Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քրիստոսին միտքը» գիտնանք

«Քրիստոսին միտքը» գիտնանք

«Քրիստոսին միտքը» գիտնանք

«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2։16

1, 2. Եհովա յարմար տեսաւ որ իր Խօսքին մէջ ի՞նչ յայտնէ Յիսուսի մասին։

ՅԻՍՈՒՍԻ երեւոյթը ի՞նչպէս էր։ Ի՞նչ էր իր մազերուն, մորթին եւ աչքերուն գոյնը։ Հասակը ո՞րքան էր։ Քաշը ո՞րքան էր։ Դարերու ընթացքին արուեստագէտներ Յիսուսը տարբեր ձեւերով ներկայացուցած են՝ տրամաբանականէն մինչեւ անբնականը։ Ոմանք զինք պատկերացուցած են որպէս առնական եւ կայտառ, մինչ ուրիշներ՝ ճղճիմ ու տժգոյն։

2 Աստուածաշունչը սակայն, Յիսուսի երեւոյթին վրայ ուշադրութիւն չի հրաւիրեր։ Ընդհակառակը, Եհովա յարմար տեսաւ որ շատ աւելի կարեւոր եղող բան մը՝ Յիսուսի ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալը՝ յայտնէ։ Աւետարանները ո՛չ միայն կը տեղեկագրեն ինչ որ Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, այլ նաեւ կը յայտնեն անոր խօսքերուն ու արարքներուն ետին գտնուող զգացումի խորութիւնն ու մտածելակերպը։ Ներշնչեալ այս չորս արձանագրութիւնները մեզի կ’օգնեն որ աւելի մօտէն քննենք զայն, որու Պօղոս առաքեալ ակնարկեց որպէս «Քրիստոսին միտքը»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Կարեւոր է որ Յիսուսի խորհուրդներուն, զգացումներուն եւ անձնաւորութեան ծանօթանանք։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն երկու պատճառով։

3. Քրիստոսին մտքին ծանօթանալը մեզի ի՞նչ ներատեսութիւն կու տայ։

3 Առաջին՝ Քրիստոսին միտքը մեզի գաղափար մը կու տայ Եհովա Աստուծոյ մտքին մասին։ Յիսուս ա՛յնքան մտերմօրէն կը ճանչնար իր Հայրը, որ կրցաւ ըսել. «Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։ (Ղուկաս 10։22) Կարծես Յիսուս ըսել կ’ուզէր՝ ‘Եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ Եհովան ի՛նչպիսի մէկն է՝ ինծի նայեցէք’։ (Յովհաննու 14։9) Ուստի, երբ սերտենք ինչ որ Աւետարանները կը յայտնեն Յիսուսի մտածելակերպին ու զգացումին մասին, իրականութեան մէջ սորված կ’ըլլանք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը խորհի ու կը զգայ։ Այսպիսի գիտութիւն մը մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ։—Յակոբու 4։8

4. Եթէ իրապէս Քրիստոսի նման պիտի վարուինք, նախ ի՞նչ պէտք է սորվինք եւ ինչո՛ւ։

4 Երկրորդ՝ Քրիստոսի միտքը գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ «իր շաւիղներուն մօտէն հետեւինք»։ (Ա. Պետրոս 2։21ՆԱ) Յիսուսի հետեւիլը պարզապէս իր խօսքերը կրկնել եւ իր արարքները ընդօրինակել չէ։ Քանի որ խորհուրդներն ու զգացումները կ’ազդեն մէկուն խօսակցութեան եւ արարքներուն, հետեւաբար Քրիստոսի հետեւիլը կը պահանջէ իր ունեցած նոյն «միտքը» մշակել։ (Փիլիպպեցիս 2։5) Ուրիշ խօսքով, եթէ իրապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք, որպէս անկատար անհատներ մեր կարողութեան ներած չափով, իրեն նման խորհիլ ու զգալ։ Ուստի, Աւետարանը գրողներուն օգնութեամբ, մօտէն քննենք Քրիստոսին միտքը։ Նախ պիտի խօսինք այն ազդակներուն մասին, որոնք Յիսուսի մտածելակերպին ու զգացումին ազդեցին։

Իր Նախամարդկային Գոյութիւնը

5, 6. (ա) Մեր ընկերակիցները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ։ (բ) Աստուծոյ անդրանիկ Որդին երկիր գալէն առաջ, ի՞նչ ընկերակցութիւն ունէր երկնքի մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր վրայ։

5 Մեր սերտ ընկերակիցները կրնան ազդել մեզի վրայ, մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ արարքներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելով, անիկա ըլլայ լաւ կամ վատ։ * (Առակաց 13։20) Նկատի առէք երկիր գալէն առաջ, երկնքի մէջ Յիսուսի ունեցած ընկերակցութիւնը։ Յովհաննու Աւետարանը՝ որպէս Աստուծոյ «Բան»ը կամ Խօսնակը՝ Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր»։ (Յովհաննու 1։1, 2) Քանի որ Եհովա սկիզբ չունի, Բանը «սկիզբէն» Աստուծոյ հետ ըլլալը պէտք է ակնարկէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան սկիզբին։ (Սաղմոս 90։2) Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է։ Հետեւաբար, ան գոյութիւն ունէր հոգեղէն միւս արարածներէն ու տիեզերքը ստեղծուելէն առաջ։—Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14

6 Ըստ գիտական կարգ մը հաշիւներու, ֆիզիքական տիեզերքը առնուազն 12 միլիառ տարիէ գոյութիւն ունի։ Եթէ այս հաշիւները որեւէ կերպով շիտակ են, Աստուծոյ անդրանիկ Որդին անհաշուելիօրէն երկար ժամանակ իր Հօրը հետ սերտ յարաբերութիւն վայելած ըլլալու է Ադամի ստեղծուելէն առաջ։ (Համեմատել՝ Միքիայ 5։2) Այս կերպով, երկուքին միջեւ շատ գորովալից ու խոր կապ մը զարգացած էր։ Որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն, այս անդրանիկ Որդին իր նախամարդկային գոյութեան մէջ որպէս թէ հետեւեալը կ’ըսէ. «Ամէն օր անոր [Եհովայի] զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի»։ (Առակաց 8։30) Վստահաբար, սիրոյ Աղբիւրին հետ անհամար դարեր անցընելը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուծոյ Որդւոյն վրայ։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Այս Որդին իր Հօրը խորհուրդները, զգացումները եւ ճամբաները ոեւէ մէկէն լաւ գիտցաւ եւ արտացոլացուց։—Մատթէոս 11։27

Երկրային Կեանքը եւ Կրած Ազդեցութիւնները

7. Աստուծոյ անդրանիկ Որդւոյն երկիր գալուն անհրաժեշտ եղող պատճառներէն մէկը ի՞նչ էր։

7 Աստուծոյ Որդին տակաւին շատ սորվելիք ունէր, քանի որ Եհովայի նպատակն էր իր Որդին պատրաստել, որպէսզի գորովագութ Քահանայապետ մը ըլլար՝ «մեր տկարութիւններուն կարեկից»։ (Եբրայեցիս 4։15) Այս դերին պահանջներուն գոհացում տալը պատճառներէն մէկն էր, որու համար Որդին որպէս մարդ երկիր եկաւ։ Երկրի վրայ որպէս միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարդ մը, Յիսուս այնպիսի պարագաներու ու ազդեցութիւններու ենթարկուեցաւ, զորս նախապէս միայն երկնքէն դիտած էր։ Արդ, մարդկային զգացումներու ու յուզումներու հետ անմիջական շփման մէջ եկաւ։ Ան երբեմն յոգնած, ծարաւ ու անօթի զգաց։ (Մատթէոս 4։2. Յովհաննու 4։6, 7) Ասկէ զատ, ան ամէն տեսակ նեղութիւն ու տառապանք կրեց։ Այս կերպով ան «հնազանդութիւն սորվեցաւ» եւ որպէս Քահանայապետ իր դերին համար լիովին որակելի եղաւ։—Եբրայեցիս 5։8-10

8. Յիսուսի երկրային կեանքի սկիզբին մասին ի՞նչ գիտենք։

8 Երկրի վրայ իր կեանքին սկիզբը Յիսուսի ունեցած փորձառութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Իր մանկութեան մասին շատ քիչ արձանագրութիւն կայ։ Արդարեւ, միայն Մատթէոս եւ Ղուկաս իր ծնունդին մասին եղած իրադարձութիւնները պատմած են։ Աւետարան գրողները գիտէին որ Յիսուս երկիր գալէն առաջ երկնքի մէջ ապրած էր։ Այդ նախամարդկային գոյութիւնը, որեւէ բանէ աւելի կը լուսաբանէ իր ի՛նչպիսի մէկը դառնալը։ Այսուհանդերձ, Յիսուս իրապէս մարդկային էր։ Թէեւ կատարեալ էր, բայց տակաւին իր մանկութենէն երախայութեան պիտի անցնէր, իսկ պատանեկութենէն՝ չափահասութեան, ու այս ամբողջ տեւողութեան պիտի սորվէր։ (Ղուկաս 2։51, 52) Աստուածաշունչը Յիսուսի կեանքի սկիզբին մասին կարգ մը բաներ կը յայտնէ, որոնք անկասկած ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ։

9. (ա) Ի՞նչ բան կը նշէ որ Յիսուս աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած էր։ (բ) Յիսուս հաւանաբար ի՞նչպիսի պայմաններու ներքեւ մեծցաւ։

9 Ըստ տուեալներու, Յիսուս աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած էր։ Իր ծնունդէն 40 օր ետք Յովսէփի ու Մարիամի տաճար բերած զոհէն ասիկա յայտնի կ’ըլլայ։ Փոխանակ որպէս ողջակէզ խոյ մը եւ մեղքի պատարագի համար աղաւնիի երկու ձագ կամ տատրակ բերելու, անոնք «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» բերին։ (Ղուկաս 2։24) Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, այս զոհի մատուցումը աղքատներուն համար եղած կարգադրութիւն մըն էր։ (Ղեւտացւոց 12։6-8) Ժամանակի ընթացքին, այս համեստ ընտանիքը մեծցաւ։ Յովսէփ եւ Մարիամ Յիսուսի հրաշալի ծնունդէն ետք, բնական միջոցներով առնուազն վեց ուրիշ զաւակներ ունեցան։ (Մատթէոս 13։55, 56) Ուստի, Յիսուս մեծցաւ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ, հաւանաբար համեստ պայմաններու ներքեւ։

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յովսէփ եւ Մարիամ աստուածավախ անհատներ էին։

10 Յիսուս աստուածավախ ու հոգածու ծնողներու ձեռքին մէջ մեծցաւ։ Իր մայրը՝ Մարիամ, բացառիկ կին մըն էր։ Յիշեցէք որ երբ Գաբրիէլ հրեշտակը զինք ողջունեց, անոր ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է»։ (Ղուկաս 1։28) Յովսէփ ալ բարեպաշտ մարդ մըն էր։ Ան ամէն տարի 150 քմ. կը ճամբորդէր, Պասեքի առթիւ Երուսաղէմ երթալու համար։ Մարիամ ալ կ’երթար, հակառակ անոր որ միայն տղամարդոցմէ պահանջուած էր ասիկա։ (Ելից 23։17. Ղուկաս 2։41) Այս առիթներէն մէկուն ընթացքին, Յովսէփ եւ Մարիամ 12 տարեկան Յիսուսը ամէն կողմ փնտռելէն ետք, զայն գտան տաճարին մէջ, ուսուցիչներուն հետ։ Յիսուս իր մտահոգուած ծնողքին ըսաւ. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ (Ղուկաս 2։49) ‘Հայր’. այս բառը ջերմ ու լիարժէք իմաստ մը ունենալու էր պատանի Յիսուսի համար։ Նախ, հաւանաբար իրեն ըսուած էր որ Եհովա էր իր իրական Հայրը։ Ասկէ զատ, Յիսուսի համար Յովսէփ լաւ որդեգիր հայր մը եղած ըլլալու էր։ Վստահաբար Եհովա կոշտ կամ անգութ մարդու մը պիտի չվստահէր Իր սիրելի Որդւոյն հոգատարութիւնը։

11. Յիսուս ի՞նչ արհեստ սորվեցաւ, եւ սուրբ գրային ժամանակներուն այս արհեստը իր մէջ ի՞նչ կը պարփակէր։

11 Նազարէթի մէջ իր անցուցած տարիներու ընթացքին, Յիսուս ատաղձագործութիւն սորվեցաւ, հաւանաբար զինք որդեգրած հօրմէն՝ Յովսէփէն։ Յիսուս այնքան լաւ տիրապետած էր արհեստին որ ինք անձամբ կոչուած էր «հիւսնը»։ (Մարկոս 6։3) Սուրբ գրային ժամանակներուն, ատաղձագործները կը գործածուէին տուն կառուցանելու, կարասիներ (սեղան, աթոռ եւ նստարան) եւ երկրագործական գործիքներ շինելու համար։ Երկխօսութիւն Տրիփոնին Հետ իր երկին մէջ, Հ.Դ. երկրորդ դարուն ապրած Յուստինոս Նահատակ Յիսուսի մասին գրեց. «Ան մարդոց մէջ գտնուած ժամանակ որպէս ատաղձագործ կ’աշխատէր, գութաններ եւ լուծեր շինելով»։ Ասիկա դիւրին աշխատանք մը չէր, քանի որ անցեալին ատաղձագործ մը թերեւս իր փայտը գնելու կարելիութիւնը չունէր։ Շատ հաւանաբար ան կ’երթար ծառը կ’ընտրէր, զայն կը կտրէր ու տուն կը բերէր։ Ուստի, կրնայ ըլլալ որ Յիսուս ապրուստ ճարելու, յաճախորդներուն հետ վարուելու եւ ընտանիքի մը նիւթական ծախսերը հոգալու դժուարութիւններուն ծանօթ էր։

12. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յովսէփ ակներեւաբար Յիսուսէ առաջ մեռաւ, եւ ասիկա ի՞նչ նշանակած ըլլալու է Յիսուսի համար։

12 Որպէս անդրանիկ որդի, Յիսուս հաւանաբար ընտանիքին հոգ կը տանէր, մանաւանդ որ, ըստ երեւոյթին, Յովսէփ իրմէ առաջ մեռած էր։ * 1 Յունուար 1900–ի Սիօնի Դիտարանը ըսաւ. «Աւանդութիւնը կ’ըսէ որ Յովսէփ մեռաւ, երբ տակաւին Յիսուս պատանի էր եւ թէ այս վերջինը ստանձնեց ատաղձագործութիւնը եւ ընտանիքին հոգ տարաւ։ Ասոր նեցուկ կը կանգնի Սուրբ Գրքի վկայութիւնը, ուր Յիսուս անձամբ կոչուած է հիւսնը եւ հոն յիշուած են իր մայրն ու եղբայրները, բայց ոչ՝ Յովսէփ։ (Մարկոս 6։3) . . . Շատ հաւանական է որ մեր Տիրոջ կեանքին տասնըութը երկար տարիները՝ [Ղուկաս 2։41-49–ի մէջ արձանագրուած] դէպքէն մինչեւ իր մկրտութեան ժամանակը՝ կեանքի սովորական պարտականութիւնները կատարելով անցան»։ Մարիամ եւ իր զաւակները՝ Յիսուսն ալ ներառեալ, հաւանաբար գիտցան սիրելի ամուսինի մը եւ հօր մը մահուան առթած վիշտը։

13. Երբ Յիսուս իր ծառայութեան ձեռնարկեց, ինչո՞ւ ասիկա ըրաւ այնպիսի գիտութեամբ, ներատեսութեամբ եւ խոր զգացումով, զոր ուրիշ ոեւէ մէկը ընելու կարող չէր։

13 Որոշ է որ Յիսուս փափուկ կեանքի համար ծնած չէր։ Ընդհակառակը, ան ուղղակի սովորական մարդոց նման կեանք մը վարեց։ Ապա՝ Հ.Դ. 29–ին, ժամանակը եկաւ որ Յիսուս զինք սպասող աստուածային նշանակումը կատարէր։ Այդ տարուան աշնան, ան ջուրի մէջ մկրտուեցաւ եւ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր Որդի մը ծնաւ։ «Երկինքը բացուեցաւ» իր առջեւ, բացայայտօրէն նշելով որ ան երկնքի մէջ իր ունեցած նախամարդկային գոյութիւնը յիշեց՝ անոր ընկերակցող խորհուրդներն ու զգացումներն ալ ներառեալ։ (Ղուկաս 3։21, 22) Ուստի, երբ Յիսուս իր ծառայութեան ձեռնարկեց, ասիկա ըրաւ այնպիսի գիտութեամբ, ներատեսութեամբ եւ խոր զգացումով, զոր ուրիշ ոեւէ մէկը ընելու կարող չէր։ Աւետարանը գրողները լաւ պատճառով մը իրենց գրութեան մեծ մասը նուիրեցին Յիսուսի ծառայութեան հետ առնչուող դէպքերուն։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, անոնք չկրցան գրել անոր ըսած ու ըրած բոլոր բաները։ (Յովհաննու 21։25) Բայց ինչ որ ներշնչուեցան գրելու, մեզի կ’օգնէ որ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն միտքը աւելի մօտէն քննենք։

Յիսուսի Անձնաւորութիւնը

14. Աւետարանները Յիսուսը ի՞նչպէս կը պատկերացնեն որպէս գորովագութ եւ խոր զգացումներու տէր մարդ մը։

14 Աւետարաններէն ի յայտ կու գայ Յիսուսի անձնաւորութիւնը որպէս գորովագութ եւ խոր զգացումներու տէր մարդ մը։ Ան այլազան յոյզեր դրսեւորեց. բորոտի մը խղճաց (Մարկոս 1։40, 41), չընդառաջող մարդոց համար ցաւ զգաց (Ղուկաս 19։41, 42), ագահ ստակ փոխողներու դէմ արդարացի զայրոյթ յայտնեց։ (Յովհաննու 2։13-17) Կարեկից մարդ մը ըլլալով, Յիսուս արցունքի անձնատուր եղաւ եւ իր զգացումները չթաքցուց։ Երբ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս մահացաւ, Ղազարոսի քրոջ՝ Մարիամի վշտահար երեւոյթէն յուզուած, Յիսուս ինք ալ արցունք թափեց, ուրիշներուն ներկայութեան լալով։—Յովհաննու 11։32-36

15. Յիսուսի գորովը ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլար ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած կեցուածքէն եւ վերաբերմունքէն։

15 Յիսուսի գորովը մասնաւորաբար յայտնի կ’ըլլար ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած կեցուածքէն եւ վերաբերմունքէն։ Ան աղքատին ու հարստահարուածին կը հասնէր, անոնց օգնելով որ ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն գտնեն’։ (Մատթէոս 11։4, 5, 28-30) Ան վշտահարներու կարիքներուն չընդառաջելու աստիճան զբաղած չէր, անիկա ըլլար արիւնահոսութենէ տառապող կին մը, որ իր հանդերձին դպաւ, թէ կոյր մուրացկան մը, որու չէին կրնար լռեցնել։ (Մատթէոս 9։20-22. Մարկոս 10։46-52) Յիսուս ուրիշներուն մէջ լաւ բաները կը տեսնէր եւ զանոնք կը գովէր. բայց երբ հարկ ըլլար՝ կը յանդիմանէր։ (Մատթէոս 16։23. Յովհաննու 1։47. 8։44) Այն ժամանակ երբ կիներ շատ քիչ իրաւունքներ ունէին, անոնց հետ վարուեցաւ հաւասարակշռուած յարգանքով ու պատուով։ (Յովհաննու 4։9, 27) Հասկնալի է որ խումբ մը կիներ իրենց ստացուածքով սիրայօժար կերպով սպասարկութիւն կ’ընէին իրեն։—Ղուկաս 8։3

16. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս կեանքի ու նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունէր։

16 Յիսուս կեանքի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունէր։ Իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը նիւթական բաները չէին։ Այնպէս կը թուի որ նիւթական գետնի վրայ շատ քիչ բան ունէր։ Ան ըսաւ որ ‘իր գլուխը դնելիք տեղ մը չունէր’։ (Մատթէոս 8։20) Բայց միեւնոյն ատեն Յիսուս ուրիշներուն ուրախութիւնը կ’աւելցնէր։ Երբ հարսանեկան խնճոյքի մը ներկայ եղաւ, որ մասնաւորաբար յատկորոշուած կ’ըլլար երաժշտութեամբ, երգով ու զուարճութեամբ, որոշ է որ ան հոն չգնաց անոնց տրամադրութիւնը աւրելու համար։ Արդարեւ, Յիսուս իր առաջին հրաշքը հոն կատարեց։ Երբ գինին պակսեցաւ, ան ջուրը ընտիր գինիի վերածեց. խմիչք մը, որ «կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը»։ (Սաղմոս 104։15. Յովհաննու 2։1-11) Այս կերպով խնճոյքը կրնար շարունակուիլ եւ հարսն ու փեսան սեւերես ելլելէ կը խնայուէին։ Տակաւին իր հաւասարակշռութիւնը ցոյց կը տրուի այն բազմաթիւ յիշատակութիւններով թէ Յիսուս իր ծառայութեան մէջ երկար ժամեր եւ ծանր կ’աշխատէր։—Յովհաննու 4։34

17. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Յիսուս Վարպետ Ուսուցիչ մըն էր իր ուսուցումները ի՞նչ կ’արտացոլացնէին։

17 Յիսուս Վարպետ Ուսուցիչ մըն էր։ Իր ուսուցումներէն շատերը առօրեայի իրողութիւններու հետ կապ ունէին, որոնց քաջածանօթ էր։ (Մատթէոս 13։33. Ղուկաս 15։8) Ան սորվեցնելու անբաղդատելի կերպ մը ունէր. շատ յստակ, պարզ եւ գործնական։ Բայց շատ աւելի ուշագրաւ էին իր սորվեցուցած բաները։ Իր ուսուցումները կ’արտացոլացնէին Եհովայի խորհուրդները, զգացումները եւ ճամբաները իր ունկնդիրներուն ծանօթացնելու իր սրտանց փափաքը։—Յովհաննու 17։6-8

18, 19. (ա) Պատկերալից ի՞նչ վառ լեզուով Յիսուս նկարագրեց իր Հայրը։ (բ) Յաջորդ յօդուածով ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։

18 Յաճախ օրինակներ գործածելով, Յիսուս իր Հայրը ներկայացուց պատկերալից վառ լեզուով մը, որ հեշտութեամբ չէր մոռցուեր։ Աստուծոյ ողորմածութեան մասին ընդհանուր կերպով խօսիլը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր է Եհովան նմանցնել ներող հօր մը, որ ա՛յնքան յուզուած էր իր որդւոյն վերադարձը տեսնելով, որ «վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ (Ղուկաս 15։11-24) Մերժելով այն անթեք մշակոյթը, որով կրօնական առաջնորդները ցած աչքով կը նայէին հասարակ ժողովուրդին, Յիսուս բացատրեց որ իր Հայրը դիւրամերձ Աստուած մըն էր, որ կը նախընտրէր հեզ մաքսաւորի մը պաղատանքը լսել, քան՝ սնապարծ Փարիսեցիի մը ցուցամոլ աղօթքը։ (Ղուկաս 18։9-14) Յիսուս Եհովան պատկերացուց որպէս հոգածու Աստուած մը, որ փոքր ճնճղուկի մը գետին իյնալէն տեղեակ է։ Ան իր աշակերտները վստահեցուց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29, 31) Հասկնալի է որ մարդիկ կը զարմանային «անոր վարդապետութեանը վրայ» եւ անոր կը մօտենային։ (Մատթէոս 7։28, 29) Այո՛, առիթով մը «խիստ շատ» մարդիկ երեք օր քովը մնացին, նոյնիսկ առանց ուտելու։—Մարկոս 8։1, 2

19 Երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա իր Խօսքին մէջ յայտնած է Քրիստոսին միտքը։ Սակայն մենք ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսին միտքը մշակել եւ ասիկա ցոյց տալ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածով։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Յայտնութիւն 12։3, 4–ը կը նշէ որ հոգեղէն արարածներն ալ իրենց ընկերակցութենէն կ’ազդուին։ Հոն Սատանան նկարագրուած է որպէս «վիշապ» մը, որ կրցած է ազդեցութիւն բանեցնել, որպէսզի ուրիշ «աստղեր» կամ հոգեղէն որդիներ իր ըմբոստ ընթացքին մէջ իրեն միանան։—Համեմատել՝ Յոբայ 38։7

^ պարբ. 12 Յովսէփի մասին վերջին ուղղակի յիշատակութիւն մը եղած է, երբ Յիսուս 12 տարեկանին տաճարին մէջ գտնուեցաւ։ Չէ յիշուած որ Յովսէփ Կանայի հարսանեկան խրախճանքին ներկայ էր՝ Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը։ (Յովհաննու 2։1-3) Հ.Դ. 33–ին, ցցահանուած Յիսուս Մարիամը վստահեցաւ սիրելի Յովհաննէս առաքեալի հոգածութեան։ Եթէ Յովսէփ ողջ եղած ըլլար, Յիսուս վստահաբար այսպիսի բան մը ըրած պիտի չըլլար։—Յովհաննու 19։26, 27

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ‘Քրիստոսին մտքին’ ծանօթանանք։

• Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս ի՞նչ ընկերակցութիւն ունէր։

• Իր երկրային կեանքի տեւողութեան, Յիսուս ուղղակի ի՞նչ պարագաներու եւ ազդեցութիւններու ներքեւ եկաւ։

• Աւետարանները ի՞նչ կը յայտնեն Յիսուսի անձնաւորութեան մասին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Յիսուս բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ, հաւանաբար համեստ պարագաներու ներքեւ

[Նկարներ՝ էջ 12]

12 տարեկան Յիսուսի հասկացողութեան եւ պատասխաններուն վրայ կը զարմանային ուսուցիչները