Եհովան եւ իր ոյժը փնտռենք
Եհովան եւ իր ոյժը փնտռենք
«Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։—Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 16։9
1. Ոյժը ի՞նչ է, եւ մարդիկ ի՞նչպէս գործածած են զայն։
ՈՅԺ բառը տարբեր բաներ կրնայ նշանակել, ինչպէս՝ ուրիշներու վրայ հսկողութիւն, հեղինակութիւն կամ ազդեցութիւն. բանեցնելու կամ որոշ ազդեցութիւն մը յառաջացնելու կարողութիւն. ֆիզիքական զօրութիւն. կամ՝ մտաւոր կամ բարոյական ներգործութիւն։ Իրենց ոյժը գործադրելու հարցին մէջ մարդիկ լաւ արձանագրութիւն մը չեն ձգած։ Լորտ Էգթըն, պատմաբան մը, քաղաքագէտներու ձեռքին մէջ եղող ոյժին մասին խօսելով, ըսաւ. «Ոյժը ապականելու հակամէտ է եւ բացարձակ ոյժը ամբողջովին կ’ապականէ»։ Արդի պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով, որոնք Լորտ Էգթընի խօսքերուն ճշմարտութիւն ըլլալը կը հաստատեն։ Քսաներորդ դարու ընթացքին, որեւէ ժամանակէ աւելի ‘մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ իշխած է, իրեն թշուառութեան համար’։ (Ժողովողի 8։9) Այլասերած բռնապետներ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար գործածած եւ միլիոնաւորներու կեանքը խլած են։ Սիրով, իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ չսանձուած ոյժը՝ վտանգաւոր է։
2. Բացատրեցէք թէ աստուածային ուրիշ յատկութիւններ ի՞նչպէս կ’ազդեն Եհովայի ուժի գործածութեան կերպին։
2 Շատ մարդոց հակառակը, Աստուած մի՛շտ իր ոյժը բարիի համար կը գործածէ։ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Եհովա իր ոյժը զսպուած կերպով կ’ուղղէ։ Համբերութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ ամբարիշտներուն վրայ գործադրուելիք Աստուծոյ դատավճիռը ետ պահուի, անոնց առիթ տալով որ զղջան։ Սէրը զինք կը մղէ որ արեւը ծագեցնէ ամէն տեսակ մարդոց՝ արդարներուն եւ անիրաւներուն վրայ։ Արդարութիւնը վերջապէս պիտի մղէ զինք որ իր անսահման զօրութիւնը գործածէ, մահ պատճառելու կարելիութիւն ունեցողը՝ Բանսարկու Սատանան չքացնելու համար։—Մատթէոս 5։44, 45. Եբրայեցիս 2։14. Բ. Պետրոս 3։9
3. Աստուծոյ ամենակալ զօրութիւնը ինչո՞ւ իրեն վստահելու պատճառ մըն է։
3 Մեր երկնաւոր Հօր ահաւոր ոյժը պատճառ կու տայ որ իր խոստումներուն եւ իր պաշտպանութեան վստահինք ու հաւատք ընծայենք։ Մանուկ մը օտարներուն մէջ ինքզինք ապահով կը զգայ, երբ իր հօրը ձեռքը բռնած է, քաջ գիտնալով որ իր հայրը թոյլ պիտի չտայ որ որեւէ վնաս հասնի իրեն։ Նոյն կերպով, մեր երկնաւոր Հայրը՝ Ան որ ‘փրկելու կարողութիւն ունի’, մեզ պիտի պաշտպանէ որեւէ մշտատեւ վնասէ, եթէ իրեն հետ քալենք։ (Եսայեայ 63։1. Միքիայ 6։8) Իսկ որպէս բարի Հայր, Եհովա միշտ կը կատարէ իր խոստումները։ Իր անսահման ոյժը կ’երաշխաւորէ որ իր ‘խօսքը յաջողութեամբ պիտի գործադրէ այն բանը, որու համար ղրկուած է’։—Եսայեայ 55։11. Տիտոս 1։2
4, 5. (ա) Երբ Ասա Թագաւորը անվերապահօրէն Եհովայի վստահեցաւ, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Երբ մեր խնդիրներուն համար մարդկային լուծումներու վստահինք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
4 Ինչո՞ւ շա՛տ կարեւոր է որ վճռենք մեր երկնաւոր Հօր պաշտպանութիւնը մեր տեսադաշտէն չհեռացնել։ Որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ կարգ մը վիճակներով շփոթինք եւ մոռնանք թէ մեր իրական ապահովութիւնը ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ։ Ասիկա կը տեսնուի Ասա Թագաւորին օրինակով. մարդ մը որ սովորաբար Եհովայի կ’ապաւինէր։ Ասայի իշխանութեան ընթացքին, Եթովպիացիները մէկ միլիոն բանակով յարձակեցան Յուդայի վրայ։ Գիտակցելով որ զինուորական գետնի վրայ իր թշնամիները առաւելութիւն ունէին, Ասա աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով Բ. Մնացորդաց 14։11) Եհովա պատասխանեց Ասայի խնդրանքին եւ վճռական յաղթանակ մը տուաւ իրեն։
օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։ (5 Տարիներ հաւատարմօրէն ծառայելէ ետք սակայն, Եհովայի փրկարար զօրութեան վրայ Ասա իր վստահութիւնը կորսնցուց։ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան կողմէ զինուորական գործողութիւն մը կասեցնելու մտքով, ան Ասորիներուն դիմեց օգնութեան համար։ (Բ. Մնացորդաց 16։1-3) Թէեւ Ասորիներու Բենադադ Թագաւորին տրուած կաշառքը Յուդայի վրայ Իսրայէլի սպառնալիքը վերցնելու նպաստեց, բայց Սուրիոյ հետ Ասայի համաձայնութիւնը Եհովայի վրայ վստահութեան պակաս ցոյց տուաւ։ Անանի մարգարէն քննադատական ոճով մը անոր ըսաւ. «Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց»։ (Բ. Մնացորդաց 16։7, 8) Բայց Ասա մերժեց այս յանդիմանութիւնը։ (Բ. Մնացորդաց 16։9-12) Երբ խնդիրներու առջեւ գտնուինք, մարդկային լուծումներու չապաւինինք, այլ, Աստուծոյ վստահինք, քանի որ մարդկային ուժին վստահիլը անխուսափելիօրէն յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ։—Սաղմոս 146։3-5
Եհովայի Տուած Ոյժը Փնտռեցէք
6. Ինչո՞ւ պէտք է ‘Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրենք’։
6 Եհովա կրնայ իր ծառաները զօրացնել, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանել։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ, ըսելով. «Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 105։4) Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ Աստուծոյ զօրութեամբ բաներ ընենք, մեր ոյժը ուրիշներուն օգտին՝ եւ ո՛չ թէ վնասին համար պիտի գործածուի։ ‘Տէրոջը զօրութեամբ’ բազմաթիւ հրաշքներ գործած Յիսուս Քրիստոս ասոր մէջ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ (Ղուկաս 5։17) Յիսուս կրնար հարուստ, համբաւաւոր, կամ նոյնիսկ ամենազօր թագաւոր դառնալու հետամուտ ըլլալ։ (Ղուկաս 4։5-7) Անոր փոխարէն, ան Աստուծոյ իրեն տուած ոյժը գործածեց մարզելու եւ սորվեցնելու, օգնելու եւ բուժելու համար։ (Մարկոս 7։37. Յովհաննու 7։46) Մեզի համար ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։
7. Երբ ոչ թէ մեր, հապա Աստուծոյ զօրութեամբ ընենք մեր գործերը, ի՞նչ կենսական յատկութիւն կը զարգացնենք։
7 Ասկէ զատ, եթէ ‘Աստուծոյ շնորհած զօրութեամբ’ գործենք, ասիկա պիտի օգնէ որ խոնարհ մնանք։ (Ա. Պետրոս 4։11) Անոնք որոնք կը փափաքին զօրութիւն ձեռք ձգել, մեծամիտ կ’ըլլան։ Ասոր մէկ օրինակն է Ասորեստանի Ասորդան Թագաւորը, որ գոռոզաբար ըսաւ. «Ես զօրաւոր եմ, ես զօրաւո՛ր եմ, ես հերոս մըն եմ, ես հսկայ եմ, ես վիթխարի եմ»։ Ասոր հակառակը, Եհովա «աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները»։ Անոր համար, եթէ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը հպարտանայ, Եհովայով կը հպարտանայ, գիտնալով որ ի՛նչ որ իրագործած է, Իր զօրութեամբ ըրած է։ ‘Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհիլը’ իրական ցնծութեան պատճառ պիտի ըլլայ։—Ա. Կորնթացիս 1։26-31. Ա. Պետրոս 5։6
8. Եհովայի ոյժը ստանալու համար, նախ ի՞նչ պէտք է ընենք։
8 Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծմէ զօրութիւն ստանալ։ Առաջին՝ աղօթքով պէտք է խնդրենք զայն։ Յիսուս վստահեցուց իր աշակերտները թէ իր Հայրը սուրբ հոգին պիտի տար անոնց որ զայն կը խնդրեն։ (Ղուկաս 11։10-13) Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչպէս զօրութեամբ լեցուց Քրիստոսի աշակերտները, երբ անոնք նախընտրեցին Աստուծոյ հնազանդիլ քան թէ կրօնական առաջնորդներուն, որոնք իրենց պատուիրած էին որ Յիսուսի մասին վկայելը դադրեցնեն։ Երբ անոնք Եհովայէ օգնութիւն ստանալու համար աղօթեցին, անոնց անկեղծ աղօթքը պատասխանուեցաւ եւ սուրբ հոգին զիրենք զօրացուց, որպէսզի շարունակեն համարձակութեամբ քարոզել բարի լուրը։—Գործք 4։19, 20, 29-31, 33
9. Հոգեւոր ուժի երկրորդ աղբիւր մը յիշեցէք եւ անոր ազդեցութիւնը ցոյց տուող սուրբ գրային օրինակ մը տուէք։
9 Երկրորդ՝ հոգեւոր ոյժ կրնանք ստանալ Աստուածաշունչէն։ (Եբրայեցիս 4։12) Յովսիա Թագաւորին օրերուն, Աստուծոյ խօսքին ոյժը բացայայտ էր։ Թէեւ Յուդայի այս թագաւորը արդէն հեթանոսական կուռքերը վերցուցած էր երկրէն, բայց տաճարին մէջէն Եհովայի Օրէնքին անսպասելիօրէն գտնուիլը զինք մղեց որ մաքրութեան այս յայտագիրը աւելի ուժգին կերպով կատարէ։ * Յովսիա անձնապէս Օրէնքը ժողովուրդին կարդալէ ետք, ամբողջ ժողովուրդը Եհովայի հետ ուխտ ըրաւ եւ կռապաշտութեան դէմ երկրորդ եւ աւելի վճռական արշաւ մը ձեռնարկուեցաւ։ Յովսիայի բարեկարգութեան որպէս արդիւնք, «անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան»։—Բ. Մնացորդաց 34։33
10. Եհովայէ ոյժ ստանալու երրորդ կերպը ի՞նչ է եւ անիկա ինչո՞ւ կենսական է։
10 Երրորդ՝ Եհովայէ ոյժ կը ստանանք քրիստոնէական ընկերակցութեամբ։ Պօղոս քաջալերեց Քրիստոնեաները որ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախեն, զիրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել»ու ու քաջալերելու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Երբ Պետրոս հրաշքով բանտէն արձակուեցաւ, ան ուզեց իր եղբայրներուն հետ ըլլալ, ուստի ուղղակի Յովհաննէս Մարկոսի մօրը տունը գնաց, «ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին»։ (Գործք 12։12) Անշուշտ անոնք կրնային իրենց տունը մնալ եւ աղօթել։ Բայց այդ դժուարին ժամանակին մէջ, անոնք նախընտրեցին իրարու քով գալ աղօթելու եւ զիրար քաջալերելու համար։ Պօղոսի դէպի Հռովմ կատարած երկար ու վտանգաւոր ճամբորդութեան գրեթէ վերջաւորութեան, ան Պատիողոսի մէջ կարգ մը եղբայրներու հանդիպեցաւ, որմէ ետք ուրիշներ ալ եկան զինք տեսնելու համար։ Ի՞նչ եղաւ իր հակազդեցութիւնը։ «Զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ»։ (Գործք 28։13-15) Անգամ մը եւս Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ ըլլալով՝ զօրացաւ։ Մենք ալ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցութենէն ոյժ կ’առնենք։ Այնքան ատեն որ ազատ ենք եւ կրնանք իրարու քով հաւաքուիլ, պէտք չէ փորձենք կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ առանձին քալել։—Առակաց 18։1. Մատթէոս 7։14
11. Կարգ մը պարագաներ յիշեցէք երբ մասնաւորաբար կարիքը ունինք «բնականէն գերիվեր եղող զօրութեան»։
11 Կանոնաւորաբար աղօթելով, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելով «կը զօրանանք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը»։ (Եփեսացիս 6։10) Անկասկած բոլորս ալ ‘Տէրոջմով զօրանալու’ կարիքը ունինք։ Ոմանք հիւծող հիւանդութիւններէ, ուրիշներ յառաջացած տարիքի պատճառած քայքայումներէ կամ կեանքի ընկերոջ կորուստէն կը տառապին։ (Սաղմոս 41։3) Ուրիշներ անհաւատ կողակիցի հակառակութեան կը հանդուրժեն։ Ծնողներ, մանաւանդ առանձին ծնողներ, կրնան զգալ որ լիաժամ աշխատելով ընտանիք մը պահելը ուժասպառ ընող պատասխանատուութիւն մըն է։ Երիտասարդ Քրիստոնեաներ զօրութեան պէտք ունին իրենց նմաններէն եկած ճնշումներուն ընդդիմանալու եւ թմրեցուցիչի ու անբարոյութեան ո՛չ ըսելու համար։ Ոեւէ մէկս պէտք չէ վարանինք Եհովայէ խնդրելու «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը»։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ
«Անիկա Է Յոգնածին Ոյժ Տուողը»
12. Եհովա ի՞նչպէս մեզի զօրավիգ կը կանգնի քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։
12 Ասկէ զատ, Եհովա իր ծառաներուն զօրութիւն կու տայ երբ անոնք իրենց ծառայութիւնը կը կատարեն։ Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ . . . Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։ (Եսայեայ 40։29-31) Պօղոս առաքեալ իր ծառայութիւնը կատարելու համար անձնապէս զօրութիւն ստացաւ։ Որպէս հետեւանք իր ծառայութիւնը ազդու եղաւ։ Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն ան գրեց. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5) Իր քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը իրեն մտիկ ընողներուն կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնելու կարողութիւնը ունէին։
13. Ի՞նչ բան օգնեց Երեմիայի որ ի հեճուկս հակառակութեան յարատեւէ։
13 Երբ անտարբերութեան կը հանդիպինք մեր թաղամասին մէջ՝ թաղամաս մը որու մէջ թերեւս տարիներ քարոզած ենք շատ քիչ ընդառաջում գտնելով, կրնանք վհատիլ։ Երեմիան ալ իր դիմագրաւած հակառակութենէն, ծաղրանքէն եւ անտարբերութենէն վհատութեան մատնուեցաւ։ Ան ինքզինքին ըսաւ. «Զինք պիտի չյիշեմ, կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»։ Բայց չկրցաւ լուռ կենալ։ Իր պատգամը ‘իր ոսկորներուն մէջ բորբոքած կրակի պէս եղաւ’։ (Երեմեայ 20։9) Այսքան հակառակութեան դիմաց ի՞նչ բան իր ոյժը վերանորոգեց։ «Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս», ըսաւ Երեմիա։ (Երեմեայ 20։11) Իր պատգամին կենսական կարեւորութեան եւ իր աստուածատուր նշանակումին հանդէպ Երեմիայի գնահատութիւնը զինք մղեց որ Եհովայի տուած քաջալերութեան ընդառաջէ։
Վնասելու եւ Բուժելու Զօրութիւն
14. (ա) Լեզուն ո՞րքան զօրաւոր գործիք մըն է։ (բ) Լեզուին հասցուցած վնասներուն մասին օրինակներ տուէք։
14 Մեր ունեցած բոլոր ուժերն ալ ուղղակիօրէն Աստուծմէ չեն գար։ Լեզուն զոր օրինակ, վնասելու եւ բուժելու զօրութիւն ունի։ «Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են», կը զգուշացնէ Սողոմոն։ (Առակաց 18։21) Եւայի հետ Սատանային ունեցած կարճ խօսակցութիւնը ցոյց կու տայ թէ խօսքերը որքան աւերումներ կրնան գործել։ (Ծննդոց 3։1-5. Յակոբու 3։5) Մենք ալ լեզուով շատ վնասներ կրնանք հասցնել։ Երիտասարդուհիի մը կշիռքին մասին արհամարհական դիտողութիւնները կրնան զինք անախորժակութեան ճամբուն մէջ դնել։ Զրպարտութիւն մը անխոհեմաբար կրկնելը կրնայ երկարատեւ բարեկամութեան վերջ դնել։ Այո, լեզուն պէտք է սանձուի։
15. Մեր լեզուն ի՞նչպէս կրնանք գործածել կերտելու ու բուժելու համար։
15 Սակայն լեզուն կրնայ կերտել, ինչպէս նաեւ՝ քանդել։ Աստուածաշունչի առակը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ (Առակաց 12։18) Իմաստուն Քրիստոնեաներ լեզուին զօրութիւնը կը գործածեն յուսալքեալներն ու սգաւորները մխիթարելու համար։ Համակրանքէ բխող խօսքեր կրնան քաջալերել պատանիները, որոնք շրջապատի վնասակար ճնշումին դէմ կը պայքարին։ Խոհեմ լեզու մը կրնայ տարեց եղբայրներն ու քոյրերը վստահեցնել որ տակաւին պիտանի ու սիրուած են։ Ազնիւ խօսքեր հիւանդներուն օրը կը պայծառացնեն։ Իսկ մասնաւորաբար կրնանք մեր լեզուն գործածել Թագաւորութեան զօրաւոր պատգամը բաժնելով մտիկ ընել փափաքողներուն հետ։ Աստուծոյ Խօսքը ծանուցանելը մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կ’ըլլայ, եթէ մեր սիրտը դնենք անոր մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։—Առակաց 3։27
Հեղինակութեան Պատշաճ Գործածութիւն
16, 17. Երբ իրենց աստուածատուր հեղինակութիւնը ի գործ կը դնեն, երէցներ, ծնողներ, ամուսիններ եւ կիներ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել։
16 Թէեւ ամենակալ է, բայց Եհովա ժողովքներուն վրայ սիրով կ’իշխէ։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Զինք ընդօրինակելով, Քրիստոնեայ տեսուչներ սիրալիր կերպով հոգ կը տանին Աստուծոյ հօտին, իրենց հեղինակութիւնը չարաչար չգործածելով։ Ճիշդ է որ երբեմն տեսուչները հարկ կը տեսնեն ‘յանդիմանելու, սաստելու եւ յորդորելու’, բայց ասիկա կ’ընեն «ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Ուստի, երէցները միշտ կը խորհին այն խօսքերուն վրայ, զորս Պետրոս առաքեալ գրեց ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով»։—Ա. Պետրոս 5։2, 3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8
17 Ծնողներ եւ ամուսիններ ալ Եհովայէ իրենց շնորհուած հեղինակութիւն մը ունին եւ այս զօրութիւնը պէտք է գործածեն օգնելու, սնուցանելու եւ գուրգուրալու համար։ (Եփեսացիս 5։22, 28-30. 6։4) Յիսուսի օրինակը ցոյց կու տայ որ հեղինակութիւնը կարելի է օգտակար կերպով ի գործ դրուիլ, երբ սիրալիր ըլլայ։ Եթէ տրուած կրթութիւնը հաւասարակշռուած եւ կայուն ըլլայ, զաւակները չեն վհատիր։ (Կողոսացիս 3։21) Իսկ ամուսնութիւնները կ’ամրապնդուին, երբ Քրիստոնեայ ամուսիններ սիրալիր կերպով իրենց գլխաւորութիւնը գործադրեն, եւ կիներ խորապէս յարգեն իրենց ամուսինը, փոխանակ Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած ազդեցութեան ծիրէն անդին անցնելու՝ տիրելու, կամ իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար։—Եփեսացիս 5։28, 33. Ա. Պետրոս 3։7
18. (ա) Մեր բարկութիւնը զսպելու մէջ ի՞նչպէս Եհովայի օրինակին պէտք է հետեւինք։ (բ) Հեղինակութիւն ունեցողներ ի՞նչ պէտք է ջանան քանդակել իրենց հոգածութեան ներքեւ եղողներուն մէջ։
18 Ընտանիքին եւ ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունեցողները մասնաւորաբար ուշադիր պէտք է ըլլան իրենց բարկութիւնը զսպելու, քանի որ բարկութիւնը աւելի վախ կը ներշնչէ քան՝ սէր։ Նաւում մարգարէն ըսաւ. «Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է»։ (Նաւումայ 1։3. Կողոսացիս 3։19) Մեր բարկութիւնը զսպելը զօրութեան նշան է, իսկ զայն ցասումով արտայայտելը՝ տկարութեան։ (Առակաց 16։32) Թէ՛ տան եւ թէ ժողովքին մէջ մեր նպատակակէտն է սէր քանդակել՝ սէր Եհովայի, իրարու եւ շիտակ սկզբունքներու հանդէպ։ Սէրը միութեան ամենազօրաւոր կապն է եւ շիտակը ընելու համար՝ ամենազօրաւոր շարժառիթը։—Ա. Կորնթացիս 13։8, 13. Կողոսացիս 3։14
19. Եհովա ի՞նչ մխիթարական երաշխիք կու տայ եւ ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։
19 Եհովան ճանչնալ կը նշանակէ իր ոյժը ընդունիլ։ Եսայիի միջոցաւ Եհովա ըսաւ. «Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր ու չի թուլնար»։ (Եսայեայ 40։28) Եհովայի ոյժը անսպառ է։ Եթէ իրեն ապաւինինք եւ՝ ո՛չ թէ մենք մեզի, ան մեզ չի լքեր։ Ան մեզ կը վստահեցնէ, ըսելով. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ»։ (Եսայեայ 41։10) Իր սիրալիր հոգածութեան ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։ Յիսուսի նման, թող որ Եհովայի տուած որե՛ւէ ոյժ միշտ օգնելու եւ կերտելու համար գործածենք։ Թող որ մեր լեզուն զսպենք, որպէսզի ան բուժէ եւ ոչ թէ վնասէ։ Իսկ թող որ միշտ հոգեւորապէս արթուն ու հաւատքի մէջ հաստատ մնանք եւ մեր Վեհաշուք Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ մատակարարած ուժով զօրանանք։—Ա. Կորնթացիս 16։13
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 9 Երեւութապէս, Հրեաները Մովսէսի Օրէնքին մէկ արտագրութիւնը գտան, որ դարեր առաջ տաճարին մէջ դրուած ըլլալու էր։
Կրնա՞ք բացատրել
• Եհովա իր ոյժը ի՞նչպէս կը գործածէ։
• Ի՞նչ կերպերով Եհովայի ուժէն կրնանք օգտուիլ։
• Լեզուին զօրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է գործածուի։
• Աստուածատուր հեղինակութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օրհնութիւն մը ըլլալ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Յիսուս Եհովայի ոյժը գործածեց ուրիշներուն օգնելու համար
[Նկարներ՝ էջ 17]
Աստուծոյ Խօսքը ծանուցանելը մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կ’ըլլայ, եթէ մեր սիրտը դնենք անոր մէջ