Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած աղօթքներու կը պատասխանէ

Աստուած աղօթքներու կը պատասխանէ

Աստուած աղօթքներու կը պատասխանէ

Կոռնելիոս մարդ մըն էր որ յաճախակի ու սրտանց աղօթքներով Աստուծոյ հաճութիւնը կը փնտռէր։ Ասկէ զատ, ան որպէս հարիւրապետ իր դիրքը լաւ կերպով կը գործածէր։ Աստուածաշունչին համաձայն, ան կարօտեալներուն «շատ ողորմութիւններ կու տար»։—Գործք 10։1, 2

ԱՅԴ ժամանակ, քրիստոնէական ժողովքը կազմուած էր՝ հաւատացեալ Հրեաներէ, նորադարձներէ ու Սամարացիներէ։ Կոռնելիոս անթլփատ հեթանոս մըն էր եւ քրիստոնէական ժողովքին մաս չէր կազմեր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ իր աղօթքները ի զուր էին։ Ո՛չ։ Եհովա Աստուած Կոռնելիոսը եւ իր բարեպաշտ արարքները նկատի առաւ։—Գործք 10։4

Հրեշտակային առաջնորդութեամբ, Կոռնելիոս քրիստոնէական ժողովքին հետ հաղորդակցութեան մէջ բերուեցաւ։ (Գործք 10։30-33) Որպէս արդիւնք, ինք եւ իր ընտանիքը քրիստոնէական ժողովքին մէջ ընդունուող առաջին անթլփատ հեթանոսները ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցան։ Եհովա Աստուած արժանի սեպեց որ Կոռնելիոսի անձնական փորձառութիւնը բովանդակուի Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ։ Անկասկած, ան բազմաթիւ փոփոխութիւններ ըրաւ իր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ բերելու համար։ (Եսայեայ 2։2-4. Յովհաննու 17։16) Ներկայիս, բոլոր ազգերէն անոնք որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը կը փնտռեն, Կոռնելիոսի փորձառութենէն մեծապէս պէտք է քաջալերուին։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։

Արդի Օրինակներ

Հնդկաստանի մէջ երիտասարդ կին մը լուրջ մխիթարութեան կարիքը ունէր։ 21 տարեկանին ամուսնացած էր եւ երկու զաւակ ունէր։ Սակայն, երկրորդ զաւկին ծնունդէն քիչ ետք, ամուսինը մահացաւ։ 24 տարեկանին ան յանկարծ որբեւայրի մնաց, 2 ամսուան աղջնակով եւ 22 ամսուան տղայ զաւակով մը։ Զարմանալի չէ որ ան մխիթարութեան կարիքը ունէր։ Բայց ո՞ւր կրնար դիմել։ Գիշեր մը, խորապէս ընկճուած, ան աղօթեց ըսելով. «Երկնաւոր Հայր, հաճիս քու Խօսքովդ մխիթարէ զիս»։

Յաջորդ առաւօտ, ան այցելու մը ունեցաւ։ Այցելուն Եհովայի Վկայ մըն էր։ Այդ օրը, Վկային տունէ տուն ծառայութիւնը դժուար եղած էր, քանի որ քիչեր դուռը բացած էին իրեն։ Յոգնած՝ աւելի ճիշդը յուսահատած, ան տուն երթալու վրայ էր. սակայն, բան մը մղեց զինք որ տուն մը եւս այցելէ։ Հոն էր որ ան այս երիտասարդ որբեւայրիին հանդիպեցաւ։ Կինը ներս հրաւիրեց զինք եւ Աստուածաշունչը բացատրող գրականութիւն մը ընդունեց։ Այս գրականութեան ընթերցանութիւնը եւ Վկային հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը մեծապէս մխիթարեցին կինը։ Ան սորվեցաւ մեռելները յարուցանելու Աստուծոյ խոստումին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որ շուտով երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ։ Ամենէն կարեւորը, ան ճանչցաւ ու սիրեց, իր աղօթքին պատասխանող ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան։

Նորան, որ Հարաւային Ափրիկէի Ճորճ քաղաքը կ’ապրի, լիաժամ քարոզչութեան մասնակցելու նպատակաւ ամիս մը որոշեց։ Սկսելէն առաջ, ան Եհովայի սրտանց աղօթեց, որ իրեն օգնէ անհատ մը գտնելու որ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ըլլայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Նորայի նշանակուած թաղամասը կը պարփակէր անհատի մը տունը, որ նախորդ այցելութիւններու ընթացքին իր հետ շատ կոպտութեամբ վարուած էր։ Քաջաբար, Նորա դարձեալ այդ դուռը զարկաւ եւ զարմացաւ, երբ Նոլին անունով նոր վարձակալ մը գտաւ հոն։ Ասկէ զատ, Նոլին եւ իր մայրը Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէին որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Նորան կը բացատրէ. «Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցի, անոնք ուրախացան»։ Նոլին եւ իր մայրը արագօրէն յառաջդիմեցին։ Ժամանակ մը ետք, երկուքն ալ սկսան Նորային հետ հոգեւոր բուժման գործին մասնակցիլ։

Աղօթքի զօրութիւնը ցոյց տուող ուրիշ օրինակ մըն է, Հարաւային Ափրիկէի Ճօհանէսպըրկ քաղաքը ապրող զոյգի մը պարագան։ 1996–ի Շաբաթ գիշեր մը, Տէնիսի ու Գարոլի ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ էր։ Վերջին փորձ մը կատարելու համար, անոնք որոշեցին օգնութեան համար աղօթել. ասիկա ըրին անդադար մինչեւ ուշ գիշեր։ Յաջորդ առաւօտ, ժամը 11–ին, երկու Եհովայի Վկաներ անոնց դուռը զարկին։ Տէնիս դուռը բացաւ եւ անոնց ըսաւ որ սպասեն, մինչեւ որ իր կինը կանչէ։ Ապա Տէնիս Գարոլը զգուշացուց որ եթէ Վկաները ներս հրաւիրէր, դժուար պիտի ըլլար անոնցմէ ձերբազատուիլ։ Գարոլ Տէնիսի յիշեցուց թէ իրենք օգնութեան համար աղօթած էին եւ թէ ասիկա կրնար իրենց աղօթքներուն աստուածային պատասխանը ըլլալ։ Ուստի ներս ընդունեցին Վկաները եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Տէնիս ու Գարոլ իրենց սորվածներով շատ ուրախացան։ Նոյն յետմիջօրէին, անոնք իրենց առաջին ժողովին ներկայ գտնուեցան, Եհովայի Վկաներու տեղական Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Աստուածաշունչէն իրենց սորված գիտութիւնը կիրարկելով, Տէնիս ու Գարոլ իրենց ամուսնական խնդիրներուն համար լուծումներ գտան։ Այժմ անոնք ուրախ եւ մկրտուած՝ Եհովան կը փառաբանեն եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց հաւատալիքները կանոնաւորաբար իրենց դրացիներուն հետ կը բաժնեն։

Ի՞նչ Կրնաք Ընել Եթէ Աղօթելու Անարժան Զգաք

Կարգ մը անկեղծ անհատներ իրենց վատ կենցաղին պատճառաւ կրնան աղօթելու արժանի չզգալ։ Յիսուս Քրիստոս այսպիսի մարդու մը՝ անարգուած մաքսաւորի մը պատմութիւնը պատմեց։ Տաճարին գաւիթը մտնելով, այս մարդը աղօթքի սովորական վայրը երթալու արժանի չզգաց։ «Հեռուն կայներ էր . . . իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’»։ (Ղուկաս 18։13) Ըստ Յիսուսի, այս մարդուն աղօթքը լսուեցաւ։ Ասիկա կը փաստէ թէ Եհովա Աստուած իրապէ՛ս ողորմած է եւ անկեղծօրէն զղջացող մեղաւորներուն կ’ուզէ օգնել։

Նկատի առէք Փօլ անունով Հարաւային Ափրիկեցի երիտասարդի մը պարագան։ Երբ պատանի էր, Փօլ իր մօր հետ քրիստոնէական ժողովներու կ’երթար։ Սակայն, երկրորդական վարժարան յաճախած տարիներուն, սկսաւ Աստուծոյ ճամբաներուն չհետեւող պատանիներու հետ ընկերակցիլ։ Դպրոցը ձգելէն ետք, ան Հարաւային Ափրիկէի նախկին անջատողական կառավարութեան բանակին մէջ ծառայեց։ Ապա, անսպասելիօրէն իր ընկերուհին իրենց յարաբերութեան վերջ դրաւ։ Այս անգոհացուցիչ կենցաղը Փօլը շատ ընկճեց։ Ան կը յիշէ. «Գիշեր մը Եհովայի աղօթեցի եւ իրմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէր, թէեւ տարիներէ ի վեր անկեղծօրէն Աստուծոյ չէի մօտեցած»։

Այս աղօթքէն քիչ ժամանակ ետք, Փօլի մայրը հրաւիրեց զինք որ Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուի։ (Ղուկաս 22։19) Փօլ իր մօրը հրաւէրը տարօրինակ գտաւ, քանի որ ինք կամակոր անհատ մը եղած՝ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ շատ քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր։ «Այս հրաւէրը նկատեցի որպէս Եհովայի պատասխանը իմ աղօթքներուս, եւ զգացի թէ պէտք է փոխադարձեմ»։ Այդ օրէն սկսեալ, Փօլ սկսաւ քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Չորս ամիս Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէ ետք, մկրտութեան որակելի եղաւ։ Ասկէ զատ, իր ճարտարագիտական դասընթացքները աւարտեց եւ լիաժամ քարոզչութեան մասնակցելու ասպարէզը ընտրեց։ Ներկայիս Փօլ ուրախ անհատ մըն է, ա՛լ նեղութիւն չի զգար իր նախկին կենցաղին համար։ 11 տարիէ ի վեր, ան կը ծառայէ Հարաւային Ափրիկէի Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ։

Արդարեւ, Եհովա Աստուած բարեհաճութեամբ կը պատասխանէ աղօթքներուն եւ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Շուտով Եհովայի մեծ օրը պիտի հասնի եւ ամբողջ ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ։ Մինչ այդ, Եհովա զօրութեան ու առաջնորդութեան համար եղած իր ժողովուրդին աղօթքներուն կը պատասխանէ, մինչ անոնք նախանձախնդրաբար կը մասնակցին վկայելու կենսական գործին։ Այս կերպով, ամէն ազգէ միլիոնաւոր անհատներ քրիստոնէական ժողովքին հետ շփման մէջ կու գան եւ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող Աստուածաշունչի գիտութեամբ կ’օժտուին։—Յովհաննու 17։3

[Նկար՝ էջ 5]

Կոռնելիոսի ըրած սրտանց աղօթքը պատճառ եղաւ որ Պետրոս առաքեալ իրեն այցելէ

[Նկար՝ էջ 6]

Աղօթքը շատերուն օգնած է տագնապալից ժամանակներու ընթացքին

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը հասկնալու համար աղօթելը օգտակար է

Ամուսնացած զոյգեր կրնան աղօթքով օգնութիւն խնդրել իրենց ամուսնութիւնը ամրապնդելու համար