Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Օրինակելի մարդ մը որ սրբագրութիւնը ընդունեց

Օրինակելի մարդ մը որ սրբագրութիւնը ընդունեց

Օրինակելի մարդ մը որ սրբագրութիւնը ընդունեց

«ԶԱՄՊԻՈՅ Կոկորդիլոսները Ամիսը 30 Անհատ կ’Ուտեն»։ Քանի մը տարի առաջ ափրիկեան լրագիր մը այս տեղեկագրութիւնը ըրաւ։ Այս սողունները ուսումնասիրող կենդանաբանի մը համաձայն, «12 մարդ կ’ուզէ կոկորդիլոս մը բռնելու համար»։ Զօրաւոր պոչով եւ հզօր դունչով, կոկորդիլոսը վախազդու անասուն մըն է։

Ըստ երեւոյթին, որպէս «Լեւիաթան» կոկորդիլոսին ակնարկելով, Ստեղծիչը այս «բոլոր վայրենի գազաններուն թագաւոր»ը գործածեց իր Յոբ ծառային կարեւոր դաս մը սորվեցնելու համար։ (Յոբայ 41։1, 34, ստորանիշ) Ասիկա տեղի ունեցաւ շուրջ 3,500 տարիներ առաջ, Հուս երկրին մէջ, որ հաւանաբար հիւսիսային Արաբիոյ մէջ տեղ մըն էր։ Այս արարածը նկարագրելով, Աստուած Յոբին ըսաւ. «Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։ Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Յոբայ 41։10) Որքա՜ն ճիշդ է ասիկա։ Եթէ կոկորդիլոսէն կը վախնանք, որքա՛ն աւելի զայն Ստեղծողին դէմ խօսելէ պէտք է վախնանք։ Յոբ իր ստացած այս դասին համար գնահատութիւն յայտնեց, խոստովանելով իր սխալը։—Յոբայ 42։1-6

Երբ Յոբի անունը յիշուի, փորձութեան տոկալու իր հաւատարիմ օրինակը կրնանք մտաբերել։ (Յակոբու 5։11) Արդարեւ, Յոբ Եհովայի հաճութիւնը ունէր իր հաւատքը խստօրէն փորձուելէն առաջ իսկ։ Ըստ Աստուծոյ, այդ ժամանակ «երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկար»։ (Յոբայ 1։8) Ասիկա պէտք է մեզ մղէ որ ուզենք աւելին գիտնալ Յոբի մասին, քանի որ այսպէս ընելը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու թէ մենք ալ ի՛նչպէս կրնանք Աստուած հաճեցնել։

Աստուծոյ Հետ Յարաբերութիւնը Ամէն Բանէ Առաջ կու Գար

Յոբ հարուստ մարդ մըն էր։ Ոսկիէն զատ, ան ունէր 7,000 ոչխար, 3,000 ուղտ, 500 մատակ էշ, 1,000 եզ եւ խիստ շատ ծառաներ։ (Յոբայ 1։3) Բայց Յոբ Եհովայի կը վստահէր եւ ոչ թէ իր հարստութեան։ Ան հետեւեալ կերպով տրամաբանեց. «Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի, զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’. եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ, . . . այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի»։ (Յոբայ 31։24-28) Յոբի նման, մենք ալ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը նիւթական բաներէն շատ աւելի արժէքաւոր պէտք է համարենք։

Մարդ Արարածներուն Հետ Անաչառօրէն կը Վարուի

Յոբ ի՞նչպէս կը վարուէր իր ծառաներուն հետ։ Յոբի իսկ խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ որ զինք անաչառ եւ դիւրամերձ կը գտնէին. «Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ընել չուզեցի ու ինծի հետ վէճ ունեցան, ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր»։ (Յոբայ 31։13, 14) Յոբ արժեւորեց Եհովայի ողորմութիւնը, ուստի իր ծառաներուն հետ գթառատօրէն վարուեցաւ։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, մասնաւորաբար անոնց համար, որոնք քրիստոնէական ժողովքին մէջ վերատեսչութեան դիրքերու վրայ են։ Անոնք ալ արդար, անաչառ եւ դիւրամերձ պէտք է ըլլան։

Յոբ իր տունէն դուրս եղողներուն հանդէպ ալ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տար։ Ուրիշներու հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յայտնելով, ան ըսաւ. «Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի ու որբեւարիին աչքերը մարեցուցի, . . . եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան, թող իմ անրակս ուսէս իյնայ ու բազուկս արմուկէս կտրուի»։ (Յոբայ 31։16-22) Թող որ մենք ալ ժողովքին մէջ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ նկատառու ըլլանք։

Մարդ արարածներու հանդէպ անշահախնդիր հետաքրքրութիւն ունենալուն համար, Յոբ օտարներուն հանդէպ հիւրասէր էր։ Հետեւաբար կրցաւ ըսել. «Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար, ճանապարհորդին դուռս կը բանայի»։ (Յոբայ 31։32) Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է Աստուծոյ արդի ծառաներուն համար։ Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ նոր հետաքրքրուող անհատներ Թագաւորութեան Սրահ գան, անոնց հանդէպ մեր հիւրասիրութիւն ցոյց տալը, իրենց հոգեւոր յառաջդիմութեան կրնայ նպաստել։ Անշուշտ, ճամբորդող տեսուչներ եւ ուրիշ Քրիստոնեաներ ալ մեր սիրալիր հիւրասիրութեան կարիքը ունին։—Ա. Պետրոս 4։9. Գ. Յովհաննու 5-8

Յոբ նոյնիսկ իր թշնամիներուն հանդէպ շիտակ կեցուածք մը ունէր։ Ան չէր ուրախանար երբ զինք ատողներէն մէկը չարիքի հանդիպէր։ (Յոբայ 31։29, 30) Ընդհակառակը, ան սիրայօժար կերպով կ’օգնէր այնպիսիներուն, ինչպէս կը տեսնուի իր երեք կեղծ մխիթարիչներուն համար աղօթելու իր պատրաստակամութենէն։—Յոբայ 16։2. 42։8, 9. համեմատել՝ Մատթէոս 5։43-48

Սեռային Հարցերու Մէջ Մաքուր

Յոբ հաւատարիմ էր իր կողակիցին, բնաւ թոյլ չտալով որ իր սիրտը օտար կնոջ մը կապուի։ Ան ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։ Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ, կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ, իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։ Վասն զի այս պղծագործութիւն է ու դատաւորներէն դատուելու՝ անօրէնութիւն»։—Յոբայ 31։1, 9-11

Յոբ թոյլ չտուաւ որ անբարոյ ցանկութիւններ ապականեն իր սիրտը։ Ընդհակառակը, ան ուղիղ կեանք մը վարեց։ Զարմանալի չէ որ Եհովա Աստուած հաճեցաւ այս հաւատարիմ մարդուն, որ անբարոյ հրապոյրներու դէմ դրաւ։—Մատթէոս 5։27-30

Ընտանիքին Հոգեւորականութեամբ Հետաքրքրուած

Յոբի զաւակները երբեմն խնճոյքներ կը սարքէին, որու ներկայ կ’ըլլային իր բոլոր տղաքն ու աղջիկները։ Խնճոյքի օրերը վերջանալէն ետք, Յոբ կը վախնար որ իր զաւակները թերեւս կերպով մը մեղանչած ըլլային Եհովայի դէմ։ Ուստի, Յոբ ասոր համար քայլեր կ’առնէր, քանի որ սուրբ գրային տեղեկութիւնը կ’ըսէ. «Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ կանչել կու տար զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թուովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. ‘Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին’»։ (Յոբայ 1։4, 5) Ասիկա որքա՜ն տպաւորած ըլլալու է Յոբի ընտանիքի անդամները, տեսնելով իրենց Եհովայէ վախնալու եւ Իր ճամբաներուն մէջ քալելու նկատմամբ Յոբի մտահոգութիւնը։

Ներկայիս, Քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխներ պէտք է իրենց ընտանիքներուն սորվեցնեն Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Իսկ անշուշտ յարմար է ընտանիքի անդամներուն համար աղօթել։—Հռովմայեցիս 12։12

Փորձութեան Ներքեւ Հաւատարմաբար կը Տոկար

Աստուածաշունչ կարդացողներէն շատերուն ծանօթ են Յոբի վրայ եկած խիստ փորձութիւնները։ Բանսարկու Սատանան պնդած էր որ փորձիչ պայմաններու ներքեւ Յոբ պիտի անիծէր Աստուած։ Եհովա ընդունեց այս մարտահրաւէրը եւ Սատանան անյապաղ չարիքներ տեղացուց Յոբի վրայ։ Ան իր բոլոր արջառները կորսնցուց։ Աւելի վատը, Յոբ իր բոլոր զաւակները կորսնցուց։ Անկէ քիչ ետք, Սատանան Յոբը գլուխէն մինչեւ ոտքը գէշ պալարներով զարկաւ։—Յոբայ 1 եւ 2–րդ գլուխները

Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Երբ իր կինը զինք դրդեց որ Աստուած անիծէ, Յոբ ըսաւ. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ, ըսելով. «Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց»։ (Յոբայ 2։10) Այո, Յոբ հաւատարմօրէն տոկաց եւ Բանսարկուին ստախօս մը ըլլալը փաստեց։ Թող որ մենք ալ փորձութիւններու տոկանք եւ փաստենք որ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը Եհովայի հանդէպ զուտ սէրէ մղուած է։—Մատթէոս 22։36-38

Խոնարհաբար Ընդունեց Սրբագրութիւնը

Թէեւ Յոբ բազմաթիւ կողմերով օրինակելի էր, բայց ան կատարեալ չէր։ Ինք ըսաւ՝ «Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։ Բնաւ մէկը չի կրնար»։ (Յոբայ 14։4. Հռովմայեցիս 5։12) Ուստի, երբ Աստուած ըսաւ որ Յոբ կատարեալ էր, ասիկա ճիշդ էր այդ առումով որ ան վարուեցաւ ճիշդ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Աստուած կ’ակնկալէ որ իր անկատար ու մեղաւոր ծառաները վարուին։ Քաջալերութեան ի՜նչ աղբիւր մը մեզի համար։

Յոբ իր փորձութիւններուն տոկաց, բայց ան թերութիւն մը յայտնաբերեց։ Յոբի վրայ եկած բոլոր չարիքին մասին լսելով, անոր երեք այդպէս կոչուած բարեկամները իրեն այցելելու եկան։ (Յոբայ 2։11-13) Անոնք Յոբը մեղադրեցին, ըսելով որ Եհովա զինք կը պատժէր իր գործած լուրջ մեղքերուն համար։ Բնականաբար, Յոբ վիրաւորուեցաւ այս սուտ ամբաստանութիւններէն եւ ինքզինք պաշտպանելու զօրաւոր մղում մը զգաց։ Բայց ինքզինք արդարացնելու իր ջանքին մէջ իր հաւասարակշռութիւնը չպահեց։ Այո, ան նոյնիսկ այդ գաղափարը տուաւ որ ինք Աստուծմէ արդար էր։—Յոբայ 35։2, 3

Քանի որ Աստուած կը սիրէր Յոբը, Ան երիտասարդ մը գործածեց, որպէսզի Յոբի սխալը յայտնէր։ Տեղեկութիւնը կ’ըսէ. «Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասն զի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր»։ Ինչպէս Եղիուս դիտել տուաւ՝ «Յոբ ըսաւ. ‘Ես արդար եմ, բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց’»։ (Յոբայ 32։2. 34։5) Այսուհանդերձ, Եղիուս երեք «մխիթարիչներուն» չմիացաւ, սխալ կերպով եզրակացնելով թէ Աստուած կը պատժէր Յոբը իր մեղքերուն համար։ Ընդհակառակը, Եղիուս Յոբի հաւատարմութեան վրայ վստահութիւն յայտնեց եւ անոր խորհուրդ տուաւ, ըսելով. «Հարցը [Եհովային] առջեւն է, ուստի անոր յուսա»։ Արդարեւ, Յոբ փոխանակ արտորնօք խօսելու, պէտք էր Եհովայի յուսար։ Եղիուս վստահեցուց Յոբը, ըսելով. «Դատաստանով ու արդարութեամբ [Աստուած] մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ»։—Յոբայ 35։14. 37։23

Յոբի մտածելակերպը սրբագրութեան կը կարօտէր։ Ուստի, Եհովա մարդուն փոքրութեան եւ Աստուծոյ մեծութեան միջեւ բաղդատութիւն մը ընելով իրեն դաս մը սորվեցուց։ Եհովա անոր ուշադրութիւնը դարձուց երկրին, ծովուն, աստղազարդ երկնքին, անասուններուն եւ ստեղծագործութեան ուրիշ սքանչելիքներուն վրայ։ Վերջապէս, Աստուած խօսեցաւ Լեւիաթանին՝ կոկորդիլոսին՝ մասին։ Յոբ խոնարհաբար ընդունեց սրբագրութիւնը եւ ասոր մէջ ալ օրինակ հանդիսացաւ։

Նոյնիսկ երբ Եհովայի ծառայութեան մէջ ժրաջան ենք, կրնանք սխալներ գործել։ Եթէ սխալ մը լուրջ է, Եհովա կերպով մը կրնայ սրբագրել մեզ։ (Առակաց 3։11, 12) Թերեւս մեր միտքը գայ համար մը որ մեր խիղճը խայթէ։ Կրնայ ըլլալ որ Դիտարան–ը կամ Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններէն մէկը խօսի բանի մը մասին, որ մեզի անդրադարձնել տայ մեր սխալը։ Կամ պարզապէս Քրիստոնեայ ընկեր մը կրնայ ազնուօրէն մեր ուշադրութեան յանձնել, որ Աստուածաշունչի սկզբունք մը գործադրելու մէջ թերացանք։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդենք այսպիսի սրբագրութիւններու։ Յոբ զղջումի հոգի մը ցուցաբերեց, ըսելով. «Իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։—Յոբայ 42։6

Եհովայի Կողմէ կը Վարձատրուի

Եհովա վարձատրեց Յոբը, թոյլ տալով որ իր ծառան 140 տարի եւս ապրի։ Այդ միջոցին, ան իր կորսնցուցածէն շատ աւելին ունեցաւ։ Թէեւ Յոբ վերջապէս մեռաւ, վստահաբար ան յարութիւն պիտի առնէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։—Յոբայ 42։12-17. Եզեկիէլ 14։14. Յովհաննու 5։28, 29. Բ. Պետրոս 3։13

Մենք ալ վստահաբար կրնանք Աստուծոյ հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելել, եթէ հաւատարմօրէն ծառայենք իրեն եւ մեզի տրուած սուրբ գրային ամէն յանդիմանութիւն ընդունինք։ Որպէս հետեւանք, Աստուծոյ իրերու նոր դրութեան մէջ ապրելու վստահ յոյսը պիտի ունենանք։ Աւելի կարեւորը, Աստուած պատուած պիտի ըլլանք։ Մեր հաւատարիմ վարքը պիտի վարձատրուի եւ ասիկա յաւելեալ փաստ մը պիտի ըլլայ թէ իր ժողովուրդը իրեն կը ծառայէ ո՛չ թէ շահախնդրական պատճառներով, այլ սրտանց սէրէ մղուած։ Որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մը ունինք, որ է Եհովայի սիրտը ուրախացնել հաւատարիմ Յոբի նման, որ սրբագրութիւնը ընդունեց։—Առակաց 27։11

[Նկարներ՝ էջ 26]

Յոբ սիրալիր հետաքրքրութիւն ունէր որբերուն, որբեւարիներուն եւ ուրիշներուն հանդէպ

[Նկարներ՝ էջ 28]

Յոբ առատօրէն վարձատրուեցաւ խոնարհաբար սրբագրութիւն ընդունելուն համար