Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն

Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն

Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն

«Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 1։19

1. Երեմիա ի՞նչ առաքելութիւն ստացաւ, եւ իր գործը ո՞րքան ժամանակ շարունակուեցաւ։

ԵՀՈՎԱ երիտասարդ Երեմիայի ազգերուն մարգարէ ըլլալու առաքելութիւնը տուաւ։ (Երեմեայ 1։5) Ասիկա Յուդայի վրայ տիրող Յովսիա բարի թագաւորին օրերուն էր։ Երեմիայի մարգարէական ծառայութիւնը շարունակուեցաւ, Բաբելոնի կողմէ Երուսաղէմի նուաճումին եւ ժողովուրդի տարագրութեան նախորդող խռովեալ շրջանին։—Երեմեայ 1։1-3

2. Եհովա ի՞նչպէս խրախուսեց Երեմիան եւ այդ մարգարէին դէմ պատերազմիլը ի՞նչ կը նշանակէր։

2 Երեմիայի ծանուցանելիք աստուածային դատաստանի պատգամները անպայման հակառակութիւն պիտի հրահրէին։ Հետեւաբար, Եհովա զօրացուց զինք գալիքին ի տես։ (Երեմեայ 1։8-10) Մարգարէին հոգին, զոր օրինակ, խրախուսուեցաւ հետեւեալ խօսքերով. «Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասն զի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմեայ 1։19) Երեմիայի դէմ պատերազմիլը՝ Եհովայի դէմ պատերազմելու համարժէք էր։ Ներկայիս, Եհովա մարգարէանման ծառաներու խումբ մը ունի, որ Երեմիայի նման գործ մը կը կատարէ։ Անոր նման, անոնք համարձակօրէն Աստուծոյ մարգարէական խօսքը կը ծանուցանեն։ Իսկ այս պատգամը բոլոր անհատներուն եւ ազգերուն վրայ լաւ կամ գէշ ազդեցութիւն ունի՝ անոր հանդէպ իրենց հակազդեցութենէն կախեալ ըլլալով։ Երեմիայի օրերուն նման ներկայիս կան անհատներ, որոնք Աստուծոյ դէմ կը կռուին, իր նախանձախնդիր ծառաներուն եւ Աստուծոյ կողմէ անոնց նշանակուած գործունէութեան հակառակելով։

Եհովայի Ծառաները Յարձակումի Ենթարկուած

3. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ յարձակումի ենթարկուած են։

3 Քսաներորդ դարու սկիզբէն իսկ, Եհովայի ծառաները յարձակումի ենթարկուած են։ Շատ երկիրներու մէջ, չարամիտ մարդիկ ջանացած են կասեցնել, այո, լռեցնել դարուս ամենալաւ լուրը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի ծանուցումը։ Անոնք դրդուած են մեր գլխաւոր Հակառակորդէն՝ Բանսարկուէն, որ «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետրոս 5։8) «Ազգերուն սահմանուած ժամանակները» 1914–ին վերջանալէն ետք, Աստուած իր Որդին գահակալեց որպէս երկրին նոր Թագաւորը, անոր պատուիրելով՝ «Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ»։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Սաղմոս 110։2) Իր հեղինակութիւնը գործադրելով, Քրիստոս երկնքէն վար նետեց Սատանան եւ երկրին շրջակայքը սահմանափակեց զայն։ Գիտնալով որ քիչ ժամանակ ունի, Բանսարկուն իր զայրոյթը կը թափէ օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն վրայ։ (Յայտնութիւն 12։9, 17) Աստուծոյ դէմ այս կռուողներուն կրկնակի յարձակումներուն հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

4. Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Եհովայի ծառաները ի՞նչ փորձութիւններ ունեցան, բայց ի՞նչ տեղի ունեցաւ 1919–ին եւ 1922–ին։

4 Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Եհովայի օծեալ ծառաները հաւատքի բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւեցին։ Անոնք ծաղրուեցան եւ զրպարտութեան ենթարկուեցան, խուժաններու կողմէ հետապնդուեցան եւ ծեծուեցան։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, անոնք «բոլոր ազգերուն ատելի» եղան։ (Մատթէոս 24։9) Պատերազմի նոպային մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները գործածեցին ռազմավարութիւն մը, որ Յիսուս Քրիստոսի դէմ գործածուած էր։ Անոնք Վկաները ամբաստանեցին որպէս խռովարարներ եւ տեսանելի կազմակերպութիւնը ճիշդ սրտէն զարկին։ 1918–ի Մայիսին, պետական հրամաններ արձակուեցան, որպէսզի Ընկերութեան նախագահը՝ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտը, եւ իր անմիջական եօթը ընկերակիցները ձերբակալուին։ Այս ութ անհատներուն բանտարկութեան խիստ դատավճիռներ տրուեցան, եւ անոնք Աթլանթայի, Ճորճիա, պետական բանտը ղրկուեցան։ Ինը ամիս ետք ազատ արձակուեցան։ 1919–ի Մայիսին, շրջանի վերաքննիչ ատեանը վճռեց որ ամբաստանեալներուն դատը անաչառօրէն տեսնուած չէր, հետեւաբար դատապարտութիւնը չեղեալ յայտարարուեցաւ։ Դատը վերաքննութեան յանձնուեցաւ, բայց հետագային կառավարութիւնը այս հետապնդումը ետ քաշեց. Եղբայր Ռատըրֆորտը եւ իր ընկերակիցները ամբողջովին անպարտ յայտարարելով։ Անոնք իրենց գործունէութիւնները վերստանձնեցին, եւ 1919–ին եւ 1922–ին Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, գումարուած համաժողովները նոր թափ մը տուին Թագաւորութեան քարոզչութեան։

5. Նացի Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները ի՞նչ վիճակ ունէին։

5 1930–ական տարիներուն, բռնատիրութիւններ երեւան եկան եւ Գերմանիան, Իտալիան եւ Ճափոնը միանալով Առանցքի Ուժերը կազմեցին։ Այդ տասնամեակին սկիզբը, Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ բարբարոսային հալածանք մը ծայր տուաւ, մասնաւորաբար Նացի Գերմանիոյ մէջ։ Արգելքներ դրուեցան։ Տուները խուզարկուեցան, անոնց բնակիչները ձերբակալուեցան։ Հազարաւորներ կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան, քանի որ մերժեցին իրենց հաւատքը ուրանալ։ Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին դէմ մղուած կռիւին նպատակն էր ամբողջատիրական երկիրներուն մէջ Եհովայի Վկաները բնաջնջել։ * Երբ Վկաները Գերմանիոյ մէջ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար ատեաններու դիմեցին, Ռայխի Արդարադատութեան Նախարարութիւնը երկար տեղեկագրութիւն մը պատրաստեց, վստահ ըլլալու համար որ անոնք չյաջողին։ Անիկա կ’ըսէր. «Դատարանները երեւութական պարզ օրինաւոր ձեւականութիւններով պէտք չէ տարուին. այլ, հակառակ պաշտօնական դժուարութիւններու, իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար կերպեր եւ միջոցներ պէտք է փնտռեն ու գտնեն»։ Ասիկա կը նշանակէր թէ կարելի չէր իրական արդարութիւն ձեռք ձգել։ Նացիները պնդեցին որ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնները անբարենպաստ կամ թշնամական էին եւ, ‘Ազգային Ընկերվարական կառոյցը կը խանգարէին’։

6. Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին եւ անկէ ետք, մեր գործը կասեցնելու համար ի՞նչ ջանքեր թափուեցան։

6 Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ արգելքներ եւ սահմանափակումներ դրուեցան Աւստրալիոյ, Գանատայի, ինչպէս նաեւ՝ Բրիտանական Հասարակապետութեան միւս երկիրներուն, Ափրիկէի, Ասիոյ, եւ Ղարիպեան ու Խաղաղական կղզիներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, հեղինակաւոր թշնամիներ եւ սխալ տեղեկութիւն ստացած անհատներ սկսան ‘օրէնքով չարիքի դիմել’։ (Սաղմոս 94։20) Դրօշակի բարեւելու հարցեր եւ տունէ տուն քարոզչութիւնը արգիլող համայնքային վճիռներ ատեաններու առջեւ տարուեցան եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ատեանին կողմէ արձակուած նպաստաւոր վճիռներ պաշտամունքի ազատութեան թումբեր կազմեցին։ Եհովայի շնորհիւ, թշնամիներու ջանքերը չյաղթեցին։ Երբ պատերազմը իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի մէջ, արգելքները վերցուեցան։ Կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ գերեվարուած հազարաւոր Վկաներ ազատ արձակուեցան, բայց կռիւը վերջ չգտաւ։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք, Պաղ Պատերազմը սկսաւ։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները յաւելեալ ճնշումներ բերին Եհովայի ծառաներուն վրայ։ Պաշտօնական քայլեր առնուեցան մեր վկայութեան գործը արգիլելու եւ զայն կասեցնելու, գրականութեանց հոսանքը կեցնելու ու հանրային համաժողովները դադրեցնելու համար։ Շատեր բանտարկուեցան կամ տաժանակիր աշխատանքի ճամբարներ ղրկուեցան։

Օ՛ն Յառաջ, Քարոզչութեան Գործով

7. Վերջին տարիներուն Լեհաստանի, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները ի՞նչ փորձառութիւն ունեցան։

7 Մինչ տարիները սահեցան, գործին ազատութիւն տրուեցաւ։ Լեհաստանը, որ տակաւին Համայնավար իշխանութեան ներքեւ էր, 1982–ին մէկ օրուան համաժողովներ թոյլատրեց։ Միջազգային համաժողովներ տեղի ունեցան 1985–ին։ Միջազգային հսկայ համաժողովներ յաջորդեցին 1989–ին, հազարաւորներ եկան Ռուսաստանէն եւ Ուգրանիայէն։ Նոյն տարին, Հունգարիան եւ Լեհաստանը օրինական ճանաչում շնորհեցին Եհովայի Վկաներուն։ 1989–ի աշնան էր որ Պերլինի Պատը փուլ եկաւ։ Քանի մը ամիս ետք, Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ ալ օրինաւոր ճանաչում ստացանք եւ անկէ քիչ ետք միջազգային համաժողով մը գումարուեցաւ Պերլինի մէջ։ Իսկ քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակին սկիզբը, Ռուսաստանի եղբայրներուն հետ անձնական շփումներ ունենալու ջանքեր կը թափուէին։ Մոսկուայի կարգ մը կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ տեսակցութիւններ եղան եւ 1991–ին, Եհովայի Վկաները օրինաւոր կերպով ճանաչուեցան։ Անկէ ի վեր գործը հսկայական քայլերով յառաջացած է Ռուսաստանի եւ նախկին Սովետական Միութեան մէկ մասը եղած հանրապետութիւններուն մէջ։

8. Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդող 45 տարիներու ընթացքին, Եհովայի ծառաներուն ի՞նչ պատահած է։

8 Թէեւ կարգ մը շրջաններու մէջ հալածանքը դադրեցաւ, բայց ուրիշ շրջաններու մէջ՝ աւելցաւ։ Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդող 45 տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ երկիրներ մերժեցին Եհովայի Վկաները օրինաւորապէս ճանչնալ։ Ասկէ զատ, Ափրիկէի 23 երկիրներու, Ասիոյ 9 երկիրներու, Եւրոպայի 8 երկիրներու, Լատին Ամերիկայի 3 երկիրներու եւ 4 կղզիաբնակ ազգերու մէջ ուղղակիօրէն արգելք դրուեցաւ մեր, կամ մեր գործունէութիւններուն վրայ։

9. Մալաուիի մէջ Եհովայի ծառաները ի՞նչ բաներ կրեցին։

9 Մալաուիի մէջ Եհովայի Վկաները բիրտ հալածանքի ենթարկուեցան 1967–էն սկսեալ։ Որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ իրենց չէզոքութեան պատճառաւ, հոն գտնուող մեր հաւատակիցները կուսակցական քարտեր չգնեցին։ (Յովհաննու 17։16) 1972–ին, Մալաուիի Գոնկրէս Կուսակցութեան մէկ ժողովէն ետք, վայրագութիւնները վերանորոգուեցան։ Եղբայրները իրենց տուներէն դուրս քշուեցան եւ իրենց գործերը կորսնցուցին։ Հազարաւորներ երկրէն փախան, որպէսզի չսպաննուին։ Բայց Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին դէմ կռուողները կրցա՞ն յաղթել։ Բնա՛ւ երբեք։ Վիճակներու յեղաշրջումէն ետք, Մալաուիի մէջ, 43,767 Թագաւորութեան հրատարակիչներ տեղեկագրեցին 1999–ին, իսկ աւելի քան 120,000 հոգիներ նահանգային համաժողովներուն ներկայ գտնուեցան հոն։ Մայրաքաղաքին մէջ նոր մասնաճիւղ մը կառուցուեցաւ։

Անոնք Պատրուակ մը կը Փնտռեն

10. Ինչպէս Դանիէլի պարագային, Աստուծոյ ծառաներուն արդի թշնամիները ի՞նչ ըրած են։

10 Հաւատուրացներ, կղերներ եւ ուրիշներ չեն կրնար հանդուրժել Աստուծոյ Խօսքէն տրուած մեր պատգամին։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը կրօնական հատուածներուն կողմէ ճնշումի ենթարկուելով, հակառակորդներ այդպէս կոչուած օրինաւոր կերպի մը կը դիմեն, մեզի դէմ իրենց մղած կռիւը արդարացնելու համար։ Երբեմն անոնք ի՞նչ ռազմավարութիւն կը գործածեն։ Դանիէլ մարգարէին վրայ յարձակելու համար դաւադիրները ի՞նչ ըրին։ Դանիէլ 6։4, 5–ի մէջ կը կարդանք. «Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ Ուստի այս մարդիկը ըսին. ‘Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք’»։ Ներկայիս ալ, հակառակորդներ պատրուակ մը կը փնտռեն։ Անոնք «վտանգաւոր աղանդներ»ու մասին աղմկալից բողոքներ կը բարձրացնեն եւ կը փորձեն Եհովայի Վկաներն ալ նոյն կերպով պիտակել։ Սխալ ներկայացումներով, չարամիտ ակնարկութիւններով եւ ստութիւններով անոնք մեր պաշտամունքին եւ բարեպաշտ սկզբունքներու մեր կապուածութեան վրայ յարձակում կը գործեն։

11. Եհովայի Վկաներու կարգ մը հակառակորդներ ի՞նչ սուտ դաւանութիւններ ըրած են։

11 Կարգ մը երկիրներու մէջ, կրօնական եւ քաղաքական տարրեր չեն ընդունիր որ մենք «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւն» մը կը գործադրենք։ (Յակոբու 1։27) Մեր քրիստոնէական գործունէութիւնները 234 երկիրներու մէջ յառաջ տարուելով հանդերձ, հակառակորդները կը դաւանին որ մենք «ճանչցուած կրօնք» մը չենք։ 1998–ին միջազգային համաժողովէ մը առաջ, Աթէնքի մէջ լրագիր մը մէջբերեց Յոյն Ուղղափառ կղերի մը խօսքերը, որ կը դաւանէր թէ «[Եհովայի Վկաները] ‘ճանչցուած կրօնք’ մը չեն», հակառակ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին արձակած վճիռին։ Քանի մը օր ետք, նոյն քաղաքին մէջ ուրիշ թերթ մը տեղեկագրեց եկեղեցիի բանբերի մը խօսքերը, որ կ’ըսէր. «[Եհովայի վկաները] չեն կրնար ‘քրիստոնէական ժողովք մը’ ըլլալ, քանի որ անոնք հասարակաց ոչինչ ունին քրիստոնէական հաւատքին ու Յիսուս Քրիստոսի անձին հետ»։ Ասիկա իրապէս զարմանալի է, քանի որ ուրիշ ո՛չ մէկ կրօնական խմբակցութիւն Եհովայի Վկաներուն չափ շեշտ կը դնէ Յիսուսը ընդօրինակելու վրայ։

12. Մինչ մեր հոգեւոր պատերազմը կը մղենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

12 Մենք կը ջանանք բարի լուրը պաշտպանել եւ հաստատել՝ օրինաւոր միջոցներու դիմելով։ (Փիլիպպեցիս 1։7) Անկէ զատ, մենք զիջումներ պիտի չընենք, ոչ ալ աւելի թոյլ կերպով պիտի կառչինք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն։ (Տիտոս 2։10, 12) Երեմիայի նման, մենք ալ ‘մեր մէջքը կը պնդենք եւ Աստուծոյ բոլոր հրամայածը կ’ըսենք’, թոյլ չտալով որ Աստուծոյ դէմ կռուողները մեզ ահաբեկեն։ (Երեմեայ 1։17, 18) Եհովայի Սուրբ Խօսքը յստակօրէն նշած է մեր հետեւելիք շիտակ ընթացքը։ Բնա՛ւ չենք ուզեր «մարմնեղէն բազուկ»ի յենուիլ, կամ ‘ապաւինիլ Եգիպտոսի հովանիին’, ուրիշ խօսքով՝ այս աշխարհին։ (Բ. Մնացորդաց 32։8. Եսայեայ 30։3. 31։1-3) Մինչ հոգեւոր պատերազմը կը մղենք, պէտք է շարունակենք մեր ամբողջ սրտով Եհովայի վստահիլ, թոյլ տալով որ ինք մեր քայլերը ուղղէ. մենք մեր իմաստութեան չապաւինինք։ (Առակաց 3։5-7) Եթէ Եհովան նեցուկ չկանգնի մեզի եւ մեզ չպաշտպանէ, մեր բոլոր գործերը «զուր տեղ» պիտի ըլլան։—Սաղմոս 127։1

Հալածուած՝ Բայց Անտեղիտալի

13. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Յիսուսի վրայ սատանայական յարձակումը ձախողեցաւ։

13 Եհովայի անտեղիտալի նուիրում տալու մէջ մեծագոյն օրինակն է Յիսուս, որ ամբաստանուեցաւ որպէս խռովարար եւ տակնուվրայութիւն յառաջացնող։ Յիսուսի դատը քննելէ ետք, Պիղատոս ուզեց զինք ազատ արձակել։ Բայց ամբոխը կրօնական առաջնորդներէն խթանուած, աղաղակեց որ Յիսուսը ցցահանուի, հակառակ անոր որ ան անմեղ էր։ Անոր փոխարէն ուզեցին որ Բարաբբա՛ն արձակուի, մարդ մը, որ խռովութեան ու մարդասպանութեան համար բանտարկուած էր։ Պիղատոս դարձեալ փորձեց համոզել չտրամաբանող հակառակորդները, բայց ան վերջապէս հանրութեան կանչերուն տեղի տուաւ։ (Ղուկաս 23։2, 5, 14, 18-25) Թէեւ Յիսուս ցիցի մը վրայ մեռաւ, բայց Աստուծոյ անմեղ Որդւոյն վրայ այդ ամենէն ատելավառ սատանայական յարձակումը ամբողջովին ձախողեցաւ, քանի որ Եհովա յարուցանեց Յիսուսը եւ Իր աջ կողմը բարձրացուց զինք։ Իսկ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, փառաւորուած Յիսուսի միջոցաւ սուրբ հոգին թափուեցաւ, քրիստոնէական ժողովքը՝ նոր ստեղծագործութիւնը, հաստատելով։—Բ. Կորնթացիս 5։17. Գործք 2։1-4

14. Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը, երբ Հրեայ կրօնական տարրեր Յիսուսի հետեւորդներուն դէմ քայլեր առին։

14 Անկէ քիչ ետք, կրօնական տարրերը առաքեալներուն սպառնացին, բայց այդ Քրիստոնեաները իրենց տեսած ու լսած բաներուն մասին խօսիլը չդադրեցուցին։ Յիսուսի աշակերտները աղօթեցին. «Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ (Գործք 4։29) Եհովա պատասխանեց անոնց պաղատանքին, զանոնք սուրբ հոգիով լեցնելով եւ իրենց խիզախ ծանուցումը շարունակելու համար զիրենք զօրացնելով։ Շատ չանցած, անգամ մը եւս առաքեալներուն պատուէր տրուեցաւ որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն, բայց Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Սպառնալիքները եւ ծեծերը զանոնք ետ չպահեցին իրենց Թագաւորութեան գործունէութիւնը ընդլայնելէ։

15. Ո՞վ էր Գամաղիէլ, եւ ան Յիսուսի հետեւորդներուն կրօնական հակառակորդներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։

15 Կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս հակազդեցին։ «Անոնք ասիկա լսելով խիստ կատղեցան ու կը խորհէին [առաքեալները] մեռցնել»։ Սակայն, Օրէնքի ուսուցիչ մը, Գամաղիէլ անունով Փարիսեցի մը, հոն ներկայ էր ու բոլոր մարդոցմէ յարգուած մէկն էր։ Առաքեալները Սենետրիոնի սրահէն պահ մը դուրս հանել տալէ ետք, կրօնական այդ հակառակորդներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Ո՜վ Իսրայելացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն, . . . հիմա ձեզի կ’ըսեմ, Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։—Գործք 5։33-39

Մեզի Դէմ Շինուած Որեւէ Գործիք Պիտի Չյաջողի

16. Ձեր բառերով բացատրեցէք թէ Եհովա ի՛նչ երաշխիք կու տայ իր ծառաներուն։

16 Գամաղիէլի խրատը ողջամիտ էր, եւ երբ ոմանք մեր մասին նպաստաւոր կերպով կը խօսին՝ կը գնահատենք։ Գիտենք նաեւ որ անաչառ դատաւորներու կողմէ դատական վճիռներ նեցուկ կանգնեցան պաշտամունքի ազատութեան։ Անշուշտ, Աստուծոյ Խօսքին մեր կառչած ըլլալը հաճելի չէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն եւ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան, ուրիշ առաջնորդներուն։ (Յայտնութիւն 18։1-3) Թէեւ անոնք եւ անոնց ազդեցութեան ներքեւ եղող ուրիշներ մեզի դէմ կը կռուին, բայց մենք հետեւեալ երաշխիքը ունինք. «‘Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է’, կ’ըսէ Տէրը»։—Եսայեայ 54։17

17. Թէեւ հակառակորդներ կը կռուին մեզի դէմ, բայց մենք ինչո՞ւ անվախ ենք։

17 Մեր թշնամիները մեզի դէմ կը պատերազմին առանց պատճառի, բայց մենք մեր քաջութիւնը չենք կորսնցներ։ (Սաղմոս 109։1-3) Բնա՛ւ թոյլ պիտի չտանք որ Աստուածաշունչի մեր պատգամը ատողները մեզ վախցնելով զիջումներ ընել տան մեզի։ Թէեւ կ’ակնկալենք որ մեր հոգեւոր պայքարը աւելի սաստկանայ, բայց անոր արդիւնքը գիտենք։ Երեմիայի նման մենք ալ պիտի տեսնենք մարգարէական հետեւեալ խօսքերուն կատարումը. «Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասն զի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմեայ 1։19) Այո, գիտենք որ Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթե՛ն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Տես՝ «Հաւատարիմ ու Անվախ՝ Նացի Կեղեքումին Դիմաց», էջ 24-28։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ յարձակումներու ենթարկուած են։

• Հակառակորդները ի՞նչ կերպերով պատերազմած են Եհովայի ծառաներուն դէմ։

• Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Երեմիայի երաշխիք տրուեցաւ որ Եհովան իրեն հետ պիտի ըլլար

[Նկար՝ էջ 18]

Կեդրոնացման ճամբարէն վերապրողներ

[Նկար՝ էջ 18]

Եհովայի Վկաներու դէմ խուժանային բռնութիւն

[Նկար՝ էջ 18]

Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ եւ իր ընկերակիցները

[Նկար՝ էջ 21]

Յիսուսի պարագային, Աստուծոյ դէմ կռուողները չյաղթեցին