Յաջողութիւն՝ յարատեւութեան շնորհիւ
Յաջողութիւն՝ յարատեւութեան շնորհիւ
ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ արդի ժամանակներուն հազուագիւտ յատկութիւն մը եղած է։ Շատեր կը հաւատան թէ յաջողութիւնը աւելի կախեալ է շիտակ ժամանակ, շիտակ վայրը գտնուելէն, քան թէ՝ յարատեւութենէն։ Ո՞վ կրնայ զանոնք մեղադրել։ Լրատուական սպասարկութիւնները լեցուն են ծանուցման լոզունգներով, որոնք թաքնօրէն այն տպաւորութիւնը կու տան թէ ձեր ուզած գրեթէ որեւէ բան, կրնաք ձեռք ձգել ամենաչնչին ջանքերով եւ քիչ մը աւելի դրամով։ Լրագիրները յարատեւաբար կը հրատարակեն բազմաթիւ պատմութիւններ, մէկ օրէն միւսը յաջողութիւն գտնողներու եւ հանճարեղ ձեռնարկուներու մասին, որոնք շրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք միլիոններ կը շահին։
Թղթակից Լէօնարտ Բիթց կ’ողբայ, ըսելով. «Ըմբռնողութեամբ համակուած ընկերութեան մը մէջ, անիկա շա՜տ դիւրին կը թուի։ . . . Այնպէս կը թուի թէ ոեւէ անհատ կրնայ զայն ընել, եթէ միա՛յն անոր հնարքը հասկնայ, կարողութիւնը ունենայ, կամ՝ աստուածային օգնութիւնը ստանայ»։
Յարատեւութիւնը Ի՞նչ Է
Յարատեւել կը նշանակէ ‘նպատակի մը, վիճակի մը կամ ձեռնարկի մը ամուր կերպով կառչիլ, հակառակ խոչընդոտներու կամ պարտութիւններու’։ Անիկա կը պարփակէ հակառակութեան դիմաց վճռակամօրէն շարունակել, հաստատակամ ըլլալ, չյանձնուիլ։ Աստուածաշունչը այս յատկութեան կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ մեզ. «Շարունակեցէք փնտռել նա՛խ Աստուծոյ թագաւորութիւնը», «շարունակեցէք դուռը զարնել եւ պիտի բացուի ձեզի», «ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք», եւ «բարին ամուր բռնեցէ՛ք»։Մատթէոս 6։33, ՆԱ. Ղուկաս 11։9, ՆԱ. Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21
—Անխուսափելի պարտութիւններու հետ գլուխ ելլելը կարեւոր մէկ մասն է յարատեւութեան։ Առակաց 24։16 կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ Դժուարութեան կամ ձախողութեան հանդիպելու պարագային փոխանակ ‘հրաժարելու’, յարատեւող անհատը ‘ոտքի կը կանգնի’, ‘կը շարունակէ’ եւ դարձեալ կը փորձէ։
Սակայն, շատեր պատրաստուած չեն դժուարութիւններ կամ ձախողութիւններ դիմագրաւելու։ Յարատեւելու կամքը երբեք զարգացուցած չըլլալով, անոնք դիւրաւ անձնատուր կ’ըլլան։ Գրագէտ Մորլի Քէլէկան դիտել կու տայ. «Մեծ է թիւը անհատներու, որոնք ձախողութեան կը հակազդեն ինքնակործան կերպով։ Անոնք իրենց անձին վրայ կը խղճան, ամէն մարդ կը մեղադրեն, կը դառնանան եւ կը հրաժարին»։
Ասիկա ցաւալի է։ Բիթց կը նշէ. «Կը մոռնանք որ փորձութեան մէջէն անցնիլը պատճառ մը ունի, ձախորդութեան մէջ որոշ արժէք կը գտնուի»։ Ի՞նչ արժէքի մասին է խօսքը։ Ան կ’եզրափակէ ըսելով. «[Անհատը] կը սորվի թէ ո՛չ ձախողութիւնը աղիտալի է, ո՛չ ալ պարտութիւնը՝ յաւերժական։ Ան ներատեսութիւն ձեռք կը ձգէ. կը պատրաստուի»։ Աստուածաշունչը պարզօրէն կ’ըսէ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ»։—Առակաց 14։23
Անշուշտ, պարտութենէ ետք դարձեալ ոտքի կանգնիլը միշտ ալ դիւրին չէ։ Երբեմն կը դիմագրաւենք այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք կարծես զանոնք յաղթահարելու մեր բոլոր ջանքերը կ’անտեսեն։ Փոխանակ մեր նպատակակէտերուն աւելի մօտենալու, կրնայ թուիլ թէ անոնք հետզհետէ կը հեռանան։ Կրնանք ջախջախուած, անկարող, յուսալքուած եւ նոյնիսկ ընկճուած զգալ։ (Առակաց 24։10) Սակայն, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ, ըսելով. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9
Ի՞նչ Բան կ’Օգնէ որ Յարատեւենք
Որոշ ընթացքի մը մէջ յարատեւելու առաջին քայլն է՝ արժանաւոր ու մատչելի նպատակակէտեր դնել։ Վստահաբար Պօղոս առաքեալ ասիկա հասկցաւ։ Ան Կորնթացիներուն ըսաւ. «Ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով»։ Պօղոս գիտէր որ իր ջանքերը յաջողելու համար, յստակ նպատակակէտերու կարիքը ունէր, վազողի մը նման որ իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ մրցումին աւարտագիծը անցնելու վրայ։ Ան զիրենք յորդորեց. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք»։ (Ա. Կորնթացիս 9։24, 26) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
Առակաց 14։15–ը կ’ըսէ. «Խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Իմաստութիւն է որ ատենը անգամ մը կեանքի մէջ մեր ռազմավարութիւնները վերարժեւորենք, մենք մեզի հարց տալով թէ ո՛ւր կ’ուղղուինք եւ թէ ի՛նչ բարեճշդումներ ընելու կարիքը ունինք։ Կենսական է որ մեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ թէ ի՛նչ կ’ուզենք իրագործել եւ ինչո՛ւ։ Եթէ մեր վերջնագոյն նպատակակէտին պատկերը մեր մտքին մէջ հաստատ պահենք, նուազ հակամէտ պիտի ըլլանք հրաժարելու։ «Քու աչքերդ ուղիղ թող նային», կը յորդորէ ներշնչեալ առակը, որպէսզի ‘քու բոլոր ճամբաներդ հաստատուին’։—Առակաց 4։25, 26
Ձեր նպատակակէտերը բնորոշելէ ետք, յաջորդ քայլն է՝ վերլուծել թէ անոնց հասնելու կերպը ի՛նչ է։ Յիսուս հարց տուաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը»։ (Ղուկաս 14։28) Այս սկզբունքին համաձայն, մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ մը դիտել տուաւ. «Յաջող անհատներու նկատմամբ ուշադրութիւնս գրաւող բաներէն մէկն է, որ անոնք իրենց կեանքին մէջ պատճառի ու արդիւնքի միջեւ եղած յարաբերութեան մասին յստակ հասկացողութիւն ունին։ Յաջող մարդիկ կը հասկնան որ եթէ բան մը կ’ուզեն, զայն ձեռք ձգելու համար հարկ եղած ամէն բաները պէտք է ընեն»։ Մեր ուզածը իրագործելու համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն մասին յստակ հասկացողութիւն ունենալը պիտի օգնէ որ անոր վրայ սեւեռած մնանք։ Անիկա ձախողութեան պարագային վերսկսիլն ալ պիտի դիւրացնէ։ Այսպիսի վերլուծում մը Օրվիլ եւ Ուիլպըր Րայթի յաջողութեան հիմնաքարն էր։
Հետեւաբար, երբ ձախողութիւններ պատահին, ձեր լաւագոյնը ըրէք զանոնք դրական ակնոցով դիտելու, որպէս դաստիարակիչ փորձառութիւն մը։ Վերլուծեցէք պարագան, հասկցէք թէ ո՛ւր սխալեցաք, ապա սխալը շտկեցէք կամ տկարութիւնը դարմանեցէք։ Ուրիշներու հետ խօսիլն ալ օգտակար կրնայ ըլլալ, քանի որ «դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի»։ (Առակաց 20։18) Բնականօրէն, իւրաքանչիւր ջանքի հետ աւելի փորձառութիւն ու հմտութիւն կը զարգացնէք, որ ի վերջոյ ձեր յաջողութեան պիտի նպաստեն։
Փիլիպպեցիս 3։16) Ինչպէս ուսուցիչ մը ըսաւ, «չափաւորութիւնը եւ հետեւողականութիւնը, ժամանակի ընթացքին յատկանշական արդիւնքներ յառաջ կը բերեն»։ Ասիկա լաւ կերպով բացատրուած է կրիային ու նապաստակին մասին Եզեւբոսի հանրածանօթ առակին մէջ։ Կրիան նապաստակէն դանդաղ ըլլալով հանդերձ՝ շահեցաւ մրցումը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կրիան հաստատ, ինքնակրթուած մօտեցում մը ունէր։ Ան չհրաժարեցաւ, այլ արագութիւն մը ընտրեց զոր կրնար իրապաշտօրէն պահել, ապա անոր կառչեցաւ մինչեւ աւարտագիծ։ Քանի որ կազմակերպուած, հաստատակամ անհատ մը յարատեւաբար կը յառաջդիմէ, ան իր խանդավառութիւնը կը պահէ եւ հետեւաբար աւելի նուազ հաւանականութիւն կայ որ հրաժարի կամ մրցումէն դուրս ձգուի։ Այո՛, «այնպէս վազեցէք» որ հասնիք ձեր նպատակին։
Յարատեւութեան երրորդ կենսական երեսակն է՝ հետեւողական աշխատանքը։ Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ մեզ. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք»։ (Արժանավայել Նպատակակէտեր Ընտրեցէք
Անշուշտ, որպէսզի յարատեւութիւնը արժէք մը ներկայացնէ, հարկ է որ արժանավայել նպատակակէտեր ունենանք։ Շատեր երջանկութիւն չբերող բաներ կը հետապնդեն։ Սակայն Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ [«յարատեւէ», ՆԱ], . . . երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ (Յակոբու 1։25) Այո, Աստուածաշունչին մէջի Աստուծոյ օրէնքը հասկնալու միտումով ուսումնասիրելը շատ արժանավայել նպատակակէտ մըն է։ Ինչո՞ւ։ Գլխաւորաբար, քանի որ Աստուծոյ օրէնքը հիմնուած է իր կատարեալ, արդար չափանիշներուն վրայ։ Ստեղծիչ ըլլալով, ան գիտէ թէ իր արարածներուն համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է։ Ուստի, եթէ Աստուծոյ հրահանգները սորվելու եւ զանոնք մեր կեանքին մէջ կիրարկելու մէջ յարատեւենք, անկասկած այսպիսի յարատեւութիւն մեզ պիտի երջանկացնէ։ Առակաց 3։5, 6–ը կը խոստանայ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ . . . Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։
Ասկէ զատ, Յիսուս կ’ըսէ թէ Աստուծոյ ու Յիսուսի մասին գիտութիւն ստանալը «յաւիտենական կեանք» կը նշանակէ։ (Յովհաննու 17։3) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան թէ մենք այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։3-13) Շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ իր արդար կառավարութիւնը՝ իր իշխանութիւնը պիտի բանեցնէ երկրի բնակիչներուն վրայ։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10) Այս կառավարութիւնը բոլոր հնազանդ մարդկութեան համար խաղաղութեան, բարգաւաճութեան եւ բարօրութեան աննախընթաց դարաշրջան մը պիտի բերէ։ (Սաղմոս 37։10, 11. Յայտնութիւն 21։4) «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», կ’ըսէ Գործք Առաքելոց 10։34։ Այո, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք անկէ առթած օգուտները քաղելու։
Աստուածաշունչը իմաստութեամբ ու նշանակութեամբ լեցուն մատեան մըն է։ Զայն հասկնալը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Սակայն, Աստուծոյ օգնութեամբ, եւ անոր գիտութիւնը փնտռելու մէջ յարատեւելով, անիկա պիտի քօղազերծուի մեր առջեւ։ (Առակաց 2։4, 5. Յակոբու 1։5) Ճիշդ է որ մեր սորվածը գործադրելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Թերեւս մեր մտածելակերպին կամ սովորութեանց մէջ բարեճշդումներ ընելու հարկը տեսնենք։ Թերեւս բարենպատակ բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութեան հակառակին։ Հետեւաբար, յարատեւութիւնը կենսական է։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ թէ Աստուած ‘բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւողներուն’ յաւիտենական կեանք պիտի տայ։ (Հռովմայեցիս 2։7) Եհովայի Վկաները սիրով պիտի օգնեն ձեզի որ այս նպատակակէտին հասնիք։
Վստահ եղէք որ եթէ յարատեւէք Աստուծոյ ու իր կամքին մասին սորվիլ եւ ձեր սորվածը կիրարկել, յաջողութիւն պիտի գտնէք։—Սաղմոս 1։1-3
[Նկար՝ էջ 6]
Եթէ յարատեւէք Աստուծոյ ու իր կամքին մասին սորվիլ, յաջողութիւն պիտի գտնէք
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]
Culver Pictures