եւ . . . տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի»։—Դանիէլ 8։27
2. Դանիէլ ի՞նչ պայքար տեսաւ տեսիլքին մէջ, եւ անոր մօտալուտ ըլլալուն նկատմամբ ի՞նչ է ձեր զգացումը։
2 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Մենք ժամանակի հոսանքին մէջ շա՜տ աւելի յառաջացած ենք։ Ի՞նչպէս կը հակազդենք, երբ կ’անդրադառնանք որ Դանիէլի տեսիլքին մէջ տեսնուած պայքարը՝ Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմը՝ շատ մօտ է։ Ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք, երբ կը նշմարենք որ Ամբակումի մարգարէութեան մէջ բացայայտուած ամբարշտութիւնը այնքա՛ն շատցած է, որ Աստուծոյ թշնամիներուն կործանումը անխուսափելի է։ Հաւանաբար մենք ալ Ամբակումի զգացումը կը բաժնենք, որ նկարագրուած է իր մարգարէական գրքին երրորդ գլուխին մէջ։
Ամբակում Աստուծոյ Ողորմութեան Համար կ’Աղօթէ
3. Ամբակում որո՞նց համար աղօթեց. իր խօսքերը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ։
3 Ամբակումայ 3–րդ գլուխը աղօթք մըն է։ Առաջին համարին համաձայն, անիկա ողբերգ մըն է։ Մարգարէին աղօթքը այնպէս մը շարադրուած է որպէս թէ անիկա իրեն համար մատուցուած ըլլար։ Բայց իրականութեան մէջ Ամբակում Աստուծոյ ընտրեալ ազգին անունով կը խօսի։ Ներկայիս իր աղօթքը մեծ նշանակութիւն ունի Աստուծոյ ժողովուրդին համար, որ Թագաւորութեան քարոզչութեան կը մասնակցի։ Երբ ասիկա ի մտի ունենալով կարդանք Ամբակումայ 3–րդ գլուխը, անոր խօսքերը մեզ վատ նախազգացումով, բայց նաեւ ուրախութեամբ կը լեցնեն։ Ամբակումի աղօթքը կամ ողբերգը, մեր փրկութեան Աստուծմով՝ Եհովայով ուրախանալու զօրաւոր պատճառ կու տայ մեզի։
4. Ամբակում ինչո՞ւ վախցաւ եւ Աստուծոյ զօրութեան ո՞ր գործադրութենէն կրնանք վստահ ըլլալ։
4 Ինչպէս նախորդ երկու յօդուածներով նշեցինք, Ամբակումի օրերուն, Յուդայի երկրին մէջ կացութիւնը վատ էր։ Բայց Աստուած թոյլ պիտի չտար որ այս կացութիւնը շարունակուէր։ Եհովա գործի պիտի անցնէր ինչպէս ըրած էր անցեալին։ Զարամանալի չէ որ մարգարէն աղաղակեց. «Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ»։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ ‘Եհովայի մասին լուրը’ Աստուծոյ հզօր արարքներուն արձանագրուած պատմութիւնն էր, ինչպէս՝ Կարմիր Ծովուն, անապատին եւ Երիքովի մէջ իր կատարած բաները։ Ամբակում քաջածանօթ էր այս արարքներուն, անոր համար ան վախցաւ, գիտնալով որ Եհովա անգամ մը եւս իր մեծ զօրութիւնը պիտի գործածէր իր թշնամիներուն դէմ։ Ներկայիս, երբ մարդոց ամբարշտութիւնը տեսնենք, մենք ալ գիտենք որ Եհովա անցեալին նման հիմա ալ գործի պիտի անցնի։ Ասիկա մեզ վախով կը լեցնէ՞։ Բնական է։ Այսուհանդերձ, մենք ալ Ամբակումի նման կ’աղօթենք. «Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր, տարիներու մէջ գիտցուր, բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛»։ (Ամբակումայ 3։2) Աստուծոյ որոշած ժամանակին, «տարիներու մէջ», թող որ իր հրաշալի զօրութիւնը անգամ մը եւս գործի լծէ։ Իսկ այդ ժամանակ, թող որ յիշէ զինք սիրողներուն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալ։
Եհովա Քալելու Սկսած Է
5. Ի՞նչպէս «Աստուած Թեմանէն եկաւ». ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ Արմագեդոնի նկատմամբ։
5 Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ Եհովա պատասխանէ մեզի հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալու մեր աղօթքին։ Պատասխանը կը գտնուի Ամբակումայ 3։3, 4–ի մէջ։ Նախ՝ մարգարէն կ’ըսէ. «Աստուած Թեմանէն եկաւ ու Սուրբը՝ Փառան լեռնէն»։ Մովսէս մարգարէի օրերուն, Թեմանը եւ Փառանը կը գտնուէին Իսրայէլի ճամբուն վրայ, երբ անիկա անապատին մէջէն դէպի Քանան կ’ուղղուէր։ Մինչ Իսրայէլի բազմանդամ ազգը կը գաղթէր, այնպէս կը թուէր որ Եհովան ալ անոնց հետ կը քալէր եւ ո՛չ մէկ բան կրնար կասեցնել զինք։ Մովսէս մեռնելէն քիչ առաջ, ըսաւ. «Տէրը Սինայէն եկաւ ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ ու բիւրաւոր սուրբերով [հրեշտակներով] եկաւ»։ (Բ. Օրինաց 33։2) Երբ Եհովա իր թշնամիներուն դէմ քալէ Արմագեդոնին, իր անդիմադրելի զօրութիւնը նոյն կերպով պիտի ցուցաբերուի։
6. Ներատես Քրիստոնեաները Աստուծոյ փառքէն զատ ի՞նչ կը տեսնեն։
6 Ամբակում կ’ըսէ նաեւ. «[Եհովայի] փառքը երկինքը ծածկեց, երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ։ Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր»։ Ի՜նչ վեհաշուք տեսարան։ Ճիշդ է որ մարդիկ չեն կրնար Եհովա Աստուած տեսնել ու ապրիլ։ (Ելից 33։20) Սակայն, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները երբ իր վսեմութեան մասին խորհին, իրենց սրտին աչքերը կը շլանան։ (Եփեսացիս 1։18) Իսկ ներատես Քրիստոնեաներ Եհովայի փառքէն զատ ուրիշ բան մըն ալ կը տեսնեն։ Ամբակումայ 3։4–ը կ’եզրափակէ ըսելով. «Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին, անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր»։ Այո, կը տեսնենք որ Եհովա պատրաստ է գործելու, իր զօրութեան կամ ոյժին աջ ձեռքը գործածելով։
7. Երբ Աստուած սկսի յաղթականօրէն քալել, անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ իր դէմ ըմբոստացողներուն։
7 Աստուծոյ յաղթական քալուածքը կործանում պիտի նշանակէ իր դէմ ըմբոստացողներուն։ Ամբակումայ 3։5–ը կ’ըսէ. «Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար եւ անոր ոտքերուն ետեւէն՝ հրատագնապ տենդը կ’ելլէր»։ Հ.Դ.Ա. 1473–ին, երբ Իսրայելացիները Աւետեաց Երկրի սահմաններուն մօտեցած էին, շատեր ըմբոստացան, անբարոյութիւն եւ կռապաշտութիւն գործելով։ Որպէս հետեւանք, աւելի քան 20,000 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ժանտախտով։ (Թուոց 25։1-9) Մօտ ապագային, երբ Եհովա՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» համար սկսի քալել, իրեն դէմ ըմբոստացողները նոյնպէս իրենց մեղքերուն պատիժը պիտի կրեն։ Անոնցմէ ոմանք թերեւս բառացի ժանտախտով մահանան։—Յայտնութիւն 16։14, 16
8. Ամբակումայ 3։6–ի համաձայն, Աստուծոյ թշնամիներուն ի՞նչ վերապահուած է։
8 Հիմա մտիկ ըրէք գործի անցած զօրքերու տէր Եհովայի մասին մարգարէին տուած պատկերալից նկարագրութիւնը։ Ամբակումայ 3։6–ի մէջ կը կարդանք. «Անիկա [Եհովա Աստուած] կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։ Յաւիտենական լեռները փշրուեցան եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան։ Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի»։ Նախ, Եհովա կը ‘կայնի’, ռազմադաշտը աչքէ անցընող զօրավարի մը նման։ Իր թշնամիները իրենց վախէն կը դողան։ Տեսնելով իրենց թշնամիին ո՛վ ըլլալը, անոնք կ’ապշին, ու անհանգիստ կը ցատկռտեն։ Յիսուս խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ «երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն»։ (Մատթէոս 24։30) Անոնք շա՜տ ուշ պիտի անդրադառնան որ ոե՛ւէ մէկը չի կրնար Եհովայի դէմ կենալ։ Մարդկային կազմակերպութիւններ, նոյնիսկ «յաւիտենական լեռներ»ու եւ «վաղեմի բլուրներ»ու նման անխախտ թուող կազմակերպութիւններ՝ պիտի փշրուին։ Անիկա Աստուծոյ «յաւիտենական ճամբաներ»ուն, անցեալին իր վարուած կերպին նման պիտի ըլլայ։
9, 10. Ամբակումայ 3։7-11–ը ի՞նչ կը յիշեցնէ մեզի։
9 Եհովայի «բարկութիւնը բորբոքած է» իր թշնամիներուն դէմ։ Ան իր մեծ պատերազմին մէջ ի՞նչ զէնքեր պիտի գործածէ։ Մտիկ ըրէք, մինչ մարգարէն կը նկարագրէ զանոնք, ըսելով. «Քու աղեղդ բոլորովին մերկացաւ, Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս. երկիրը գետերով պատռեցիր։ Լեռները քեզ տեսան ու դողացին, հեղեղը անցաւ, անդունդը իր ձայնը տուաւ ու ձեռքերը վեր վերցուց։ Արեւն ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան, անոնք քու նետերուդ լոյսովը եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին»։—Ամբակումայ 3։7-11
10 Յեսուի օրերուն, Եհովա պատճառ եղաւ որ արեւը եւ լուսինը անշարժ մնան, իր ապշեցուցիչ զօրութիւնը ապացուցանելով։ (Յեսուայ 10։12-14) Ամբակումի մարգարէութիւնը մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովա այդ նոյն ուժը պիտի գործածէ Արմագեդոնին։ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Եհովա ցոյց տուաւ որ երկրի ջուրերու խորութեանը վրայ հեղինակութիւն ունէր, երբ Փարաւոնի բանակները կործանելու համար Կարմիր Ծովը գործածեց։ Քառասուն տարի ետք, յորդահոս վիճակի մէջ եղող Յորդանան Գետը արգելք չեղաւ որ Իսրայէլ յաղթական կերպով մտնէ Աւետեաց Երկիրը։ (Յեսուայ 3։15-17) Դեբօրա մարգարէուհիին օրերուն, տեղատարափ անձրեւներ Իսրայէլի թշնամիին՝ Սիսարայի կառքերը քշեցին տարին։ (Դատաւորաց 5։21) Այս նոյն ուժերը՝ հեղեղներ, տեղատարափ անձրեւներ եւ ջուրի անդունդներ, Եհովայի տրամադրութեան տակ պիտի ըլլան Արմագեդոնին։ Որոտումն ու կայծակն ալ իր ձեռքին մէջ են, նիզակի, կամ աղեղներով լեցուն կապարճի մը պէս։
11. Ի՞նչ պիտի պատահի երբ Եհովա իր մեծ զօրութիւնը արձակէ։
11 Իրապէս, ահաւո՛ր պիտի ըլլայ, երբ Եհովա իր մեծ զօրութեան ոյժը արձակէ։ Ամբակումի խօսքերէն կը հասկցուի որ գիշերը ցերեկուան պիտի փոխուի, իսկ ցերեկը՝ արեւուն լոյսէն աւելի պայծառ պիտի ըլլայ։ Արմագեդոնի մասին այս ներշնչեալ մարգարէական նկարագրութիւնը բառացի ըլլայ թէ այլաբանական, մէկ բան վստահ է՝ Եհովա պիտի յաղթէ՛. ո՛չ մէկ թշնամի պիտի կարենայ փախչիլ։
Աստուծոյ Ժողովուրդին Փրկութիւնը Երաշխաւորուած
12. Աստուած իր թշնամիներուն ի՞նչ պիտի ընէ, բայց որո՞նք պիտի փրկուին։
12 Մարգարէն կը շարունակէ նկարագրել Իր թշնամիները կործանելու համար Եհովայի առած քայլերը։ Ամբակումայ 3։12–ի մէջ կը կարդանք. «Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր»։ Այսուհանդերձ, Եհովա անխնայ պիտի չկործանէ։ Կարգ մը մարդիկ պիտի փրկուին։ Ամբակումայ 3։13–ը կ’ըսէ. «Քու ժողովուրդիդ՝ փրկութեանը համար, քու օծեալիդ փրկութեանը համար ելար»։ Այո, Եհովա պիտի փրկէ իր հաւատարիմ օծեալ ծառաները։ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան, կործանումը այն ատեն պիտի ամբողջանայ։ Ներկայիս սակայն, ազգերը կը ջանան մաքուր պաշտամունքը վերացնել։ Մօտ ատենէն, Մագոգի Գոգին ուժերը յարձակում պիտի գործեն Աստուծոյ ծառաներուն վրայ։ (Եզեկիէլ 38։1–39։13. Յայտնութիւն 17։1-5, 16-18) Սատանայական այս յարձակումը պիտի յաջողի՞։ Ո՛չ։ Այն ատեն Եհովա ցասումով պիտի հարուածէ իր թշնամիները, կալի մէջ կամնուող ցորենի նման։ Բայց զինք հոգիով եւ ճշմարտութիւնով պաշտողները՝ պիտի փրկէ։—Յովհաննու 4։24
13. Ամբակումայ 3։13–ը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։
13 Ամբարիշտներուն ամբողջական բնաջնջումը հետեւեալ խօսքերով նախագուշակուած է. «Անօրէնին տանը գլուխը ճզմեցիր [ո՛վ Եհովա]՝ հիմը մինչեւ պարանոցը բանալով»։ (Ամբակումայ 3։13) Այս ‘տունը’՝ Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան ներքեւ զարգացած չար դրութիւնն է։ Անիկա պիտի խորտակուի։ «Գլուխը», կամ հակաստուած առաջնորդները պիտի ջախջախուին։ Ամբողջ կառոյցը պիտի քանդուի՝ մինչեւ հիմը։ Անիկա այլեւս գոյութենէ պիտի դադրի։ Ի՜նչ հոյակապ ամոքում մը պիտի ըլլայ ասիկա։
14-16. Ամբակումայ 3։14, 15–ի համաձայն, Եհովայի ծառաներուն եւ անոնց թշնամիներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
14 Անոնք որոնք կը ջանան Եհովայի ‘օծեալը’ կործանել, Արմագեդոնին շփոթութեան պիտի մատնուին։ Ամբակումայ 3։14, 15–ի համաձայն, մարգարէն Եհովայի կը խօսի, ըսելով. «Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն [«զօրավարների», Արարատ] գլուխը խորտակեցիր, զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան, անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր։ Քու ձիերովդ՝ ծովուն վրայ, շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ քալեցիր»։
15 Երբ Ամբակում կ’ըսէ՝ «զօրավարներ . . . զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան», մարգարէն Եհովայի օծեալ ծառաներուն համար կը խօսի։ Կողոպտելու համար ճամբուն վրայ դարանամուտ եղողներու նման, ազգերը պիտի յարձակին Աստուծոյ երկրպագուներուն վրայ՝ զանոնք կործանելու մտքով։ Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին
այս թշնամիները իրենց յաջողութենէն վստահ ըլլալով՝ ‘պիտի ուրախանան’։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաները տկար, «տնանկ»ի պէս պիտի երեւնան։ Բայց երբ հակաստուած ուժեր յարձակումի անցնին, Եհովա իրենց զէնքերը իրենց դէմ պիտի դարձնէ։ Անոնք իրենց զէնքերը, կամ «գաւազանները» իրենց ռազմիկներուն դէմ պիտի գործածեն։16 Բայց հորիզոնին վրայ ուրիշ բաներ կը տեսնուին։ Եհովա գերմարդկային հոգեղէն ուժեր պիտի գործածէ, իր թշնամիներուն կործանումը ամբողջացնելու համար։ Յիսուս Քրիստոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող իր երկնային բանակներու «ձիեր»ուն հետ, ան յաղթական դէպի առաջ պիտի ընթանայ «ծով»էն եւ «շատ ջուրերու» մէջէն, այսինքն՝ թշնամական մարդոց ցցուն զանգուածներուն մէջէն։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Այն ատեն ամբարիշտը երկրէ պիտի վերցուի։ Աստուածային զօրութեան ու արդարութեան ի՜նչ հզօր ցուցադրութիւն։
Եհովայի Օրը կը Մօտենայ
17. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Ամբակումի խօսքերը պիտի կատարուին։ (բ) Մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք, ի՞նչպէս կրնանք Ամբակումի նման ըլլալ։
17 Վստահ կրնանք ըլլալ թէ Ամբակումի խօսքերը շուտով պիտի կատարուին։ Անոնք պիտի չուշանան։ Այս կանխագիտութեան ի տես, ի՞նչպէս կը հակազդէք։ Մի՛ մոռնաք որ Ամբակում աստուածային ներշնչման ներքեւ կը գրէր։ Եհովա գործի պիտի անցնի, ու երբ ասիկա պատահի, Ամբակումայ 3։16) Ամբակում տակնուվրայ եղած էր, ինչ որ հասկնալի է։ Բայց անոր հաւատքը ցնցուեցա՞ւ։ Բնա՛ւ երբեք։ Ան պատրաստ էր հանդարտութեամբ սպասել Եհովայի մեծ օրուան։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Մեր պարագան ալ նոյնը չէ՞։ Վստա՛հաբար։ Իրապէս կը հաւատա՛նք որ Ամբակումի մարգարէութիւնը պիտի կատարուի։ Բայց մինչ այդ՝ համբերութեամբ պիտի սպասենք։
երկրի վրայ աւերում պիտի ըլլայ։ Զարմանալի չէ որ մարգարէն գրեց. «Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ, ձայնէն շրթունքներս դողացին։ Ոսկորներուս մէջ փտտութիւն մտաւ ու եղած տեղս սարսափեցայ։ Հանգստութեամբ սպասեցի նեղութեան օրուան, երբ ան ելլէ իր գունդերովը յարձակի իմ ժողովուրդիս վրայ»։ (18. Թէեւ Ամբակում դժուարութիւններ ակնկալեց, բայց ի՞նչ կեցուածք ունեցաւ։
18 Պատերազմը միշտ նեղութիւններու դուռ կը բանայ, նոյնիսկ՝ յաղթական կողմին։ Կրնայ ուտելիքի նուազում, ստացուածքի կորուստ ըլլալ։ Ապրելակերպի մակարդակը կրնայ փոփոխութիւն կրել։ Եթէ այս բաները մեզի պատահին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։ Ամբակում օրինակելի կեցուածք մը ունեցաւ, քանի որ ան ըսաւ. «Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ»։ (Ամբակումայ 3։17, 18) Ամբակում իրապաշտօրէն դժուարութիւններ, եւ թերեւս սով ակնկալեց։ Բայց բնա՛ւ չկորսնցուց Եհովայով ունեցած իր ուրախութիւնը, որմէ եկաւ իր փրկութիւնը։
19. Ի՞նչ նեղութիւններ գոյութիւն ունին շատ մը Քրիստոնեաներու համար, բայց եթէ Եհովան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
19 Այսօր, ամբարիշտներուն դէմ Եհովայի պատերազմը սկսելէն առաջ իսկ, շատեր լուրջ նեղութիւններ կը կրեն։ Յիսուս նախագուշակեց որ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ համաճարակներ մաս պիտի կազմէին արքայական զօրութեամբ ‘իր ներկայութեան նշանին’։ (Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։10, 11) Մեր հաւատակիցներէն շատեր կ’ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր ծանրօրէն կը զգացուին Յիսուսի խօսքերուն կատարումը, եւ որպէս հետեւանք, անոնք շատ դժուարութիւններ կը կրեն։ Ապագային թերեւս ուրիշ Քրիստոնեաներ ալ այսպիսի վիճակներէ ազդուին։ Շատերուս համար, թերեւս վախճանը գալէն առաջ՝ «թզենին ընձիւղ չտայ»։ Բայց մենք գիտենք թէ այս բաները ինչո՛ւ կը պատահին եւ ասիկա մեզի ոյժ կու տայ։ Ասկէ զատ, անօգնական չենք։ Յիսուս խոստացաւ. «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Ասիկա հանգստաւէտ կեանքի մը երաշխաւորութիւնը չի տար. բայց մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք Եհովան, ինք պիտի հսկէ մեր վրայ։—Սաղմոս 37։25
20. Հակառակ ժամանակաւոր նեղութիւններու, ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։
20 Ի՛նչ ժամանակաւոր դժուարութիւն ալ դիմագրաւենք, բնաւ պիտի չյուսահատինք, կամ մեր հաւատքը կորսնցնենք Եհովայի փրկարար զօրութեան վրայ։ Ափրիկէի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ այլ տեղերու մէջ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր չափազանց նեղութիւններէ կ’անցնին, բայց կը շարունակեն ‘Եհովայով ուրախանալ’։ Թող որ մենք ալ անոնց նման շարունակենք նոյնը ընել։ Չմոռնանք որ Գերիշխան Տէր Եհովա ‘մեր զօրութեան’ Աղբիւրն է։ (Ամբակումայ 3։19) Ան մեզ բնաւ յուսախաբ պիտի չընէ։ Արմագեդոնը անպայմա՛ն պիտի գայ եւ նոր աշխարհը անկասկած պիտի յաջորդէ անոր։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այն ատեն «երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Ամբակումայ 2։14) Մինչ այդ հոյակապ ժամանակին գալը, շարունակե՛նք Ամբակումի լաւ օրինակին հետեւիլ եւ մի՛շտ ‘մեր փրկութեան Աստուծմովը ուրախանալ’։
Կը յիշէ՞ք
• Ամբակումի աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ ազդել մեզի։
• Եհովա ինչո՞ւ քալելու կը սկսի։
• Ամբակումի մարգարէութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ փրկութեան մասին։
• Եհովայի մեծ օրը ի՞նչ մտավիճակով պիտի սպասենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Գիտէ՞ք թէ Աստուած ամբարիշտներուն դէմ ի՛նչ ուժեր պիտի գործածէ Արմագեդոնին