Եհովա սաստիկ զօրութիւն ունի
Եհովա սաստիկ զօրութիւն ունի
«Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։26
1, 2. (ա) Բոլորս ալ ֆիզիքական ո՞ր ուժի աղբիւրէն կախեալ ենք։ (բ) Բացատրեցէք որ Եհովա ինչո՛ւ ամէն ուժի հիմնական Աղբիւրն է։
ՈՅԺԸ բան մըն է զոր շատերս թեթեւի կ’առնենք։ Օրինակ, շատ նկատի չենք առներ ելեկտրական հոսանքը որ մեզի լոյս եւ տաքութիւն կու տայ, կամ՝ մեր ունեցած ելեկտրական որեւէ սարքի աշխատանքին դիւրութիւնները։ Միայն հոսանքին անակնկալ կտրուիլը մեզի անդրադարձնել կու տայ թէ առանց ելեկտրականութեան քաղաքները կը դադրին գործելէ։ Այն ելեկտրականութիւնը որմէ կախեալ ենք մենք, մեծաւ մասամբ անուղղակիօրէն կու գայ երկրին ամենէն վստահելի ուժի աղբիւրէն՝ արեւէն։ * Իւրաքանչիւր երկվայրկեան, այս արեգակնային հիւլէական բարդը հինգ միլիոն թոն կորիզային վառելանիւթ կը սպառէ, երկիրը կենսապահ ուժանիւթով ողողելով։
2 Արեգակնային այս ամբողջ ոյժը ուրկէ՞ կու գայ։ Երկնային այս ուժակայանը ո՞վ շինեց։ Եհովա՛ Աստուած։ Անոր ակնարկելով, Սաղմոս 74։16–ը կ’ըսէ. «Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր»։ Այո, Եհովա է ամէն ուժի հիմնական աղբիւրը, ճիշդ ինչպէս որ ամէն կեանքի Աղբիւրն է։ (Սաղմոս 36։9) Որեւէ ատեն իր ոյժը թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա մեզի կը յիշեցնէ որ երկնային մարմիններուն՝ արեւուն ու աստղերուն նայինք, եւ խորհինք թէ անոնք ի՛նչպէս գոյացան։ «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։—Եսայեայ 40։26. Երեմեայ 32։17
3. Եհովայի ուժին յայտնաբերումներէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
3 Քանի որ Եհովա սաստիկ զօրութիւն ունի, կրնանք վստահ ըլլալ որ արեւը պիտի շարունակէ մեզի լոյս եւ տաքութիւն Սաղմոս 28։6-9. Եսայեայ 50։2) Աստուածաշունչը լեցուն է օրինակներով, որոնք ստեղծելու եւ փրկելու, իր ժողովուրդը ազատելու ու իր թշնամիները կործանելու Եհովայի ուժին կը վկայեն։
հայթայթել, որմէ կախեալ է բոլորիս կեանքը։ Սակայն մենք Աստուծոյ ուժին կ’ապաւինինք մեր ֆիզիքական հիմնական կարիքներէն շատ աւելի կարեւոր եղող բանի մը համար։ Մեղքէն եւ մահէն մեր փրկութիւնը, ապագայի մեր յոյսը եւ Եհովայի վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած են իր զօրութեան գործադրութեան հետ։ (Աստուծոյ Ոյժը Բացայայտ Է Ստեղծագործութեան Մէջ
4. (ա) Դաւիթ գիշերային երկինքը դիտելով ի՞նչպէս ազդուած էր։ (բ) Երկնային մարմինները ի՞նչ կը յայտնեն աստուածային ուժին մասին։
4 Պօղոս առաքեալ բացատրեց որ մեր Ստեղծիչին ‘մշտնջենաւոր զօրութիւնը յստակօրէն կրնայ տեսնուիլ իր ստեղծած բաներով’։ (Հռովմայեցիս 1։20) Դարեր առաջ, սաղմոսերգու Դաւիթ հովիւ մը ըլլալով յաճախ գիշերային երկինքը դիտած, տիեզերքի մեծութեան եւ անոր Արարիչին կարողութեան անդրադարձած ըլլալու էր։ Ան գրեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։ (Սաղմոս 8։3, 4) Հակառակ երկնային մարմիններուն մասին սահմանափակ գիտութիւն մը ունենալուն, Դաւիթ հասկցաւ որ ինք շա՛տ աննշան էր, մեր ընդարձակ տիեզերքի Ստեղծիչին հետ համեմատած։ Ներկայիս, աստղագէտներ տիեզերքի անհունութեան եւ զայն պահող ուժին մասին շատ աւելին գիտեն։ Օրինակ, անոնք կ’ըսեն որ ամէն երկվայրկեան մեր արեւը 100,000 միլիոն մեկաթոն Թի.Էն.Թի.–ի պայթումին հաւասար ուժանիւթ կ’արձակէ։ * Այդ ուժանիւթին չնչին մէկ մասը երկիր կը հասնի, բայց այդքանը բաւարար է մեր մոլորակին վրայի ամէն ձեւի կեանքը պահպանելու համար։ Այսուհանդերձ, մեր արեւը երկնքի ամենէն զօրաւոր աստղը չէ։ Կարգ մը աստղեր միայն մէկ երկվայրկեանի մէջ արեւուն ամբողջ օրուան արձակած ուժանիւթը կ’արձակեն։ Ուստի այս երկնաւոր մարմինները Ստեղծողին տրամադրութեան տակ եղած ոյժը երեւակայեցէ՛ք։ Եղիուս տեղին ըլլալով բացագանչեց. «Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ»։—Յոբայ 37։23
5. Եհովայի գործերուն մէջ իր զօրութեան ի՞նչ ապացոյցը կը տեսնենք։
5 Եթէ Դաւիթի նման ‘Աստուծոյ գործերը քննենք’, իր ուժին առկայ ըլլալուն ապացոյցը պիտի տեսնենք ամէն տեղ՝ հովին, ալիքներուն, որոտումին եւ կայծակին, մեծ գետերու եւ վեհաշուք լեռներու մէջ։ (Սաղմոս 111։2. Յոբայ 26։12-14) Ասկէ զատ, ինչպէս Եհովա յիշեցուց Յոբի, անասուններ Իր զօրութեան մասին կը վկայեն։ Անոնց կարգին է Բեհեմովթը կամ գետաձին։ Եհովա Յոբի ըսաւ. «Անոր զօրութիւնը իր մէջքն է . . . Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ են»։ (Յոբայ 40։15-18) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ցուլին վախազդու ոյժն ալ քաջածանօթ էր. Դաւիթ աղօթեց որ խնայուէր «առիւծին բերնէն ու . . . վայրի ցուլերուն եղջիւրներէն»։—Սաղմոս 22։21, ստորանիշ. Յոբայ 39։9-11
6. Սուրբ Գրքին մէջ ցուլը ի՞նչ կը խորհրդանշէ եւ ինչո՞ւ։ (Տես՝ ստորանիշը։)
6 Ցուլը իր ուժին համար Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է Եհովայի զօրութիւնը խորհրդանշելու * Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ Եհովայի գահը նկարագրուած է չորս կենդանի արարածներով, որոնցմէ մէկը զուարակի կամ ցուլի երես ունէր։ (Յայտնութիւն 4։6, 7) Ուստի, այս քերովբէներուն միջոցաւ պատկերացուած Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է զօրութիւնը։ Միւսներն են սէրը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը։ Քանի որ զօրութիւնը Աստուծոյ անձնաւորութեան այսքան կարեւոր երեսակներէն մէկն է, իր ոյժը եւ զայն գործածելու իր կերպը յստակօրէն հասկնալը մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն եւ մեզի պիտի օգնէ որ զինք ընդօրինակենք, մեր տրամադրութեան տակ եղող որեւէ ոյժ լաւ կերպով գործածելով։—Եփեսացիս 5։1
համար։«Զօրքերու Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Հզօրը»
7. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ բարին պիտի յաղթէ չարին։
7 Սուրբ Գրքին մէջ Եհովա կոչուած է «ամենակարող Աստուած», տիտղոս մը որ մեզի կը յիշեցնէ որ բնաւ պէտք չէ թերագնահատենք իր ոյժը, կամ կասկածինք իր թշնամիներուն յաղթելու իր կարողութեան վրայ։ (Ծննդոց 17։1. Ելից 6։3) Սատանայի իրերու դրութիւնը լաւ հաստատուած ըլլալ կը թուի, բայց Եհովայի աչքին «ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին»։ (Եսայեայ 40։15) Աստուածային այս ուժին շնորհիւ կասկած չկայ որ բարին պիտի յաղթէ չարին։ Ամբարշտութիւնը վերելքի մէջ եղող այս ժամանակին մէջ կրնանք մխիթարուիլ, գիտնալով որ «զօրքերու Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Հզօրը» չարութիւնը յաւիտեան պիտի բնաջնջէ։—Եսայեայ 1։24. Սաղմոս 37։9, 10
8. Երկնային ի՞նչ բանակներ Եհովայի հրամանատարութեան ներքեւ են եւ անոնց ուժին մասին ի՛նչ նշումներ ունինք։
8 «Զօրքերու Եհովա» արտայայտութիւնը, որ 285 անգամ կ’անցնի Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ զօրութեան ուրիշ մէկ վերյիշեցումն է։ Հոս ակնարկուած «զօրքեր»ը Եհովայի հրամանին ներքեւ եղող հոգեղէն արարածներու բանակն են։ (Սաղմոս 103։20, 21. 148։2) Մէկ գիշերուան մէջ այդ հրեշտակներէն միայն մէ՛կը 185,000 Ասորի զինուորներ սպաննեց, որոնք Երուսաղէմի կը սպառնային։ (Դ. Թագաւորաց 19։35) Եթէ Եհովայի երկնային բանակներուն ոյժը հասկնանք, հակառակորդներէն դիւրաւ պիտի չվախնանք։ Եղիսէ մարգարէին հոգը անգամ չեղաւ, երբ զինք փնտռող ամբողջ բանակ մը շրջապատեց զինք, քանի որ իր ծառային հակառակը, ինք հաւատքի աչքերով կրցաւ տեսնել իրեն թիկունք կանգնող երկնային ուժերու հսկայ բազմութիւն մը։—Դ. Թագաւորաց 6։15-17
9. Ինչո՞ւ Յիսուսի նման աստուածային պաշտպանութեան վրայ վստահութիւն պէտք է ունենանք։
9 Յիսուս երբ Գեթսեմանի պարտէզին մէջ սուրերով ու բիրերով զինուած ամբոխի մը դիմաց գտնուեցաւ, ինքն ալ հրեշտակային օգնութենէն տեղեակ էր։ Պետրոսի ըսելէ ետք որ սուրը իր տեղը դարձնէ, Յիսուս անոր ըսաւ որ եթէ հարկ ըլլար, կրնար իր Հօրը աղաչել որ «տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ» ղրկէր։ (Մատթէոս 26։47, 52, 53) Եթէ Աստուծոյ տրամադրութեան ներքեւ եղող երկնային բանակներուն հանդէպ նոյնանման գնահատութիւն մը ունինք, մենք ալ անվերապահօրէն պիտի վստահինք աստուածային օգնութեան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’»։—Հռովմայեցիս 8։31
10. Եհովա ի նպաստ որո՞նց կը գործածէ իր ոյժը։
10 Ուստի, ամէն պատճառ ունինք Եհովայի պաշտպանութեան վստահելու։ Ան միշտ իր ոյժը օգտաւէտ կերպով կը գործածէ, իր մնացեալ յատկութիւններուն՝ արդարութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ հետ միախառնելով։ (Յոբայ 37։23. Երեմեայ 10։12) Մինչ հզօր անհատներ յաճախ անձնական շահու համար ոտնակոխ կ’ընեն աղքատը եւ հեզը, բայց Եհովա «աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ» եւ՝ «փրկելու կարողութիւն ունի»։ (Սաղմոս 113։5-7. Եսայեայ 63։1) Ինչպէս Յիսուսի համեստ ու ոչ–յաւակնոտ մայրը՝ Մարիամ հասկցաւ, «Հզօրը» ոչ–անձնասէր կերպով իր ոյժը կը գործածէ իրմէ վախցողներուն ի նպաստ, հպարտները խոնարհեցնելով իսկ խոնարհները բարձրացնելով։—Ղուկաս 1։46-53
Եհովա Իր Ոյժը կը Յայտնէ Իր Ծառաներուն
11. Իսրայելացիները Աստուծոյ զօրութեան ի՞նչպէս ականատես եղան Հ.Դ.Ա. 1513–ին։
11 Շատ առիթներով Եհովա իր զօրութիւնը Ելից 19։5, 8) Ապա Եհովա վառ կերպով իր ոյժը ցոյց տուաւ։ Որոտումի, կայծակի եւ խիստ սաստիկ փողի ձայնին մէջ Սինա Լեռը կը մխար ու կը դողար։ Հեռուն կեցած ժողովուրդը ահաբեկուած էր։ Բայց Մովսէս անոնց ըսաւ որ այս փորձառութիւնը իրենց աստուածավախութիւն պիտի սորվեցնէր, վախ մը որ զիրենք պիտի մղէր որ իրենց ամենակարող եւ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովայի հնազանդէին։—Ելից 19։16-19. 20։18-20
յայտնի ըրաւ իր ծառաներուն։ Այդ առիթներէն մէկն էր՝ Հ.Դ.Ա. 1513–ին Սինա Լերան վրայ պատահածը։ Այդ տարուան ընթացքին Իսրայելացիները արդէն Աստուծոյ զօրութեան ականատես եղած էին։ Տասը կործանարար պատուհասները Եհովայի հզօր բազուկը եւ Եգիպտացի չաստուածներուն անկարողութիւնը յայտնած էին։ Անկէ քիչ ետք, Կարմիր Ծովը հրաշքով կտրելը եւ Փարաւոնի բանակին ջախջախուիլը աստուածային ուժին յաւելեալ ապացոյցն էր։ Երեք ամիս ետք, Սինա Լերան ստորոտը Եհովա հրաւիրեց Իսրայելացիները որպէսզի ‘սեպհական ժողովուրդ մը ըլլան բոլոր ազգերէն’։ Իսկ անոնք իրենց կարգին խոստացան. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ (12, 13. Ի՞նչ պարագաներ պատճառ եղան որ Եղիա լքէ իր նշանակումը, բայց Եհովա ի՞նչպէս զօրացուց զինք։
12 Քանի մը դար ետք, Եղիայի օրերուն, Սինա Լեռը աստուածային զօրութեան ուրիշ մէկ ցուցադրութեան ականատես եղաւ։ Մարգարէն արդէն Աստուծոյ ոյժը գործի վրայ տեսած էր։ Աստուած երեքուկէս տարի «երկինքը գոցեց» Իսրայէլ ազգին հաւատուրացութեան պատճառաւ։ (Բ. Մնացորդաց 7։13) Անոր պատճառած երաշտի ընթացքին ագռաւները կերակրեցին Եղիան Քերիթ հեղեղատին քով, որմէ ետք իրեն կերակուր հայթայթելու համար որբեւայրի կնոջ մը չնչին ալիւրն ու իւղը հրաշալիօրէն շատցաւ։ Եհովա նոյնիսկ Եղիայի ոյժ տուաւ որ այս այրի կնոջ տղան յարուցանէ։ Վերջապէս, Կարմեղոս Լերան վրայ աստուածութեան շշմեցուցիչ փորձի մը միջոցին, երկինքէն կրակ իջաւ եւ Եղիայի զոհը լափեց։ (Գ. Թագաւորաց 17։4-24. 18։36-40) Սակայն, անկէ քիչ ետք, Եղիա վախցաւ ու վհատեցաւ, երբ Յեզաբէլ սպառնաց զինք սպաննել։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Ան երկրէն փախաւ, խորհելով որ որպէս մարգարէ իր գործը աւարտած էր։ Իրեն վստահութիւն ներշնչելու եւ քաջալերելու համար, Եհովա քաղցրութեամբ իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ անձնապէս իրեն։
13 Մինչ Եղիա քարայրի մը մէջ պահուըտած էր, ան Եհովայի ուժին երկիւղ ներշնչող երեք յայտնաբերումները տեսաւ. զօրաւոր հով, երկրաշարժ եւ վերջապէս կրակ։ Բայց երբ Եհովա խօսեցաւ Եղիայի հետ, ասիկա ըրաւ «մեղմ ու բարակ ձայն»ով մը։ Ան Եղիայի յաւելեալ գործ յանձնեց , անոր տեղեկացնելով որ տակաւին երկրին մէջ Եհովայի հաւատարիմ 7,000 երկրպագուներ կային։ (Գ. Թագաւորաց 19։9-18) Եթէ Եղիայի նման մեր ծառայութեան արդիւնաբեր չըլլալը որեւէ ատեն մեզ ալ վհատեցնէ, կրնանք Եհովայէ խնդրել որ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» տայ մեզի. ոյժ մը, որ կրնայ մեզ զօրացնել, որպէսզի բարի լուրը քարոզենք առանց դադարելու։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ
Եհովայի Ոյժը Իր Խոստումներուն Կատարումը կ’Երաշխաւորէ
14. Եհովայի անձնական անունը ի՞նչ կը յայտնէ, եւ իր ոյժը ի՞նչպէս իր անուան հետ կապուած է։
14 Եհովայի ոյժը իր անուան եւ իր կամքը կատարելուն հետ ալ սերտօրէն կապուած է։ Անզուգական եղող Եհովա անունը, որ կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», կը յայտնէ թէ ինք անձամբ պատճառ կ’ըլլայ որ իր խոստումները կատարուին։ Ո՛չ մէկ բան եւ ո՛չ մէկը կրնայ արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ իր նպատակները իրագործելու, սկեպտիկներու աչքին որքան ալ անհաւանական թուին անոնք։ Ինչպէս Յիսուս առիթով մը ըսաւ իր աշակերտներուն՝ «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։—Մատթէոս 19։26
15. Ի՞նչպէս Աբրահամի ու Սարայի ուշադրութեան յանձնուեցաւ որ Եհովայի համար ո՛չ մէկ բան անհնարին է։
15 Բացատրենք. օր մը Եհովա խոստացաւ Աբրահամի եւ Սարայի որ իրենց սերունդը մեծ ազգ մը պիտի ընէր։ Բայց անոնք երկար տարիներ անզաւակ մնացին։ Երկուքն ալ շատ տարեց էին, երբ Եհովա անոնց ըսաւ որ այդ խոստումը կատարուելու վրայ էր. Սարան խնդաց։ Ասոր վրայ հրեշտակը ըսաւ. «Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք»։ (Ծննդոց 12։1-3. 17։4-8. 18։10-14) Չորս դար ետք, երբ Մովսէս վերջապէս Մովաբի Դաշտագետնին վրայ հաւաքեց Աբրահամի սերունդը՝ որ մեծ ազգ մը եղած էր՝ անոնց յիշեցուց որ Աստուած իր խոստումը կատարած էր։ Մովսէս ըսաւ. «Քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէն հանեց. Որպէս զի՝ քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր՝ քու առջեւէդ վռնտէ ու քեզ տանի անոնց երկիրը, որ քեզի իբր ժառանգ պիտի տայ եւ որ այդպէս այսօր ժառանգած ես»։—Բ. Օրինաց 4։37, 38
16. Սադուկեցիները ինչո՞ւ մեռելներու յարութիւնը ուրանալու սխալին մէջ ինկան։
16 Դարեր ետք, Յիսուս մեղադրեց Սադուկեցիները, որոնք յարութեան չէին հաւատար։ Անոնք ինչո՞ւ կը մերժէին մեռելները ետ բերելու Աստուծոյ խոստումին հաւատալ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը»։ (Մատթէոս 22։29) Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ‘բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները Որդին մարդոյ ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան’։ (Յովհաննու 5։27-29) Եթէ յարութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածը գիտենք, Աստուծոյ ուժին հանդէպ մեր վստահութիւնը մեզ պիտի համոզէ որ մեռելները պիտի արթննան։ Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ . . . վասն զի Տէրը խօսեցաւ»։—Եսայեայ 25։8
17. Մօտ ապագային ի՞նչ առիթով Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը մասնայատուկ կերպով անհրաժեշտ պիտի ըլլայ։
17 Մօտ ապագային, պիտի գայ ժամանակ մը, երբ ամէն մէկս մասնայատուկ կերպով Աստուծոյ փրկող ուժին վստահելու կարիքը պիտի ունենանք։ Բանսարկու Սատանան յարձակում պիտի գործէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ, որ անպաշտպան պիտի թուի։ (Եզեկիէլ 38։14-16) Այն ատեն Աստուած ի նպաստ մեզի իր մեծ ոյժը ցոյց պիտի տայ եւ ամէն մարդ պիտի գիտնայ որ ինք Եհովան է։ (Եզեկիէլ 38։21-23) Հիմա է ժամանակը Ամենակալ Աստուծոյ վրայ մեր հաւատքը եւ վստահութիւնը աւելցնելու, որպէսզի ճակատագրական այդ պահուն չսասանինք։
18. (ա) Եհովայի ուժին մասին խորհելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարց նկատի պիտի առնուի։
18 Անկասկած, Եհովայի ուժին մասին խորհելու շատ պատճառներ կան։ Մինչ իր գործերուն մասին կը մտածենք, խոնարհութեամբ կը մղուինք մեր Վեհապանծ Ստեղծիչը փառաբանելու եւ իրեն երախտագիտութիւն յայտնելու որ իր ոյժը այսքան իմաստուն ու սիրալիր կերպով կը գործածէ։ Եթէ զօրքերու Եհովային վստահինք, բնաւ պիտի չվախնանք։ Իր խոստումներուն վրայ մեր ունեցած հաւատքը անսասան պիտի ըլլայ։ Սակայն յիշեցէք որ մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք։ Հետեւաբար, մենք ալ ոյժ ունինք՝ թէեւ սահմանափակ տարողութեամբ։ Մեր ոյժը ի գործ դնելու մէջ, ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել մեր Ստեղծիչը։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 1 Սովորաբար ընդունուած իրողութիւն մըն է թէ քարիւղի եւ քարածուխի նման բրածոյական վառելանիւթեր՝ ուժակայաններու ուժանիւթի գլխաւոր աղբիւրները՝ իրենց ոյժը արեւէն կ’առնեն։
^ պարբ. 4 Ասոր հակառակը, ցարդ փորձուած ամենէն ուժգին կորիզային ռումբը 57 մեկաթոն Թի.Էն.Թի.–ի պայթումի ուժին հաւասար է։
^ պարբ. 6 Աստուածաշունչին ակնարկածը հաւանաբար վայրի ցուլն է (Լատիներէն ուրուս)։ Երկու հազար տարի առաջ այս անասուններէն կային Գաղիոյ մէջ (ներկայիս՝ Ֆրանսա), եւ Յուլիոս Կեսար հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ զանոնք. «Ուրուսները գրեթէ փիղերու չափը ունին, բայց իրենց խառնուածքով, գոյնով եւ ձեւով ցուլերու կը նմանին։ Անոնց ոյժը եւ արագութիւնը մեծ է. անոնք ո՛չ մարդ, ո՛չ անասուն կը խնայեն՝ երբ զանոնք տեսնեն»։
Կրնա՞ք այս հարցումներուն պատասխանել
• Ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս կը վկայէ Եհովայի ուժին։
• Եհովա ի՞նչ բանակներ կրնայ գործածել իր ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու համար։
• Ի՞նչ կարգ մը առիթներով Եհովա ցոյց տուաւ իր ոյժը։
• Ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ Եհովա պիտի կատարէ իր խոստումները։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 10]
«Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց»
[Նկարին աղբիւրը]
Photo by Malin, © IAC/RGO 1991
[Նկարներ՝ էջ 13]
Եհովայի ուժին մասին խորհիլը իր խոստումներուն հանդէպ հաւատք կը կերտէ