Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազդարարութեան ուշադրութիւն ըրէ՛ք

Ազդարարութեան ուշադրութիւն ըրէ՛ք

Ազդարարութեան ուշադրութիւն ըրէ՛ք

ՊՈ՜ՒՄ։ 3 Յունիս 1991–ին, Ճափոնի մէջ, որոտանման դղրդիւնով մը Ֆուկէն Լեռը հրաբխային կազեր ու մոխիր ժայթքեց։ Եռացող բաղադրութիւնը լերան լանջքերէն վար հոսեցաւ։ Ժայթքումը 43 հոգի սպաննեց։ Շատեր, որոնք հազիւ պրծեցան, ծանր կերպով այրեցան։ Ոմանք կ’աղաղակէին. «Ջո՜ւր, ջո՜ւր հաճի՜ք»։ Հրշէջներն ու ոստիկանները խելացնոր փութացին անոնց օգնելու համար։

ԵՐԿՈՒ շաբաթ առաջ Ֆուկէն Լերան գագաթը լաւայի գմբէթ մը տեսնուած էր, հետեւաբար, իշխանութիւններն ու բնակիչները կանխազդարարուած էին։ Աղէտէն աւելի քան շաբաթ մը առաջ, այդ շրջանէն դուրս ելլելու յանձնարարութիւն տրուած էր։ Ժայթքումէն միայն օր մը առաջ, ոստիկանութիւնը լրատուական անձնակազմի անդամներէն խնդրած էր որ արգիլուած շրջանը երթալէ խուսափէին։ Սակայն, այդ մահաբեր յետմիջօրէին, 43 զոհեր վտանգաւոր գօտիին մէջ կը գտնուէին։

Ինչո՞ւ այսքան անհատներ յանդգնեցան այդ շրջանը երթալ կամ հոն մնալ։ Իրենց տուները լքած երկրագործներէն ոմանք վերադարձան իրենց ստացուածքն ու դաշտերը ստուգելու համար։ Երեք հրաբխագէտներ կը փորձէին կարելի եղածին չափ աւելի մօտենալ հրաբուխին, իրենց ակադեմական հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար։ Քանի մը թղթակիցներ ու նկարիչներ յանդգնեցան արգիլուած գօտին անցնիլ, քանի որ ուզեցին հրաբխային գործունէութեան մասին վերջնագոյն տեղեկութիւններ քաղել։ Լրատուական անձնակազմին կողմէ վարձուած՝ երեք շարժավարներ ալ կը գտնուէին այդ վայրը։ Ոստիկաններ ու կամաւոր հրշէջներ պաշտօնի վրայ էին։ Ամէն մէկը վտանգաւոր գօտին երթալու իր անձնական պատճառը ունէր, սակայն հետեւանքը այն եղաւ որ անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Վտանգաւոր Գօտիի մը Մէ՞ջ Էք

Ամէն մարդ գործող հրաբուխի մը մօտերը չապրիր։ Սակայն, ի՞նչ պիտի ընէինք եթէ երկրածաւալ աղէտ մը դիմագրաւէինք, ամբողջ երկրագունդը պարփակող վտանգաւոր գօտիի մը մէջ դնելով բոլորս։ Գիրք մը, որ փաստուած է մարգարէական տեղեկութեան վստահելի աղբիւր մը ըլլալ, մեզ կ’ազդարարէ գալիք համաշխարհային աղէտէ մը եւ զայն հետեւեալ կերպով կը բնութագրէ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ . . . Երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն»։ (Մատթէոս 24։29, 30) Հոս տիեզերական ծաւալ ունեցող երկնային բներեւոյթ մը նկարագրուած է, որ «երկրի բոլոր ազգեր»ուն կ’ազդէ։ Ուրիշ խօսքով, այս մարգարէութիւնը առնչութիւն ունի աղէտի մը հետ, որ իւրաքանչիւրիս պիտի ազդէ։

Վստահելի մարգարէութիւն պարունակող այս գիրքը, Աստուածաշունչն է։ Հետաքրքրականօրէն, վերոյիշեալ համարը պարունակող հատուածին բովանդակութիւնը մանրամասն նկարագրութիւն կու տայ երկրածաւալ աղէտին առաջնորդող բաներուն մասին։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւայի գմբէթաձեւ երեւոյթը եւ հրաբխային ուրիշ նշաններ Շիմապարա քաղաքի պատասխանատուներուն պատճառներ տուին որ վտանգաւոր գօտին մատնանշեն, նոյնպէս Աստուածաշունչը պատճառներ կու տայ որ արթուն մնանք եւ վերապրումի համար պատրաստուինք։ Ֆուկէն Լերան ողբերգութենէն կրնանք դաս մը սորվիլ եւ մեր դիմաց գտնուող բանին լրջութիւնը ըմբռնել։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]

COVER Yomiuri/Orion Press/Sipa Press

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Yomiuri/Orion Press/Sipa Press