Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթքի զօրութիւնը

Աղօթքի զօրութիւնը

Աղօթքի զօրութիւնը

Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող Նաքովր քաղաքին վրայ արեւը մայր կը մտնէ։ Եղիազար անունով Սուրիացի մարդ մը տասը ուղտերէ բաղկացած կարաւանով մը կը հասնի քաղաքին դուրսը գտնուող ջրհորի մը քով։ Թէեւ անկասկած յոգնած ու ծարաւ է, բայց Եղիազար աւելի մտահոգ է ուրիշներու կարիքներով։ Ան օտար երկրէ մը եկած է իր տիրոջ որդւոյն կին մը գտնելու համար։ Ասկէ զատ, ան այս կինը իր տիրոջ ազգականներուն մէջէն պէտք է գտնէ։ Այս դժուար յանձնարարութիւնը ի՞նչպէս պիտի կատարէ։

ԵՂԻԱԶԱՐ աղօթքի զօրութեան կը հաւատայ։ Արտակարգ ու մանկանման հաւատքով մը, ան խոնարհաբար կը խնդրէ. «Ո՛վ Տէր [«Եհովա», ՆԱ], իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։—Ծննդոց 24։12-14

Աղօթքի զօրութեան հանդէպ Եղիազարի վստահութիւնը ի դերեւ չ’ելլեր։ Այո, կը պատահի որ ջրհոր եկող առաջին աղջիկը, Աբրահամի եղբօր աղջիկը կ’ըլլայ։ Անոր անունը Ռեբեկա է. ան ամուրի, բարոյականով մաքուր եւ գեղեցիկ է։ Արտակարգօրէն, ան ոչ միայն Եղիազարի ջուր կու տայ, այլ ազնուօրէն կ’առաջարկէ անոր բոլոր ուղտերուն պապակը յագեցնել։ Հետագային, իր ընտանիքին հետ խորհրդակցելէ ետք, Ռեբեկա կը յօժարի Եղիազարի հետ հեռաւոր երկիր մը երթալ, Աբրահամի որդիին՝ Իսահակին կինը ըլլալու համար։ Եղիազարի աղօթքին ի՜նչ շշմեցուցիչ եւ բացայայտ պատասխան մը, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Աստուած երբեմն դէպքերուն հրաշալիօրէն կը միջամտէր։

Եղիազարի աղօթքէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Անիկա ցոյց կու տար իր ուշագրաւ հաւատքը, խոնարհութիւնը եւ ուրիշներու կարիքներուն հանդէպ իր անշահախնդիր հետաքրքրութիւնը։ Եղիազարի աղօթքը նաեւ ցոյց կու տար մարդկութեան հետ Եհովայի գործելակերպին ենթարկուելու իր պատրաստակամութիւնը։ Անկասկած ան տեղեակ էր Աբրահամի հետ Աստուծոյ ունեցած մասնայատուկ մտերմութենէն, ինչպէս նաեւ Իր խոստումէն՝ թէ ամբողջ մարդկութիւնը Աբրահամի միջոցաւ ապագային պիտի օրհնուէր։ (Ծննդոց 12։3) Այս պատճառաւ, Եղիազար իր աղօթքը հետեւեալ բառերով սկսաւ. «Ո՛վ Եհովա, իմ տիրոջս Աբրահամի Աստուածը»։

Յիսուս Քրիստոս Աբրահամէ սերած էր, որու միջոցաւ ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը պիտի օրհնուէր։ (Ծննդոց 22։18) Ներկայիս եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները պատասխանուին, պէտք է ցոյց տանք թէ իր Որդւոյն միջոցաւ մարդկութեան հետ ունեցած Աստուծոյ գործելակերպը խոնարհութեամբ կ’ընդունինք։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի»։—Յովհաննու 15։7

Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի հետեւորդներէն մէկն էր, որ Յիսուսի այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը փորձառաբար գիտցաւ։ Աղօթքի զօրութեան հանդէպ իր հաւատքը վստահաբար ապարդիւն չէր։ Ան Քրիստոնեայ հաւատակիցները քաջալերեց որ իրենց բոլոր մտահոգութիւնները աղօթքով Աստուծոյ յայտնեն եւ վկայեց ըսելով. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ աղօթքով Աստուծոյ ներկայացուած Պօղոսի բոլոր խնդրանքներն ալ շնորհուեցան։ Տեսնե՛նք։

Բոլոր Խնդրանքներն Ալ Չեն Շնորհուիր

Իր անձնուրաց ծառայութեան մէջ, ըստ իր նկարագրութեան, Պօղոս կը տառապէր «մարմնի խայթոց»է մը։ (Բ. Կորնթացիս 12։7) Ասիկա հակառակորդներու եւ «սուտ եղբայրներու» կողմէ պատճառուած մտային ու զգացական նեղութիւն կրնար ըլլալ։ (Բ. Կորնթացիս 11։26. Գաղատացիս 2։4) Կամ՝ աչքի երկարատեւ հիւանդութեան պատճառած ֆիզիքական անհանգստութիւն կրնար ըլլալ։ (Գաղատացիս 4։15) Ի՛նչ որ ալ ըլլար պարագան, այս «մարմնի խայթոցը» Պօղոսի վրայ տկարացնող ազդեցութիւն մը ունէր։ Ան գրեց. «Երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ»։ Սակայն Պօղոսի խնդրանքը չշնորհուեցաւ։ Պօղոսի բացատրուեցաւ թէ Աստուծմէ արդէն իսկ ստացած հոգեւոր օգուտները, ինչպէս՝ փորձութիւններու տոկալու զօրութիւնը, հերիք էր իրեն։ Ասկէ զատ, Աստուած ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը յայտնուի ամբողջապէս»։—Բ. Կորնթացիս 12։8, 9, Երուսաղէմ

Եղիազարի ու Պօղոսի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովա Աստուած արդարեւ մտիկ կ’ընէ խոնարհօրէն իրեն ծառայել ջանացողներուն աղօթքները։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ան միշտ անոնց խնդրանքները կը շնորհէ, քանի որ Աստուած հարցերը ընդլայնուած կերպով կը դիտէ։ Ան մեզմէ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ բան մեր լաւագոյն շահերուն կը նպաստէ։ Աւելի կարեւորը, ան միշտ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իր նպատակին հետ ներդաշնակ կը գործէ։

Հոգեւոր Բուժումի Ժամանակ մը

Աստուած կը խոստանայ մարդկութիւնը բուժել ֆիզիքական, մտային եւ զգացական բոլոր հիւանդութիւններէն, երկրի վրայ իր Որդւոյն Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (Յայտնութիւն 20։1-3. 21։3-5) Անկեղծ Քրիստոնեաներ անհամբեր կը սպասեն այս խոստմնաւէտ ապագան, զայն իրականութիւն մը դարձնելու Աստուծոյ զօրութեան հանդէպ լման հաւատք ունենալով։ Ներկայիս հրաշալի բուժում մը չակնկալելով հանդերձ, անոնք Աստուծոյ կ’աղօթեն որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար մխիթարութիւն ու զօրութիւն տայ իրենց։ (Սաղմոս 55։22) Երբ հիւանդանան, անոնք նաեւ կրնան Աստուծոյ առաջնորդութեան համար աղօթել, իրենց նիւթական միջոցներու սահմաններուն մէջ եղող բժշկական լաւագոյն դարմանը ձեռք ձգելու համար։

Կարգ մը կրօնքներ հիւանդները կը քաջալերեն որ հիմա՛ բուժուելու համար աղօթեն, մատնանշելով Յիսուսի ու իր առաքեալներուն կատարած հրաշագործ բուժումներուն։ Սակայն, այսպիսի հրաշքներ մասնայատուկ նպատակի համար կատարուեցան։ Անոնք որպէս ապացոյց ծառայեցին թէ Յիսուս Քրիստոս ճշմարիտ Մեսիան էր եւ ցոյց տուին թէ Աստուծոյ հաճութիւնը Հրեայ ազգէն առնուած՝ եւ քրիստոնէական նորակազմ ժողովքին տրուած էր։ Այն ատեն, նոր հաստատուած քրիստոնէական ժողովքին հաւատքը ամրապնդելու համար, հրաշագործ պարգեւներու կարիքը կար։ Երբ մանուկ ժողովքը ոտքի կանգնեցաւ, ուրիշ խօսքով՝ հասունցաւ, հրաշագործ պարգեւները ‘խափանեցան’։—Ա. Կորնթացիս 13։8, 11

Այս ճակատագրական ժամանակին, Եհովա Աստուած իր երկրպագուները կ’առաջնորդէ հոգեւոր բուժման աւելի կարեւոր գործին մէջ։ Մինչ տակաւին ժամանակ ունին, մարդիկ ստիպողականօրէն պէտք է հետեւեալ կոչին ընդառաջեն. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։ Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ»։—Եսայեայ 55։6, 7

Զղջացող մեղաւորներու այս հոգեւոր բուժումը ներկայիս կը կատարուի Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեամբ։ (Մատթէոս 24։14) Կենարար այս գործը կատարելու համար իր ծառաները զօրացնելով, Եհովա Աստուած ամէն ազգէ միլիոնաւոր մարդոց կ’օգնէ որ այս չար դրութեան վախճանը չեկած, իրենց մեղքերէն զղջան եւ իր հետ ընդունելի յարաբերութեան մէջ գան։ Բոլոր անոնք որոնք անկեղծօրէն այսպիսի հոգեւոր բուժման համար կ’աղօթեն եւ այս բուժման գործը կատարելու համար աղօթքով օգնութիւն կը խնդրեն, իրենց աղօթքներուն պատասխանը արդարեւ պիտի ստանան։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Eliezer and Rebekah/The Doré Bible Illustrations/Dover Publications