Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բռնաւոր անհատները կը նկատէ՞ք այնպէս ի՛նչպէս Աստուած կը նկատէ զանոնք

Բռնաւոր անհատները կը նկատէ՞ք այնպէս ի՛նչպէս Աստուած կը նկատէ զանոնք

Բռնաւոր անհատները կը նկատէ՞ք այնպէս ի՛նչպէս Աստուած կը նկատէ զանոնք

Հին ժամանակներէն ի վեր, մարդիկ ֆիզիքական մեծ ոյժ եւ քաջութիւն ցուցաբերող զօրաւոր տղամարդոց վրայ հիացած եւ զանոնք մեծարած են։ Անոնցմէ մէկն էր, վաղեմի Յունաստանի դիցաբանական հերոս՝ Հերակլէսը, կամ՝ հռովմայեցիներու ծանօթ, Հերքուլէսը։

ՀԵՐԱԿԼԷՍ գերահռչակ հերոս մըն էր, ամենէն ուժեղ մարտիկը։ Առասպելի համաձայն, ան կիսաստուած մըն էր, Յոյներու Զեւս չաստուծոյն եւ մարդկային կնոջ մը՝ Աղկմենէի՝ որդին։ Անոր քաջագործութիւնները սկսան, մինչ ան տակաւին օրօրոցին մէջ մանուկ էր։ Երբ նախանձոտ չաստուածուհի մը երկու մեծ օձեր ղրկեց զինք սպաննելու համար, Հերակլէս զանոնք խեղդեց։ Հետագային, ան պատերազմներ մղեց, հրէշներ նուաճեց, եւ մահուան դէմ պայքարեցաւ բարեկամ մը փրկելու համար։ Ան նաեւ քաղաքներ կործանեց, կիներ բռնաբարեց, մանուկ մը աշտարակէն վար շպրտեց, եւ իր կինն ու զաւակները սպաննեց։

Թէեւ ան իրական անձնաւորութիւն մը չէ, բայց վաղեմի ժամանակներէն ի վեր դիցաբանական Հերակլէսը Յոյներուն ծանօթ եղող հին երկիրներու պատմութիւններուն մէջ տեղ գրաւած էր։ Հռովմէացիները զինք կը պաշտէին որպէս աստուած. վաճառականներն ու ուղեւորները անոր կ’աղօթէին բարգաւաճութեան եւ վտանգէ պաշտպանուելու համար։ Անոր քաջագործութիւններուն մասին եղած պատմութիւնները հազարաւոր տարիներ մարդիկը հմայած են։

Առասպելին Ծագումը

Հերակլէսի եւ դիցաբանական ուրիշ հերոսներու պատմութիւնները իրական հիմ մը ունի՞ն։ Առումով մը կրնանք այո ըսել։ Աստուածաշունչը կը խօսի մարդկային պատմութեան սկզբնական շրջանի որոշ ժամանակի մը մասին, երբ «աստուածներ» եւ «կիսաստուածներ» իրա՛պէս երկրի վրայ կ’ապրէին։

Այդ դարաշրջանը նկարագրելով, Մովսէս գրեց. «Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան, Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։—Ծննդոց 6։1, 2

‘Աստուծոյ [այս] որդիները’ մարդկային արարածներ չէին. անոնք Աստուծոյ հրեշտակային որդիներն էին։ (Համեմատել՝ Յոբայ 1։6. 2։1. 38։4, 7) Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Յուդա, կը պատմէ թէ հրեշտակներէն ոմանք «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին»։ (Յուդա 6) Ուրիշ խօսքով, անոնք Աստուծոյ երկնային կազմակերպութեան մէջ իրենց նշանակուած տեղը ձգեցին, քանի որ երկրի վրայ գեղեցիկ կիներու հետ ապրիլ նախընտրեցին։ Յուդա կ’աւելցնէ թէ այս ապստամբ հրեշտակները Սոդոմ ու Գոմորի ժողովուրդին կը նմանէին, որոնք «անբնական կիրքերու եւ պոռնկութեան անձնատուր եղան»։—Յուդա 7, Անթիլիաս

Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ չի տար այս անհնազանդ հրեշտակներուն գործունէութեանց շուրջ։ Սակայն, Յունաստանի եւ այլ վայրերու վաղեմի առասպելները բազմաթիւ աստուածներու եւ աստուածուհիներու մասին նկարագրութիւններ կու տան, որոնք մարդկութեան մէջ ապրեցան, տեսանելի կամ՝ անտեսանելի կերպով։ Երբ մարդկային կերպարանք առնէին, անոնք շատ գեղեցիկ կ’ըլլային։ Անոնք կ’ուտէին, կը խմէին, կը պառկէին, եւ իրարու ու մարդոց հետ սեռային յարաբերութիւններ կ’ունենային։ Թէեւ սուրբ եւ անմահ կը կարծուէին ըլլալ, սակայն անոնք կը ստէին ու կը խաբէին, կը կռուէին ու կը պատերազմէին, կը հրապուրէին ու կը բռնաբարէին։ Այսպիսի դիցաբանական տեղեկագրութիւններ՝ թէեւ զարդարուած եւ խեղաթիւրուած՝ կրնան Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին մէջ յիշուած նախա–Ջրհեղեղեան իսկական վիճակներուն անդրադարձումը ըլլալ։

Երբեմնի Զօրաւոր ու Անուանի Մարդիկ

Անհնազանդ նիւթականացած հրեշտակները, կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալով, անոնցմէ զաւակներ ունեցան։ Ասոնք սովորական զաւակներ չէին. հսկաներ էին, կէս մարդ՝ կէս հրեշտակ։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ [«Նեֆիլիմներ», ՆԱ] կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին»։—Ծննդոց 6։4

Եբրայերէն «Նեֆիլիմներ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տապալիչներ», անոնք որոնք վայրագ արարքներու միջոցաւ ուրիշներ կը տապալէին, կամ պատճառ կ’ըլլան որ ուրիշներ տապալին։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Երկիրը . . . անիրաւութեամբ լեցուեցաւ»։ (Ծննդոց 6։11) Դիցաբանական կիսաստուածները, ինչպէս՝ Հերակլէսը, եւ բաբելոնական Կիլկամէշ դիւցազնը, չափազանց կը նմանին Նեֆիլիմներուն։

Նկատի առէք թէ Նեֆիլիմները «զօրաւոր» եւ «անուանի մարդիկ» կը կոչուէին։ Նոյն ժամանակաշրջանին ապրող արդար Նոյին հակառակը, Նեֆիլիմները Եհովայի համբաւը տարածելով հետաքրքրուած չէին։ Անոնք իրենց անձնական հռչակով, փառքով եւ համբաւով հետաքրքրուած էին։ Վստահաբար վայրագութիւն եւ արիւնահեղութիւն պարփակող զօրաւոր արարքներով, անոնք իրենց շուրջ գտնուող անաստուած աշխարհէն, իրենց տենչացած համբաւը շահեցան։ Անոնք իրենց օրուան հերոսներն էին՝ վախազդու, յարգուած եւ երեւութապէս անյաղթ։

Մինչ Նեֆիլիմները եւ անոնց նուաստացած հրեշտակային հայրերը, իրենց ժամանակակիցներուն աչքին կրնային համբաւ վայելած ըլլալ, սակայն վստահաբար անուանի չէին Աստուծոյ աչքին։ Անոնց ապրելակերպը գարշելի էր։ Հետեւաբար, Աստուած այս ինկած հրեշտակներուն դէմ գործի լծուեցաւ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ»։—Բ. Պետրոս 2։4, 5

Երկրածաւալ Ջրհեղեղին, ըմբոստ հրեշտակները իրենց նիւթական մարմիններէն ձերբազատուելով, հոգեղէն ծիր վերադարձան՝ խայտառակուած։ Աստուած զանոնք պատժեց, դարձեալ նիւթական մարմիններ հագնիլը արգիլելով։ Բոլոր Նեֆիլիմները՝ անհնազանդ հրեշտակներուն գերմարդկային սերունդը՝ ոչնչացաւ։ Միա՛յն Նոյը եւ իր պզտիկ ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան։

Անուանի Մարդիկ՝ Ներկայիս

Ներկայիս, երկրի վրայ այլեւս չաստուածներ եւ կիսաստուածներ չկան։ Այսուհանդերձ, բռնութիւնը կը վխտայ։ Ներկայ անուանի մարդիկը փառաբանուած են գրքերու, շարժապատկերներու, հեռատեսիլի եւ երաժշտութեան մէջ։ Անոնց մտքէն իսկ պիտի չանցնէր միւս ծնօտը դարձնել, իրենց թշնամիները սիրել, խաղաղութեան ետեւէ ըլլալ, ներել, կամ բռնութենէ ետ քաշուիլ։ (Մատթէոս 5։39, 44. Հռովմայեցիս 12։17. Եփեսացիս 4։32. Ա. Պետրոս 3։11) Փոխարէն, զօրաւոր մարդիկը իրենց զօրութեամբ, նաեւ՝ կռուելու, վրէժ առնելու ու բռնութիւնը աւելի գերազանց բռնութեամբ հակադարձելու իրենց կարողութեան համար հիացումի առարկայ դարձած են։ *

Այսպիսիներուն հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը չէ փոխուած Նոյի օրերէն ի վեր։ Եհովա բռնութիւն սիրողներուն վրայ չի հիանար, ո՛չ ալ անոնց քաջագործութիւնները զինք կը զբօսցնեն։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը»։—Սաղմոս 11։5

Տարբեր Տեսակի Զօրութիւն մը

Այս զօրաւոր ու վայրագ մարդոց հետ բացայայտ հակասութեան մէջ կը գտնուի, ցարդ ապրած ամենէն հռչակաւոր մարդը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ խաղաղ մարդ մըն էր։ Երբ երկրի վրայ էր, ան «բռնութիւն չգործեց»։ (Եսայեայ 53։9, ՆԱ) Երբ իր թշնամիները եկան զինք ձերբակալելու Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, իր հետեւորդները քանի մը սուր ունէին։ (Ղուկաս 22։38, 47-51) Անոնք կրնային կռուողներու խմբակ մը կազմել, փորձելով որ ան Հրեաներուն ձեռքը չյանձնուի։—Յովհաննու 18։36

Արդարեւ, Պետրոս առաքեալ իր սուրը քաշեց Յիսուսը պաշտպանելու համար, բայց Յիսուս իրեն ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։51, 52) Այո՛, բռնութիւնը՝ բռնութիւն կը յառաջացնէ, ինչպէս մարդկային պատմութիւնը կրկին անգամ ցոյց տուած է։ Ինքզինք զէնքերով պաշտպանելու պատեհութենէն զատ, Յիսուս ինքնապաշտպանութեան ուրիշ միջոց մըն ալ ունէր։ Ան շարունակելով Պետրոսի ըսաւ. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ»։—Մատթէոս 26։53

Փոխանակ բռնութեան կամ հրեշտակային պաշտպանութեան դիմելու, Յիսուս թոյլ տուաւ որ զինք սպաննողները ձերբակալեն զինք։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն էր, որ ան գիտեր թէ տակաւին ժամանակը եկած չէր որ իր երկնաւոր Հայրը երկրի վրայ յանցագործութեան վերջ դնէր։ Փոխանակ հարցերը իր ձեռքը առնելու, Յիսուս Եհովայի վստահեցաւ։

Ասիկա տկար կեցուածք մը չէր, այլ՝ ներքին մեծ զօրութիւն կը ցուցաբերէր։ Յիսուս զօրաւոր հաւատք ցուցաբերեց թէ Եհովա Ի՛ր ժամանակին եւ Ի՛ր կերպով հարցերը պիտի շտկէր։ Իր հնազանդութեան պատճառաւ, Յիսուս անուանի դիրքի մը բարձրացուեցաւ. Եհովայէ ետք երկրորդ անձնաւորութիւնը եղաւ։ Պօղոս առաքեալ Յիսուսի մասին գրեց. «Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։—Փիլիպպեցիս 2։8-11

Բռնութեան Վերջ Դնելու Աստուծոյ Խոստումը

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց կեանքը Յիսուսի օրինակին եւ ուսուցումներուն համաձայն կը վարեն։ Անոնք անուանի եւ վայրագ աշխարհային մարդոց վրայ չեն հիանար, ոչ ալ զանոնք կ’ընդօրինակեն։ Անոնք գիտեն թէ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, այսպիսիներ յաւիտեան պիտի կորսուին, ճիշդ Նոյի օրուան ամբարիշտներուն նման։

Աստուած երկրի եւ մարդկութեան Ստեղծիչն է։ Ան նաեւ իրաւացի Գերիշխանն է։ (Յայտնութիւն 4։10) Եթէ մարդկային դատաւոր մը դատական վճիռներ արձակելու օրինական հեղինակութիւն ունի, Աստուած ասիկա ընելու շա՛տ աւելի հեղինակութիւնը ունի։ Իր արդար չափանիշներուն նկատմամբ իր յարգանքը, ինչպէս նաեւ զինք սիրողներուն հանդէպ իր սէրը, պիտի մղեն զինք որ ամբարշտութիւնը եւ զայն գործողները բնաջնջէ։—Մատթէոս 13։41, 42. Ղուկաս 17։26-30

Ասիկա պիտի առաջնորդէ երկրի վրայ մնայուն խաղաղութեան. խաղաղութիւն մը՝ որ իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ հիմնուած է։ Ասիկա նախագուշակուած էր Յիսուս Քրիստոսի մասին եղած շատ ծանօթ մարգարէութեան մը մէջ. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա»։—Եսայեայ 9։6, 7

Լաւ պատճառով մը, ուրեմն, Քրիստոնեաները կ’անսան վաղեմի ներշնչեալ խրատին. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր, վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է»։—Առակաց 3։31, 32

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Պատկերիզի շատ մը խաղերու եւ երեւակայական շարժապատկերներու վայրագ դերակատարները, այս գէշ ու վայրագ յատկանիշները յաճախ աւելի ուժգնօրէն կ’արտացոլացնեն։

[Մէջբերում՝ էջ 29]

ՀԻՄԱԿՈՒԱՆ ԶՕՐԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿԸ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԲՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԻԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 26]

Alinari/Art Resource, NY