Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վտանգաւոր գօտիէն հեռո՛ւ կեցէք

Վտանգաւոր գօտիէն հեռո՛ւ կեցէք

Վտանգաւոր գօտիէն հեռո՛ւ կեցէք

ՀՐԱԲԽԱԳԷՏՆԵՐՈՒ պարտականութիւնն է դիտարկութիւններ ընել ու ապացոյցը կշռադատել, ապա գալիք հրաբխային ժայթքումներուն մասին ազդարարութիւն տալ։ (Հազիւ որ Ֆուկէն Լեռը ժայթքած էր, ոստիկանութիւնը ստիպուեցաւ մարդիկը վտանգաւոր գօտիէն դուրս պահել։) Աստուածաշունչի աշակերտներն ալ «իրերու դրութեան վախճան»ին նշանը կը տեսնեն եւ սպառնացող վտանգին ի տես ուրիշները կ’ազդարարեն։—Մատթէոս 24։3ՆԱ

Վերահաս երկրածաւալ աղէտին մասին ազդարարութիւն տուող Աստուածաշունչի նոյն գլուխին մէջ, կանխայայտ երեւոյթներուն մասին կրնանք կարդալ հետեւեալ նկարագրութիւնը. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ . . . Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ . . . Արքայութեան այս աւետարանը [«Թագաւորութեան այս բարի լուրը», ՆԱ] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։7-14

Այս մարգարէութեան ընթացիկ կատարումը ըմբռնելու համար, լուրեր վերլուծող մը ըլլալու կարիքը չունինք։ Յատկապէս 1914–էն ի վեր ասիկա կը զգանք մեր մորթին վրայ։ Այս դարը տեսած է երկու համաշխարհային պատերազմներ, մեծ թիւով քաղաքացիական պատերազմներ, տեղական կռիւներ, եւ ցեղային ու կրօնական պայքարներ։ Այսպիսի պատերազմներու հետեւանքով մարդկութիւնը տառապած է սովերէ, ինչպէս նաեւ՝ բնական աղէտներու պատճառած զրկանքներէ։ Երկրաշարժները բազմաթիւ կեանքեր խլած են։ Կասկածելի առաջնորդներ ու մոլեռանդ հետեւորդներ ունեցող աղանդներ մէջտեղ եկած են։ «Անօրէնութեան շատնալ»ը պատճառ եղած է որ այլեւս մարդիկ սէր չցուցաբերեն, իսկ դրացիական սէրը սահմանուած կանոն մը ըլլալէ դադրած է։

Համաշխարհային քարոզչութիւնը, որ նշանին ուրիշ մէկ երեսակն է, արդէն կը կատարուի։ Պահ մը այս պարբերաթերթին կողքին նայեցէք եւ պիտի տեսնէք թէ անոր խորագրին մաս կը կազմէ՝ «Կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը։ 132 լեզուներով հրատարակուող եւ աւելի քան 22 միլիոն շրջաբերութիւն ունեցող Դիտարան–ը, «Թագաւորութեան այս բարի լուրը» բոլոր երկրին մէջ ծանուցանողներուն գլխաւոր գործիքն է։ Այս բարի լուրը կը պարփակէ այն պատգամը թէ տիեզերքի Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած՝ հաստատած է երկնային Թագաւորութիւնը, որ պիտի կործանէ իրերու չար դրութիւնը եւ երկրի վրայ դրախտը պիտի հաստատէ։ Արդարեւ, այն նշանը թէ Աստուած շուտով գործի պիտի անցնի, այժմ նկատելի է, ցոյց տալով թէ իրերու այս դրութեան մէջ ապրող մարդոց կեանքը վտանգի տակ է։—Համեմատել՝ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։3, 4. Յայտնութիւն 6։1-8

Եհովայի Ահեղ Օրը

Ի՞նչ պիտի պատահի երբ իր դատաստանները ի գործ դնելու Եհովայի ժամանակը իրապէս հասնի։ Մտիկ ըրէք թէ Ան ի՛նչ կերպով կը նկարագրէ այն ատեն տեղի ունենալիք բաները. «Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։ Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։—Յովելեայ 2։30, 31

Հրաբխային որեւէ ժայթքումէ կամ երկրաշարժէ մը շատ աւելի վախազդու եւ կործանարար այդ օրը՝ վերահաս է։ Սոփոնիա մարգարէն կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ . . . Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ»։ Թէեւ «Տէրոջը բարկութեան օրը անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան», բայց այդ ահեղ օրէն վերապրելու կերպ մը կայ։—Սոփոնեայ 1։14-18

Ցոյց տալով թէ ասիկա ի՛նչ կերպով պիտի ըլլայ, Սոփոնիա կ’ըսէ. «Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ . . . Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփոնեայ 2։2, 3) Կրնանք ապաստան գտնել ‘Եհովան փնտռելով, արդարութիւն փնտռելով եւ խոնարհութիւն փնտռելով’։ Ներկայիս, որո՞նք Եհովան կը փնտռեն։

Անկասկած, Եհովա բառը Եհովայի Վկաներուն հետ պիտի առնչէք, անոնց քարոզչութեան պատճառաւ։ Թերեւս անոնցմէ մէկը ձեզի տուաւ այս պարբերաթերթը։ Անոնք ճանչցուած են որպէս ուղիղ կենցաղ վարող պարկեշտ քաղաքացիներ։ Անոնք կը ջանան «նոր անձնաւորութիւն»ը հագնիլ, որ կ’ընդգրկէ խոնարհութիւն զարգացնել։ (Կողոսացիս 3։8-10, ՆԱ) Անոնք կ’ընդունին թէ ասիկա արդիւնքն է այն դաստիարակութեան, զոր ստացած են Եհովայի տեսանելի կազմակերպութենէն, որ ներկայացուած է երկրի տարածքին գտնուող Եհովայի Վկաներու տեղական ժողովքներով։ Այո՛, կրնաք ապաստան գտնել Եհովայի Վկաներու «ամբողջ եղբայրակցութեան» մէջ։—Ա. Պետրոս 5։9, ՆԱ

Հի՛մա Ապաստան Գտէք

Եհովան փնտռելով ապաստան գտնելու համար, իր բարեկամները պէտք է ըլլանք։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ»։ (Յակոբու 4։4) Աստուծոյ բարեկամները ըլլալու համար, Աստուծոյ հանդէպ ըմբոստ կեցուածքով յատկանշուած ներկայ ամբարիշտ աշխարհին հետ զգացական ամէն կապ պէտք է խզենք։

Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Ներկայիս, մարդոց մեծամասնութիւնը մարմնային ցանկութիւններու անձնատուր եղած է. սեռային անսանձ կիրք, դրամի անյագ հետապնդում եւ հեղինակութեան սխալ գործածութիւն։ Սակայն Եհովայի կողմը ըլլալու համար, անհատ մը այսպիսի ցանկութիւններ պէտք է յաղթահարէ։—Կողոսացիս 3։5-8

Թերեւս ժամանակ առ ժամանակ այս պարբերաթերթը կը կարդաք, եւ կրնայ ըլլալ որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու շուրջ անոր կիրարկումներուն հետ համաձայն էք։ Բայց, Եհովայի Վկաներու հետ ընկերակցելու յաւելեալ քայլը առնելու կը վարանիք։ Սակայն, եթէ աղէտ մը կը դիմագրաւենք, միայն ազդարարութիւնը լսելը բաւարա՞ր է։ Ինչպէս տեսանք Ֆուկէն Լերան ժայթքումի պարագային, ազդարարութիւնը մեզ գործի պէտք է լծէ։ Մի՛ մոռնաք, առնուազն 15 թղթակիցներ եւ նկարիչներ վերջնագոյն լուրերը ապահովելու միտումով իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Արդարեւ, նկարիչ մը մեռաւ մատը իր նկարչամեքենային կոճակին վրայ։ Հրաբխագէտ մը, որ ըսած էր՝ «Եթէ օր մը պիտի մեռնիմ, կը փափաքիմ որ անիկա ըլլայ հրաբուխի մը եզրին»՝ իր կեանքը կորսնցուց ճիշդ ի՛նչպէս որ փափաքած էր։ Բոլորն ալ իրենց գործին ու հետապնդումներուն նուիրուած անհատներ էին։ Այսուհանդերձ, ազդարարութիւնը անտեսելու գինը իրենց կեանքով վճարեցին։

Ներկայիս, շատեր կը լսեն այս ամբարիշտ իրերու դրութիւնը կործանելու Աստուծոյ որոշումին պատգամը, եւ որոշ տարողութեամբ կ’ըմբռնեն այս ազդարարութեան վաւերական ըլլալը։ Անոնք թերեւս պատճառաբանեն. ‘Անիկա ի վերջոյ պիտի գայ, բայց ո՛չ հիմա’։ Անոնց ձեռնտու է Եհովայի օրը յետաձգել, որպէսզի այժմ իրենց աչքին աւելի կարեւոր երեւցող բաներէն իրենց ուշադրութիւնը չվրիպի։

Բարուք այսպիսի խնդիր մը ունէր։ Վաղեմի Երեմիա մարգարէին քարտուղարը ըլլալով, Բարուք խիզախօրէն Երուսաղէմի Իսրայելացիները ազդարարեց մօտալուտ կործանման դէմ։ Սակայն, եղաւ ժամանակ մը, երբ իրեն տրուած առաքելութենէն յոգնեցաւ։ Հոն Եհովա սրբագրեց զինք. «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր»։ Անիկա ըլլար հարստութիւն, դիրք, կամ նիւթական ապահովութիւն, Բարուք ինքզինքին համար ‘մեծ բաներ պէտք չէր փնտռեր’։ Ան մէ՛կ բանով՝ Աստուծոյ կամքը ընելով պէտք էր հետաքրքրուած ըլլար. մարդոց օգնել որ Անոր կողմը դիրք բռնեն։ Ասոր որպէս արդիւնք, ան ‘իր կեանքը աւարի մը պէս’ պիտի ստանար։ (Երեմեայ 45։1-5) Համեմատաբար, ‘մեր անձերուն համար մեծ բաներ փնտռելու’ փոխարէն, Եհովան պէտք է փնտռենք, որ մեր կեանքին փրկութեան պատճառ կրնայ ըլլալ։

Ֆուկէն Լերան վրայ աւելի քան տասնեակ մը ոստիկաններ ու կամաւոր հրշէջներ պաշտօնի վրայ էին, երբ չափազանց տաք հրաբխային հոսանք մը զիրենք հարուածեց։ Անոնք կը փորձէին վտանգի ներքեւ գտնուող մարդոց օգնել եւ պաշտպանել։ Անոնք կը նմանէին բարենպատակ մարդոց, որոնք այս աշխարհը բարելաւելու նուիրուած են։ Իրենց շարժառիթները որքան ալ վեհ ըլլան, «այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ»։ (Ժողովողի 1։15) Իրերու ծուռ դրութիւնը չի կրնար շտկուիլ։ Տրամաբանակա՞ն է որ անհատը մը իր անձը այս «աշխարհին բարեկամ»ը ընէ, փորձելով ազատել համաշխարհային դրութիւն մը, զոր Աստուած վճռած է ոչնչացնել։

Փախչելէ Ետք՝ Հեռո՛ւ Կեցէք

Վտանգաւոր դրութենէն փախչիլը բան մըն է, բայց «համայն եղբայրակցութեան» պաշտպանող հոգատարութեան ներքեւ մնալը՝ բոլորովին տարբեր բան մըն է։ (Ա. Պետրոս 2։17) Չմոռնանք այն երկրագործները, որոնք Ֆուկէն Լերան մօտ իրենց դաշտերը լքելէ ետք, վերադարձան զանոնք ստուգելու համար։ Հաւանաբար, անոնք անհամբեր էին իրենց «սովորական» առօրեային վերադառնալու։ Սակայն կը գիտակցիք որ վերադառնալու անոնց որոշումը իմաստութիւն չէր։ Թերեւս ասիկա վտանգաւոր գօտին անցնելու առաջին փորձը չէր։ Կրնայ ըլլալ որ վտանգաւոր գօտին մտան քիչ մը ատեն եւ բան մը չպատահեցաւ։ Յաջորդ անգամ թերեւս աւելի երկար մնացին եւ դարձեալ բան մը չպատահեցաւ։ Հաւանաբար, շատ չանցած վտանգաւոր գօտին անցնիլը սովորութիւն դարձուցին եւ յանդգնեցան վտանգաւոր շրջանին մէջ տնտնալ։

Յիսուս Քրիստոս նոյնանման պարագայի մը ակնարկեց, որ տեղի պիտի ունենար «իրերու դրութեան վախճանին»։ Ան ըսաւ. «Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան [«ուշադրութիւն չընծայեցին», ՆԱ]՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։3, 38, 39

Նկատի առէք թէ Յիսուս յիշեց՝ ուտել, խմել եւ ամուսնանալ։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը ինքնին Եհովայի աչքին սխալ է։ Ո՞ւր էր սխալը ուրեմն։ Նոյի օրուան մարդիկը «ուշադրութիւն չընծայեցին»՝ անոնք իրենց առօրեայ սովորութիւններուն շուրջ կեդրոնացած կեանք մը կը վարէին։ Ստիպողական ժամանակի մը մէջ, անհատ մը չի կրնար «սովորական» կեանք վարել։ Անգամ մը որ փախեցաք կամ զատուեցաք ներկայ դատապարտուած աշխարհէն, անկէ քաղելիք որեւէ բանէ օգտուելու համար հոն վերադառնալու մղումին դէմ պէտք է պայքարիք։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Կրնայ ըլլալ որ հոգեւորապէս ապահով եղող գօտիէն դուրս թափառիք, ապա անվնաս ետ դառնաք, առանց որ մէկը նկատէ զայն։ Սակայն, անիկա հաւանաբար ձեզ քաջալերէ որ դարձեալ դառնաք աշխարհին, այս անգամ քիչ մը աւելի տնտնալով անոր մէջ։ Շատ չանցած կրնաք հետեւեալ մտածելակերպը զարգացնել. «Վախճանը հի՛մա պիտի չգայ»։

Նաեւ, խորհեցէք այն երեք վարձուած շարժավարներուն մասին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, մինչ թղթակիցներն ու նկարիչները կը սպասէին, երբ հրաբխային յորձանքը լեռնէն վար հոսեցաւ։ Ներկայիս, թերեւս ոմանք ընկերակցին անոնց հետ, որոնք յանդգնած են ետ աշխարհ դառնալ։ Բացայայտ է թէ աղիտաբեր գօտին վերադառնալու յորդորին համար տրուած պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ անիկա անարժէք է։

Ֆուկէն Լերան ժայթքումի բոլոր զոհերն ալ ապահով գիծը անցան եւ վտանգաւոր գօտին մտան։ Թէեւ անոնք կ’ակնկալէին որ օր մը այդ լեռը պիտի ժայթքէր, բայց ոչ ոք խորհեցաւ որ ա՛յդ օրը տեղի պիտի ունենար անիկա։ Իրերու դրութեան վախճանին նշանը տեսնելով, շատեր կ’ակնկալեն Եհովայի օրուան գալը, բայց հաւանաբար ո՛չ շուտով։ Ոմանք նոյնիսկ կը խորհին թէ այդ օրը երբեք չի կրնար «հի՛մա» ըլլալ։ Այսպիսի տեսակէտ արդարեւ վտանգաւոր է։

Պետրոս առաքեալ զգուշացուց. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ»։ Պէտք է արթուն ըլլանք «սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն», ‘ջանալով որ ան մեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով’։ (Բ. Պետրոս 3։10-14) Իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան կործանումէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտային երկիր մը վերապահուած է։ Մեր միտքը ի՛նչ պատճառաբանութիւն ալ հնարէ, երբեք չփորձուինք վտանգաւոր գօտին անցնիլ, քանի որ ա՛յն օրը որ գիծը անցնելով ետ աշխարհ մտնենք, անիկա կրնայ Եհովայի օ՛րը ըլլալ։

Եհովայի ժողովուրդին քով ապաստան գտէք եւ անոնց հետ մնացէք։

[Նկարներ՝ էջ 7]

Եհովայի ժողովուրդին քով ապաստան գտէք եւ անոնց հետ մնացէք

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

Iwasa/Sipa Press