Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պզտիկ մարմիններու մէջ՝ մեծ սրտեր

Պզտիկ մարմիններու մէջ՝ մեծ սրտեր

Պզտիկ մարմիններու մէջ՝ մեծ սրտեր

Ի՞ՆՉ պատկեր կը գծէ ձեր դիմաց 76 սանթիմեթր հասակ ունենալով օտարներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլը։ Լորան կրնայ ըսել ձեզի։ 33 տարեկանին այդ է անոր հասակը՝ 76 սանթիմեթր։ Ինք եւ իր քոյրը՝ Մարիան, որ 24 տարեկան է եւ հասակը 86 սանթիմեթր, Էքուատորի Գուիթօ քաղաքը կ’ապրին։ Թոյլ տանք որ իրենք պատմեն քրիստոնէական ծառայութեան մէջ իրենց դիմակալած դժուարութիւնները։

«Որպէսզի մեր քարոզչութեան թաղամասը եւ քրիստոնէական ժողովներու երթանք, կէս քիլոմեթր կը քալենք օթոպիւս առնելու համար։ Մեզ իջեցուցած տեղէն մինչեւ երկրորդ օթոպիւսը առնենք, դարձեալ կէս քիլոմեթր կը քալենք։ Դժբախտաբար, այս ճամբուն վրայ հինգ կատաղի շուներ կան։ Այս շուները սարսափ կը պատճառեն մեզի, քանի որ մեզի համար ձիերու չափ մեծ կը թուին։ Զանոնք մեզմէ հեռացնելու համար գաւազան մը կ’առնենք մեր հետ եւ օթոպիւսը առնելու ժամանակ զայն տեղ մը կը պահենք, որպէսզի վերադարձին գործածենք։

«Մեզի համար օթոպիւս բարձրանալը բառացիօրէն շատ մեծ հարց մըն է։ Օթոպիւսի կայանը, հողակոյտ մը կայ որու վրայ կը կայնինք, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ բարձրանանք։ Շարժավարներէն ոմանք այդ հողակոյտին վրայ կը կենան, ուրիշներ՝ ոչ։ Այդ պարագային, մեզմէ ան որ աւելի երկար է, միւսին կ’օգնէ որ բարձրանայ։ Երկրորդ օթոպիւսը առնելու համար շատ բանուկ մայրուղի մը պէտք է կտրենք եւ մեր կարճ սրունքներով ասիկա իրական ջանք կը պահանջէ մեզմէ։ Փոքրակազմ ըլլալով գրքերու ծանր պայուսակ մը կրելը յաւելեալ դժուարութիւն մըն է։ Պայուսակը թեթեւցնելու համար, գրպանի չափով Աստուածաշունչ կը գործածենք եւ գրականութիւններուն քանակը կը նուազեցնենք։

«Մեր մանկութենէն ի վեր, երկուքս ալ շատ ինքնամփոփ եղած ենք։ Մեր դրացիները գիտեն որ միշտ օտարներու հետ խօսելու դժուարութիւն ունեցած ենք։ Ուստի, անոնք կը զարմանան եւ մեծապէս կը տպաւորուին, երբ տեսնեն թէ իրենց դռները կը զարնենք եւ ընդհանրապէս ականջ կու տան մեր խօսքերուն։ Բայց այդ շրջանները որ մեզ չեն ճանչնար, մարդիկ յաճախ պարզապէս գաճաճներ կը նկատեն մեզ. անոր համար միշտ լուրջի չեն առներ մեր տուած պատգամը։ Այսուհանդերձ, Եհովայի սէրը զգալը մեզի ոյժ կու տայ որ աւետարանչութիւնը շարունակենք։ Առակաց 3։5, 6–ի մասին մտածելն ալ մեզի քաջութիւն կու տայ»։

Ինչպէս Լորան եւ Մարիան ցոյց տուին, հակառակ ֆիզիքական հաշմանդամութեան՝ յարատեւելը Աստուած կը փառաբանէ։ Պօղոս առաքեալ աղօթեց որ իր «մարմնի խայթոց»ը՝ հաւանաբար մարմնաւոր ցաւ մը՝ իրմէ հեռացուի։ Բայց Աստուած անոր ըսաւ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Այո, հարկ չկայ որ ֆիզիքական հաշմանդամութիւն մը մեր վրայէն վերցուի, որպէսզի կարող ըլլանք Աստուծոյ ծառայել։ Ամբողջովին Աստուծոյ ապաւինիլը մեզի կրնայ օգնել որ մեր պարագաները լաւագոյնս օգտագործենք։ Քանի որ Պօղոս իր «մարմնի խայթոց»ը այս կերպով նկատեց, ան կրցաւ ըսել. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։7, 9, 10) Քանի մը տարի ետք, Պօղոս գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։13

Ներկայիս, Աստուած հզօր գործ մը կը կատարէ տղամարդոց, կիներու եւ երախաներու միջոցաւ, որոնք ամբողջովին իրեն նուիրուած են։ Անոնցմէ ոմանք կերպով մը հաշմանդամ են։ Թէեւ բոլորն ալ կը յուսան որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ պիտի բուժուին, սակայն անոնք չեն սպասեր որ Աստուած իրենց խնդիրներուն լուծում մը տայ, որպէսզի կարենան իր ծառայութեան մէջ բան մը ընել։

Ֆիզիքական տկարութենէ մը կը տառապի՞ք։ Քաջալերուեցէ՛ք։ Ձեր հաւատքով, դուք ալ կրնաք Պօղոսի, Լորայի եւ Մարիայի նմանողներուն մէջ ըլլալ։ Անոնց մասին կարելի է ըսել, ինչպէս էր պարագան վաղեմի հաւատքի տէր այրերու ու կիներու՝ «տկարութենէ ուժովցան»։—Եբրայեցիս 11։34

[Նկար՝ էջ 8]

Մարիա

Լորա

[Նկար՝ էջ 9]

Մարիան կ’օգնէ Լորային որ օթոպիւս բարձրանայ

[Նկարներ՝ էջ 9]

‘Շուներէն իրապէս կը սարսափէինք, քանի որ անոնք ձիերու չափ մեծ կը թուէին’

Վարը. Լորան եւ Մարիան եւ իրենց հետ Աստուածաշունչ սերտողները