Պարզ կեանք մը վարել Եհովայի ծառայելու համար
Կենսագրութիւն
Պարզ կեանք մը վարել Եհովայի ծառայելու համար
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՔԼԱՐԱ ԿԸՐՊԸՐ ՄՕՅԸՐԻ ԿՈՂՄԷ
Ներկայիս 92 տարեկան եմ եւ հազիւ կրնամ քալել, բայց տակաւին պայծառ եւ ուշիմ միտք մը ունիմ։ Որքա՜ն երախտապարտ եմ որ մանկութենէս ի վեր Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումը ունեցած եմ։ Պարզ ու դիւրին կեանք մը վարելը անսահմանօրէն նպաստած է այդ հարստութեան։
ԾՆԱԾ եմ 18 Օգոստոս 1907–ին, Ալիանսի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), եւ հինգ զաւակներու անդրանիկն եմ։ Երբ ութ տարեկան էի, Աստուածաշունչի Աշակերտներէն լիաժամ քարոզիչ մը՝ ինչպէս Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ժամանակ, իր հեծանիւով մեր կաթնարանը եկաւ։ Դրան առջեւ ան հանդիպեցաւ մօրս՝ Լօրա Կըրպըրի եւ անոր հարց տուաւ թէ գիտէ՞ր չարութիւնը ինչո՛ւ թոյլատրուած էր։ Մօրս համար ասիկա միշտ հարց եղած էր։
Հօրս գաղափարը առնելէ ետք, որ յարդանոցը կը գտնուէր, մայրս Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ու վեց հատորները ապսպրեց։ Ան լափեց զանոնք եւ խորապէս ազդուեցաւ իր սորված Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններէն։ Ան ուսումնասիրեց այս մատենաշարին Զ. Հատորը՝ Նոր Ստեղծագործութիւնը, եւ յստակօրէն հասկցաւ մխրճումով կատարուող քրիստոնէական մկրտութեան կարիքը։ Չգիտնալով ինչպէս գտնել Աստուածաշունչի Աշակերտները, ան հօրմէս խնդրեց որ մկրտէր զինք ագարակին մէջ գտնուող գետակին մէջ, հակառակ 1916–ի Մարտ ամսուան ցուրտին։
Շատ չանցած, մայրս լրագրին մէջ Ալիանսի Տօթըրզ օֆ Վեթերընզ Սրահին մէջ ներկայացուելիք դասախօսութեան մը ծանուցումը կարդաց։ Դասախօսութեան բնաբանն էր՝ «Դարերու Աստուածային Ծրագիրը»։ Մայրս անմիջապէս ընդառաջեց, քանի որ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ուն Ա. Հատորը նոյն խորագիրը ունէր։ Քառանիւ կառքը լծեցինք եւ ընտանեօք մեր առաջին ժողովին գացինք։ Անկէ ետք, եղբայրներու տուներուն մէջ ժողովներու կը յաճախէինք Կիրակի եւ Չորեքշաբթի երեկոները։ Շատ չանցած, քրիստոնէական ժողովքին
մէկ ներկայացուցիչը մայրս դարձեալ մկրտեց։ Հայրս, որ միշտ ագարակի գործերով զբաղած էր, ի վերջոյ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով հետաքրքրուեցաւ, եւ քանի մը տարի ետք մկրտուեցաւ։Առաջնորդութիւնը Առնողներուն Հետ Հանդիպում
10 Յունիս 1917–ին, Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ Դիտարանի Ընկերութեան այն ատենուան նախագահը, Ալիանս այցելեց «Ազգերը Ինչո՞ւ կը Պատերազմին» նիւթին շուրջ դասախօսելու համար։ Այն ատեն ինը տարեկան էի, եւ ծնողքիս ու երկու եղբայրներուս՝ Ուիլիի եւ Չարլզի հետ ներկայ գտնուեցայ։ Աւելի քան հարիւր ներկաներ կային։ Ռատըրֆորտի դասախօսութենէն ետք, ներկաներուն մեծամասնութիւնը դասախօսութիւնը տրուած Գոլոմպիա Թատերասրահին առջեւ տեղ գրաւեց՝ նկարուելու համար։ Յաջորդ շաբաթ նոյն վայրին մէջ Ա. Հ. Մէգմիլընը դասախօսութիւն մը ներկայացուց, որուն խորագիրն էր՝ «Աստուծոյ Մօտալուտ Թագաւորութիւնը»։ Այս եղբայրներուն մեր փոքր գիւղաքաղաքին մէջ տուած այցելութիւնը, մեզի համար առանձնաշնորհում մըն էր։
Յիշատակելի Նախկին Համաժողովներ
Առաջին համաժողովը որու ներկայ գտնուեցայ տեղի ունեցաւ 1918–ին, Ալիանսէն քանի մը քիլոմեթր հեռու Աթուադըրի մէջ, Օհայօ։ Մայրս հոն գտնուող Ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հարցուց թէ մկրտուելու համար տարիքս յարմա՞ր էր թէ ոչ։ Կը խորհէի թէ վաւերական նուիրում մը ըրած էի Աստուծոյ իր կամքը կատարելու համար, ուստի ինծի արտօնութիւն տրուեցաւ որ այդ օրը մկրտուիմ, խնձորի մեծ մրգաստանի մը մօտերը գտնուող գետակին մէջ։ Հագուստներս փոխեցի եղբայրներուն կողմէ այդ նպատակով լարուած վրանի մը մէջ, եւ մկրտուեցայ հին ու հաստ գիշերանոցով մը։
Սեպտեմբեր 1919–ին, ծնողքս եւ ես շոգեկառքով Սէնտասքի գացինք, որ կը գտնուի Օհայոյի մէջ, Լէյք Իրիի եզերքը։ Հոն նաւակ մը առինք եւ շատ չանցած հասանք Սիտըր Փոյնթ, ուր մեր յիշատակելի համաժողովը տեղի պիտի ունենար։ Երբ նաւէն վար իջանք, քարափին վրայ ուտելիքի փոքր կրպակ մը կար։ Համպըրկըր մը գնեցի, որ այդ օրերուն իսկական պերճանք մըն էր ինծի համար։ Շա՜տ համով էր։ Ութ օրուան մեր համաժողովի ներկաներուն բարձրագոյն թիւն էր՝ 7,000։ Բարձրախօսի դրութիւն չկար, հետեւաբար ստիպուեցայ ուշի ուշով մտիկ ընել։
Այս համաժողովին, Դիտարան–ի ընկերակից Ոսկեդար խորագրով (ներկայիս՝ Զարթի՛ր) պարբերաթերթը լոյս տեսաւ։ Այդ համաժողովին ներկայ գտնուելու համար, առաջին շաբաթը դպրոցէն բացակայեցայ, բայց իրապէս արժեց։ Սիտըր Փոյնթը արձակուրդի յատուկ հանգստավայր մըն էր, եւ ճաշարանին մէջ խոհարարներ կային, որոնք պատուիրակներուն համար ճաշեր կը պատրաստէին։ Սակայն, որոշ պատճառով մը, խոհարարներն ու սպասեակները գործադուլ ըրած էին, ուստի ճաշի պատրաստութենէն գաղափար ունեցող Քրիստոնեայ եղբայրներ գործի լծուեցան եւ պատուիրակներուն համար ուտելիք պատրաստեցին։ Անկէ ետք, տասնեակ տարիներ շարունակ, Եհովայի ժողովուրդը համաժողովներու ընթացքին իրենց անձնական ճաշերը կը պատրաստէին։
Սեպտեմբեր 1922–ին, առանձնաշնորհումը ունեցանք Սիտըր Փոյնթ վերադառնալու ինը օրուան համաժողովի մը համար, ուր ներկաներուն բարձրագոյն թիւը աւելի քան 18,000–ի հասաւ։ Հոն էր որ Եղբայր Ռատըրֆորտ քաջալերեց մեզ ըսելով՝ «Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, Թագաւորն ու իր Թագաւորութիւնը»։ Սակայն, իմ անձնական ծառայութիւնս, թերթիկներ եւ Ոսկեդար–ը ցրուելով սկսած էր՝ տարիներ առաջ։
Ծառայութեան Հանդէպ Գնահատութիւն
1918–ի սկիզբները, Բաբելոնի Անկումը խորագրով թերթիկը, մօտակայքը եղող ագարակներուն ցրուելու մէջ բաժին բերի։ Ցուրտ օդին պատճառաւ, փայտէ վառարանին մէջ ճարպաքար մը կը տաքցնէինք եւ զայն մեր հետ քառանիւ կառքին մէջ կը դնէինք, մեր ոտքերը տաք պահելու համար։ Հաստ վերարկուներ ու գլխարկներ կը հագուէինք, քանի որ կառքը միայն երդիք մը ու կողմի վարագոյրներ ունէր, բայց վառարան չունէր։ Սակայն անոնք ուրախ օրեր էին։
1920–ին, Կատարուած Խորհուրդը գրքին մասնայատուկ մէկ հրատարակութիւնը պատրաստուեցաւ պարբերաթերթի ձեւով, որ ZG կոչուեցաւ։ * Ծնողքս եւ ես Ալիանսի մէջ այս գրականութիւնը բաշխելու ելանք։ Այն օրերուն ամէն մէկս առանձին կը զարնէինք դռները, ուստի վախով եւ դողով տունի մը մուտքը մտայ ուր քանի մը հոգի նստած էր։ Ներկայացումէս ետք, կին մը ըսաւ. «Ի՜նչ հաճելի ու կարճ դասախօսութիւն մը տուիր», ապա գրականութիւնը ընդունեց։ Այդ օր 13 հատ ZG տեղաւորեցի. ասիկա առաջին անգամն էր որ տունէ տուն երկար ու պաշտօնական ներկայացում մը կ’ընէի։
Երբ շուրջ 15 տարեկան էի, Մայրս թոքատապէ բռնուեցաւ եւ աւելի քան ամիս մը անկողին մնաց։ Կրտսերագոյն քոյրս Հէյզըլ, փոքր էր, ուստի դպրոցը ձգեցի որպէսզի ագարակի գործերուն օգնեմ եւ պզտիկներուն հոգ տանիմ։ Այսուհանդերձ, մեր ընտանիքը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը լուրջի առաւ, եւ ժողովքային բոլոր հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուեցանք։
1928–ին, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին, բոլոր ներկաներուն թերթիկ մը բաշխուեցաւ՝ «Այն Ինը Ո՞ւր Են» խորագրով։ Անիկա նկատի կ’առնէր Ղուկաս 17։11-19–ն, ուր Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մաքրուած տասը բորոտներէն միայն մէկը խոնարհութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ստացած հրաշալի բուժումին համար։ Ասիկա սրտիս դպաւ։ Ինքզինքիս հարց տուի. ‘Ես ո՞րքանով կը գնահատեմ’։
Քանի որ տան վիճակը բարելաւուած էր, իսկ ես առողջ եւ պատասխանատուութիւններէ զերծ էի, որոշեցի տունը ձգել եւ ձեռնարկել ռահվիրայական ծառայութեան՝ ինչպէս լիաժամ ծառայութիւնը կը կոչուի։ Ծնողքս զիս քաջալերեց։ Հետեւաբար, ես ու ընկերակիցս՝ Ագնէս Ալէթան մեր նշանակումը ստացանք եւ 28 Օգոստոս 1928–ի իրիկուան ժամը 9։00–ին շոգեկառք նստեցանք։ Իւրաքանչիւրս ունէինք միայն մէ՛կ պայուսակ եւ մեր Աստուածաշունչի գրականութիւնները կրելու պարկ մը։ Կայարանը, քոյրերս ու ծնողքս կու լային, նոյնպէս՝ մենք։ Կը խորհէի թէ անգամ մը եւս զանոնք պիտի չտեսնէի, քանի որ կը հաւատայինք թէ Արմագեդոնը մօտ էր։ Յաջորդ առաւօտ, հասանք մեր նշանակուած վայրը՝ Պրուքսվիլ, Քընթաքի։
Գիշերօթիկներու յատուկ տան մը մէջ, փոքր սենեակ մը վարձեցինք եւ սբակէթի–ի պահածոներ գնեցինք, նաեւ մեզի համար սանտուիչներ պատրաստեցինք։ Ամէն առաւօտ իւրաքանչիւրս տարբեր ուղղութեամբ կ’երթայինք, առանձին քարոզելով եւ տանտէրներուն հինգ գիրքերու հաւաքածոյ մը ներկայացնելով՝ 1.98 տոլար նուիրատուութեան մը փոխարէն։ Գիւղաքաղաքը աստիճանաբար ծածկեցինք, հանդիպելով բազմաթիւ անհատներու, որոնք որոշ չափով Աստուածաշունչով հետաքրքրուած էին։
Երեք ամսուան մէջ, Պրուքսվիլի ինչպէս նաեւ՝ Օկուսդայի մէջ եւ շուրջ բնակող բոլոր անհատներուն այցելած էինք։ Ուստի, մեր քարոզչութիւնը շարունակելու համար հոնկէ անցանք Մեյզվիլ, Փարիզ եւ Րիչմոնտ գիւղաքաղաքները։ Յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին, Քընթաքիի մէջ բազմաթիւ գաւառներ աշխատեցանք, ուր ժողովքներ չկային։ Յաճախ բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ մեզի կ’աջակցէին. անոնք Օհայոյէն ինքնաշարժով կու գային եւ երբեմն շաբաթ մը կամ աւելի մեզի հետ կը ծառայէին։
Յիշատակելի Ուրիշ Համաժողովներ
24-30 Յուլիս 1931–ին, Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, տեղի ունեցած նահանգային համաժողովը իրապէս յիշատակելի էր։ Հոն էր որ ծանուցուեցաւ թէ սուրբ գրային հիմ ունեցող՝ Եհովայի Վկաներ անունով պիտի բնորոշուէինք։ (Եսայեայ 43։12) Անկէ առաջ, երբ մարդիկ մեզի հարցնէին թէ մենք ո՛ր կրօնքին կը պատկանինք, անոնց կ’ըսէինք. «Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներ» ենք։ Սակայն այդ անունը մեզ իրապէս լաւ կերպով չէր զատորոշեր, քանի որ կրօնական այլ խումբերու հետ ընկերակցող Աստուածաշունչի աշակերտներ ալ կային։
Ընկերակիցս՝ Ագնէս՝ ամուսնացաւ ու ես առանձին մնացի. ուստի շատ հրճուեցայ երբ ծանուցուեցաւ թէ անոնք որոնք ռահվիրայ ընկերակիցներ կը փնտռէին, որոշ տեղ մը պէտք էր ներկայանային։ Հոն ծանօթացայ Պէրթա եւ Էլսի Կարթիի, նաեւ Պէսի Էնսմինկըրի։ Անոնք երկու ինքնաշարժ ունէին եւ չորրորդ ռահվիրայ քոյր մը կը փնտռէին իրենց հետ քարոզելու համար։ Թէեւ նախապէս զիրար բնաւ չէինք ճանչնար, սակայն համաժողովէն ետք միասին մեկնեցանք։
Ամառը՝ Փէնսիլվանիոյ ամբողջ նահանգին մէջ աշխատեցանք։ Ապա, մինչ ձմեռը կը մօտենար, խնդրեցինք աւելի տաք եղող հարաւային նահանգներու մէջ նշանակուիլ, ինչպէս՝ Հիւսիսային Քարոլայնա, Վըրճինիա եւ Մէրիլէնտ։ Գարնան հիւսիս վերադարձանք։ Այն ժամանակ ասիկա ռահվիրաներուն սովորութիւնն էր։ 1934–ին, Ճոն Պութ եւ Րուտոլֆ Ապպուհլ, որ նոյն սովորութեան կը հետեւէին, Ռալֆ Մօյըրը եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ուիլըրտը իրենց հետ առնելով, Հէզըրտ, Քընթաքի գացին։
Քանի մը առիթով հանդիպած էի Ռալֆին, սակայն իրարու աւելի ծանօթացանք Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մեծ համաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 30–Յունիս 3, 1935–ին։ Ռալֆ եւ ես միասնաբար պատշգամը նստած էինք երբ «մեծ բազմութեան» մասին դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ։ (Յայտնութիւն 7։9-14) Մինչեւ այն ատեն կը հաւատայինք թէ մեծ բազմութեան մաս կազմողները երկնային դասի մը անդամներն էին, որոնք 144,000–էն նուազ հաւատարիմ էին։ (Յայտնութիւն 14։1-3) Ուստի չէի ուզեր անոնցմէ մէկը ըլլալ։
Երբ Եղբայր Ռատըրֆորտ բացատրեց թէ մեծ բազմութեան մաս կազմողները Արմագեդոնէն վերապրող երկրային հաւատարիմ դաս մըն էին, շատեր անակնկալի եկան։ Ապա ան հրաւիրեց որ մեծ բազմութեան պատկանողները ոտքի կանգնին։ Ռալֆը կանգնեցաւ, բայց ես՝ ոչ։ Հետագային, հարցերը մտքիս մէջ աւելի պարզուեցան, ուստի 1935–ը վերջին տարին եղաւ որ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն, հացին ու գինիին մասնակցեցայ։ Սակայն, Մայրս մինչեւ իր մահը՝ Նոյեմբեր 1957, շարունակեց խորհրդանիշերուն մասնակցիլ։
Մնայուն Ընկերակից մը
Ռալֆ եւ ես շարունակեցինք իրարու հետ կապ պահել։ Ես Լէյք Բլասիտի մէջ կը ծառայէի (Նիւ Եորք), իսկ ինք՝ Փէնսիլվանիոյ մէջ։ 1936–ին ան պզտիկ յետսակառք մը շինեց, որ կրնար իր ինքնաշարժով քաշել։ Զայն Փէնսիլվանիոյ Բոցթաունէն, փոխադրեց Նուարք, Նիւ Ճըրսի, 16-18 Հոկտեմբերին հոն տեղի ունենալիք համաժողովին համար։ Երեկոյ մը, յայտագրէն ետք, քանի մը ռահվիրաներու հետ գացինք Ռալֆին յետսակառքը տեսնելու։ Ես եւ ան յետսակառքին մէջ փոքր լուացարանին քով կայնած էինք, երբ ինծի հարցուց. «Սիրեցի՞ր յետսակառքը»։
Երբ գլուխով նշան ըրի, ան հարցուց. «Կը փափաքի՞ս անոր մէջ ապրիլ»։
«Այո՛» պատասխանեցի, ապա քնքոյշ համբոյր մը դրոշմեց, զոր երբեք պիտի չմոռնամ։ Քանի մը օր ետք, ամուսնութեան վկայագիր մը ստացանք։ 19 Հոկտեմբերին, համաժողովէն մէկ օր ետք, Պրուքլին գացինք եւ Դիտարանի Ընկերութեան տպագրական շէնքերուն մէջ շրջապտոյտ մը ըրինք։ Ապա խնդրեցինք որ թաղամաս մը նշանակուի մեզի։ Կրանդ Սութըր թաղամասի պատասխանատուն էր, եւ հարցուց թէ ո՛վ պիտի աշխատէր հոն։ Ռալֆ ըսաւ. «Մե՛նք, եթէ կարենանք ամուսնանալ»։
Եղբայր Սութըր պատասխանեց. «Եթէ ժամը 5։00–ին հոս վերադառնաք, կրնանք կարգադրել»։ Ուստի այդ երեկոյեան ամուսնացանք Վկայի մը տան մէջ, Պրուքլին Հայթցի մէջ։ Այդ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ քանի մը բարեկամներու հետ ընթրեցինք, ապա հանրային փոխադրամիջոցով գացինք Նուարք, Նիւ Ճըրսի, ուր էր Ռալֆի յետսակառքը։
Անկէ քիչ ետք, ուղղուեցանք Հիթցվիլ, Վըրճինիա, որ մեր առաջին նշանակումն էր որպէս զոյգ։ Աշխատեցանք Նորթամպըրլէնտ Գաւառին մէջ, ապա անցանք Փէնսիլվանիոյ Ֆուլթըն եւ Ֆրէնքլին գաւառները։ 1939–ին, Ռալֆ գօտիի տեսուչ ըլլալու հրաւէր ստացաւ. գործունէութիւն մը՝ որու ընթացքին յաջորդականօրէն որոշ ժողովքներ պիտի այցելէինք։ Թէնըսի նահանգին մէջ գտնուող ժողովքներուն մէջ ծառայեցինք։ Յաջորդ տարին, մեր տղան՝ Էլընը ծնաւ, ապա 1941–ին գօտիի ծառայութիւնը դադրեցաւ։ Այն ատեն Մարիոն, Վըրճինիա, նշանակուեցանք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Այդ օրերուն, ասիկա կը նշանակէր ամիսը 200 ժամ տրամադրել ծառայութեան։
Բարեճշդումներ Ընել
1943–ին, անհրաժեշտ տեսայ մասնաւոր ռահվիրայութիւնը դադրեցնել։ Փոքր յետսակառքի մը մէջ
ապրիլը, պզտիկ երախայի մը հոգատարութիւնը, ճաշ պատրաստելը, մեր բոլորին հագուստները լուալը եւ ամէն ամիս ծառայութեան համար շուրջ 60 ժամ յատկացնելը առաւելագոյնն էր որ կրնայի ընել։ Սակայն Ռալֆ շարունակեց մասնաւոր ռահվիրայութիւնը։1945–ին, կրկին Ալիանս, Օհայօ, փոխադրուեցանք, ծախեցինք յետսակառքը որ ինը տարիէ մեր բնակարանը եղած էր եւ ծնողքիս քով ագարակի տան մէջ բնակեցանք։ Հոն՝ նախասրահին մէջ էր որ մեր դուստրը՝ Ռեբեկան ծնաւ։ Ռալֆ մասնակի ժամով գործ մը սկսաւ գիւղաքաղաքին մէջ եւ շարունակեց որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ես ագարակին մէջ աշխատեցայ եւ կրցածիս չափ իրեն օգնեցի որպէսզի ռահվիրայութիւնը շարունակէ։ Թէեւ ընտանիքս ձրի հող եւ տուն մը առաջարկեցին մեզի, բայց Ռալֆ մերժեց։ Ան ուզեց անկաշկանդ մնալ, որպէսզի կարենայինք Թագաւորութեան շահերը աւելի լման կերպով հետապնդել։
1950–ին, Բոցթաուն, Փէնսիլվանիա, վերահաստատուեցանք, եւ ամիսը 25 տոլարի տուն մը վարձեցինք։ Յառաջիկայ 30 տարիներու ընթացքին, վարձքը հազիւ 75 տոլարի բարձրացաւ։ Զգացինք թէ Եհովան կ’օգնէր որպէսզի պարզ կեանք մը վարէինք։ (Մատթէոս 6։31-33) Ռալֆ շաբաթը երեք օր սափրիչութիւն կ’ընէր։ Ամէն շաբաթ, մեր երկու զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէինք, ժողովներու կը յաճախէինք եւ որպէս ընտանիք Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէինք։ Ռալֆ տեղական ժողովքին մէջ կը ծառայէր որպէս վերակացու տեսուչ։ Պարզ կեանք մը վարելով, կարող եղանք Եհովայի ծառայութեան համար շատ ժամանակ տրամադրել։
Սիրելի Կողակիցիս Կորուստը
17 Մայիս 1981–ին, Թագաւորութեան Սրահին մէջ նստած հանրային դասախօսութիւն մը կ’ունկնդրէինք։ Ռալֆ անհանգիստ զգալով սրահին ետեւը գնաց եւ հիւրընկալի մը հետ երկտող մը ղրկեց ինծի, որուն մէջ կ’ըսէր թէ տուն կ’երթար։ Ասիկա Ռալֆի սովորութիւնը չէր, ուստի անհատէ մը խնդրեցի որ զիս անմիջապէս տուն հասցնէր։ Ժամ մը չանցած, Ռալֆ զօրաւոր կաթուած ունենալով մահացաւ։ Այդ առաւօտ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, ժողովքին ծանուցանուեցաւ թէ ան մահացած էր։
Այդ ամիս Ռալֆ ծառայութեան համար աւելի քան 50 ժամ տրամադրած էր։ Որպէս ռահվիրայ իր լիաժամ ասպարէզը աւելի քան 46 տարի տեւեց։ Ան աւելի քան հարիւր անհատներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարած էր, որոնք ի վերջոյ մկրտուած Եհովայի Վկաներ եղած էին։ Մեր ստացած հոգեւոր օրհնութիւններուն համար, տարիներու ընթացքին որեւէ զոհողութիւն ընելը կ’արժէր։
Երախտապարտ՝ Առանձնաշնորհումներուս Համար
18 տարի է որ առանձին կ’ապրէի, ժողովներու յաճախելով, կարողութեանս չափ ուրիշներուն քարոզելով եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով։ Ներկայիս կ’ապրիմ հանգստեան կոչուած տարեցներու յատուկ յարկաբաժնի մը մէջ։ Միայն քանի մը կարասի ունիմ եւ նախընտրած եմ հեռատեսիլ չունենալ։ Սակայն կեանքս լեցուն եւ հոգեւորապէս ճոխ է։ Ծնողքս ու երկու եղբայրներս մինչեւ իրենց մահը հաւատարիմ մնացին, իսկ երկու քոյրերս հաւատարմօրէն կը շարունակեն քալել ճշմարտութեան ճամբուն մէջ։
Ուրախ եմ որ տղաս՝ Էլընը, կը ծառայէ որպէս Քրիստոնեայ երէց մը։ Երկար տարիներ, ան Թագաւորութեան եւ Համաժողովի Սրահներու մէջ բարձրախօսի սարքեր զետեղած, ինչպէս նաեւ ամառը տեղի ունեցող նահանգային համաժողովներուն ձայնի սարքը զետեղելու մէջ բաժին բերած է։ Իր կինը Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մըն է, իսկ երկու զաւակները կը ծառայեն որպէս երէցներ։ Դուստրս՝ Ռեբեկա Քարրեսը, աւելի քան 35 տարիներ անցուցած է լիաժամ ծառայութեան մէջ, ի ներառեալ չորս տարի Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին, Պրուքլինի մէջ։ Ան եւ իր ամուսինը 25 տարի անցուցած են ուղեւորութեան գործին մէջ, Միացեալ Նահանգներու զանազան մասերուն մէջ։
Յիսուս ըսաւ թէ Թագաւորութիւնը պահուած գանձի մը կը նմանի զոր կը գտնենք։ (Մատթէոս 13։44) Երախտապարտ եմ որ ընտանիքս գտաւ այդ գանձը երկար տարիներ առաջ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է 80 տարուան նուիրուած ծառայութեան վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետել, առանց ափսոսալու։ Եթէ կարենայի անգամ մը եւս ապրիլ, միեւնոյն կերպով պիտի ապրէի, քանի որ իրապէս ‘Աստուծոյ ողորմութիւնը կեանքէն աղէկ է’։—Սաղմոս 63։3
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 17 Կատարուած Խորհուրդը՝ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ խորագրով մատենաշարի մը եօթներորդն էր, որուն առաջին վեց հատորները գրեց Չարլզ Թէյզ Ռասըլ։ Կատարուած Խորհուրդը հրատարակուեցաւ Ռասըլի մահէն ետք։
[Նկար՝ էջ 23]
1917–ին, Եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը լսեցինք Ալիանսի մէջ, Օհայօ
[Նկար՝ էջ 23]
Ռալֆի հետ, իր շինած յետսակառքին առջեւ
[Նկար՝ էջ 24]
Ներկայիս՝ երկու զաւակներուս հետ