Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուածաշունչը շատ լաւ գիտէք»

«Աստուածաշունչը շատ լաւ գիտէք»

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

«Աստուածաշունչը շատ լաւ գիտէք»

ԵՐԲ 12 տարեկան Յիսուս Երուսաղէմի կրօնական առաջնորդներուն խիզախօրէն խօսեցաւ, «անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ»։ (Ղուկաս 2։47) Այսօր ալ, Եհովայի պատանի ծառաներ իրենց ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին խօսելու համար քաջութիւն կը հաւաքեն եւ յաճախ գոհացուցիչ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն։

14 տարեկան Թիֆանին դասարան մը կը գտնուէր, ուր խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ Աստուածաշունչի Դանիէլ 9։24-27–ի 70 եօթնեակներու մարգարէութեան շուրջ։ Ուսուցիչը այս համարներուն մասին կարգ մը իրողութիւններ բացատրեց եւ շուտով նիւթին վրայէն անցաւ։

Սկիզբը Թիֆանին ձեռքը բարձրացնելու վարանեցաւ։ «Բայց պատճառով մը», կ’ըսէ ան, «իրապէս նեղացայ որ համարները լիովին չբացատրուեցան։ Անզգալաբար, ձեռքս բարձրացուցի»։ Ուսուցիչը զարմացաւ որ վերջապէս մէկը այս նիւթին մասին ըսելիք մը ունէր, քանի որ աշակերտներէն շատեր զայն հասկնալու դժուարութիւն ունէին։

Երբ իրեն առիթ տրուեցաւ որ մարգարէութիւնը բացատրէր, Թիֆանին ոտքի ելաւ եւ յանպատրաստից խօսեցաւ։ Երբ վերջացուց, քար լռութիւն կը տիրէր դասարանին մէջ։ Թիֆանին քիչ մը ջղագրգիռ էր։ Ապա դասարանը բուռն ծափերով թնդաց։

«Շատ, շա՛տ տպաւորիչ էր, Թիֆանի», ըսաւ ուսուցիչը կրկին անգամ։ Ան ընդունեց որ այս համարները յաւելեալ բացատրութեան կը կարօտէին, եւ Թիֆանին առաջին անձն էր որ այսքան յստակօրէն բացատրած էր իրեն։ Դասընթացքը աւարտելէ ետք, ուսուցիչը Թիֆանիին հարցուց թէ ինչպէս ա՛յսքան բան գիտէր Աստուածաշունչէն։

«Քանի որ ես Եհովայի Վկայ մըն եմ», պատասխանեց ան։ «Ծնողքս այս մարգարէութիւնը շատ անգամ բացատրած է ինծի մինչեւ որ կարենամ հասկնալ»։

Դասընկերներն ալ հիացան Աստուածաշունչէն իր ունեցած գիտութեան վրայ։ Աշակերտներէն մէկը Թիֆանիին ըսաւ. «Հիմա կը հասկնամ թէ ինչո՛ւ դուք Եհովայի Վկաներդ տունէ տուն կ’երթաք. քանի որ Աստուածաշունչը շատ լաւ գիտէք»։ Ուրիշներ խոստացան որ այլեւս իր հաւատալիքներուն համար բնաւ պիտի չնեղացնեն զինք։

Երբ Թիֆանին իր ունեցած փորձառութիւնը պատմեց իր ծնողքին, անոնք թելադրեցին որ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը նուիրէ իր ուսուցիչին։ Երբ գիրքը տարաւ եւ անոր մէջէն ուսուցիչին ցոյց տուաւ այն հատուածը որ Դանիէլի մարգարէութիւնը կը բացատրէր, ան սիրով ընդունեց գիրքը եւ անոր համար շնորհակալութիւն յայտնեց։

Իրապէս, երբ Քրիստոնեայ պատանիներ Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին իրենց ծնողներէն սորված բաներուն մասին կը խօսին, անոնք Եհովայի փառք ու պատիւ եւ իրենց անձերուն օրհնութիւններ կը բերեն։—Մատթէոս 21։15, 16