Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քրիստոսին միտքը» ունի՞ք

«Քրիստոսին միտքը» ունի՞ք

«Քրիստոսին միտքը» ունի՞ք

«Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը տայ ձեզի, որ . . . միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։5

1. Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկան շատ մը նկարչութիւններու մէջ Յիսուս ի՞նչպէս պատկերացուած է. ինչո՞ւ ասիկա Յիսուսի ճիշդ պատկերը չէ։

«ԱՆՈՐ խնդալը բնա՛ւ տեսնուած չէ»։ Յիսուս այսպէս նկարագրուած է վաւերագրի մը մէջ, որու գրութիւնը սխալ կերպով վերագրուած է վաղեմի Հռովմէացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը։ Կ’ըսուի որ շատ մը արուեստագէտներ ազդուած են այս վաւերագրէն՝ որ իր ներկայ ձեւով ծանօթ է շուրջ 11–րդ դարէն ի վեր։ * Շատ նկարչութիւններու մէջ Յիսուս մռայլ երեւոյթ մը ունի, որ գրեթէ չի խնդար։ Բայց ասիկա բնաւ ճիշդ նկարագրութիւն մը չէ իր մասին, զոր Աւետարանները կը ներկայացնեն որպէս խոր զգացումներ ունեցող ջերմ, հեզահամբոյր մարդ մը։

2. Ի՞նչպէս կրնանք մշակել «միեւնոյն խորհուրդը . . . Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս», եւ ասիկա ի՞նչ ընելու պիտի զինէ մեզ։

2 Որոշ է ուրեմն, որ իսկական Յիսուսը ճանչնալու համար մեր միտքն ու սիրտը պէտք է լեցնենք երկրի վրայ եղած ատեն Յիսուսի իրապէս ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն ճշգրիտ հասկացողութեամբ։ Ուստի, Աւետարանի կարգ մը պատմութիւնները քննենք, որոնք մեզի կ’օգնեն որ «Քրիստոսին միտք»ին, այսինքն իր զգացումներուն, խելամտութեան, խորհուրդներուն եւ դատողութիւններուն թափանցենք։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Մինչ ասիկա կ’ընենք, նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք մշակել «միեւնոյն խորհուրդը . . . Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս»։ (Հռովմայեցիս 15։5) Այս կերպով, մեր կեանքին եւ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ իր ձգած օրինակին հետեւելու համար աւելի լաւ զինուած կ’ըլլանք։—Յովհաննու 13։15

Դիւրամերձ

3, 4. (ա) Մարկոս 10։13-16–ի մէջ արձանագրուած դէպքին ընդհանուր պատկերը ի՞նչ էր։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, երբ իր աշակերտները չձգեցին որ երախաները իրեն մօտենան։

3 Մարդիկ Յիսուսով կը հրապուրուէին։ Շատ առիթներով, տարբեր տարիքի ու ենթահողի պատկանող անհատներ դիւրութեամբ իրեն կը մօտենային։ Նկատի առէք Մարկոս 10։13-16–ի մէջ արձանագրուած դէպքը։ Անիկա տեղի ունեցաւ իր ծառայութեան գրեթէ վերջաւորութեան, երբ վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ կ’ուղղուէր տանջալից մահ մը դիմագրաւելու համար։—Մարկոս 10։32-34

4 Մտապատկերացուցէք տեսարանը։ Մարդիկ կը սկսին երախաներ, նոյնիսկ մանուկներ բերել, որպէսզի Յիսուս օրհնէ զանոնք։ * Բայց աշակերտները կը ջանան արգիլել որ երախաները Յիսուսի մօտենան։ Թերեւս անոնք կը խորհին որ ճգնաժամային այս շաբաթներուն Յիսուս չ’ուզեր անհանգստնալ երախաներով։ Բայց անոնք կը սխալին։ Երբ Յիսուս աշակերտներուն ըրածին կ’անդրադառնայ, ան կը դժգոհի։ Երախաները քովը կը կանչէ ու կ’ըսէ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը [«մանուկները», Երուսաղէմ], որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք»։ (Մարկոս 10։14) Ապա իրապէս գորովալից եւ սիրալիր բան մը կ’ընէ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մարկոս 10։16) Պարզ է որ երախաները հանգիստ կը զգան, երբ Յիսուս խնամքով զիրենք իր գիրկը կ’առնէ։

5. Մարկոս 10։13-16–ի դրուագը Յիսուսի ինչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

5 Այդ հակիրճ դրուագը մեզի շատ բան կ’ըսէ Յիսուսի ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին։ Նկատի առէք որ ան դիւրամերձ էր։ Թէեւ ան երկնքի մէջ բարձր տեղ մը գրաւած էր, բայց անկատար մարդիկը ո՛չ կ’ամչցնէր եւ ոչ ալ կը նուաստացնէր։ (Յովհաննու 17։5) Նշանակալից չէ՞ որ նոյնիսկ երախաներ հանգիստ կը զգային իրեն հետ։ Վստահաբար անոնք պիտի չմօտենային սառն, բնաւ չժպտացող կամ չխնդացող տխրադէմ անհատի մը։ Ամէն տարիքի մարդիկ կը մօտենային Յիսուսի, քանի որ կը զգային որ ան ջերմ, հոգածու անհատ մըն էր եւ վստահ էին որ ան իրենցմէ երես պիտի չդարձնէր։

6. Երէցները ի՞նչպէս կրնան իրենք զիրենք աւելի դիւրամերձ դարձնել։

6 Այս դրուագին մասին խորհելով, մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Քրիստոսին միտքը ունի՞մ։ Դիւրամե՞րձ եմ’։ Այս ճգնաժամային օրերուն, Աստուծոյ ոչխարները կարիքը ունին դիւրամերձ հովիւներու, տղամարդոց, որոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս» են։ (Եսայեայ 32։1, 2. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ո՛վ երէցներ, եթէ ձեր եղբայրներուն հանդէպ անկեղծ ու սրտանց հետաքրքրութիւն մշակէք եւ ձեր անձերէն տալու յօժար ըլլաք, անոնք պիտի զգան ձեր հոգածութիւնը։ Անիկա ձեր դէմքի արտայայտութեան մէջ պիտի տեսնեն, ձեր ձայնի եղանակին մէջ պիտի լսեն եւ ձեր ազնիւ վերաբերմունքին մէջ պիտի նկատեն։ Այսպիսի հարազատ ջերմութիւն եւ հետաքրքրութիւն վստահեցուցիչ մթնոլորտ մը կրնան ստեղծել, որ բոլորին՝ մէջը ըլլալով երախաներուն, ձեզի մօտենալը կը դիւրացնէ։ Քրիստոնեայ կին մը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ որոշ երէցի մը կրցաւ իր սիրտը բանալ. «Ան գորովով ու կարեկցութեամբ խօսեցաւ հետս։ Այլապէս, հաւանաբար չկարենայի բա՛ռ մը ըսել։ Ան օգնեց որ ապահով զգամ»։

Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառու

7. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ուրիշներու հանդէպ նկատառու էր։ (բ) Յիսուս կոյր մարդու մը տեսողութիւնը հաւանաբար ինչո՞ւ աստիճանաբար վերահաստատեց։

7 Յիսուս նկատառու էր։ Ան ուրիշներու զգացումներուն նկատմամբ զգայուն էր։ Վշտահարներու երեւոյթը ա՛յնքան խոր կերպով կը յուզէր զինք, որ անոնց ցաւերը ամոքելու կը մղուէր։ (Մատթէոս 14։14) Ան ուրիշներու սահմանափակումներուն եւ կարիքներուն հանդէպ ալ նկատառու էր։ (Յովհաննու 16։12) Անգամ մը, մարդիկ կոյր մարդ մը բերին Յիսուսի եւ իրմէ խնդրեցին որ զինք բժշկէր։ Յիսուս մարդուն տեսողութիւնը վերահաստատեց, բայց ասիկա աստիճանաբար ըրաւ։ Նախ՝ մարդը աղօտ կերպով մարդիկ տեսաւ «ծառերու պէս որ կը պտըտին»։ Ապա Յիսուս անոր տեսողութիւնը ամբողջովին վերահաստատեց։ Ան ինչո՞ւ աստիճանաբար բուժեց մարդը։ Կրնայ ըլլալ որ ասիկա ըրաւ երկար ժամանակ չտեսնելով մթութեան մէջ եղող անհատին օգնելու համար, որպէսզի ան յանկարծ պայծառ եւ բարդ աշխարհ մը տեսնելու ցնցումին վարժուի։—Մարկոս 8։22-26

8, 9. (ա) Յիսուս եւ իր աշակերտները Դեկապոլիսի շրջանը մտնելէն քիչ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Յիսուսի կողմէ խուլ մարդուն բժշկուիլը նկարագրեցէք։

8 Նկատի առէք նաեւ դրուագ մը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 32–ի Պասեքէն ետք։ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ Ծովուն արեւելքը գտնուող Դեկապոլիսի շրջանը մտած էին։ Անմիջապէս շատ ժողովուրդ զիրենք գտան հոն ու բազմաթիւ հիւանդներ ու կաղեր Յիսուսի բերին եւ բոլորն ալ բժշկեց։ (Մատթէոս 15։29, 30) Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս որոշ անհատ մը միւսներէն անջատեց, անոր մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայելով։ Մարկոս Աւետարանիչը՝ միակը որ այս դրուագը արձանագրած է, կը տեղեկագրէ եղելութիւնը։—Մարկոս 7։31-35

9 Մարդը խուլ ու դժուարախօս էր։ Յիսուս զգացած ըլլալու էր այս մարդուն մասնայատուկ ջղագրգռութիւնը կամ շփոթութիւնը։ Ուստի, ան արտասովոր բան մը ըրաւ։ Ան մարդը մէկ կողմ քաշեց, ամբոխէն հեռու առանձին տեղ մը։ Ապա կարգ մը շարժումներ ըրաւ, անոր իմացնելու համար թէ ինչ պիտի ընէր շուտով։ Ան «իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ»։ (Մարկոս 7։33) Անկէ ետք, Յիսուս երկինք նայեցաւ եւ սրտագին հառաչանք մը արձակեց։ Ցուցադրական այս արարքները մարդուն ըսել պիտի ուզէին՝ ‘Ինչ որ պիտի ընեմ քեզի համար, Աստուծոյ զօրութեամբ է’։ Վերջապէս Յիսուս ըսաւ՝ «Բացուէ՛»։ (Մարկոս 7։34) Իսկոյն մարդը իր լսողութիւնը գտաւ եւ սկսաւ բնականոն կերպով խօսիլ։

10, 11. Ժողովքին մէջ ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք նկատառութիւն ցոյց տալ. ընտանիքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք ընել ասիկա։

10 Յիսուս ուրիշներու հանդէպ ի՜նչ խոր նկատառութիւն ցոյց տուաւ։ Անոնց զգացումներուն հանդէպ անտարբեր չէր եւ այս կարեկից նկատողութիւնը իր կարգին, զինք մղեց այնպէս մը վարուելու որ անոնց զգացումները չվիրաւորէր։ Որպէս Քրիստոնեաներ մենք ալ այս ուղղութեամբ Քրիստոսին միտքը պէտք է մշակենք եւ ցուցաբերենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ»։ (Ա. Պետրոս 3։8) Ասիկա վստահաբար մեզմէ կը պահանջէ որ ուրիշներուն զգացումները նկատի առնելով խօսինք եւ գործենք։

11 Ժողովքին մէջ ուրիշներուն զգացումները նկատի կ’առնենք զանոնք պատուելով, անոնց հետ վարուելով ա՛յնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէինք որ անոնք մեզի հետ վարուէին։ (Մատթէոս 7։12) Ասիկա իր մէջ պէտք է պարփակէ ուշադիր ըլլալ թէ ի՛նչ կ’ըսենք եւ թէ՝ ի՛նչպէս կ’ըսենք զայն։ (Կողոսացիս 4։6) Մի՛ մոռնաք որ «անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն»։ (Առակաց 12։18) Ի՞նչ է պարագան ընտանիքին մէջ։ Զիրար իրապէս սիրող ամուսին եւ կին իրարու զգացումները նկատի կ’առնեն։ (Եփեսացիս 5։33) Անոնք կը զգուշանան բիրտ խօսքերէ, դաժան քննադատութիւններէ եւ կծու ծաղրանքներէ. բաներ՝ որոնք զգացումներ կը վիրաւորեն, եւ դիւրութեամբ չեն բուժուիր։ Երախաներն ալ զգացումներ ունին եւ սիրալիր ծնողներ զանոնք նկատի կ’առնեն։ Երբ սրբագրումի կարիքը տեսնուի, այսպիսի ծնողներ զայն ա՛յնպէս կը մատակարարեն որ իրենց զաւակներուն արժանապատուութիւնը յարգեն եւ անհարկի շփոթեցուցիչ վիճակներէ խնայեն զանոնք։ * (Կողոսացիս 3։21) Երբ այս կերպով նկատառու ըլլանք ուրիշներու հանդէպ, կ’ապացուցանենք որ Քրիստոսին միտքը ունինք։

Ուրիշներուն Վստահեցէք

12. Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ ի՞նչ հաւասարակշռուած եւ իրապաշտ տեսակէտ մը ունէր։

12 Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ հաւասարակշռուած եւ իրապաշտ տեսակէտ մը ունէր։ Ան քաջ գիտէր որ անոնք կատարեալ չէին։ Արդարեւ, ան մարդոց սրտերը կրնար կարդալ։ (Յովհաննու 2։24, 25) Այսպէս ըլլալով հանդերձ, պարզապէս անոնց անկատարութիւնները չտեսաւ, այլ՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն նայեցաւ։ Ան նաեւ տեսաւ այս մարդոց ունեցած կարողութիւնները, զորոնք Եհովա իրեն քաշած էր։ (Յովհաննու 6։44) Իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի վերաբերմունքէն եւ անոնց հետ իր վարուած կերպէն յայտնի էր անոնց նկատմամբ իր ունեցած դրական տեսակէտը։ Ասոր համար անոնց վստահելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ։

13. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ իր աշակերտներուն կը վստահէր։

13 Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ այդ վստահութիւնը։ Երբ երկիրը ձգեց, ան իր օծեալ աշակերտներուն ծանր պատասխանատուութիւն մը յանձնեց։ Անոնց ձեռքին մէջ դրաւ իր Թագաւորութեան համաշխարհային շահերուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ (Մատթէոս 25։14, 15. Ղուկաս 12։42-44) Իր ծառայութեան ընթացքին, նոյնիսկ չնչին եւ անուղղակի կերպով ցոյց տուաւ որ կը վստահէր իրենց։ Երբ բազմութիւններ հրաշալիօրէն կերակրելու համար ուտելիքը շատցուց, ան իր աշակերտներուն յանձնեց կերակուրը բաշխելու պատասխանատուութիւնը։—Մատթէոս 14։15-21. 15։32-37

14. Մարկոս 4։35-41–ի մէջ արձանագրուած դրուագը ի՞նչպէս կրնաք ամփոփել։

14 Մարկոս 4։35-41–ի դրուագն ալ նկատի առէք։ Այս պարագային, Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւ մը նստան եւ Գալիլիոյ Ծովուն արեւելեան կողմը նաւարկեցին։ Նաւը ճամբայ ելլելէն քիչ ետք, Յիսուս նաւուն ետեւը երկնցաւ ու շուտով քնացաւ։ Սակայն շատ չանցած «մեծ փոթորիկ մը ելաւ»։ Այսպիսի փոթորիկներ անսովոր չէին Գալիլիոյ Ծովուն վրայ։ Անոր մակարդակը ցած ըլլալուն պատճառաւ (շուրջ 200 մեթր ծովու մակերեսէն ցած), հոն օդը շատ աւելի տաք է քան շրջակայ մասերուն մէջ, եւ ասիկա մթնոլորտային խանգարումներ կը ստեղծէ։ Ասկէ զատ, Հերմոն Լեռնէն զօրաւոր հովեր կը փչեն դէպի Յորդանանի Հովիտը, որ հիւսիսը կը գտնուի։ Ժամանակաւոր հանդարտութիւն մը յանկարծ կրնայ տեղի տալ մեծ փոթորիկի մը։ Խորհեցէ՛ք. Յիսուս Գալիլիա մեծցած ըլլալով անկասկած իրեն ծանօթ էին այդ փոթորիկները։ Այսուհանդերձ ան խաղաղութեամբ կը քնանար, աշակերտներուն վարպետութեան վստահելով, որոնցմէ քանի մը հատը ձկնորսներ էին։—Մատթէոս 4։18, 19

15. Ուրիշներուն վստահելու Յիսուսի յօժարակամութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել։

15 Իր աշակերտներուն վստահելու Յիսուսի կամեցողութիւնը կրնա՞նք ընդօրինակել։ Ոմանք ուրիշներու պատասխանատուութիւններ յանձնելու դժուարութիւն ունին։ Անոնք միշտ կ’ուզեն ղեկը իրենց ձեռքը պահել։ Անոնք կրնան խորհիլ. ‘Եթէ կ’ուզեմ որ բան մը շիտակ ըլլայ, պէտք է որ ձեռքո՛վս ընեմ’։ Բայց եթէ ամէն բան մենք պիտի ընենք, մենք մեզ պիտի մաշեցնենք եւ անտեղի կերպով մեր ընտանիքին ժամանակէն պիտի առնենք։ Ասկէ զատ, եթէ ուրիշներուն պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ չյանձնենք, զանոնք զրկած կ’ըլլանք փորձառութենէ եւ մարզումէ, որոնց պէտք ունին։ Իմաստութիւն պիտի ըլլար սորվիլ ուրիշներուն վստահիլ, անոնց որոշ բաներ յանձնելով։ Պարկեշտօրէն մենք մեզի հարցնենք. ‘Այս հարցին մէջ Քրիստոսին միտքը ունի՞մ։ Կը յօժարի՞մ որոշ պարտականութիւններ տալ ուրիշներուն, վստահելով որ անոնք իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն’։

Ան Իր Աշակերտներուն Վրայ Վստահութիւն Արտայայտեց

16, 17. Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ երաշխիք տուաւ, գիտնալով հանդերձ որ զինք պիտի լքէին։

16 Յիսուս ուրիշ կարեւոր կերպով մըն ալ իր աշակերտները դրական աչքով կը դիտէր։ Ան ուզեց որ անոնք գիտնան թէ իրենց կը վստահէր։ Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը իր առաքեալներուն ըսած խրախուսիչ խօսքերը ասիկա կը հաստատեն։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ։

17 Անիկա լեցուն գիշեր մըն էր Յիսուսի համար։ Ան իր առաքեալներուն խոնարհութեան գործնական դաս մը տուաւ, անոնց ոտքերը լուալով։ Անկէ ետք, իր մահուան յիշատակը ըլլալիք ընթրիքը հաստատեց։ Ետքը, առաքեալները անգամ մը եւս տաք վիճաբանութեան մը բռնուեցան թէ իրենցմէ ո՛վ ամենամեծն էր։ Միշտ համբերող ըլլալով, Յիսուս չյանդիմանեց զանոնք, այլ անոնց հետ տրամաբանեց։ Անոնց ըսաւ թէ ի՛նչ կը սպասէր իրենց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’»։ (Մատթէոս 26։31. Զաքարեայ 13։7) Ան գիտէր որ իր նեղ ժամանակին, իր ամենամօտիկ բարեկամները զինք պիտի լքէին։ Այսուհանդերձ, զանոնք չդատապարտեց։ Ընդհակառակը, անոնց ըսաւ. «Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ (Մատթէոս 26։32) Այո, զանոնք վստահեցուց որ թէեւ իրենք զինք պիտի լքէին, բայց ինք բնաւ զիրենք պիտի չլքէր։ Այս սարսափելի ծանր փորձութիւնը անցնելէ ետք, դարձեալ իրենց պիտի հանդիպէր։

18. Գալիլիոյ մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ ծանրակշիռ յանձնարարութիւն տուաւ եւ առաքեալները զայն ի՞նչպէս կատարեցին։

18 Յիսուս իր խօսքը պահեց։ Հետագային, յարուցեալ Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն երեւցաւ Գալիլիոյ մէջ, որոնք ակներեւաբար ուրիշ շատերուն հետ հաւաքուած էին։ (Մատթէոս 28։16, 17. Ա. Կորնթացիս 15։6) Հոն Յիսուս անոնց ծանրակշիռ յանձնարարութիւն մը տուաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Գործք Առաքելոց գիրքը որոշ կերպով կ’ապացուցանէ որ առաքեալները այդ յանձնարարութիւնը կատարեցին։ Առաջին դարուն անոնք հաւատարմօրէն բարի լուրի քարոզչութիւնը գլխաւորեցին։—Գործք 2։41, 42. 4։33. 5։27-32

19. Իր յարութենէն ետք Յիսուսի առած քայլերը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Քրիստոսի մտքին մասին։

19 Այս բացայայտիչ դրուագը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Քրիստոսի մտքին մասին։ Յիսուս իր աշակերտներուն վատ կողմերը տեսած էր, սակայն «մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհաննու 13։1) Հակառակ իրենց թերութիւններուն, անոնց գիտցուց որ իրենց վրայ վստահութիւն ունէր։ Յիսուսի ունեցած վստահութիւնը անտեղի չէր։ Անոնց նկատմամբ իր արտայայտած հաւատքն ու վստահութիւնը անկասկած զօրացուցին զիրենք, որպէսզի իրենց սրտին մէջ վճռեն կատարել այն գործը, զոր իրենց պատուիրած էր։

20, 21. Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ի՞նչպէս դրական տեսակէտ մը կրնանք յայտնաբերել։

20 Այս մարզին մէջ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսին միտքը յայտնաբերել։ Ձեր հաւատակիցներուն նկատմամբ յոռետես մի՛ ըլլաք։ Եթէ անոնց մասին վատ բաներ մտածէք, ձեր խօսքերն ու արարքները ասիկա պիտի յայտնեն։ (Ղուկաս 6։45) Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Սէրը դրական է եւ ո՛չ թէ ժխտական։ Անիկա կը կերտէ եւ ո՛չ թէ կը քանդէ։ Մարդիկ շատ աւելի դիւրութեամբ կ’ընդառաջեն սիրոյ ու քաջալերութեան, քան՝ յանդիմանութեան։ Կրնանք ուրիշները կերտել եւ քաջալերել, անոնց հանդէպ վստահութիւն յայտնելով։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Եթէ, Քրիստոսի նման, մեր եղբայրներուն դրական աչքով նայինք, անոնց հետ ա՛յնպէս պիտի վարուինք որ զանոնք պիտի կերտենք եւ զանոնք պիտի մղենք որ իրենց լաւագոյնը տան։

21 Քրիստոսին միտքը մշակելը եւ զայն ցոյց տալը, Յիսուսի ըրած որոշ բաները ընդօրինակելէն շատ աւելի անդին կ’երթայ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, եթէ իրապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք ամէն բան իր տեսադաշտէն դիտել։ Աւետարանները մեզի կ’օգնեն որ իր անձնաւորութեան ուրիշ մէկ երեսակը տեսնենք՝ իրեն նշանակուած գործին հանդէպ իր ունեցած խորհուրդներն ու զգացումները. յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի այս մասին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Վաւերագրին մէջ, զեղծարար անհատը կը նկարագրէ Յիսուսի ենթադրեալ ֆիզիքական երեւոյթը, մէջը ըլլալով անոր մազին, մօրուքին եւ աչքերուն գոյնը։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Էտկար Ժ. Կուտսփիտ կը բացատրէ թէ այս զեղծարարութիւնը՝ «Յիսուսի անձնական երեւոյթին մասին գծագրիչներու ստեղծագործութեանց մէջ տրուած նկարագրութեան վարկ տալու նպատակաւ էր»։

^ պարբ. 4 Երեւութապէս երախաները տարբեր տարիքի կը պատկանէին։ Հոս «մանուկ» թարգմանուած բառը գործածուած է նաեւ Յայրոսի 12 տարեկան աղջկան համար։ (Մարկոս 5։39, 42. 10։13, Երուսաղէմ) Սակայն, զուգահեռ պատմութեան մէջ, Ղուկաս կը գործածէ բառ մը որ նաեւ գործածուած է մանուկներու համար։—Ղուկաս 1։41. 2։12. 18։15, Երուսաղէմ

^ պարբ. 11 Տեսնել՝ «Անոնց Արժանապատուութիւնը կը Յարգէ՞ք» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 Ապրիլ 1998 համարին մէջ (Անգլերէն)։

Կրնա՞ք բացատրել

• Ի՞նչ եղաւ Յիսուսի հակազդեցութիւնը, երբ աշակերտները փորձեցին արգիլել որ մանուկները իրեն մօտենան։

• Ի՞նչ կերպերով Յիսուս նկատառութիւն ցոյց տուաւ ուրիշներու հանդէպ։

• Իր աշակերտներուն վստահելու Յիսուսի յօժարութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել։

• Առաքեալներուն հանդէպ Յիսուսի արտայայտած վստահութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Երախաները հանգիստ կը զգային Յիսուսի հետ

[Նկար՝ էջ 17]

Յիսուս ուրիշներու հետ կարեկցութեամբ կը վարուէր

[Նկար՝ էջ 18]

Դիւրամերձ երէցներ օրհնութիւն մըն են