Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական յոյսը կը բաժնուի Սենեկալի մէջ

Քրիստոնէական յոյսը կը բաժնուի Սենեկալի մէջ

Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան

Քրիստոնէական յոյսը կը բաժնուի Սենեկալի մէջ

ՎԱՂԵՄԻ ժամանակներէն ի վեր ձուկը գլխաւոր ուտելիք մը եղած է։ Հազարաւոր տարիներ, մարդիկ ձկնորսութիւն ըրած են երկրի ծովերուն, լիճերուն եւ գետերուն մէջ։ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներէն ոմանք Գալիլիոյ Ծովուն վրայ ձկնորսներ էին։ Սակայն, Յիսուս ձկնորսութեան տարբեր կերպ մը ներկայացուց անոնց՝ հոգեւոր ձկնորսութիւնը, որ ոչ միայն ձկնորսներուն օգտակար էր, այլ նաեւ՝ ձուկերուն։

Այս առնչութեամբ, Յիսուս ձկնորս Պետրոսին ըսաւ. «Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 5։10) Այսպիսի ձկնորսութիւն մը ներկայիս տեղի կ’ունենայ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, ի ներառեալ Սենեկալը։ (Մատթէոս 24։14) Հո՛ս, արդի «մարդոց որսորդ»ները իրենց քրիստոնէական յոյսը խիզախօրէն ուրիշներու հետ կը բաժնեն։—Մատթէոս 4։19

Սենեկալ կը գտնուի Ափրիկէի արեւմտեան ծայրագոյն մասին մէջ։ Անիկա կը տարածուի հիւսիսը՝ Սահարայի սահմանակից աւազոտ անապատային շրջանէն մինչեւ հարաւը՝ Քազամանս շրջանի խոնաւ անտառները։ Սենեկալէ կ’անցնին անապատային խորշակներ, ինչպէս նաեւ Ատլանտեան զով ու թարմացուցիչ զեփիւռներ։ Հոս կ’ապրին աւելի քան ինը միլիոն մարդիկ։ Սենեկալի բնակիչները ճանչցուած են իրենց հիւրասիրութեամբ։ Անոնց մեծամասնութիւնը Քրիստոնեայ ըլլալ չեն դաւանիր։ Շատեր հովիւ են, մինչ ուրիշներ արջառներու, ուղտերու եւ այծերու խաշնարածութեամբ կը զբաղին։ Կան նաեւ երկրագործներ, որոնք գետնապիստակի, բամպակի ու բրինձի մշակութեամբ կը զբաղին։ Անշուշտ ձկնորսներ ալ կան, որոնք Ատլանտեան Ովկիանոսէն եւ երկրին մէջ պտըտող քանի մը մեծ գետերէն ձուկով լեցուն ուռկաններ կը քաշեն։ Ձկնորսութեան ճարտարարուեստը Սենեկալի տնտեսութեան մէջ կենսական դեր մը կը խաղայ։ Արդարեւ, հանրածանօթ ազգային կերակուրն է՝ շիպ ճէն՝ բրինձով, ձուկով եւ բանջարեղէնով պատրաստուած համադամ ճաշ մը։

«Մարդոց Որսորդ»ներ

Սենեկալի մէջ, 863 նախանձախնդիր անհատներ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն։ Հոս, հոգեւոր ձկնորսութիւնը սկսաւ 1950–ական թուականներու սկիզբը։ 1965–ին, Սենեկալի մայրաքաղաքին՝ Տաքարի մէջ, Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակ մը բացուեցաւ։ Շատ մը հեռու երկիրներէն միսիոնար «ձկնորսներ» սկսան գալ։ «Ձկնորսական» գործողութիւններ սկսան, եւ Սենեկալի մէջ քրիստոնէական յոյսը բաժնելը հաստատօրէն յառաջ գնաց։ Ի վերջոյ, Տաքարի արուարձաններէն մէկուն՝ Ալմատիէզի մէջ, նոր մասնաճիւղի շէնքեր շինուեցան եւ Յունիս 1999–ին Եհովայի ձօնուեցան։ Ասիկա ուրախութեան ի՜նչ ժամանակ մըն էր։

Ճշմարտութիւնը Ընդունելու Մարտահրաւէրը

Իրարմէ տարբեր ենթահողեր ունեցող մարդոց կանոնաւորաբար կը քարոզուի եւ ոմանք սիրով կ’ընդառաջեն Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած յոյսի պատգամին։ Շատեր Աստուածաշունչէն գիտութիւն չունենալով հանդերձ, կ’ուրախանան սորվելով թէ վաղեմի հաւատարիմ մարգարէներուն տուած Եհովա Աստուծոյ խոստումները մօտ ատենէն պիտի կատարուին։

Քրիստոնէական սկզբունքներուն համար հաստատ կեցուածք մը առնելը յաճախ քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ երբ հարցը կապ ունի ընտանեկան աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու հետ։ Սենեկալի մէջ, օրինակ, բազմակնութիւնը սովորական բան մըն է։ Նկատի առէք երկու կին ունեցող մարդու մը պարագան երբ ան Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսաւ։ Արդեօք ան քրիստոնէական ճշմարտութիւնը ընդունելու եւ մէկ կնոջ այր ըլլալու սուրբ գրային պահանջին համակերպելու քաջութիւնը պիտի ունենա՞ր։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2) Իսկ իր երիտասարդութեան կինը՝ իր առաջին կինը՝ պիտի պահէ՞ր։ Ան ըրաւ ասիկա ու ներկայիս կը ծառայէ որպէս նախանձախնդիր երէց մը, Տաքար շրջանի մեծ ժողովքներէն մէկուն մէջ։ Իր առաջին կինն ալ ճշմարտութիւնը ընդունեց, ինչպէս նաեւ իր 12 զաւակները, տասն՝ առաջին կնոջմէն, իսկ երկուքը՝ նախկին երկրորդ կնոջմէն։

Քրիստոնէական յոյսը ընդունելու ուրիշ խոչընդոտ մը կրնայ ըլլալ՝ անգրագիտութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անուս անհատ մը չի կրնար ճշմարտութիւնը ընդունիլ եւ զայն գործադրել։ Բնա՛ւ երբեք։ Նկատի առէք Մարիի օրինակը՝ ութը զաւկի տէր, ծանր աշխատող մայր մը։ Ան շուտով զգաց ամէն օր իրարու հետ Աստուածաշունչէն համար մը նկատի առնելու կարեւորութիւնը, իր զաւակները դպրոց՝ իսկ ինք գործի չգացած։ Սակայն ասիկա ի՞նչպէս պիտի ընէր, մանաւանդ որ կարդալ չէր գիտեր։ Ամէն առաւօտ կանուխ, Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկը կ’առնէր եւ իր տան առջեւ, աւազոտ փողոցը կը կայնէր։ Մինչ մարդիկ կ’անցնին, անոնց կը հարցնէր թէ կարդալ գիտե՞ն։ Եթէ կարդացող մը գտնէր, գրքոյկը անոր կու տար ու անկեղծօրէն կ’ըսէր. «Կարդալ չեմ գիտեր, կը հաճի՞ս այսօր ինծի կարդալ այս մասը»։ Ուշի ուշով մտիկ կ’ընէր ընթերցանութեան։ Ապա անցորդին շնորհակալութիւն կը յայտնէր եւ շուտով տուն կը մտնէր, իր զաւակներուն հետ համարին մասին վառ խօսակցութիւն մը ունենալու համար, դպրոց մեկնելէն առաջ։

Ամէն Տեսակի Մարդիկ կ’Ընդառաջեն

Սենեկալի մէջ կը գտնենք մարդիկ, որոնք փողոցները նստած ձուկ, բանջարեղէն, կամ պտուղ կը ծախեն շուկային մէջ, կամ հսկայ պաոպապ ծառի մը տակ նստած՝ աթաիա՝ տեսակ մը լեղի կանաչ–թէյ՝ կը խմեն։ Վճռած ըլլալով որ բարի լուրը պիտի բաժնեն որու որ հանդիպին, երկու եղբայրներ փողոցը մուրացող հաշմանդամ մարդու մը խօսեցան։ Անոր բարեւելէ ետք, ըսին. «Շատեր քեզի դրամ կու տան, բայց կանգ առնելով քեզի հետ չեն խօսիր։ Քովդ եկած ենք քեզի խօսելու քու ապագայիդ հետ կապ ունեցող շատ կարեւոր բանի մը մասին»։ Մուրացկանը անակնկալի եկաւ։ Եղբայրները շարունակեցին. «Կ’ուզենք քեզի հարցում մը հարցնել։ Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ այսքան շատ տառապանք կայ աշխարհի մէջ»։ «Աստուծոյ կամքն է», պատասխանեց մուրացկանը։

Ապա եղբայրները անոր հետ Սուրբ Գրութիւններէն պատճառաբանեցին եւ Յայտնութիւն 21։4–ը բացատրեցին։ Մուրացկանը խորապէս ազդուեցաւ այս յոյսի պատգամէն, նաեւ այն իրողութենէն թէ անհատներ այնքան իրմով հետաքրքրուած էին, որ կանգ առին իր հետ Աստուածաշունչէն խօսելու։ Աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Դրամ խնդրելու փոխարէն, ան եղբայրներուն աղաչեց որ թիթեղատուփին մէջ գտնուած բոլոր մուրացածիկը առնեն։ Ան այնքան պնդեց որ ասիկա անցորդներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։ Մեծ դժուարութեամբ էր որ եղբայրները կրցան զինք համոզել որ դրամը իրեն պահէ։ Ի վերջոյ ան համաձայնեցաւ, բայց պնդեց որ դարձեալ իրեն այցելեն։

Տաքարի մէջ գտնուող մեծ համալսարանն ալ հոգեւոր ձկնորսութեան ուռկանին մէջ բռնուած ձուկերը կ’աւելցնէ։ Հոն Ժան–Լուի անունով բժշկութիւն ուսանող մը, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Շուտով ան ընդունեց ճշմարտութիւնը, կեանքը Եհովայի նուիրեց եւ մկրտուեցաւ։ Իր փափաքն էր Աստուծոյ ծառայել ռահվիրայական լիաժամ ծառայութեան մէջ, բայց եւ այնպէս բժշկութեան ճիւղն ալ կը սիրէր։ Իր բնիկ երկրին հետ համաձայնագրի մը պատճառաւ, ստիպուած էր իր ուսումը շարունակել։ Այսուհանդերձ, միեւնոյն ժամանակ ան սկսաւ որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Որպէս որակելի բժիշկ իր վկայականը ստանալէն քիչ ետք, ան հրաւիրուեցաւ որ Ափրիկեան երկրի մը մեծ Պէթէլին մէջ, որպէս ընտանիքին բժիշկը ծառայէ։ Տաքար Համալսարանին մէջ ուրիշ երիտասարդի մը քարոզուեցաւ, որ նաեւ ներկայիս կը ծառայէ իր երկրին մէջ գտնուող Պէթէլի ընտանիքին հետ։

Սենեկալի մէջ հոգեւոր ձկնորսութիւնը իրապէս վարձահատոյց է։ Եհովայի Վկաներու սուրբ գրային գրականութիւնները մեծապէս կը գնահատուին, եւ ներկայիս անոնք լոյս կը տեսնեն տեղական Ուոլոֆերէն լեզուով։ Բարի լուրը իրենց մայրենի լեզուով լսելը, պարկեշտ սիրտ ունեցողներէն շատերը քաջալերած է որ երախտագիտութեամբ ընդառաջեն։ Անկասկած Եհովայի օրհնութեամբ, աւելի շատ այլաբանական ձուկեր պիտի բռնուին, մինչ Սենեկալի եռանդուն «մարդոց որսորդ»ները կը շարունակեն հաւատքով ու քաջութեամբ քրիստոնէական յոյսը բաժնել։

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 31]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՍԵՆԵԿԱԼ

[Նկար]

Քրիստոնէական յոյսը կը բաժնուի Սենեկալի մէջ

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.