Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայիս Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս կը գործէ

Ներկայիս Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս կը գործէ

Ներկայիս Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս կը գործէ

ԻՐ ՄՕՐԸ որովայնէն կաղ ծնած էր։ Ամէն օր ան տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր, որպէսզի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէր։ Սակայն, առիթով մը, այս հաշմանդամ մուրացկանը քանի մը լումաներէն շատ աւելի արժէքաւոր ողորմութիւն մը ստացաւ։ Ան բուժուեցաւ։—Գործք 3։2-8

Թէեւ զինք ‘վերցնողները’ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներն էին, այնպէս որ «անոր ոտքին թաթերը . . . զօրացան», բայց այս բուժման վարկը իրենք իրենց չվերագրեցին։ Ինչո՞ւ։ Պետրոս բացատրեց. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացեր էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ աչքերնիդ տնկած մեզի կը նայիք։ Միթէ մեր զօրութիւնովը կամ բարեպաշտութիւնո՞վը ատոր քալել տուինք»։ Արդարեւ, թէ՛ Պետրոս եւ թէ Յովհաննէս գիտակցեցան, որ ոչ թէ իրե՛նց ուժով, այլ՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիով է որ այսպիսի բան մը կրնար ըլլալ։—Գործք 3։7-16. 4։29-31

Այդ ժամանակ, այսպիսի «զօրաւոր գործեր» հայթայթուեցան, ցոյց տալու համար թէ Աստուած քրիստոնէական նոր ժողովքին թիկունք կը կանգնէր։ (Եբրայեցիս 2։4, Երուսաղէմ) Սակայն Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ անոնք իրենց նպատակին ծառայելէ ետք՝ ‘պիտի խափանէին’։ * (Ա. Կորնթացիս 13։8) Ուստի, ներկայիս քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքին մէջ աստուածային հրամանով բուժումներ, մարգարէական պատգամներ կամ դիւահանութիւններ չենք տեսներ։

Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին այլեւս չի գործեր։ Բնա՛ւ երբեք։ Նկատի առնենք կարգ մը ուրիշ կերպեր, որոնցմով Աստուծոյ հոգին գործունեայ էր առաջին դարուն եւ գործունեայ է մեր օրերուն։

«Ճշմարտութեան Հոգին»

Աստուծոյ սուրբ հոգիին գործողութիւններէն մէկն է՝ տեղեկացնել, լուսաւորել եւ ճշմարտութիւններ յայտնել։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։ Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ»։—Յովհաննու 16։12, 13

«Ճշմարտութեան Հոգին» թափուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ հաւաքուած շուրջ 120 աշակերտներ սուրբ հոգիով մկրտուեցան։ (Գործք 2։1-4) Պետրոս առաքեալ այդ տարեկան տօնակատարութեան ներկայ եղողներուն մէջ էր։ Սուրբ հոգիով լեցուած, Պետրոս «ելաւ» եւ Յիսուսի մասին կարգ մը ճշմարտութիւններ մանրամասնեց կամ յստակացուց։ Ան պատմեց, զոր օրինակ, թէ «Յիսուս Նազովրեցին» ի՛նչպէս «Աստուծոյ աջ կողմը բարձրացուեցաւ»։ (Գործք 2։14, 22, 33, ՆԱ) Աստուծոյ հոգին նաեւ մղեց Պետրոսը, որ իր Հրեայ ունկնդիրներուն խիզախօրէն յայտարարէ. «Բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ (Գործք 2։36) Պետրոսի հոգիէն ներշնչուած պատգամին որպէս արդիւնք, շուրջ երեք հազար անհատներ «սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը» ու մկրտուեցան։ Այս կերպով, Աստուծոյ սուրբ հոգին օգնեց որ անոնք ճշմարտութեան առաջնորդուին։—Գործք 2։37-41

Աստուծոյ սուրբ հոգին նաեւ որպէս ուսուցիչ եւ յուշարար ծառայեց։ Յիսուս ըսաւ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։—Յովհաննու 14։26

Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպով որպէս ուսուցիչ մը գործեց։ Աստուծոյ հոգին աշակերտներուն միտքը բացաւ այն բաներուն նկատմամբ, զորս նախապէս Յիսուսէն լսած էին, բայց լիովին չէին հասկցած։ Օրինակի համար, առաքեալները գիտէին թէ Յիսուսի դատավարութեան ժամանակ, ան Հրէաստանի Հռովմէացի կառավարիչին՝ Պոնտացի Պիղատոսին՝ ըսած էր. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ Սակայն, աւելի քան 40 օր ետք, երբ Յիսուս երկինք պիտի համբառնար, առաքեալները տակաւին այն սխալ տեսակէտը ունէին թէ Թագաւորութիւնը հո՛ս երկրի վրայ պիտի հաստատուէր։ (Յովհաննու 18։36. Գործք 1։6) Ըստ երեւոյթին, առաքեալները Յիսուսի խօսքերուն իմաստը չկարողացան լիովին ըմբռնել, մինչեւ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին թափուեցաւ՝ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։

Աստուծոյ հոգին նաեւ որպէս յուշարար ծառայեց, Յիսուսի զանազան ուսուցումները վերյիշեցնելով։ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան վերաբերեալ մարգարէութիւնները, զոր օրինակ, սուրբ հոգիին օգնութեամբ նոր իմաստ մը ստացան։ (Մատթէոս 16։21. Յովհաննու 12։16) Յիսուսի ուսուցումները վերյիշելը, առաքեալները կարող դարձուց որ թագաւորներու, ատենակալներու եւ կրօնական առաջնորդներու առջեւ խիզախօրէն իրենց կեցուածքը պաշտպանեն։—Մարկոս 13։9-11. Գործք 4։5-20

Ասկէ զատ, Աստուծոյ սուրբ հոգին նախկին Քրիստոնեաները ծառայութեան արդիւնաբեր թաղամասեր առաջնորդեց։ (Գործք 16։6-10) Աստուծոյ հոգին նաեւ մղեց նախկին Քրիստոնեաները, որ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ գրութեան մասնակցին, բոլոր մարդկութեան օգտին համար։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Արդ, բացայայտօրէն, սուրբ հոգին զանազան կերպերով գործունեայ էր առաջին դարուն։ Անիկա միա՛յն հրաշքներ կատարելու համար հայթայթուած չէր։

Սուրբ Հոգին Մեր Օրերուն

Նմանապէս մեր օրերուն սուրբ հոգին ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ի նպաստ գործած է։ Ասիկա բացայայտ դարձաւ Աստուածաշունչի փոքր խումբի մը, Փէնսիլվանիոյ Ալէկանի քաղաքին մէջ (Ա.Մ.Ն.), 19–րդ դարու երկրորդ կիսուն։ Աստուածաշունչի այս ժրաջան աշակերտները կը տենչային «ճշմարտութիւնը» գիտնալ։—Յովհաննու 8։32. 16։13

Այս խումբին մէկ անդամը, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ, սուրբ գրային ճշմարտութիւնը գտնելու համար իր ըրած փնտռտուքին նկատմամբ ըսաւ. «Աղօթեցի . . . որ կարող ըլլամ սիրտս ու միտքս ձերբազատել հաւանական արգելք հանդիսացող որեւէ կանխադատողութենէ, եւ իր հոգիին կողմէ պատշաճ հասկացողութեան առաջնորդուիմ»։ Աստուած այս խոնարհ աղօթքը օրհնեց։

Մինչ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները ժրաջանօրէն Սուրբ Գրութիւնները կը հետազօտէին, կարգ մը բաներ յստակացան։ Ռասըլ բացատրեց. «Գտանք թէ դարեր շարունակ, տարբեր աղանդներ ու խմբակներ Աստուածաշունչի վարդապետութիւնները իրենց միջեւ բաժնած էին, զանոնք աղաուաղելով որոշ տարողութեամբ մարդկային ենթադրութիւնով եւ սխալով»։ Ասոր հետեւանքը եղաւ, ինչպէս ան կոչեց՝ «ճշմարտութեան թիւրիմացութիւնը»։ Արդարեւ, սուրբ գրային ճշմարտութիւնները թաղուած էին հեթանոս ուսուցումներու հաւաքածոյի մը ներքեւ, որոնք դարերու ընթացքին Քրիստոնեայ Աշխարհէն ներս թափանցած էին։ Սակայն, Ռասըլ վճռած էր ճշմարտութիւնը գիտնալ ու զայն ծանուցանել։

Սիօնի Դիտարանը եւ Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը պարբերաթերթին էջերով, Ռասըլ ու իր ընկերակիցները խիզախօրէն մերժեցին Աստուած սխալ կերպով ներկայացնող կրօնական սուտ վարդապետութիւնները։ Անոնք հասկցան թէ, կրօնական հասարակաց կարծիքին հակառակը, հոգին մահկանացու է, թէ երբ մեռնինք գերեզման կ’երթանք, եւ թէ Եհովա՛ է միակ ճշմարիտ Աստուածը ու հետեւաբար՝ Երրորդութեան մէկ մասը չէ։

Սակայն, ինչպէս կրնաք պատկերացնել, սուտ ուսուցումներու այսպիսի քօղազերծում մը Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն բարկութիւնը գրգռեց։ Իրենց հեղինակաւոր դիրքերուն կառչած մնալու փափաքով վառուած՝ Կաթողիկէ եւ Բողոքական կղերներէն շատեր, Ռասըլը վարկաբեկելու նպատակաւ արշաւներ կազմակերպեցին։ Սակայն, ինք ու իր ընկերակիցները տեղի չտուին։ Անվարան, անոնք Աստուծոյ հոգիին դիմեցին առաջնորդութեան համար։ Ռասըլ ըսաւ. «Մեր Տիրոջ երաշխիքն է թէ . . . Հօրը սուրբ հոգին, որ ղրկուած է Յիսուսին՝ մեր Փրկիչին, Միջնորդին եւ Գլուխին՝ պատճառաւ եւ իր խնդրանքին ընդառաջելով, մեր ուսուցիչը պիտի ըլլայ»։ Արդարե՛ւ ալ, անիկա ուսուցանեց։ Այս անկեղծ Աստուածաշունչի Աշակերտները շարունակեցին Աստուածաշունչէն ճշմարտութեան անարատ ջուրերը խմել եւ զանոնք համայն աշխարհի մէջ ծանուցանել։—Յայտնութիւն 22։17

Եհովայի Վկաներու արդի կազմակերպութիւնը աւելի քան դար մըն է որ կը շարունակէ ընդառաջել Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան։ Մինչ Եհովայի հոգին աստիճանաբար կը լուսաւորէ անոնց հոգեւոր տեսողութիւնը, Վկաները յօժարակամօրէն հարկ եղած վերաճշդումները կ’ընեն, ներկայ հասկացողութեան համակերպելու համար։—Առակաց 4։18

«Ինծի Համար Վկաներ Պիտի Ըլլաք»

Յիսուս Աստուծոյ սուրբ հոգիին ուրիշ մէկ յայտնաբերումն ալ բնորոշեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Իրենց աստուածատուր նշանակումը կատարելու համար իր աշակերտներուն «զօրութիւն» եւ «սուրբ հոգի» տալու Յիսուսի խոստումը, տակաւին կիրարկելի է ներկայիս։

Որպէս խումբ, Եհովայի Վկաները հանրածանօթ են իրենց քարոզչական գործունէութեամբ։ (Տես շրջագիծը։) Արդարեւ, Եհովայի Վկաները ճշմարտութեան պատգամը կը խօսին աւելի քան 230 երկիրներու եւ կղզեխումբերու մէջ։ Երեւակայելի ամէն պայմաններու ներքեւ, ի ներառեալ պատերազմով պառակտուած շրջաններու մէջ իրենց կեանքը վտանգելով, անոնք խիզախօրէն իրենց ձայները կը բարձրացնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնելով։ Քրիստոնէական ծառայութեան հանդէպ անոնց նախանձախնդրութիւնը զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ սուրբ հոգին կը գործէ ներկայիս։ Իսկ բացայայտ է որ Եհովա Աստուած անոնց ջանքերը կ’օրհնէ։

Անցեալ տարի, օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան համար աւելի քան մէկ միլիառ ժամ յատկացուեցաւ։ Ի՞նչ եղաւ ասոր արդիւնքը։ 323,439 անհատներ Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին, ջուրի մէջ մկրտուելով։ Ասկէ զատ, ամէն շաբաթ 4,433,884 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարուեցան, նոր հետաքրքրուած անհատներու հետ։ Ընդամէնը, 24,607,741 գիրք, 631,162,309 պարբերաթերթ, եւ 63,495,728 գրքոյկ տեղաւորուեցան։ Աստուծոյ հոգիին գործունեայ ըլլալուն ի՜նչ զօրաւոր ապացոյց մը։

Աստուծոյ Հոգին եւ Դո՛ւք

Երբ անհատ մը բարի լուրին նպաստաւոր կերպով ընդառաջէ, իր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ համակերպէ, եւ փրկանքի կարգադրութեան հանդէպ հաւատք արտայայտէ, Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք մը ունենալու ճամբան կը հարթուի։ Այսպիսիներուն Պօղոս առաքեալ ըսաւ. ‘Աստուած իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։7, 8. Ա. Կորնթացիս 6։9-11

Աստուծոյ հոգին ունենալը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Ի՞նչպիսի օրհնութիւններ։ Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կ’ըսէ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Հետեւաբար, Աստուծոյ սուրբ հոգին բարիին նպաստող զօրաւոր ոյժ մըն է, անհատը կարող դարձնելով որ բարեպաշտ յատկութիւններ ցուցաբերէ։

Ասկէ զատ, եթէ Աստուածաշունչը կարդաք ու ձեր սորվածը գործադրէք, Աստուծոյ հոգին կրնայ ձեզի օգնել որ իմաստութեան, գիտութեան, ներատեսութեան, դատողութեան եւ մտային կարողութեան մէջ աճիք։ Սողոմոն Թագաւոր «իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն» ստացաւ, քանի որ մարդոց հաճեցնելու փոխարէն Աստուած հաճեցուց։ (Գ. Թագաւորաց 4։29) Քանի որ Եհովա Սողոմոնին սուրբ հոգի տուաւ, վստահաբար, Ան ետ պիտի չկենայ իր սուրբ հոգին տալէ անոնց, որոնք ներկայիս կ’ուզեն զինք հաճեցնել։

Աստուծոյ սուրբ հոգին նաեւ կ’օգնէ Քրիստոնեաներուն որ պայքարին Սատանայի ու դեւերուն, իրերու այս չար դրութեան, եւ իրենց ինկած մարմնին մեղաւոր հակումներուն դէմ։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Թերեւս սուրբ հոգին դժուարութիւններն ու փորձութիւնները չվերցնէ. սակայն անիկա կրնայ ձեզի օգնել որ անոնց տոկաք։ Աստուծոյ հոգիին ապաւինելով, կրնանք «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւն» ստանալ, որեւէ խնդրի կամ նեղութեան հետ գլուխ ելլելու համար։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ. Ա. Կորնթացիս 10։13

Երբ բոլոր ապացոյցները նկատի առնէք, կասկած չի մնար թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին ներկայիս կը գործէ։ Եհովայի հոգին իր ծառաները կը զօրացնէ, որ իր հոյակապ նպատակներուն մասին վկայեն։ Անիկա կը շարունակէ հոգեւոր լոյսի ճաճանչներ յայտնել, եւ կ’ամրապնդէ մեր հաւատքը, օգնելով որ մեր Ստեղծիչին հաւատարիմ մնանք։ Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Աստուած իր խոստումին տէրը եղած է, իր հաւատարիմ ծառաներուն սուրբ հոգին հայթայթելով ներկայիս։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Տես՝ «Հոգիին Հրաշալի Պարգեւները Ինչո՞ւ Դադրեցան» յօդուածը, Դիտարան 15 Օգոստոս 1971, էջ 501-505, Անգլերէնով։

[Շրջանակ՝ էջ 10]

Ուրիշներ ի՛նչ կ’ըսեն Եհովայի վկաներուն մասին

«Մինչ ուրիշ եկեղեցիներ խրատատուներ կը վարձեն մարդիկը հրապուրելու համար որ նստարանները լեցնեն, կամ միասեռականութեան ու վիժումի նման մերօրեայ հարցերու շուրջ կը վիճին, Վկաները զիջումներ չեն ըներ փոխուող աշխարհի մը համակերպելու համար։ Անոնք տակաւին Երկրի տարածքին կազմակերպուած կերպով կը քարոզեն»։—Օրէյնճ Քաունթի Րէճիսդըր, Օրէյնճ Քաունթի, Գալիֆորնիա, Ա.Մ.Ն.

«Հաւատքը տարածելու առնչութեամբ, քիչ են այն յարանուանութիւնները . . . որոնք Եհովայի Վկաներու չափ խանդավառ են»։—Գոլըմպըս–ի Տը Րիբապլիք–ը, Ինտիանա, Ա.Մ.Ն.

«Անոնք միակն են որ ‘բարի լուրով’ դռնէ դուռ կ’երթան, Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելով»։—Զիթէ Լիթերացքի, Լեհաստան

«Ցարդ ճանչցուած քարոզչութեան մեծագոյն արշաւին մէջ, Եհովայի Վկաները Եհովայի պատգամը տարածած են համայն աշխարհի մէջ»։—Նիուզ Օպզըրվըր, Թըմաքը, Փէնսիլվանիա, Ա.Մ.Ն.

[Նկարներ՝ էջ 9]

Աստուծոյ սուրբ հոգին մեզ հոգեւորապէս կը լուսաւորէ,

. . . քրիստոնէական ընտիր յատկութիւններ կը խրախուսէ,

. . . եւ համաշխարհային քարոզչութեան գործին մէջ մեզի թիկունք կը կանգնի