Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ

Եհովա ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ

Եհովա ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ

«Շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 27։11

1, 2. (ա) Ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը։ (բ) Ժողովներէն լիովին օգտուելու համար ի՞նչ պահանջուած է։

ԵՀՈՎԱ լոյսի եւ ճշմարտութեան Աղբիւրն է, ինչպէս սորվեցանք նախորդ յօդուածով։ Իր Խօսքը մեր ճամբան կը լուսաւորէ, մինչ շիտակ ճամբուն մէջ կը քալենք։ Եհովա մեզ կ’առաջնորդէ, իր ճամբաներուն մէջ մեզի սորվեցնելով։ (Սաղմոս 119։105) Երբեմնի սաղմոսերգուին նման, երախտագիտութեամբ կ’ընդառաջենք Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ կ’աղօթենք. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ»։—Սաղմոս 27։11

2 Ներկայիս մեզի սորվեցնելու Եհովայի կերպերէն մէկն է՝ քրիստոնէական ժողովները։ Այս սիրալիր կարգադրութենէն լիովին կ’օգտուի՞նք (1) կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալով, (2) յայտագրին ուշադրութեամբ հետեւելով եւ (3) ունկնդիրներուն հետ առնչուած մասերուն սիրայօժար կերպով մասնակցելով։ Ասկէ զատ, երախտագիտութեամբ կ’ընդառաջե՞նք, երբ մեզի թելադրութիւններ տրուին, որոնք «շիտակ ճամբուն» մէջ մնալու պիտի օգնեն։

Ժողովներուն Ձեր Ներկայութիւնը Ի՞նչպէս Է

3. Լիաժամ ծառայ մը կանոնաւորաբար ժողովի յաճախելու գեղեցիկ սովորութիւնը ի՞նչպէս զարգացուց։

3 Թագաւորութեան հրատարակիչներէն ոմանք իրենց մանկութենէն ի վեր ժողովներու կը յաճախեն։ Եհովայի Վկայ լիաժամ քարոզիչ մը կը յիշէ. «1930–ական թուականներուն, երբ քոյրերս եւ ես տակաւին չափահասներ չէինք, մեր ծնողքին չէինք հարցներ թէ ժողովի պիտի երթանք թէ ոչ։ Գիտէինք որ անպայման պիտի երթանք, ի բացառեալ երբ հիւանդ էինք։ Մեր ընտանիքը որեւէ ժողով չէր փախցներ»։ Աննա մարգարէուհիին նման, այս քոյրը բնա՛ւ ‘չի զատուիր’ Եհովայի պաշտամունքի վայրէն։—Ղուկաս 2։36, 37

4-6. (ա) Թագաւորութեան հրատարակիչներէն ոմանք ինչո՞ւ ժողովներ կը փախցնեն։ (բ) Ժողովներու յաճախելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

4 Դուք քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախողներուն մէ՞ջ կը գտնուիք, թէ ոչ այս ուղղութեամբ անկանոն եղած էք։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնք կը խորհէին որ այս մարզին մէջ բաւական լաւ են, որոշեցին վստահ ըլլալ։ Քանի մը շաբաթ իրենց յաճախած բոլոր ժողովները իրենց քով նոթագրեցին։ Երբ որոշուած ժամանակի վերջաւորութեան իրենց արձանագրութիւնը աչքէ անցուցին, զարմացան թէ որքան ժողովներ փախցուցած էին։

5 Անհատ մը կրնայ ըսել. ‘Զարմանալի չէ. ներկայիս մարդոց վրայ ա՛յնքան ճնշում կայ որ իրենց համար դիւրին չէ ժողովներու մէջ կանոնաւոր ըլլալ’։ Անշուշտ ճիշդ է որ տագնապալի ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Վատը այդ է որ ճնշումը անկասկած պիտի աւելնայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Սակայն ատիկա ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելը աւելի ստիպողական չի՞ դարձներ։ Եթէ մեզ կազդուրող սննդարար հոգեւոր կերակուրի շարունակական սննդականոնի չհետեւիք, այս դրութեան մեր վրայ բերած ճնշումին չենք կրնար տոկալ։ Այո, եթէ կանոնաւորաբար չընկերակցինք, կրնանք փորձուիլ ‘շիտակ ճամբան’ բոլորովին ձգել։ (Առակաց 4։18) Ճիշդ է որ դժուար օր մը ունենալէ ետք երբ տուն հասնինք, թերեւս ժողովի երթալու միշտ սիրտ չունենանք։ Բայց յոգնած ըլլալով հանդերձ երբ կ’երթանք, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ Թագաւորութեան Սրահը գտնուող մեր եղբայրները կը քաջալերենք։

6 Եբրայեցիս 10։25–ը ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելու համար ուրիշ կարեւոր պատճառ մըն ալ կը թուէ։ Այդ համարին մէջ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները կը յորդորէ որ իրարու քով հաւաքուին «այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնեն»։ Այո, բնաւ մեր աչքերուն առջեւէն պէտք չէ հեռացնենք այն իրողութիւնը թէ «Աստուծոյ օր»ը կը մօտենայ։ (Բ. Պետրոս 3։12) Եթէ եզրակացնենք որ այս դրութեան վախճանը շատ հեռու է, կրնանք կամաց–կամաց թոյլ տալ որ անձնական հետապնդումներ, անհրաժեշտ եղող հոգեւոր գործունէութիւնները՝ ինչպէս ժողովներու յաճախելը, մեր յայտագրէն դուրս ձգեն։ Ապա, ինչպէս Յիսուս զգուշացուց, ‘յանկարծակի այն օրը մեր վրայ կրնայ հասնիլ’։—Ղուկաս 21։34

Լաւ Մտիկ Ընող մը Եղէք

7. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ դեռատիներ ժողովներուն ուշադրութիւն ընեն։

7 Պարզապէս ժողովներու յաճախելը բաւարար չէ։ Պէտք է ուշադիր կերպով մտիկ ընենք հոն ըսուած բաներուն։ (Առակաց 7։24) Ասիկա մեր զաւակներուն ալ կը վերաբերի։ Երբ երախայ մը դպրոց կ’երթայ, իրմէ կ’ակնկալուի որ ուսուցիչին մտիկ ընէ, նոյնիսկ երբ որոշ նիւթ մը հաճելի չէ իրեն, կամ չի կրնար ըմբռնել։ Ուսուցիչը գիտէ որ եթէ երախան փորձէ ուշադրութիւն ընծայել, քիչ թէ շատ դասէն պիտի օգտուի։ Ուստի, տրամաբանական չէ՞ որ դպրոցական տարիք ունեցող երախաները ժողովներուն տրուած ուսուցումին ուշադրութիւն ընեն, փոխանակ ձգելու որ անոնք հազիւ ժողովը սկսած քնանան։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գրքի ճշմարտութիւններուն մէջ «դժուարիմաց խօսքեր» կան։ (Բ. Պետրոս 3։16) Բայց երախայի մը սորվելու կարողութիւնը պէտք չէ թերագնահատենք։ Աստուած այդպէս չ’ըներ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ան իր դեռատի ծառաներուն պատուէր տուաւ որ «լսեն եւ սորվելով՝ [իրենց] Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն», որոնցմէ քանի մը հատը դժուարիմաց էին պզտիկներուն համար։ (Բ. Օրինաց 31։12. համեմատել՝ Ղեւտացւոց 18։1-30) Արդեօք Եհովա ներկայ դեռատիներէն ալ նոյնը չի՞ սպասեր։

8. Կարգ մը ծնողներ ի՞նչ քայլեր կ’առնեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն օգնեն ուշադիր ըլլալու ժողովներու ընթացքին։

8 Քրիստոնեայ ծնողներ կը գիտակցին որ իրենց զաւակներուն հոգեւոր կարիքները մասամբ կը հոգացուին ժողովներուն իրենց սորված բաներով։ Անոր համար, կարգ մը ծնողներ կը կարգադրեն որ իրենց զաւակները ժողովէն առաջ քուն մը քաշեն, որպէսզի հանգստացած եւ սորվելու պատրաստ Թագաւորութեան Սրահ գան։ Կարգ մը ծնողներ ժողովի իրիկունները հեռատեսիլ դիտելը կրնան խստիւ սահմանափակել կամ ամբողջովին արգիլել։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Նաեւ, այսպիսի ծնողներ շատ չեն զբաղեցներ իրենց զաւակները, այլ կը քաջալերեն որ անոնք մտիկ ընեն ու սորվին, իրենց տարիքին եւ կարողութեան համաձայն։—Առակաց 8։32

9. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ մտիկ ընելու մեր կարողութիւնը զարգացնենք։

9 Յիսուս չափահասներու կը խօսէր, երբ ըսաւ. «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»։ (Ղուկաս 8։18) Այս օրերուն, ասիկա յաճախ աւելի դիւրին է ըսել՝ քան թէ ընել։ Կ’ընդունինք որ իրապէս մտիկ ընելը դժուար է, բայց մտիկ ընելու կարողութիւնը կրնայ մարզուիլ։ Երբ սուրբ գրային դասախօսութիւն մը կամ ժողովէն բաժին մը կը լսէք, ջանացէք գլխաւոր գաղափարները զատորոշել։ Ակնկալութեամբ լսեցէք թէ դասախօսը յաջորդիւ ի՛նչ պիտի ըսէ։ Փնտռեցէք թէ ո՛ր կէտերը կրնաք գործածել ձեր ծառայութեան մէջ, կամ ձեր կեանքին մէջ կիրարկել։ Մտքով վերաքաղ ըրէք կէտերը մինչ անոնք նկատի կ’առնուին։ Համառօտ նոթեր առէք։

10, 11. Կարգ մը ծնողներ ի՞նչպէս օգնած են իրենց զաւակներուն որ աւելի լաւ ունկնդրողներ ըլլան. դուք ի՞նչ կերպեր օգտակար գտած էք։

10 Անհատ մը լաւ մտիկ ընելու սովորութիւնը փոքր տարիքին աւելի լաւ կը սորվի։ Կարգ մը ծնողներ նախադպրոցական տարիքի մէջ եղող իրենց զաւակները կը քաջալերեն որ ժողովներու ընթացքին «նոթեր» առնեն, անոնք գրել–կարդալ սորվելէն առաջ։ Անոնք թուղթի մը վրայ նշան կը դնեն, երբ իրենց ծանօթ եղող «Եհովա», «Յիսուս» կամ «Թագաւորութիւն» բառերը գործածուին։ Այս կերպով, դեռատիները կրնան բեմէն ըսուածներուն ուշադրութիւն ընել։

11 Նոյնիսկ աւելի մեծ երախաներ երբեմն քաջալերութեան կարիքը ունին ուշադրութեամբ հետեւելու համար։ Քրիստոնէական համաժողովի մը ընթացքին, իր 11 տարեկան տղուն ցրուած վիճակը նկատելով, տան գլուխ մը տղուն ձեռքը Աստուածաշունչ մը տուաւ եւ իրեն ըսաւ որ դասախօսներուն յիշած համարները բանայ։ Հայրը որ նոթ կ’առնէր, իր տղուն բռնած Աստուածաշունչէն կը հետեւէր։ Տղան անկէ ետք աւելի խանդավառութեամբ հետեւեցաւ համաժողովի յայտագրին։

Ձեր Ձայնը Լսելի Դարձուցէք

12, 13. Ինչո՞ւ կարեւոր է ժողովքային երգեցողութեան մասնակցիլ։

12 Դաւիթ Թագաւոր երգեց. «Քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր, որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ»։ (Սաղմոս 26։6, 7) Եհովայի Վկաներու ժողովները մեր հաւատքը բարձրաձայն արտայայտելու հոյակապ առիթներ կու տան մեզի։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է ժողովքի երգեցողութիւններուն մասնակցիլ։ Ասիկա մեր պաշտամունքին կարեւոր երեսակներէն մէկն է, բայց կրնայ դիւրաւ անտեսուիլ։

13 Տակաւին կարդալ չգիտցող կարգ մը երախաներ, ամէն շաբաթ ժողովներուն երգուելիք Թագաւորութեան երգերը գոց կը սորվին։ Անոնք հրճուանքով կ’երգեն չափահասներուն հետ։ Բայց երբ քիչ մը մեծնան, անոնք Թագաւորութեան երգերը երգելու աւելի նուազ հակամէտ կ’ըլլան։ Կարգ մը չափահասներ ալ ժողովներուն երգելու կ’ամչնան։ Սակայն երգելը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է, ճիշդ ինչպէս՝ դաշտի ծառայութիւնը։ (Եփեսացիս 5։19) Դաշտի ծառայութեան մէջ Եհովան փառաբանելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Չե՞նք կրնար զինք փառաբանել նաեւ սրտանց փառաբանութեան երգեր երգելու համար մեր ձայնը բարձրացնելով, անիկա քաղցրահնչիւն ըլլայ կամ ոչ։—Եբրայեցիս 13։15

14. Ինչո՞ւ ժողովներու ընթացքին մեր ուսումնասիրած նիւթերը ուշադիր նախապատրաստութեան կը կարօտին։

14 Աստուած կրնանք փառաբանել նաեւ, երբ շինիչ պատասխաններ կու տանք ժողովներու այն բաժիններուն մէջ, որ ունկնդիրներու մասնակցութիւնը կը խնդրուի։ Ասիկա նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։ Աստուծոյ Խօսքին աւելի խոր երեւոյթներուն մասին խորհիլը ժամանակի կը կարօտի։ Սուրբ Գրքի անյագ աշակերտ մը, Պօղոս առաքեալ, ասոր գիտակցեցաւ։ Ան գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»։ (Հռովմայեցիս 11։33) Ո՛վ տան գլուխներ, կենսական է որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին օգնէք որ Աստուծոյ իմաստութիւնը փնտռէ, ինչպէս որ յայտնուած է Սուրբ Գրքին մէջ։ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին քիչ մը ժամանակ յատկացուցէք դժուար կէտերը բացատրելու եւ ձեր ընտանիքին օգնելու որ ժողովներու համար պատրաստուին։

15. Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան օգնել անհատի մը որ ժողովներու պատասխանէ։

15 Եթէ ժողովներու ընթացքին կը փափաքիք աւելի յաճախ պատասխանել, ինչո՞ւ նախապէս չպատրաստէք ձեր ըսելիքը։ Շատ խրթին բան մը ըսելու հարկ չկայ։ Համոզումով յարմար համար մը կարդալը, կամ սրտանց ըսուած քանի մը խօսքերը բաւարար են։ Կարգ մը հրատարակիչներ ուսումնասիրութեան վարիչէն կը խնդրեն որ որոշ պարբերութեան մը առաջին պատասխանը իրենց վերապահէ, որպէսզի իրենց հաւատքին մասին արտայայտուելու առիթ ունենան։

Անփորձը Իմաստուն կ’Ըլլայ

16, 17. Երէց մը ի՞նչ խրատ տուաւ օգնական ծառայի մը, եւ անիկա ինչո՞ւ ազդեցիկ էր։

16 Եհովայի Վկաներու ժողովներուն, յաճախ կը վերյիշեցուի որ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդանք։ Ասիկա կը թարմացնէ։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ իմաստուն որոշումներ տանք, մեր անձնաւորութեան թերութիւնները սրբագրենք, փորձութիւններու ընդդիմանաք եւ եթէ սխալ քայլ մը առած ենք, մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը վերագտնենք։—Սաղմոս 19։7

17 Փորձառու երէցներ պատրաստ են մեր կարիքներուն յարմարող սուրբ գրային խրատներ տալու։ Մեզմէ կը պահանջուի որ անոնց Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատները փնտռելով, զանոնք ‘դուրս հանենք’։ (Առակաց 20։5) Օր մը երիտասարդ եռանդուն օգնական ծառայ մը երէցէ մը թելադրութիւններ խնդրեց թէ ինչպէս կրնար ժողովքին մէջ աւելի պիտանի ըլլալ։ Երէցը, որ լաւ կը ճանչնար երիտասարդը, Աստուածաշունչէն բացաւ Ա. Տիմոթէոս 3։3–ը, ուր կը նշուի որ նշանակուած տղամարդիկը պէտք է «հանդարտաբարոյ» (Երուսաղէմ) ըլլան։ Ան ազնուօրէն ցոյց տուաւ թէ երիտասարդը ի՛նչ կերպերով կրնար հանդարտաբարոյ ըլլալ ուրիշներուն հետ իր յարաբերութեան մէջ։ Երիտասարդ եղբայրը նեղացա՞ւ իր ստացած անկեղծ խրատին համար։ Բնա՛ւ երբեք։ Ան ըսաւ. «Երէցը Աստուածաշունչը գործածեց, ուստի, այդ խրատը Եհովայէն եկածի պէս սեպեցի»։ Օգնական ծառան երախտագիտութեամբ կիրարկեց տրուած խրատը եւ լաւ կերպով կը յառաջդիմէ։

18. (ա) Ի՞նչ բան օգնեց Քրիստոնեայ երիտասարդուհիի մը որ դպրոցին մէջ փորձութիւններու ընդդիմանայ։ (բ) Երբ փորձութեանց դիմաց գտնուիք, սուրբ գրային ի՞նչ համարներ կը մտաբերէք։

18 Աստուծոյ Խօսքը երիտասարդներուն կրնայ օգնել նաեւ որ ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախին’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Վերջերս երկրորդականը աւարտած Եհովայի Վկայ երիտասարդուհի մը իր դպրոցական բոլոր տարիներու ընթացքին կրցաւ փորձութիւններու ընդդիմանալ, Աստուածաշունչի կարգ մը համարներուն մասին խորհելով ու զանոնք կիրարկելով։ Ան յաճախ կը մտածէր Առակաց 13։20–ի մէջ արձանագրուած խրատին մասին. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ»։ Հետեւաբար, ան զգոյշ էր որ միայն Սուրբ Գրքի սկզբունքները խորապէս յարգողներուն հետ բարեկամութիւն մշակէր։ Ան կը մտածէր. «Ես ուրիշներէն տարբեր չեմ։ Եթէ սխալ խումբի մէջ մտնեմ, պիտի ուզեմ ընկերներս հաճեցնել եւ ասիկա կրնայ խնդիրներու դուռ բանալ»։ Բ. Տիմոթէոս 1։8–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատն ալ օգնեց իրեն։ Ան գրեց. «Ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, . . . հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն»։ Այդ խրատին հետ ներդաշնակ ըլլալով, ան ամէն պատեհ առիթով Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր համոզումները խիզախօրէն բաժնեց իր դասընկերներուն հետ։ Ամէն անգամ որ դասարանին դիմաց բերանացի տեղեկութիւն մը ներկայացնելու նշանակում ունենար, ան կ’ընտրէր նիւթ մը որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին փափկանկատօրէն վկայութիւն տալու առիթ տար իրեն։

19. Երիտասարդ մը ինչո՞ւ այս աշխարհի ճնշումներուն չկրցաւ դիմադրել, բայց ի՞նչ բան անոր հոգեւոր զօրութիւն տուաւ։

19 Եթէ պատահի որ «արդարին ճամբայ»էն շեղելու վրայ ըլլանք, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեզի օգնել որ մեր քայլերը շտկենք։ (Առակաց 4։18) Ափրիկէի մէջ ապրող երիտասարդ մը անձնապէս այս փորձառութիւնը ունեցաւ։ Երբ Եհովայի Վկայ մը իրեն այցելեց, ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Ան իր սորված բաներէն հաճոյք առաւ, բայց շատ չանցած դպրոցը չար ընկերակցութեան մէջ ինկաւ։ Ժամանակ մը ետք, անբարոյ ապրելակերպ մը ունեցաւ։ «Խիղճս զիս կը տանջէր եւ ստիպուեցայ ժողովներու չյաճախել», կ’ընդունի ան։ Հետագային դարձեալ սկսաւ ժողովներու յաճախել։ Այս երիտասարդը հետեւեալ խոստովանութիւնը ըրաւ. «Նկատեցի որ այս բոլորին պատճառը հոգեւոր անօթութիւնս էր։ Անձնական ուսումնասիրութիւն չէի ըներ։ Անոր համար չէի կրնար փորձութիւններու դիմադրել։ Ապա սկսայ Դիտարան եւ Զարթի՛ր կարդալ։ Աստիճանաբար հոգեւոր ուժս վերագտայ եւ կեանքս մաքրեցի։ Ասիկա լաւ վկայութիւն մը եղաւ անոնց, որոնք ըրած փոփոխութիւններս նշմարեցին։ Մկրտուեցայ եւ հիմա ուրախ եմ»։ Ի՞նչ բան այս երիտասարդին ոյժ տուաւ որ իր մարմնաւոր տկարութիւնները յաղթահարէ։ Ան իր հոգեւոր ոյժը վերագտաւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ։

20. Երիտասարդ մը ի՞նչպէս կրնայ Սատանայի յարձակումներուն ընդդիմանալ։

20 Ո՛վ Քրիստոնեայ երիտասարդներ, ներկայիս դուք յարձակումի ենթարկուած էք։ Սատանայի յարձակումներուն դիմադրելու համար, պէտք է կանոնաւորաբար հոգեւոր կերակուր ստանաք։ Սաղմոսերգուն, որ հաւանաբար ինքն ալ երիտասարդ մըն էր, ասիկա հասկցաւ։ Ան Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեց իր տուած Խօսքին համար, որպէսզի ‘երիտասարդ մը կարենայ իր ճամբան մաքրել’։—Սաղմոս 119։9

Աստուած Մեզ Ո՛ւր որ Առաջնորդէ՝ Պիտի Հետեւինք

21, 22. Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք որ ճշմարտութեան ճամբան շա՛տ դժուար է։

21 Եհովա Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն հանելով Խոստացեալ Երկիրը բերաւ։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, իր ընտրած ճամբան թերեւս անհարկիօրէն դժուար էր։ Փոխանակ Միջերկրական Ծովուն եզերքէն երեւութապէս աւելի հեշտ, աւելի ուղիղ ճամբան առնելու, Եհովա իր ժողովուրդը առաջնորդեց անապատային դժուար ճամբայէ մը։ Բայց իրականութեան մէջ, ասիկա Աստուծոյ կողմէ բարութիւն էր։ Թէեւ ծովու ճամբան աւելի կարճ էր, բայց անիկա Իսրայելացիները թշնամի Փղշտացիներու երկրէն անցնիլ պիտի տար։ Ուրիշ ճամբայ մը ընտրելով, Եհովա իր ժողովուրդը Փղշտացիներու հետ կանուխ ընդհարում ունենալէ խնայեց։

22 Նոյն կերպով, երբեմն կրնայ թուիլ որ ներկայիս Եհովա դժուար ճամբու մը մէջ կ’առաջնորդէ մեզ։ Ամէն շաբաթ քրիստոնէական գործունէութիւններու լեցուն յայտագիր մը ունինք՝ ժողովքային հանդիպումներ, անձնական ուսումնասիրութիւն եւ դաշտի ծառայութիւն։ Կրնայ ըլլալ որ ուրիշ ճամբաներ աւելի հեշտ թուին։ Բայց եթէ Աստուծոյ առաջնորդութեան հետեւինք, միայն այն ատեն է որ պիտի հասնինք հո՛ն, որու համար ծանր կ’աշխատինք։ Հետեւաբար, շարունակե՛նք կենսական եղող հրահանգներ ստանալ Եհովայէ եւ յաւիտեան ‘շիտակ ճամբուն’ մէջ մնալ։—Սաղմոս 27։11

Կրնա՞ք բացատրել

Ինչո՞ւ մասնաւորաբար կարիքը ունինք կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու յաճախելու։

Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու համար որ ժողովներուն ուշադրութեամբ հետեւին։

Լաւ ունկնդիր մը ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ժողովներուն պատասխան տանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16, 17]

Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահենք

[Նկարներ՝ էջ 18]

Այլազան կերպերով կրնանք Եհովան փառաբանել քրիստոնէական ժողովներու մէջ