Համեստութիւն. խաղաղութիւն յառաջացնող յատկութիւն մը
Համեստութիւն. խաղաղութիւն յառաջացնող յատկութիւն մը
Աշխարհը որքա՜ն հաճելի կրնար ըլլալ, եթէ ամէն մարդ համեստութիւն ցուցաբերէր։ Անհատներ նուազ պահանջկոտ, ընտանիքի անդամներ նուազ կռուարար, բաժնետիրական ընկերութիւնները նուազ մրցակից եւ ազգերը նուազ պատերազմող պիտի ըլլային։ Պիտի փափաքէի՞ք այսպիսի աշխարհի մը մէջ ապրիլ։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ճշմարիտ ծառաները իր խոստացած նոր աշխարհին համար կը պատրաստուին, ուր համեստութիւնը համայն մարդոց կողմէ պիտի նկատուի ոչ թէ որպէս տկարութիւն, այլ՝ որպէս զօրութիւն եւ առաքինութիւն։ (Բ. Պետրոս 3։13) Իրականութեան մէջ, անոնք հիմա իսկ համեստութեան յատկութիւնը կը մշակեն։ Ինչո՞ւ։ Մասնաւորաբար, քանի որ Եհովա ասիկա կը պահանջէ իրենցմէ։ Իր Միքիա մարգարէն գրեց. «Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—Միքիայ 6։8
Համեստութիւնը շատ բաներ կրնայ նշանակել, ինչպէս՝ պարծենկոտութեան կամ սնափառութեան պակաս, եւ ինքն իր կարողութիւններուն, իրագործումներուն եւ ստացուածքներուն վրայ պարծենալու
դժկամութիւն։ Մալխասեանց Բառարանին համաձայն, համեստութիւն կը նշանակէ նաեւ «չափաւորութիւն» կամ սահմանը գիտնալ։ Համեստ անհատ մը բարեկիրթ վարուելակերպի սահմաններուն մէջ կը մնայ։ Ան նաեւ կը գիտակցի որ իր ընելիք՝ եւ ընելու կարողութիւն ունեցած բաներուն մէջ, չափ մը կայ։ Ան գիտէ թէ կան բաներ, զորս ընելու իրաւասութիւն չունի։ Վստահաբար համեստ անհատներու մօտիկ կը զգանք։ Անգլիացի բանաստեղծ Ճոզէֆ Էտիսըն գրեց. «Իրական համեստութենէն հաճելի բան չկայ»։Համեստութիւնը անկատար մարդոց բնաւորութեան բնական մէկ գիծը չէ։ Այս յատկութիւնը մշակելու համար պէտք է ջանք թափենք։ Մեզ քաջալերելու համար, Աստուծոյ Խօսքը կարգ մը միջադէպեր կը նկարագրէ, որոնք համեստութեան այլազան երեսակները ցոյց կու տան։
Երկու Համեստ Թագաւորներ
Եհովայի ամենէն հաւատարիմ ծառաներէն մէկն էր Դաւիթ, որ տակաւին պատանի մըն էր երբ Իսրայէլի ապագացու թագաւոր օծուեցաւ։ Անկէ ետք, գահին վրայ եղող Սաւուղ Թագաւորը ճնշում բանեցուց Դաւիթի վրայ, փորձելով զինք սպաննել եւ ստիպելով որ ան որպէս փախստական ապրի։—Ա. Թագաւորաց 16։1, 11-13. 19։9, 10. 26։2, 3
Նոյնիսկ այդ պարագաներուն ներքեւ, Դաւիթ գիտակցեցաւ որ իր կեանքը պաշտպանելու համար իր ընելիք բաները սահման մը ունէին։ Առիթով մը անապատին մէջ, Դաւիթ չարտօնեց որ Աբեսսա վնաս հասցնէր քնացող Սաւուղ Թագաւորին, ըսելով. «Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ»։ (Ա. Թագաւորաց 26։8-11) Դաւիթ գիտցաւ որ իրեն չէր իյնար Սաւուղը թագաւորական դիրքէն հեռացնել։ Այսպիսով այդ առթիւ Դաւիթ համեստութիւն ցուցաբերեց, պատշաճ վարքի սահմանը չանցնելով։ Նմանապէս, Աստուծոյ արդի ծառաները գիտեն թէ կան բաներ, զորս չեն կրնար ընել, նոյնիսկ երբ իրենց կեանքը վտանգի տակ է։—Գործք 15։28, 29. 21։25
Դաւիթ Թագաւորի որդին Սողոմոն ալ երբ երիտասարդ էր, համեստութիւն ցոյց տուաւ՝ թէեւ քիչ մը տարբեր կերպով։ Երբ Սողոմոն գահակալուեցաւ, ինքզինք թագաւորի մը ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը կրելու անատակ զգաց։ Ան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, դուն քու ծառադ իմ հօրս Դաւիթին տեղ թագաւոր ըրիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր»։ Պարզ է որ Սողոմոն գիտակից էր որ բաւարար կարողութիւն եւ փորձառութիւն չունէր։ Ուստի, ան համեստ էր, պարծենկոտութիւն կամ սնափառութիւն չարտայայտելով։ Սողոմոն ներատեսութիւն խնդրեց Եհովայէ եւ իր խնդրանքը շնորհուեցաւ իրեն։—Գ. Թագաւորաց 3։4-12
Մեսիան եւ Իր Նախակարապետը
Սողոմոնի ժամանակէն աւելի քան 1,000 տարիներ ետք, Յովհաննէս Մկրտիչ Մեսիային ճամբան պատրաստելու աշխատանք մը թափեց։ Որպէս Օծեալին նախակարապետը, Յովհաննէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կը կատարէր։ Ան կրնար իր ունեցած առանձնաշնորհումին համար հպարտանալ։ Յովհաննէս կրնար նաեւ փորձել ինքզինք պատուել, քանի որ ինք Մեսիային մարմնաւոր ազգականն էր։ Բայց ան ուրիշներուն ըսաւ որ ինք Յիսուսի կօշիկին կապը քակելու անգամ արժանի չէր։ Իսկ երբ Յիսուս ներկայացաւ Յորդանան Գետին մէջ մկրտուելու, Յովհաննէս ըսաւ. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յովհաննէս հպարտ մէկը չէր, այլ համեստ էր։—Մատթէոս 3։14. Մաղաքեայ 4։5, 6. Ղուկաս 1։13-17. Յովհաննու 1։26, 27
Յիսուս մկրտուելէ ետք, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Թէեւ Յիսուս կատարեալ էր, բայց ըսաւ. «Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել . . . ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։ Ասկէ զատ, Յիսուս մարդոցմէ պատիւ չփնտռեց, հապա իր ըրած բոլոր բաներուն համար փառքը Եհովային տուաւ։ (Յովհաննու 5։30, 41-44) Ի՜նչ համեստութիւն։
Որոշ է ուրեմն, որ Դաւիթի, Սողոմոնի, Յովհաննէս Մկրտիչի եւ նոյնիսկ կատարեալ մարդ Յիսուս Քրիստոսի նման Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ համեստութիւն ցուցաբերեցին։ Անոնք հպարտ, պարծենկոտ կամ սնափառ չէին եւ իրենց սահմանը գիտէին։ Անոնց օրինակները բաւարար պատճառներ են որ Եհովայի արդի ծառաները համեստութիւն մշակեն ու ցուցաբերեն։ Սակայն, ասիկա ընելու տակաւին ուրիշ պատճառներ կան։
Մարդկային պատմութեան այս խռովեալ շրջանին, համեստութիւնը յատկութիւն մըն է, որ շատ արժէքաւոր է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար։ Անիկա կարելի կը դարձնէ որ անհատ մը խաղաղութեան մէջ ըլլայ Եհովա Աստուծոյ, ընկեր արարածներուն եւ ինքն իր անձին հետ։
Եհովա Աստուծոյ Հետ Խաղաղութիւն
Եհովայի հետ խաղաղութիւնը կարելի է միայն երբ իր դրած ճշմարիտ պաշտամունքի սահմաններուն մէջ մնանք։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, Աստուծոյ կողմէ դրուած սահմանը անցան, եւ անհամեստութեան զոհ գացող առաջին մարդիկը եղան։ Անոնք Եհովայի առջեւ իրենց ունեցած լաւ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ իրենց բնակարանը, իրենց ապագան եւ իրենց կեանքը կորսնցուցին։ (Ծննդոց 3։1-5, 16-19) Ի՜նչ ծանր գին մը վճարեցին։
Ադամի ու Եւայի ձախողութենէն դաս մը սորվինք, քանի որ ճշմարիտ պաշտամունքը մեր արարքները կը սահմանափակէ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Եհովա իմաստուն կերպով այս սահմանափակումները կը դնէ մեր բարիքին համար եւ այդ սահմաններուն մէջ մնալը իմաստութիւն է։ (Եսայեայ 48։17, 18) Առակաց 11։2–ը մեզի կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը խոնարհներուն [«համեստներուն», ՆԱ] հետ է»։
Ի՞նչպէս կը զգանք, եթէ կրօնական կազմակերպութիւն մը մեզի ըսէ որ կրնանք այդ սահմանները անցնիլ եւ տակաւին Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ մնալ։ Այդ կազմակերպութիւնը կը փորձէ մեզ մոլորեցնել։ Միւս կողմէ, համեստութիւնը կ’օգնէ որ Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակենք։
Մարդ Արարածներուն Հետ Խաղաղութիւն
Համեստութիւնը ուրիշներու հետ ալ խաղաղ յարաբերութիւններ զարգացնելու կը նպաստէ։ Օրինակ, եթէ ծնողներ իրենց անհրաժեշտութիւնները ունենալով բաւարարուելու եւ հոգեւոր հարցերու նախապատուութիւն տալու մէջ օրինակ հանդիսանան, հաւանաբար իրենց զաւակներն ալ նոյն կեցուածքը որդեգրեն։ Զաւակներուն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ գոհանալ, նոյնիսկ երբ իրենց ուզածը միշտ չունենան։ Ասիկա պիտի օգնէ իրենց որ համեստօրէն ապրին, եւ ընտանեկան կեանքը աւելի խաղաղ պիտի ըլլայ։
Վերատեսչութիւն ընողները մասնաւորաբար ուշադիր պէտք է ըլլան որ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար չգործածեն։ Օրինակ, Քրիստոնեաներուն պատուիրուած է՝ «գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ»։ (Ա. Կորնթացիս 4։6) Ժողովքի երէցները կը գիտակցին որ պէտք չէ փորձեն իրենց անձնական նախընտրութիւնները պարտադրել ուրիշներու վրայ։ Այլ, վարքի, հագուելակերպի, յարդարանքի կամ զբօսանքի մասին շիտակ ընթացքը քաջալերելու համար Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը հիմնուին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14-17) Երբ ժողովքի անդամները տեսնեն թէ երէցները սուրբ գրային սահմաններուն մէջ կը մնան, ասիկա այդ մարդոց հանդէպ յարգանք կը յառաջացնէ եւ ժողովքին մէջ ջերմ, սիրալիր եւ խաղաղ հոգի մը զարգանալուն կը նպաստէ։
Ինքն Իր Անձին Հետ Խաղաղութիւն
Համեստութիւն գործադրողները ներքին խաղաղութեամբ կը վարձատրուին։ Համեստ անհատ մը փառասիրութիւնով վառուած անհատ մը չէ։ Ասիկա չի նշանկեր որ ան անձնական նպատակակէտեր չունի։ Օրինակ, ան կրնայ ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներու տենչալ, բայց հարցը Աստուծոյ կը ձգէ եւ իր ստացած առանձնաշնորհումներուն համար վարկը Եհովայի կու տայ։ Անոնք անձնական իրագործումներ չի համարեր։ Ասիկա համեստ անհատը աւելի կը մօտեցնէ Եհովայի՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’։—Փիլիպպեցիս 4։9
Ենթադրենք որ երբեմն մարդոց կողմէ անտեսուած զգանք։ Նախընտրելի չէ՞ որ մեր համեստ ըլլալուն պատճառաւ անտեսուինք, քան թէ անհամեստութեան պատճառաւ աչքի զարնենք։ Համեստ անհատներ փառատենչ չեն։ Հետեւաբար, իրենց անձին հետ խաղաղութեան մէջ են, որ զգացական ու ֆիզիքական բարօրութեան համար օգտակար է։
Համեստութիւն Մշակել ու Պահպանել
Ադամն ու Եւան անհամեստ դարձան՝ բնաւորութեան գիծ մը որ իրենց սերունդին փոխանցեցին։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ մեր առաջին ծնողքին գործած նոյն սխալը չգործենք։ Համեստութեան գեղեցիկ յատկութիւնը ի՞նչպէս կրնանք մշակել։
Նախ՝ Եհովայի, տիեզերքի Ստեղծիչին հետ համեմատած մեր դիրքին մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն մը ունենալը պիտի օգնէ մեզի։ Անձնական ի՞նչ իրագործում կրնանք Աստուծոյ իրագործումներուն հետ նոյնիսկ բաղդատել։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառային՝ Յոբի հարցուց. «Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս»։ (Յոբայ 38։4) Յոբ չկրցաւ պատասխանել։ Մեր ալ գիտութիւնը, կարողութիւնը եւ փորձառութիւնը սահմանափակ չե՞ն։ Մեր սահմանափակումներուն գիտակցիլը մեզի համար ալ օգտակար չէ՞։
Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեզի. «Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները»։ Ասոր մէջ կ’իյնան «անտառին բոլոր գազանները, հազարաւոր լեռներուն անասունները»։ Եհովա կրնայ ըսել. «Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է»։ (Սաղմոս 24։1. 50։10. Անգեայ 2։8) Ի՞նչ ստացուածք կրնանք ցուցադրել որ Եհովային ունեցածներուն հետ կարելի ըլլայ բաղդատել։ Այո, նոյնիսկ ամենահարուստ մարդը իր ունեցած բաներով հպարտանալու պատճառ չունի։ Ուստի, իմաստութիւն է Հռովմի Քրիստոնեաներուն գրած Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խրատին հետեւիլ. «Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհով այս բանը կ’ըսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին. պէտք չէ աւելին խորհիլ իր մասին, քան արժան է խորհիլ»։—Հռովմայեցիս 12։3, Երուսաղէմ
Որպէս համեստութիւն մշակել փափաքող Աստուծոյ ծառաներ, պէտք է հոգիին պտուղներուն համար աղօթենք, որոնք են՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, եւ ժուժկալութիւն։ (Ղուկաս 11։13. Գաղատացիս 5։22, 23) Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս յատկութիւններէն իւրաքանչիւրը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի դիւրութեամբ համեստ ըլլանք։ Մարդ արարածներուն հանդէպ սէրը, զոր օրինակ, մեզի պիտի օգնէ որ հպարտութեան կամ սնափառութեան հակումին դէմ պայքարինք։ Իսկ ժուժկալութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ անհամեստօրէն վարուելէ առաջ կանգ առնենք ու մտածենք։
Բայց ուշադրութի՛ւն։ Անհամեստութեան որոգայթներուն մէջ չիյնալու համար յարատեւաբար պէտք է արթուն կենանք։ Վերոյիշեալ երկու թագաւորները միշտ համեստ չգտնուեցան։ Դաւիթ թագաւոր Իսրայէլի մէջ անխոհեմաբար մարդահամար ըրաւ. բան մը՝ որ Եհովայի կամքին հակառակ էր։ Սողոմոն Թագաւոր անհամեստ գտնուեցաւ, մինչեւ իսկ սուտ պաշտամունքի միջամուխ ըլլալով։—Բ. Թագաւորաց 24։1-10. Գ. Թագաւորաց 11։1-13
Այնքան ատեն որ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը կը գոյատեւէ, յարատեւաբար ուշադիր պէտք է ըլլանք համեստ ըլլալու համար։ Բայց կ’արժէ՛ այս ջանքը թափել։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մարդկային ընկերութիւնը միմիայն համեստ անհատներէ պիտի բաղկանայ։ Անոնք համեստութիւնը որպէս զօրութիւն պիտի նկատեն եւ ո՛չ թէ որպէս տկարութիւն։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ, երբ բոլոր մարդիկ եւ ընտանիքներ համեստութեան արդիւնքը եղող խաղաղութեամբ օրհնուին։
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս իր ըրած ամէն բանին վարկը համեստութեամբ Եհովայի տուաւ