Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատրաստուած սրտով Եհովան փնտռենք

Պատրաստուած սրտով Եհովան փնտռենք

Պատրաստուած սրտով Եհովան փնտռենք

ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻ Եզրաս քահանան ուշագրաւ հետազօտող, ուսումնական, արտագրող եւ Օրէնքի ուսուցիչ մըն էր։ Ներկայ Քրիստոնեաներուն համար, ան նաեւ անձնուէր ծառայութեան գեղեցիկ տիպար մըն է։ Ի՞նչ կերպով։ Ան իր աստուածպաշտութիւնը պահպանեց նոյնիսկ երբ կ’ապրէր Բաբելոնի՝ չաստուածներով ու դիւային պաշտամունքով լեցուն քաղաքին մէջ։

Եզրասի աստուածպաշտութիւնը դիպուածի հարց չէր։ Ան աշխատեցաւ անոր համար։ Արդարեւ, ան կ’ըսէ որ ինք «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ»։—Եզրասայ 7։10

Եզրասի նման, Եհովայի ծառաները կ’ընեն ի՛նչ որ Ան կը պահանջէ իրենցմէ, ապրելով հանդերձ աշխարհի մը մէջ որ ճշմարիտ պաշտամունքին հակառակ է։ Ուստի քննենք կարգ մը կերպեր, որոնցմով մենք ալ կրնանք ‘Տէրոջը օրէնքը փնտռելու ու կատարելու’ համար պատրաստել մեր սիրտը, մեր ներքին անձը, որ կը պարփակէ մեր խորհուրդները, կեցուածքը, ցանկութիւններն ու մղումները։

Մեր Սիրտը Պատրաստենք

«Պատրաստել» կը նշանակէ «որեւէ բան գործածելու՝ օգտագործելու համար պատրաստ վիճակի մէջ բերել։ Որեւէ բան կանխատեսելով նախապատրաստել, նախատրամադրել, հակում՝ միտում՝ տրամադրութիւն ստեղծել»։ Անշուշտ, եթէ Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ունիք եւ ձեր կեանքը Եհովայի նուիրած էք, այդ պարագային ձեր սիրտը անպայմանօրէն պատրաստուած վիճակի մէջ է եւ զայն կարելի է նմանցնել սերմնացանի առակին մէջ Յիսուսի ըսած «աղէկ հողի»ն։—Մատթէոս 13։18-23

Այսպէս ըլլալով հանդերձ, մեր սիրտը անդադար ուշադրութեան ու զտուելու կարիքը ունի։ Ինչո՞ւ։ Երկու պատճառով։ Առաջին՝ քանի որ պարտէզին մէջի որոմներուն նման, վնասակար հակումներ կրնան դիւրաւ արմատ կապել, մանաւանդ այս «վերջին օրեր»ուն, երբ Սատանայի դրութեան «օդ»ը որեւէ ժամանակէ աւելի մարմնաւոր մտածելակերպի վնասակար սերմերով լեցուն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Եփեսացիս 2։2) Երկրորդ պատճառը կը վերաբերի ուղղակի հողին։ Եթէ հոգ չտարուի, հողը շուտով կրնայ չորնալ, կարծրանալ եւ անբեր դառնալ։ Կամ, շատ շատեր անտարբերութեամբ կրնան քալել պարտէզին մէջ եւ հողը կարծր զանգուածի մը վերածել։ Մեր սրտի այլաբանական հողն ալ նոյնն է։ Եթէ զայն անտեսենք կամ թոյլ տանք որ մեր հոգեւոր բարօրութեամբ չհետաքրքրուող անհատներ զայն կոխկռտեն, անիկա կրնայ անբեր դառնալ։

Ուստի, ո՛րքան կարեւոր է որ բոլորս ալ գործադրենք Աստուածաշունչի խրատը. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։—Առակաց 4։23

Մեր Սրտին «Հողը» Պարարտացնող Ազդակներ

Հիմա նկատի առնենք կարգ մը ազդակներ կամ յատկութիւններ, որոնք մեր սրտին «հողը» պիտի պարարտացնեն, որպէսզի անիկա նպաստաւոր ըլլայ լաւ բերքի համար։ Անշուշտ շատ բաներ կան որոնք կրնան բարելաւել մեր սիրտը, բայց հոս վեց բաներ նկատի պիտի առնենք. մեր հոգեւոր կարիքին գիտակցութիւնը, խոնարհութիւնը, պարկեշտութիւնը, աստուածավախութիւնը, հաւատքը եւ սէրը։

«Երանի՜ անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն», Յիսուս ըսաւ։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Ուտելու կարիքը յիշեցնող ֆիզիքական անօթութեան նման, մեր հոգեւոր կարիքներուն գիտակից ըլլալը կ’օգնէ որ հոգեւոր կերակուրի հանդէպ անօթութիւն զգանք։ Մարդիկ բնոյթով այսպիսի կերակուրի տենչը ունին, քանի որ անիկա իրենց կեանքին իմաստ եւ նպատակ կու տայ։ Սատանայի իրերու դրութենէն եկած ճնշումները կամ սերտելու հանդէպ պարզ ծուլութիւնը կրնան այս կարիքին նկատմամբ մեր խիղճը կարծրացնել։ Այսուհանդերձ, Յիսուս ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։—Մատթէոս 4։4

Բառացի առումով, կանոնաւոր, հաւասարակշռուած եւ սննդարար ճաշերը մարմնաւոր առողջութեան կը նպաստեն եւ անոնք մարմնին կ’օգնեն որ երբ ժամը հասնի, յաջորդ ճաշին համար ախորժակ արթնցնեն։ Հոգեւոր առումով ալ նոյնն է պարագան։ Թերեւս կը խորհիք որ ուսումնասէր անհատ մը չէք, բայց եթէ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալը վարժութիւն դարձնէք եւ սուրբ գրային գրականութիւնները կանոնաւորաբար ուսումնասիրէք, պիտի նկատէք որ ձեր ախորժակը կը սրի։ Իրականութեան մէջ, պիտի սկսիք Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութեան պահերը անհամբերութեամբ սպասել։ Ուստի, շուտով ձեռնթափ մի՛ ըլլաք. հոգեւոր լաւ ախորժակ սրելու համար ծանր աշխատեցէք։

Խոնարհութիւնը Սրտերը կը Կակուղցնէ

Պատրաստուած սիրտ մը ունենալու համար խոնարհութիւնը կենսական ազդակ մըն է, քանի որ անիկա կ’օգնէ որ սորվող անհատներ ըլլանք եւ դիւրութեամբ ընդունինք սիրալիր խրատը եւ սրբագրութիւնը։ Յովսիա Թագաւորին գեղեցիկ օրինակը նկատի առէք։ Անոր իշխանութեան ընթացքին, Մովսէսի միջոցաւ տրուած Աստուծոյ Օրէնքը պարունակող փաստագիր մը գտնուեցաւ։ Երբ Յովսիա Օրէնքին խօսքերը լսեց եւ անդրադարձաւ որ իր նախահայրերը ո՛րքան հեռացած էին մաքուր պաշտամունքէն, ան իր հագուստը պատռեց եւ Եհովայի առջեւ լացաւ։ Աստուծոյ Խօսքը ինչո՞ւ այսքան խոր ազդեցութիւն ունեցաւ թագաւորին սրտին վրայ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ իր սիրտը ‘կակուղ’ էր, այնպէս որ ան Եհովայի խօսքերը լսելու համար խոնարհեցաւ։ Եհովա նշմարեց Յովսիայի խոնարհ եւ ընդունակ սիրտը եւ ըստ այնմ օրհնեց զինք։—Դ. Թագաւորաց 22։11, 18-20

Խոնարհութիւնը կարելի դարձուց որ Յիսուսի «տգէտ ու առանց ուսման» աշակերտները ըմբռնեն եւ գործադրեն հոգեւոր ճշմարտութիւնները, որոնք վրիպեցան անոնցմէ, որոնք միայն «մարմնի կողմանէ» ‘իմաստուններ եւ գիտուններ’ էին։ (Գործք 4։13. Ղուկաս 10։21. Ա. Կորնթացիս 1։26) Վերջինները Եհովայի խօսքը ընդունելու համար պատրաստուած չէին, քանի որ անոնց սիրտը հպարտութեամբ կարծրացած էր։ Զարմանալի՞ է որ Եհովա հպարտութիւնը կ’ատէ։—Առակաց 8։13. Դանիէլ 5։20

Պարկեշտութիւնը եւ Աստուածավախութիւնը

Երեմիա մարգարէն գրեց որ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ»։ (Երեմեայ 17։9) Այս խաբեբայութիւնը տարբեր կերպերով կը յայտնաբերուի, ինչպէս զոր օրինակ, երբ մենք մեզ կ’արդարացնենք մեր գործած սխալին համար։ Անիկա կը յայտնուի նաեւ երբ կը չքմեղացնենք անձնաւորութեան լուրջ թերութիւններ։ Սակայն պարկեշտութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ նուաճենք մեր խաբեբայ սիրտը, մեր անձին մասին ճշմարտութիւնը դիմագրաւելու համար մենք մեզի օգնենք, որպէսզի վերաճշդումներ ընենք։ Սաղմոսերգուն այսպիսի պարկեշտութիւն ցուցաբերեց, երբ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ, փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս»։ Որոշ է որ սաղմոսերգուն իր սիրտը պատրաստած էր Եհովայի կողմէ եկած զտումը եւ փորձի ենթարկուիլը ընդունելու համար, եթէ նոյնիսկ անիկա երեւան հանէր նկարագրի սխալ գիծեր, որոնք պէտք է յաղթահարուին։—Սաղմոս 17։3. 26։2

Աստուածավախութիւնը, որ իր մէջ կը պարփակէ «չարութիւնը ատել», զտումի գործողութեան մէջ ազդու օժանդակութիւն մըն է։ (Առակաց 8։13) Եհովայի ողորմութիւնը եւ բարութիւնը գնահատելով հանդերձ, իրապէս Եհովայէ վախցող անհատ մը միշտ գիտակից է որ Եհովա զօրութիւնը ունի իրեն անհնազանդ եղողները պատժելու՝ նոյնիսկ մեռցնելու։ Եհովա ցոյց տուաւ որ իրմէ վախցողները պէտք է նաեւ հնազանդին իրեն, երբ Իսրայէլի ըսաւ. «Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան»։—Բ. Օրինաց 5։29

Յստակ է ուրեմն, որ աստուածավախութեան նպատակը չէ սարսափէ մղուած մեզ հնազանդութեան վիճակի մէջ բերել. հապա անոր նպատակն է մեզ մղել որ հնազանդինք մեր սիրալիր Հօր, գիտնալով որ ան մեր լաւագոյն շահերով իրապէս հետաքրքրուած է։ Իրականութեան մէջ, այսպիսի աստուածավախութիւն վեհ բան մըն է եւ ուրախութիւն կը ներշնչէ, ինչ որ Յիսուս Քրիստոս անձամբ բազմիցս ցոյց տուաւ։—Եսայեայ 11։3. Ղուկաս 12։5

Պատրաստուած Սիրտ մը Հաւատքով Հարուստ Է

Հաւատքով հարուստ սիրտ մը գիտէ թէ Եհովա ի՛նչ որ կը խնդրէ կամ ի՛նչ ուղղութիւն որ կու տայ իր Խօսքին ընդմէջէն, միշտ շիտակ է եւ մեր լաւագոյն շահերը կը հետապնդէ։ (Եսայեայ 48։17, 18) Այսպիսի սիրտ ունեցող անհատ մը խոր գոհունակութիւն եւ բաւարարութիւն կը զգայ Առակաց 3։5, 6–ի յորդորը կիրարկելով, ուր կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Բայց հաւատք չունեցող սիրտ մը Եհովայի պիտի չվստահի, մանաւանդ երբ այդպէս ընելը զոհողութիւններ պահանջէ իրմէ, ինչպէս՝ ուշադրութիւնը Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնացնելու համար պարզ կեանք մը վարել։ (Մատթէոս 6։33) Եհովա առանց պատճառի չէ որ անհաւատ սիրտ մը «չար» կը նկատէ։—Եբրայեցիս 3։12

Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը տարբեր կերպերով կ’արտացոլացուի, պարփակելով մեր տան առանձնութեան մէջ մեր ըրած բաները։ Առէք, զոր օրինակ, Գաղատացիս 6։7, 8–ի սկզբունքը. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ Այս սկզբունքին հանդէպ մեր հաւատքը պիտի արտացոլայ մեր դիտած շարժանկարներով, մեր կարդացած գրքերով, մեր կատարած սուրբ գրային սերտողութիւններով եւ մեր աղօթքներով։ Այո, ‘հոգիին համար’ սերմանելու մղող զօրաւոր հաւատք մը, բանալի ազդակ մըն է ունենալու համար սիրտ մը որ պատրաստուած է Եհովայի Խօսքը ընդունելու եւ անոր հնազանդելու։—Գաղատացիս 6։8

Սէր‵ Մեծագոյն Յատկութիւնը

Միւս բոլոր յատկութիւններէն աւելի, սէրն է որ Եհովայի Խօսքին հանդէպ մեր սրտին հողը դիւրազգաց պիտի դարձնէ։ Անոր համար, երբ զայն կը բաղդատէր հաւատքին եւ յոյսին հետ, Պօղոս առաքեալ սէրը նկարագրեց որպէս այս յատկութիւններուն «մեծագոյնը»։ (Ա. Կորնթացիս 13։13) Աստուծոյ հանդէպ սիրով լեցուն սիրտ մը, իրեն հնազանդելէն անսահման գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը զգայ. վստահաբար անիկա որեւէ ատեն չի զայրանար Աստուծոյ պահանջներէն։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Նոյն գծով, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ»։ (Յովհաննու 14։23) Նկատի առէք որ այսպիսի սէր մը փոխադարձ է։ Այո, Եհովա խորապէս կը սիրէ բոլոր անոնք՝ որոնք սէրէ մղուած իրեն կը մօտենան։

Եհովա գիտէ թէ մենք անկատար ենք եւ միշտ կը մեղանչենք իրեն դէմ։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, ան մեզմէ չի հեռանար։ Եհովա իր ծառաներուն մէջ կը փնտռէ «կատարեալ սիրտ» մը, սիրտ մը որ մեզ կը մղէ որ «յօժար կամքով» իրեն ծառայենք։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Անշուշտ, Եհովա գիտէ թէ մեր սրտին մէջ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակելու համար ժամանակ եւ ջանք կը պահանջուի, որպէսզի այսպիսով հոգիին պտուղները մշակենք։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Անոր համար, համբերատար կը գտնուի մեզի հանդէպ, «վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ որ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14) Նոյն կեցուածքը որդեգրելով Յիսուս բնաւ խստօրէն չքննադատեց իր աշակերտները իրենց սխալներուն համար, հապա համբերութեամբ անոնց օգնեց եւ զանոնք քաջալերեց։ Եհովայի եւ Յիսուսի այսպիսի սէրը, գութը եւ համբերութիւնը ձեզ չե՞ն մղեր որ զիրենք աւելի շատ սիրէք։—Ղուկաս 7։47. Բ. Պետրոս 3։9

Եթէ պատահի որ խոր արմատ կապած որոմանման սովորութիւններ արմատախիլ ընելու, կամ կարծրացած, յամառ կողմեր փշրելու համար պայքար մղելու պէտքը ունիք, մի՛ վհատիք կամ յուսահատիք։ Ընդհակառակը, շարունակեցէք բարեփոխութիւններ ընելու վրայ աշխատիլ, մինչ ‘ստէպ կ’աղօթէք’, իր հոգին ունենալու համար անդադար պաղատելով։ (Հռովմայեցիս 12։12) Իր յօժարակամ օգնութեամբ, դուք ալ պիտի յաջողիք Եզրասի նման ձեր սիրտը պատրաստել՝ ‘Տէրոջը օրէնքը փնտռելու եւ կատարելու’ համար։

[Նկար՝ էջ 31]

Եզրաս նոյնիսկ Բաբելոնի մէջ իր աստուածպաշտութիւնը պահեց

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 29]

Garo Nalbandian