Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկութիւնը ինչո՛ւ բարեխօսի մը կարիքը ունի

Մարդկութիւնը ինչո՛ւ բարեխօսի մը կարիքը ունի

Մարդկութիւնը ինչո՛ւ բարեխօսի մը կարիքը ունի

‘ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ հալածիչ մըն էի’, ըսաւ նախապէս հպարտ ու վայրագ մարդ մը։ Ան նախատող հայհոյիչ մը եղած էր, որ անգթօրէն նեղացուցած եւ յարձակում գործած էր Յիսուս Քրիստոսի աստուածավախ հետեւորդներուն վրայ։ «Բայց», ըսաւ ան երախտապարտօրէն, «ողորմութիւն գտայ»։ Որքան ալ անհաւատալի թուի, այս բիրտ հալածիչը հաւատարիմ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալը եղաւ։—Ա. Տիմոթէոս 1։12-16. Գործք 9։1-19

Ամէն մարդ Պօղոսի ըրած բաները չէ ըրած։ Սակայն, բոլորս ալ կը թերանանք Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ասկէ զատ, շա՜տ դիւրին է յուսահատութեան տիղմին մէջ ընկղմիլ, թերեւս խորհելով թէ այնքան վատ ենք որ Աստուծոյ ողորմութիւնը չենք կրնար ստանալ։ Իր մեղաւոր հակումներուն մասին խորհելով, Պօղոս իր կարգին բացագանչեց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ Իր իսկ հարցումին պատասխանելով, ան գրեց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 7։24, 25

Արդար Ստեղծիչ մը ի՞նչպէս կրնայ մեղաւորներուն հետ գործ ունենալ։ (Սաղմոս 5։4) Նկատի առէք թէ Պօղոս ըսաւ. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստացող ուրիշ անհատ մը բացատրեց. «Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2

Յիսուս Քրիստոս ինչո՞ւ «Հօրը քով բարեխօս» կոչուած է։ Իսկ Յիսուս ի՞նչպէս մեղքերու «քաւութիւն» է։

Ինչո՛ւ Բարեխօսի մը Կարիքը Կայ

Յիսուս երկիր եկաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Փրկանքը այդ գինն է որ կը վճարուի վերագնելու կամ իրագործելու անհատի մը կամ բանի մը ազատագրումը։ «Փրկանք» թարգմանուած Եբրայերէն բառին բայական ձեւը, մեղքեր ծածկելու կամ քաւելու գաղափարը կը հաղորդէ։ (Սաղմոս 78։38) Յունարէն բառը, զոր օրինակ՝ Մատթէոս 20։28–ի մէջ գործածուածը, յատկապէս կը գործածուէր ակնարկելու համար պատերազմի բանտարկեալներ փրկելու կամ գերիներ ազատ արձակելու համար վճարուած գինին։ Արդարութեան պահանջներուն գոհացում տալու համար, բան մը կը տրուի համապատասխան արժէք ունեցող ուրիշ բանի մը փոխարէն։

Մարդկութիւնը գերի դարձաւ, Աստուծոյ դէմ առաջին մարդուն ըմբոստութեան պատճառաւ։ Ինչպէս Ծննդոց 3–րդ գլուխին մէջ ցոյց տրուած է, այդ կատարեալ մարդը՝ Ադամ, ընտրեց Եհովա Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալու ընթացք մը։ Այսպիսով, ան ինքզինք ու տակաւին չծնած իր զաւակները, մեղքի ու մահուան գերութեան ծախեց։ Ուստի, Ադամ իր ու իր բոլոր սերունդին համար մարդկային կատարեալ կեանքի պարգեւը կորսնցուց։—Հռովմայեցիս 5։12, 18, 19. 7։14

Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուած կարգադրութիւն ըրած էր որ անասնական զոհերը ժողովուրդին մեղքերը քաւէին, կամ ծածկէին։ (Ղեւտացւոց 1։4. 4։20, 35) Արդարեւ, զոհուած անասունին կեանքը մեղաւորին կեանքին փոխարէն կը տրուէր։ (Ղեւտացւոց 17։11) Հետեւաբար, «քաւութեան օր»ուան կարելի էր նշել որպէս «փրկանքներու օր»։—Ղեւտացւոց 23։26-28

Սակայն, քանի որ մարդը անասուններէն գերիվեր է, «նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը [ամբողջովին] ջնջել»։ (Եբրայեցիս 10։1-4) Որպէսզի զոհ մը մեղքերը մնայուն կերպով քաւելու կամ վերցնելու բաւարար արժէք ունենայ, անիկա համարժէք պէտք է ըլլայ Ադամի կորսնցուցածին։ Արդարութեան կշիռքը կը պահանջէր որ կատարեալ մարդ մը (Յիսուս Քրիստոս) հակակշռէր ուրիշ կատարեալ մարդու մը (Ադամի) կորսնցուցածը։ Միայն կատարեալ մարդկային կեանք մը կրնար փրկագինը վճարել, Ադամի սերունդը ազատագրելու համար այն գերութենէն, որու իրենց նախահայրը զիրենք ծախած էր։ «Անձի տեղ անձ»ը կրնար ճշմարիտ արդարութեան պահանջները գոհացնել։—Ելից 21։23-25

Երբ Ադամ մեղանչեց ու մահուան դատապարտուեցաւ, իր անծին սերունդը տակաւին իր երանքին մէջ էր, հետեւաբար՝ իր հետ մեռաւ։ Կատարեալ մարդը՝ Յիսուս՝ «վերջին Ադամը», յօժար կամքով ընտանիք մը չկազմեց։ (Ա. Կորնթացիս 15։45) Երբ ան մեռաւ որպէս կատարեալ մարդկային զոհ մը, իր երանքին մէջ անծին սերունդ մը ունէր։ Հետեւաբար, կրնայ ըսուիլ որ իր երանքին մէջ գտնուող մարդկային ցեղը իր հետ մեռաւ։ Յիսուս, Ադամի մեղաւոր ու մահկանացու ընտանիքին տէրը դարձաւ։ Ան անձնական ընտանիք մը ունենալու իրաւունքէն հրաժարեցաւ։ Իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելով, Յիսուս վերագնեց Ադամէ սերած ամբողջ մարդկութիւնը, այնպէս որ անոնք իր ընտանիքը կրնային ըլլալ, իսկ ինք՝ անոնց «Յաւիտենական Հայրը»։—Եսայեայ 9։6, 7ՆԱ

Յիսուսի փրկանքի զոհը հնազանդ մարդկութեան պատեհութիւն տուաւ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալու եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Կը մղուինք Եհովան փառաբանելու, փրկանքին հետ առնչուած սիրոյն ու կարեկցութեան համար, հայթայթում մը՝ որ իրեն եւ իր սիրելի Որդւոյն համար սուղի նստաւ։ (Յովհաննու 3։16) Իսկ Յիսուս իրապէ՛ս փաստեց որ «Հօրը քով բարեխօս» մըն էր, երբ երկնային կեանքի յարուցուեցաւ եւ իր փրկանքի զոհին արժէքը երկնքի մէջ Աստուծոյ ներկայացուց։ * (Եբրայեցիս 9։11, 12, 24. Ա. Պետրոս 3։18) Սակայն, Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ կերպով ներկայիս երկնքի մէջ մեր բարեխօսն է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 4 եւ 7–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Յիսուսի կատարեալ մարդկային կեանքը, Ադամի սերունդին փրկագինը եղաւ