Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Պօղոս առաքեալ կը նշէ՞ր թէ Քրիստոնեաները պէտք չէ բարկանան, երբ Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք»։

Կտրուկ կերպով խօսելով, պատասխանը ո՛չ է։ Հոս, Պօղոս առաքեալ Աստուծո՛յ բարկութեան կ’ակնարկէր։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ տարբերութիւն չ’ըներ եթէ Քրիստոնեաներ բարկութեան տեղի կու տան թէ ոչ։ Աստուածաշունչը մեզ յստակօրէն կը զգուշացնէ բարկանալէ։ Նկատի առէք աստուածային խրատներու կարգ մը նմոյշներ։

«Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս»։ (Սաղմոս 37։8) «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 5։22) «Մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ»։ (Գաղատացիս 5։19, 20) «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ»։ (Եփեսացիս 4։31) «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) Ասկէ զատ, Առակաց գիրքը յաճախակիօրէն կը զգուշացնէ մեզ, բարկութեան անձնատուր ըլլալէ, կամ՝ աննշան վիրաւորանքներու եւ մարդկային սխալներու պատճառաւ բարկանալու հակամէտ ըլլալէ։—Առակաց 12։16. 14։17, 29. 15։1. 16։32. 17։14. 19։11, 19. 22։24. 25։28. 29։22

Հռովմայեցիս 12։19–ի բովանդակութիւնը այսպիսի խրատներու հետ ներդաշնակ է։ Պօղոս յանձնարարեց որ՝ մեր սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, մեզ հալածողները օրհնենք, փորձենք ուրիշներու նկատմամբ դրական տեսակէտ մը ունենալ, չարութեան փոխարէն չարութիւն չհատուցանենք, եւ ջանանք բոլորին հետ խաղաղութիւն պահել։ Ապա յորդորեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Հռովմայեցիս 12։9, 14, 16-19

Այո, թոյլ պէտք չէ տանք որ բարկութիւնը մղէ մեզ հատուցանելու՝ վրէժխնդիր ըլլալով։ Պարագաներու մասին մեր գիտութիւնը եւ արդարութեան հանդէպ մեր հասկացողութիւնը անկատար են։ Եթէ թոյլ տանք որ բարկութիւնը մեզ մղէ վրիժառու ըլլալու, յաճախ սխալներ պիտի գործենք։ Ասիկա Աստուծոյ Թշնամիին՝ Բանսարկուին շահերուն պիտի ծառայէ։ Ուրիշ տեղ մը Պօղոս գրեց. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք»։—Եփեսացիս 4։26, 27

Նախընտրելի եւ իմաստուն ընթացքն է՝ թոյլ տալ որ Աստուած որոշէ թէ ե՛րբ եւ որմէ՛ վրէժ պէտք է առնուի։ Ան ասիկա կրնայ ընել, իրողութիւններէն լիովին տեղեակ ըլլալով, եւ որեւէ հատուցում որ ի՛նք ընէ, անիկա իր կատարեալ արդարութիւնը պիտի ցոլացնէ։ Կրնանք տեսնել թէ այս է որ Պօղոս ըսել կ’ուզէ Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ, երբ նկատի կ’առնենք Բ. Օրինաց 32։35, 41–ի ըրած իր ակնարկումը, որ կը բովանդակէ հետեւեալ խօսքերը. «Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը»։ (Համեմատել՝ Եբրայեցիս 10։30) Հետեւաբար, թէեւ «Աստուծոյ» բառը Յունարէն բնագրին մէջ չկայ, սակայն կարգ մը արդի թարգմանողներ Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ զայն աւելցուցած են, արտայայտութիւնը հետեւեալ կերպով թարգմանելով՝ «տեղի տուէք Աստուծոյ բարկութեան» (Տրապիզոն). «Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա» (Անթիլիաս). «թող Աստուած վրէժ առնէ» (Տը Քոնթէմփըրըրի Ինկլիշ Վըրժըն). «աստուածային հատուցումին տեղի տուէք»։—Տը Նիւ Ինկլիշ Պայպըլ

Նոյնիսկ երբ ճշմարտութեան թշնամիներուն կողմէ անարգուինք կամ հալածուինք, կրնանք վստահութիւն ցուցաբերել Եհովա Աստուծոյ մասին եղած նկարագրութեան հանդէպ, որ Մովսէս լսեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։—Ելից 34։6, 7